• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմենճեանի հրատարակած գործերը

April 22, 2010
A+ A-
Email Print
Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմենճեանի հրատարակած գործերը

Գնահատանքի Արժանի Հրատարակութիւն Մը` ՊԱՏԱՐԱԳԱՄԱՏՈՅՑ ՀԱՅԱՍՏ. ԱՌԱՔԵԼ. Ս. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
 
Սրտի անհուն ուրախութեամբ կ՜ողջունենք հրատարակութիւնը երկլեզու ?Պատարագամատոյց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ? , ?Badarakamadouyts The Divine Liturgy of the Armenian Apostolic Church? հատորին, պատրաստութեամբ Արժանապատիւ Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմէնճեանին, հոգեւոր հովիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց , մեկենասութեամբ` Տուպայ բնակող Տիկ. Սոնիա Թեփերճեանի, ի յիշատակ իր սիրեցեալ մօր՝ Նազելի Թեփերճեանի: Ստորեւ կը ներկայացնենք Տէր Հօր Նախաբանը, որ կը բացատրէ թէ ինչ էր այս գրքոյկի հրատարակման նպատակն ու շարժառիթը, անոր բովանդակութիւնն ու օգտագործուած աղբիւրները:


Երկու Խօսք


Գրեց՝ Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան


Յատուկ ուրախութեամբ եւ օգտակար ըլլալու առաջադրանքով կը ներկայացնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն ?Պատարագամատոյց? խորագրով ներկայ աղօթագիրքը: Սոյն հրատարակութիւնը Հայերէն եւ Անգլերէն բնագիրներու մէկտեղումով պիտի ծառայէ որպէս ուղեցոյց հաւատացեալներուն` հետեւելու Ս. Պատարագի արարողութեան:


Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին հարուստ է իր ծէսով: Հարստութեան խարիսխը եկեղեցական արարողութիւններն են, որոնց ընդմէջէն հաւատացեալին կը փոխանցուի Աստուծոյ շնորհքը: Արարողութիւններու մէջ ամենէն ժողովրդայինը Ս. Պատարագն է, որ կը յատկանշուի իր իւրայատուկ խորհրդաւորութեամբ: Խորհրդաւորութիւն մը, որ կը զարգանայ եւ այդ զարգացումը իր գագաթնակէտին կը հասնի Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը խորհրդանշող Ս.Հաղորդութեան մատուցումով:


Այստեղ երկու հաստատումներ կ?ուզենք կատարել.


Առաջին. լեզուն Գրաբար ըլլալով, ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը Ս. Պատարագի արարողութենէն քիչ բան կը հասկնայ. ան առաւելաբար բարեպաշտական աւանդութեամբ եւ հոգեկան հաղորդակցութեամբ կը հետեւի սրբազան խորհուրդին:


Երկրորդ. Ս. Պատարագի արարողութեան ընթացքին ժողովուրդը թէեւ մասնակից է սակայն գործնականօրէն նուազ դերակատար է. գործնական մասնակիցները` պատարագիչը, սարկաւագը եւ դպիրներն են: Այս պատճառաւ հաւատացեալը նուազ հաղորդակից կը դառնայ Ս. Պատարագին: Սոյն մտահոգութիւններէն մեկնած, կը հաւատանք որ այս աշխատասիրութիւնը հոգեկան մեծ բաւարարութիւն պիտի պարգեւէ հաւատացեալին: Ան պիտի լաւագոյնս ծանօթացնէ Ս. Պատարագի իմաստը զայն գործածողին:


?Պատարագամատոյց?ը բաղկացած է չորս բաժիններէ. Գրաբար, Աշխարհաբար, Գրաբարի բնագիրը Անգլիատառ տարբերակով եւ Անգլերէն: Այս աղօթագիրքի գործածութիւնը պիտի նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք կը դժուարանան Հայերէն կարդալ: Մեր նպատակն է նաեւ յաւելեալ բացատրութիւններով մասնակցողը հաղորդակից դարձնել անոր իմաստին, աւելի խորացնելու եւ հիմնաւորելու համար իր գիտութիւնն ու հաւատքը:


Այս աշխատութեան համար օգտագործած ենք հետեւեալ աղբիւրները. Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի ?Խորհրդատետր Սրբազան Պատարագի?, 1999, Անթիլիաս, Գուրգէն Քհնյ. Եարալեանի ?Divine Liturgy of the Armenian Apostolic Church?, 1980, San Francisco, Կորիւն Քհնյ. Շրիքեանի ?Divine Liturgy of the Armenian Apostolic Church? եւ ?The Sacred and the Divine Liturgy of the Armenian Apostolic Church?, 1993, Encino, ?The Divine Liturgy of the Armenian Church? St. Vartan Press, New York, 2000:


Վստահ ենք որ այս հրատարակութիւնը պիտի ծառայէ իր նպատակին, որովհետեւ կարիքի մը ծնունդն է ան: ?Ճաշակեցէք եւ տեսէք?, թէ որքան քաղցր է: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է սիրել Պատարագը, մասնակցիլ եւ հաղորդակից դառնալ անոր խորհուրդին ի սէր Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ յօգուտ հայ հաւատացեալին հոգեւոր շէնքին կառուցման:


Շնորհակալական յատուկ խօսք ունինք պրն. Նշան Պասմաճեանին, որ համբերութեամբ եւ բծախնդրօրէն կատարեց այս աղօթագիրքին սրբագրական աշխատանքները:


Յսյտնենք նաեւ որ Պատարագամատոյցի վերջին հինգ էջերուն մէջ Տէր Հայրը, գործնական մտահոգութենէ տարուած, աւելցուցած է հետեւեալ շարականներն ու սաղմոսները.


Հրաշափառ Աստուած, Լուացում, Ընտրեալդ, Ժամամուտք Ծննդեան եւ Աստուածածնի, Սուրբ Յարութեան, Խաչի,Շարական Սուրբ Հաղորդութեան Այսօր Անճառ, Տաղ Յարութեան, Ծննդեան (Մեծացուսցէ):


Էմիրութիւններ իր 11 ամեայ կեցութեան ընթացքին, Տէր Արամ լոյս ընծայեց բազում հրատարակութիւններ, որոնք գործնականօրէն կարեւոր են հաւատացեալներուն համար, հասկնալու ՝ արարողութիւններու իմաստը եւ հետեւելու անոնց ընթացքին: Որպէս օրինակներ կարելի է յիշել Տեառնընդառաջի, Խաւարման Գիշերի, Ոտնլուայի, Հսկումի,Արեւագալի եւ այլ առիթներով գործածելի երգարան գրքոյկները: Տէր Հայրը նաեւ հեղինակ է Կրօնի գիրքերու, որոնք կ՜օգտագործուին Շարժայի Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի մէջ իբրեւ դասագիրք:


?Նշանակ? իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Տէր Արամին եւ Տիկին Սոնիային ?Պատարագամատոյց?ի այս անհրաժեշտ հրատարակութեան համար:


?Նշանակ?, 06 Ապրիլ 2010






ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ


Տէր Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեանի Աւագ Շաբթուան Հրատարակութիւնները
 
Գաղութի մը համար մեծ բախտաւորութիւն է ունենալ հաւասարակշռուած եւ ստեղծագործ հոգեւորականներ: Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութը տաս տարիէ ի վեր կը վայելէ ներկայութիւնն ու ծառայութիւնը վերոնշեալ տաղանդներով օժտուած Արժ. Տ. Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեանին: Տէր հայրը, իր դրական անհատականութեամբ, սիրելին է մեր բոլորին: Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, ան հայրական գուրգուրանք ցուցաբերեց մեր բոլորին իր ժամանման օրէն եւ այդ դադար չունեցաւ մինչեւ օրս: Եկեղեցին իր տունն է, շարականները իր հացն են հանապազորդ: Իր քարոզները՝ պատրաստուած, հակիրճ, ըմբռնելի եւ խորիմաստ, հաւատացեալի հոգին կը զօրացնեն քրիստոնէական սիրով, իսկ անոր միտքն ու սիրտը կը լեցնեն ազգային հպարտութեամբ: Տէր հայրը անցնող պահեցողութեան շրջանին եկեղեցին օժտեց հինգ գեղեցիկ ժամագիրքերով՝ ?Արեւագալ?ի , ?Հսկում?ի, ?Կանոն Աւագ Հինգշաբթի?ի, ?Խաւարման Գիշեր?ի և ?Կանոն Աւագ Ուրբաթի?:


Մագաղաթի տպաւորութիւն ձգող թուղթի վրայ տպուած այս գրքոյկներու կողքերու գծանկարները գործն են Շարժա բնակող նկարչուհի Տիկ. Սեւան Կարճիկեանի: Երկու գրքոյկներուն յառաջաբաններուն մէջ Տէր հայրը բացատրած է խորհուրդը Աւագ Շաբթուան արարողութեանց: Այնտեղ կան հաւատացեալներուն ուղղուած թելադրութիւններ, գործնական բացատրութիւններ, որոնց շնորհիւ հաւատացեալը կ'ըմբռնէ իմաստը իր իւրաքանչիւր շարժումին եւ իւրաքանչիւր կարդացած տողին: Այսպէս օրինակ, ?Արևագալ?ի յառաջաբանին մէջ տեղ մը՝ ?Արեւագալի ժամերգութեան աւարտին կը կատարուի ?Հրաժարիմք?ը: Բոլորն ալ դէպի արեւմուտք կը դառնան: … Հրաժարիմքը բացայայտ յայտարարութիւն է… հեռու կենալու սատանայէն: Հրաժարիմքի ատեն ձեռքերը միացած չեն պահեր… այլ կողմերէն կախ պահուած, բաց վիճակի մէջ: Ձեռքերու այս դիրքը հրաժարելու արարքը խորհրդանշող կրօնական-ծիսական ձեւ է?: Տէր հօրմէն իմացանք, որ ինք կը ծրագրէ տպագրութեան քանի մը այլ գրքոյկներու, ի սպաս՝ հաւատացեալին:


Յաջողութիւն եւ քաջառողջ կեանք կը մաղթենք սիրելի Տէր Արամին, որ կարենայ այսօրինակ, ինչպէս նաեւ աւելի բովանդակալից հրատարակութիւններու ձեռնարկել ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ եւ ի ծառայութիւն հայ հաւատացեալին:


?Նշանակ?, 06 Մայիս 2009



 


 



 


 




 


author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՄէկը՝ ինծի, մէկն ալ՝ հօրեղբօրս աղջկան
Older PostԲերիոյ Հայոց Թեմի հրատարակչական վաստակը

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ո՞վ են սփիւռքի իսկական որոշողները. Who are the real decision makers in the Armenian Diaspora?. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարությունում տեղի ունեցավ մամուլի ասուլիս՝ նվիրված «Քայլ դեպի տուն» ծրագրին

item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll