Անապատի տեսիլքը

<FONT face=Sylfaen>Անապատի տեսիլքը</FONT>

Hrayr Jebejian


Գրեց՝ Հրայր Ճէպէճեան


Հայկական իրականութիւնը Արաբական ծոցին մէջ սկսած է ստանալ մնայուն ու կազմակերպուած համայնքի ու հաւաքականութեան կարգավիճակ: Աւելի քան երեք հազար անդամէ կը բաղկանայ Քուէյթի գաղութը, իսկ հինգ հազար՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ու փոքր ներկայութիւն՝ Քաթարի եւ Պահրէյնի մէջ. այսպիսով հայկական իրականութիւնը կ՝ամրապնդուի այս շրջանին մէջ:


Այս ամրապնդուած իրականութիւնը կը սկսի, երբ ամէն անգամ կը մտնեմ Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանի եւ եկեղեցւոյ դարպասէն ներս, ուր մեսրոպեան տառերը ամրօրէն ցցուած են եւ ցոյց կու տան հայկական ներկայութեան հաստատ կառչած մնալու իրականութիւնը: Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեանի աշխուժ եւ շրջահայեաց առաջնորդութեամբ եւ քահանայ հայրեր՝ Արտակ Քեքեայեանի եւ Արամ Տեկիրմենճեանի նուիրական ծառայութեամբ հայկական իրականութիւնը կը շարունակէ վերապրելու հրամայականը անապատին մէջ իսկ: Ասիկա հայուն փորձառութիւնն ու մարտահրաւէրն է՝ անապատին մէջէն կեանքը կերտելու ու ամրապնդելու ինքնութեան իրականութիւնը: Արդարեւ, հայը մէկ կողմէ ճաշակած է անապատի դառնութիւնը, բայց անպայմանօրէն սորված է կեանքը շարունակել նոյնինքն անապատին մէջ: Եւ այս փորձառութիւնն է, որ այսօր կը շարունակուի Արաբական ծոցին մէջ, ուր մեսրոպեան տառերը արմատ կը նետեն նաեւ անապատին մէջ:


Եւ այս գոյապայքարն է, որ պէտք է շարունակուի: Պատմութեան էջերէն սկսած՝ հասնելու համար այսօրուան, բայց անպայմանօրէն՝ վաղուան համար:


Եւ ասիկա անապատի տեսիլքն է… շարունակականութիւնը գոյապայքարին:


Ազդակ, 5 Օգոստոս 2010