• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հայաստանը, Արցախը թէ՞ Սփիւռքը աւելի պէտք ունի օժանդակութեան

August 13, 2010
A+ A-
Email Print

 


Գրեց՝ Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ


Ահաւասիկ ինքզինք պարտադրող հարցում մը, որուն մասին լրջօրէն մտածելու է իւրաքանչիւր գիտակից հայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի, ի՛նչ պատկանելիութիւն ալ ունենայ, պայմանաւ որ մօտեցումը ըլլայ առարկայական, իրապաշտական, հեռու զգացական դիտաւորութիւններէ:


Հայաստանը կայացած պետականութիւն է, միջազգային ընտանիքին մաս կազմելով:


Արցախը գործող իրականութիւն է, դէպի ինքնուրոյնութիւն ընթացող ուղեգիծով:


Սփիւռքը անվիճելի շօշափելիութիւն է, ակամայ յարատեւելու դերակատարութեամբ:


Երեք անխուսափելի շերտաւորումներ, տարբեր պայմաններու տակ, բայց Մէկ ամբողջականութեամբ, որ կը բնորոշուի կամ կը դրոշմուի Հայկական ինքնութեամբ, Հայկական տեսլապաշտութեամբ ու Հայկական վճռակամութեամբ:


Եթէ ներկայ Հայաստանի անկախութիւնը իրականութիւն դարձաւ Խորհրդային Միութեան տարբաղադրումով, Արցախը՝ իր ազատագրական պայքարով, իսկ Սփիւռքը՝ պատմական իրողութեամբ, որ կը շարունակէ իր գոյութիւնը, կը նշանակէ թէ այս չոր իրավիճակը կը մնայ տիրական:


Հարցը սակայն, այն է որ այդ իրավիճակը ինչպէ՞ս պէտք է պահել, ամրացնել եւ արդիւնաւորել, որպէսզի նախ՝ առաջինը մնայ կանգուն, երկրորդը՝ չկորսնցնէ իր գոյակեցութիւնը, իսկ երրորդը՝ կարենայ դիմագրաւել իր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:


Համաշխարհայնացումը կը դեգերի ամենուր, որուն բերած վնասներն ու հասցուցած վտանգները, գէթ փոքր ժողովուրդներու ու երկիրներու համար, աներկբայօրէն, քանդողական են ու մագլցողական:


Հայ ժողովուրդը եւս կը գտնուի դէմ յանդիման այդ նիւթաքաղաքականութեան, իր զանազան դրսեւորումներով, տարբերակներով ու դասաւորումներով, որ կրնայ լուրջ սպառնալիքներու տեղի տալ, եթէ ազգային հիմնահարցերը եւ գերխնդիրները դիտուին? ասեղի ծակէն կամ շարունակուին ջայլամի քաղաքականութիւնները:


Մանաւանդ ա՛յս հանգրուանին, հայ ժողովուրդը տակաւին չկրցաւ ճշդել իր ՙգոյակռիւ՚ի առաջնահերթութիւնները, յաջորդական հերթականութեամբ, մօտաւոր ՙքաոս՚ի վիճակ մը ստեղծելով, ուր Հայաստանը բան մը կ՝ըսէ, Արցախը բան մը կ՝ուզէ, Սփիւռքը բան մը կը փնտռէ:


Կրնայ ըլլալ որ բոլորին նպատակը նոյնն է, բայց ձեւն ու ժամանակը՝ տարբեր, այդուհանդերձ, ներելի՞ է նախապատուութիւններու շարքը նոյնը պահել, երբ Հայաստանի մէջ դասակարգայնութիւնը խոր արմատներ սկսած է նետել՝ պալատականներու բացարձակատիրութեամբ, անդին՝ Արցախի լինելիութեան գրաւականները կը շահագործուին ոմանց կողմէ՝ ներքին թէ արտաքին միջամտութիւններով, մինչ Սփիւռքը՝ կը խարխափի իր ցաւերուն ու տագնապներուն մէջ, մերթ յամեցող բեւեռացումներով, մերթ անտարբերութիւններու եւ անտեսութիւններու շատացումով:


Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք բոլոր ձեւի մերձեցումներն ու յարաբերութիւնները քաջալերելի ու գովելի են, սակայն զանոնք ներդաշնակող ու հունաւորող գործօնները ո՞ւր են, ի՞նչ ծրագրաւորումով կ՝իրագործուին, բայց ամէնէն կարեւորը՝ ո՞ւր կը միաւորուին եւ յուսադրիչ կը դառնան՝ հեռանկարային առումով:


Այլապէս ալ՝ Հայաստանը ունի իր կարիքները, Արցախը՝ նոյնպէս, Սփիւռքը՝ առաւել եւս:


Ասոնք կրնա՞ն ըլլալ մէկը միւսին հաշւոյն, մէկուն գերադասութեամբ, միւսին՝ երկրորդականութեամբ կամ ստորադասութեամբ:


Հայաստանին օժանդակելը սրբազան պարտականութիւն է, Արցախինը՝ նուիրական, իսկ սփիւռքինը՝ հարկադրական:


Բարեբախտաբար, այդ կարգն ու եղանակը պահուած են: Մօտիկ թէ հեռաւոր, անմիջական թէ պատմական օրինակները վկայ:


Այսօր, փա՜ռք Աստուծոյ, Հայաստանին մէջ կան բազմաթիւ միլիոնչիկներ, Արցախի մէջ նուազ չէ պատկերը (տակաւին չհաշուած Հայաստանցի եւ Արցախցի այն հայրենակիցները, որոնք Ռուսիոյ մէջ ՙկայսրութիւններու՚ տէր են), պարագան նոյնն է Սփիւռքին:


Մեր կարծիքով, առանց անտեսելու մէկ կամ միւս կողմը, առանց դառնալու դասալիք, ժամանակը չէ՞ որ իւրաքանչիւր (այսպէս ըսած) հատուած, իր կարիքներու ու հրատապութիւններու ՙհաշուեկշիռ՚ը ընէ ու զայն գործադրէ ըստ իր նախապատուութիւններուն ու նախասիրութիւններուն:


Այս թղթածրարը բաւական հաստկեկ է ու փշոտ, բայց կարելի չէ այլեւս պահուըտիլ մեր մատներու ետին, մանաւանդ երբ կը խօսուի Սփիւռքի ծով կարիքներուն մասին:


Սփիւռքի մէջ կայք հաստատած ու տարածուած յաջողած գործարարներ ու ձեռներէցներ, որոնցմէ ոմանք, գնահատելի միջոցառումներով, Հայաստանին եւ Արցախին կ՝օգնեն, աշխատանքային ասպարէզներու կը լծուին, ինչո՞ւ չեն նայիր իրենց անմիջական չորսդին, Սփիւռքի գոյատեւման ու հայակերտման երաշխիքը նկատուող կառոյցները զօրացնելու, արդիականացնելու ու մանաւանդ անոնց մարդուժները քաջալերելու ու վարձատրելու:


Խօսքը եկեղեցի կառուցելու ու դպրոց բանալու մասին չէ (թէեւ դպրոցներ ալ սկսած են փակուիլ), այլ այն գործօններուն, որոնք հայ երիտասարդութեան կու տան շիճուկ ու շունչ, ներգրաւուելու ու ներդրուելու անոնցմէ ներս, որպէս արհեստավարժներ, մասնագէտներ, փորձագէտներ:


Խօսի՞նք հայ մամուլի անսփոփիչ վիճակի, լրագրողներու-խմբագիրներու անգտանելիութեան, հայ թատրոնի ու բեմադրիչներու նօսրացումին, հայագիտական ուսուցիչներու եւ ընդհանրապէս ՀԱՅ ուսուցիչներու անմխիթարութեան մասին (ու շուտով ալ՝ անգոյութեան), թուելու համար քանի մը հատը: Շարքը երկար է, բայց ի՞նչ նշանակութիւն ունի զանոնք թուարկելը, երբ? օդին մէջ կը մնան անոնք:
 
Գիտաժողովները, սեմինարները, համագումարները, խորհրդաժողովները կամ հաւաքները, որոնք տեղի կ՝ունենան հոս ու հոն, եթէ պիտի վերածուին լոկ գեղեցիկ խօսքերու, հոյակապ առաջարկներու, նոյնիսկ խիստ պահանջքներու եւ երազային խոստումներու շարաններու, որո՞ւն կը ծառայեն կամ կը նպաստեն:


Ահա թէ ինչո՛ւ՝ կ՝ըսէինք ու կ՝ըսենք (առանց բարդոյթ կամ զայրոյթ պատճառելու որեւէ մէկուն կամ կողմի), Հայաստանի եւ Արցախի կողքին, Սփիւռքը եւս ԱՅՐՈՂ եւ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ կարիքը ունի վերանորոգման, վերակենդանացման, վերաորակաւորման եւ, անպայմանօրէն, ֆինանսաւորման:


Եթէ կայ այս գիտակցութիւնը, կ՝ըլլան նաեւ ծրագիրները իրականացնողները:


Source: Keghart.com, 11 August 2010
http://www.keghart.com/Aghbashian_Assistance

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostWhither CSTO: Russian power, Armenian sovereignty, and a region at risk
Older PostԱնապատի տեսիլքը

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

«Իմ երազանքապնակը բազմազան ու գունեղ էր, սակայն չէի մտածում, որ երգիչ կդառնամ». Ուսկե Շաբաբյան

July 10, 2020
item-thumbnail

Գինեկոլոգիա. Ինտիմ պլաստիկան և ցուցումները

July 2, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

JIRKA combines art with architecture

item-thumbnail

Spiritual Antastan by Hagop Kortmosian

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարը պաշտոնական այցով մեկնել է Կիպրոսի Հանրապետություն

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll