Պատուարժան Թեմական եւ Ազգային Վարչութեան մարմիններ,
Զանգուածային լրատուական միջոցներուն մէջ հետաքրքրութեամբ կարդացինք, թէ Պարսկաստանի հայութեան թեմական խորհուրդը թոյլատուութիւն շնորհած է երկրին մէջ գործող հայկական լրատուական միջոցներուն ներկայ գտնուելու սոյն խորհուրդի հերթական ժողովներուն:
Այս լուրը՝ գործադրութեան պարագային, շատ կարեւոր քայլ մը կը նկատենք Միջին Արեւելքի հայ գաղութներու կեանքէն ներս՝ թէեւ տասնամեակներ հաշուող ուշացումէ ետք:
Փաստօրէն, ասիկա այնպիսի քայլ մըն է, որ կը միտի լրագրողին ընծայել ազգային կեանքը հետեւելու լայն եւ ճշմարտացի հնարաւորութիւններ, պարագայ մը որ իր կարգին կրնայ նպաստել հասարակական կարծիքի գոյաւորման եւ հունաւորման: Անհատ ընթերցողներն ալ իրենց կարգին պիտի աւելի գործնականօրէն մասնակից դառնան հաւաքական կեանքի մանրամասնութիւններուն, լաւ գիտակցելով որ իրենց տրամադրութեան տակ եղող տեղեկութիւնները բխած պիտի ըլլան ուղղակի աղբիւրներէ:
Քաջալերուած դրացի Պարսկաստանի մէջ արձանագրուած յառաջխաղացումէն (հակառակ որ երկիր Պարսկաստանը այնքան ալ յայտնի չէ իր ազատութիւններով), կը ներկայացնենք խնդրանք (կամ ընթացիկ բառապաշարով՝ աղերսագիր) ներկայ գտնուելու թեմական եւ ազգային այլ պատուարժան մարմիններու ժողովներուն, որպէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոց:
Վստահ ենք, որ վերոյիշեալ տարրական իրաւունքի իրականացումով առաւելաբար օգտուած պիտի ըլլան սոյն թեմական եւ ազգային վարչութեան մարմինները եւ որակային յառաջդիմութիւն պիտի նկատուի իրենց որդեգրած գործունէութեան մէջ, նկատի առած որ առաջարկուած քայլը նոր շունչ եւ աշխատանքի նոր ոճ կրնայ ներարկել անոնց սովորական գործելակերպէն ներս:
Յարգանօք՝
Հրաչ Քալսահակեան
Ազատ ? Հայ կայքէջ
Շարժա, 14 Փետրուար 2010