• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ընդվզեցէ՛ք

July 6, 2011
A+ A-
Email Print

 


Vrej-Armen refers to an important element gradually disappearing from our public life: Feeling angry or outraged at something unjust or wrong. ARF's declaration of 1890 fully reflects this feeling against the Turkish yoke and the drive for national awareness.


The author believes that those who are angry with the prevailing situation will have the determination for change. Revolutions start from an indignant outburst. We should appreciate those who have the spirit of fighting the vice and disagreeing with the wrong.



Վրէժ-Արմէն


Սոյն յօդուածը գրելէ առաջ կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել սիրելի Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին, որ անցնող Մայիս 28-ի տօնակատարութեան իր կատարած արժէքաւոր բանախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ Stephane Hessel-ի “Indignez vous!” գրքոյկին, որ գէթ ինծի համար կարեւոր նորութիւն մըն էր։


Հրեայ ծագումով՝ Հեսել ծնած է Պերլին 1917-ին, փոխադրուած է Փարիզ 1924-ին. մասնակցած է նացիներու դէմ պայքարին՝ մաս կազմելով Ֆրանսայի ազգային դիմադրութեան խորհուրդին, ձերբակալուած է ու տարուած նախ Պուխենուալտի ապա Տորայի կեդրոնացման ճամբարները, որոնցմէ յաջողած է փախչիլ, վերադառնալ Ֆրանսա. իր ներդրումը ունենալ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հռչակագրի պատրաստութեան մէջ, ապա նաեւ դառնալ ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան։


2009-ի մայիս 17-ին, ?Դիմադրութեան խօսքեր? (Paroles de resistance) կոչուող տարեկան հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած ճառն է, որ յետոյ գրքոյկի մը կը վերածուի ու 2011-ի յունուարին կր հրատարակուի Indigene Editions հրատարակչականին կողմէ։


Ընդվզումի կարողութիւնը մարդկային ամենէն ազնիւ յատկանիշներէն մէկն է։ Ընդվզումը կ'ենթադրէ համոզում, հաւատք ու մանաւանդ կացութիւն մը կամ երեւոյթ մը փոխելու կամք։ Յեղափոխութիւնները ընդվզումէ մը կը սկսին։ Ընդվզումին հակառակը համակերպումն է, ձեռնթափումը, որ ի վերջոյ կ'առաջնորդէ մահուան, բարոյական, եթէ ոչ նաե՛ւ ֆիզիքական մահուան։


Սթեֆան Հեսել, իր վերոնշեալ խօսքին կամ գրքոյկին մէջ սապէս կ'արտայայտուի. ?Դիմադրութեան շարժառիթը ընդվզո՛ւմն է?։ Ասիկա անմիջապէս երկու զուգահեռ կը ստեղծէ մտքիս մէջ։ Մէկը Հ.Յ.Դ մանիֆեստն է՝ առաջին գլխաւոր գրաւոր ելոյթը, որ այս կուսակցութիւնը հրատարակած է իր կազմութենէն ետք, 1890-ին։ Այնտեղ, անդրադառնալէ ետք օսմանեան լուծին ենթարկուած Հայուն անտանելի վիճակին, Մանիֆեստը կը դրսեւորէ մեր ընդվզումը սա բառերով. ?Հայի պէս համբերող ազգն անգամ անկարող է շարունակել իր գոյութիւնը այդպիսի երկրում։ Բայց համբերութիւնն էլ ունի իր սահմանը?։ Եւ անշուշտ անկէ անդին կոչ կ'ընէ հայութեան զէնք վերցնելու ու ու համախումբ ուժերով եւ քաջութեամբ յառաջ տանելու ?հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը?։ Ի հարկէ այդ կոչը ուղղուած էր առաջին հերթին երիտասարդութեան, բայց նաեւ ծերունիներուն, հարուստներուն, կիներուն եւ հոգեւորականներուն. ?Սպասելու ժամանակը չէ…?։


Միւսը Յովհաննէս Շիրազի ?Ամենայն սրտով? պատգամն է, ուր ողբացեալ բանաստեղծը, ընդվզելէ ետք սովետական լուծին ենթարկուած ու լռելու դատապարտուած հայութեան վիճակին անչութեամբ, կոչ կ'ընէ պայքարելու, որովհետեւ չպայքարելու հետեւանքը մա՛հն է, եւ ?պէտք է սոսկա՛լ մահից սեփական?։


Իսկ ի՞նչ կ'ըսէ Հեսել. ?Վերցուցէք դրօշը, ընդվզեցէ՛ք։ Հասարակական, տնտեսական, մտաւորական պատասխանատուներն ու համա՛յն հասարակութիւնը պէտք չէ հրաժարին [իրենց պատասխանատուութենէն], ոչ ալ թոյլ տան տպաւորուելու ելեւմտական շուկաներու այժմու միջազգային բռնապետութենէն, որ կը սպառնայ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան?։


Այսօր սակայն այնքան պարզ ու այնքան դիւրին չէ ընդվզիլն ու իր ընդվզումը արտայայտելը, քանի որ կ'ապրինք բարդ աշխարհի մը մէջ, ու արիւնալի ըմբոստացումներն ու յեղափոխութիւնները ոչ միայն ապարդիւն կը դառնան, այլեւ առիթ կ'ընծայեն ա՛լ աւելի ամրապնդելու բռնապետութիւնները։


?Բոլորիդ եւ իւրաքանչիւրիդ կը ցանկամ, որ ունենաք ընդվզումի ձեր շարժառիթը? կը շարունակէ 94-ամեայ յեղափոխականը։ ?Այն՝ թանկագի՛ն է։ Երբ բան մը ձեզ կ'ընդվզեցնէ, ինչպէս ես ընդվզած եղած եմ նացիզմէն, ապա կը դառնաք զինուորեալ, ուժեղ եւ յանձնառու?։ Կարեւորը այդ շարժառիթը գտնելն է, ու գտնելն է մարզի մը մէջ, ուր ընդվզումդ ու անոր յաջորդելիք քայլերդ նպատակի մը պիտի ծառայեն, բա՛ն մը պիտի փոխեն կացութեան մէջ։


Յատկապէս երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը, Հեսել կ'աւելցնէ. ?նայեցէք ձեր շուրջը, հոն պիտի գտնէք այն նիւթերը որոնք կ'արդարացնեն ձեր ընդվզումը – ներգաղթողներուն, փախստականներուն, գնչուներուն հանդէպ վերաբերմունքը [օրինակ]։ Պիտի գտնէք շօշափելի իրավիճակներ, որոնք ձեզ պիտի առաջնորդեն ուժեղ քաղաքացիական արարքի մը։ Փնտռեցէ՛ք ու պիտի գտնէք?։


Հեսել իր այդ ճառին մէջ այդ պահուն նկատի ունի Ֆրանսան։ Իր խօսքը, սակայն չէ ուղղուած ֆրանսացիներուն միայն։ Ընդվզումի ազդակներ ամեն տեղ կան ու ամեն տեղ մարդ արարածը ընդվզելու է, եթէ իբր այդպիսին կոչուած է ապրելու։ Ու եթէ ընդհանրականէն գանք մասնաւորին, հայութեա՛ն, անշուշտ կ'անդրադառնանք, որ ընդվզելու պատճառներ չեն պակսիր նաեւ մե՛ր պարագային։ Բայց ափսոսալին այն է, որ ըմբոստացողները չկան կամ հազուագիւտ են, եւ ինչպէս շատ այլ ժողովուրդներ ու անհատներ, մենք ալ մատնուած ենք թմբիռի մը, ու հաշտուած մեր սեփական մահուան հետ։


Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես մեր հայրենիքի անկասելի պարպումին, արեամբ նուաճուած մեր հողերուն լքումին։


Ո՞ւր են ընդվզողները մեր լեզուին՝ թէ՛ արեւմտահայերէնի ու թէ՛ արեւելահայերէնի աղճատման ու աստիճանական անհետացման դէմ։


Ո՞ւր են ընդվզողները Երեւան մայրաքաղաքի ազգային դէմքի այլափոխման, մշակութային իր բնոյթէն՝ արեւելեան կամ արեւմտեան ?պազար?ի մը վերածման դէմ յանդիման։


Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես մեր երկրի տնտեսական յարատեւ տկարացման ու հարստութեան կեդրոնացման փոքրաթիւ սակաւապետութեան մը ձեռքին մէջ։


Ո՞ւր են ընդվզողները ի տես Սփիւռքի հայութեան տակաւին ցրուած մնալուն եւ ա՛լ աւելի ցրուելուն, իր արմատներէն կտրուած ու իր մշակոյթէն անսնունդ մնալուն։


Ո՞ւր են ընդվզողները երբ մարդիկ սեփական շահը կը գերադասեն հաւաքական բարիքէն, երբ սեփական հաճոյքն ու բարօրութիւնը կը մոռցնեն ազգային, հաւաքական կարիքները։


Տակաւին, ո՞վ է որ կը տառապի ու կ'ուզէ կացութիւն փոխել երբ մեր ազգային կառոյցները կը տկարանան, մեր եկեղեցիները չեն լեցուիր, մեր աշակերտները հայկական վարժարաններէն դուրս կը մնան, մեր թերթերը չեն կարդացուիր, եւ մեր համայնքները տակաւին իրարմէ բաժանեալ կը մնան նոյն քաղաքին մէջ, յաճախ նոյն թաղին մէջ, եւ մասամբ նորին։


Վերադառնա՛նք մեր Մանիֆեստին, ականջ տանք 120 եւ աւելի տարիներ առաջ արձակուած կոչին.


?Սպասելու ժամանակը չէ… Համախմբուե՛նք, հայեր, եւ քաջութեամբ առաջ տանենք հայրենիքի ազատութեան [ամրապնդման, հզօրացման, ինչպէ՛ս կ'ուզէք հասկցէք ազատութիւնը] սուրբ գործը?։


Ու լսենք Շիրազի ազդարարութիւնը՝ ?պէտք է սոսկալ մահից սեփական?…


Յօդուածը արտատպուած է Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսնող ?Հորիզոն? թերթէն (04 Յուլիս 2011)







Շարժայէն Նշան Պասմաճեանին կարծիքը արտատպուած ?Նշանակ?էն՝


Վրէժ Արմէնի ?ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ? սիւնակին մէջ հեղինակը մատը դարձեալ մարդկային թէ ազգային վէրքի մը վրայ կը դնէ եւ վեր կ'առնէ ընդվզումի դրական եւ խիստ կարեւոր յատկութիւնները: Ազգային կեանքի տնօրինման մէջ յաճախ վատ աչքով կը նայինք ?ընդվզող?ներուն, գիտնալով հանդերձ որ անոնք արդար ընդվզումներ են: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անձնական եսը կը գերադասենք հաւաքականէն:


?Իմս?, ?Սեփականս?,?Ուրիշը ինծի ինչ? հոգեբանութենէն դուրս բերելու կոչ է Վրէժ Արմէնի յօդուածը: Ականջ տալ ?ընդվզողներու? խօսածներուն, առաջարկներուն, առիթ տալ անոնց, ներառել զիրենք ազգային գործունէութեան մէջ՝ կանխած կ'ըլլանք զիրենք նետուելէն անտարբերութեան գիրկը: Յօդուածի աւարտին տեղին է Վրէժ-Արմէնի հարցադրումը թէ ?ո՞ւր են ընդվզողները…? : Սակայն սխալ է կարծել որ անոնք գոյութիւն չունին : Զանոնք յայտնաբերելը կը սկսի զանոնք մտիկ ընելով, իրենց ըսածին մէջ իրականութիւնները փնտռելով:


 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostForced migration and mortality in the Ottoman Empire
Older PostRising Turkey is no neo-Ottoman threat to West

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Mimi Melkonian expects a bright future for the Arabic language in the USA

item-thumbnail

Սևանա լճի աղտոտվածության մասին պատմում են հանգստացողները

item-thumbnail

Լույս է տեսել Ստեփան Գրիգորյանի հեղինակած «Հայկական թավշյա հեղափոխություն»-ը գիրքը

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll