Պատուարժան Թեմական եւ Ազգային Վարչութեան մարմիններ,
Ուրախութեամբ տեղեկացանք, թէ Հիւսիսային Էմիրութիւններու Ազգային Վարչութիւնը ձեռնարկած է հասցէատետրին վերահրատարակութեան:
Հասցէատետրը շատ օգտակար միջոց մըն է, որ կը դիւրացնէ հայ ընտանիքներուն եւ անհատներուն միջեւ հաղորդակցութեանը: Անիկա նաեւ գաղափար մը կու տայ հայութեան կամ հայկական կեանքին հետեւող անձերուն թուաքանակին եւ գործի պարագաներուն մասին:
Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, 2010 թուականին վերահրատարակուելիք հասցէատետրը (որ վերջին անգամ լոյս տեսած էր 2004-ին), պիտի ունենայ վերջին հատորին գրեթէ նոյն ձեւաւորումը եւ մասերու մշակումը: Օրինակի համար, անհատներու անուններուն տակ պիտի չտեղադրուին անոնց հաւանական կայքերուն հասցէները (ըստ Պարոն Ատենապետին պատճառը թեքնիք է, բայց կը խորհինք թէ հարցը լուծելի է): Ներկայ ժամանակներուն, շատ մը անհատներ ունին անհատական կամ իրենց գործերուն հետ առնչուող իւրայատուկ կայքեր, որոնք աւելի լայն տեղեկութիւններ կրնան հաղորդել ընթերցողին:
Այլ աւելի կարեւոր պարագայ մըն է մասնագիտական բաժիններու անտեսումը: Օրինակի համար, այս գաղութին հետ ուղղակիօրէն առնչուած են նուազագոյնը երեք տեղեկատուական լրատուամիջոցներ՝ Քուէյթի մէջ լոյս տեսնող Առաջնորդարանի ?Ազդարար?-ը (ուր տեղ կը գրաւեն նաեւ այս գաղութին լուրերը), Պարոն Նշան Պասմաճեանին ?Նշանակ? կայքը եւ ?Ազատ-Հայ?-ը: Նպատակայարմար է, որ սոյն լրատուամիջոցներուն յատկացուի էջ մը, քանի որ անոնց միջոցով հայ անհատը պիտի աւելի եւս հաղորդական դառնայ գաղութի անցուդարձերուն:
Մեր վերոյիշեալ լուսաբանութիւններուն դիմաց յարգարժան Պարոն Ատենապետ Մուշեղ Պետիրեանը մատնանշեց թէ կարելի է օգտագործել գովազդ տեղադրելու հնարաւորութիւնը՝ պարագայ մը որ մեր առաջարկած գաղափարի ոգիէն տրամագծօրէն հեռու է:
Կը փափաքինք, որ վերոյիշեալ առաջարկները նկատի առնուին վերահրատարակութեան ժամանակ՝ հասցէատետրին որակական վերելքը ապահովելու նպատակով:
Յարգանօք՝
Հրաչ Քալսահակեան
Ազատ ? Հայ կայքէջ
Շարժա, 02 Մարտ 2010