Ս. Ծնունդ, Նոր Տարի, Ս. Ծնունդ՝ վերստին

 


New Year wishes 2012


Nishan Basmajian says that the beginning of a new year is an opportunity to open a new page, to let aside our old grievances and to look with optimism into the future.


He mentions that Syrian Armenians are having a difficult time. Too much blood has been spilled in the country.


He asks us all to pray to God to endow the leaders – in the countries where we live – with wisdom.  


Երկու տօն, երեք տօնակատարութիւն, 12 օրերու ընթացքին: Գուցէ Նախախնամութեան տնօրինումով՝ իրար ամբողջացնող աւետաբեր տօներ: Աւետում՝ աշխարհը յեղափոխականացնող ՍԻՐՈՅ Ս. Ծննդեան եւ աւետում՝ Նորին: Նոր Տարի՝ յոյսի օր, լաւատեսութեան առիթ, կիրքերու խաղաղութեան վայրկեան: Երկու տօն, ուր մարդ փաստը կուտայ իր անմեղութեան, կը մանկանայ եւ կը փորձէ գեղեցիկը տեսնել. կ'որոշէ իր ետին դնել կիրք ու ոխ եւ բանալ նոր էջ:


2011ին սեւ էջով կը գոցենք տարին՝ Սուրիոյ դէմ նիւթուած բազում դաւերուն եւ արիւնահոսութեան պատճառաւ: Սփիւռքահայութեան տրոփող սիրտ Սուրիահայութիւնը սուգի մէջ է: Սակայն միամիտ չըլլանք. վիճակը ահազանգային է. դաւադրութիւնը շրջանին դէմ է նիւթուած, Ծոցէն մինչեւ Ափրիկէ, Միջերկրականէն մինչեւ Ատլանտեան:


Ծննդեան ու Նոր տարուան Պատարգներուն ու Պաշտամունքներուն մեր անկեղծ, միասնական աղօթքը ուղղենք Աստուծոյ, որ մեզի, մեր ազգի առաջնորդներուն եւ մեր բնակած երկիրներու ղեկավարութեանց պարգեւէ իմաստութիւն: Իմաստութիւն՝ լիառատ գանձ, իւրայատուկ արժանիք, զոր Աստուած շնորհած է համարեա բոլորիս, բայց որ մենք կամովին զայն թաղած ենք կիրքերու, նախանձի եւ ատելութեան աղբակոյտերուն ներքեւ:


2012 ին որոշենք, անհատաբար եւ հաւաքաբար, ամէն ճիգ ի գործ դնել՝ թօթափելու այդ արուեստական բեռը, որպէսզի քայլ մը առաջ կարողանանք նետել դէպի Աստուած:


?Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է, միայն յիմարները կ'անարգեն իմաստութիւնը եւ խրատը ? կ'ուսուցուի Աստուածաշունչին մէջ: Դեռ ուշ չէ լսելու Տիրոջ Խրատը: Չուշանա՜նք սակայն:


Օրհնեալ ըլլայ Քրիստոսի Ծնունդը: Թող բարիքներով լիանայ 2012 տարին:


Իմաստութեան եւ իրերհանդուրժողութեան մաղթանքներով ՝


Նշան Պասմաճեան
www.nshanag.net