• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Բռնախլուած Արարատ լեռը

October 6, 2009
A+ A-
Email Print
Բռնախլուած Արարատ լեռը

Giragos Kuyumjian


 


?Պիտի հասնինք սրբազան լեռ՝ հատարիդ?


Գրեց՝ Կիրակոս Գույումճեան
Քուէյթ


Հակառակ անոր որ այս յօդուածը գրելու նպատակով մտքերս սկսած էի հաւաքել 31 օգոստոսէն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նախաստորագրուած արձանագրութեան յայտարարութեան թուականէն առաջ, այսուհանդերձ, չեմ կարծեր, որ անիկա ժամանակավրէպ պիտի նկատուի, որովհետեւ յօդուածը գրելու տուն տուող դրդապատճառները տակաւին գոյութիւն ունին եւ այդպէս ալ պիտի մնան, նոյնիսկ՝ վերջերս յայտարարուած արձանագրութիւններուն գործադրութենէն ետք, եթէ անոնք գործադրուին առանց բարեփոխումի։ Եւ ես տակաւին կը վախնամ, որ այս արձանագրութիւններուն գործադրութիւնը դժբախտաբար ա՛լ աւելի պիտի բարդացնէ գոյութիւն ունեցող անօրինական իրավիճակը։


1921 թուականին Հայաստան ակամայ ընդունեց Կարսի համաձայնագիրը եւ ենթարկուեցաւ այդ օրերու մեծ պետութիւններու կամքին։ Հայաստան կը գտնուէր քաղաքական եւ տնտեսական իր ամէնէն տկար, նաեւ յուսալքուած եւ պարտուած վիճակին մէջ։ Նշեալ պատճառներով ալ այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդին կարծիքը չառնուեցաւ, ինչպէս նաեւ կար ուրիշ պատճառ մը. այդ օրերուն, իբրեւ տիրական ուժ, ինքզինք հաստատած Խորհրդային Միութիւնը հայութեան փոխարէն ստանձնեց Աթաթիւրքին հետ բանակցելու պարտականութիւնը (այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք կը նմանին Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրի պայմաններուն, որոնց պատճառով արաբական երկիրները լուսանցքայնացան իրենց սահմաններուն ճշդումին ընթացքին)՝ հայոց իրաւունքները ոտնակոխելով։ Խորհրդային Միութիւնը նախընտրեց ձեռք ձգել ուրիշ ռազմավարական շահեր՝ հայկական տարածքները Թուրքիոյ զիջելու փոխարէն։ Տարածքներ, որոնք հսկայական շրջաններ եւ ամբողջ քաղաքներ կ՚ընդգրկեն Արեւմտեան Հայաստանէն, որ կը նկատուի հայկական քաղաքակրթութեան բնօրրանը։


Զիջուած հողատարածքները անարդարօրէն ընդգրկեցին նաեւ հայոց սրբազան Արարատ լեռը կամ Մասիսը (թրքերէնով՝ Աղրը)՝ իր զոյգ գագաթներով։ Այս սրբազան լեռը՝ իր դաշտերով, պատմութեան ընթացքին էր եւ մինչեւ այսօր ալ կը մնայ հայ ազգի զաւակներուն, մանուկներուն, երիտասարդներուն, ծերերուն, բանաստեղծներուն, բանախօսներուն եւ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ներշնչանքի աղբիւրը։ Անիկա աղբիւրն է, մեր ազգի աւանդութիւններուն, ուրախութեան, բերկրանքին, ապրումներուն, քաջագործութիւններուն, դիւցազներգութեանց եւ առասպելներուն։ Անիկա մեծ ազգի մը օրրանը նկատուող հերոսական հողն է, որ դարեր շարունակ օր մըն ալ չէ դադրած մեզ իր գուրգուրանքին առարկան դարձնելէ՝ մինչեւ անոր բռնախլումը 90 տարի առաջ։


Եւ այսպէս, մենք՝ հայերս, այս կենդանի օրրանին նկատմամբ մեր տածած յորդառատ սիրոյն պատճառով տակաւին կը փառաբանենք զայն, կարծէք մեր մնայուն սեփականութիւնն է, որ չէ բռնագրաւուած, ո՛չ ալ բռնախլուած է։ Մեր կողմէ անոր չափազանց սրբացումին պատճառով մեր սրտերը չզգացին եւ մեր մտքերը չընդունեցին, որ կորսնցուցինք զայն, եւ մեր մայրաքաղաք Երեւանէն՝ այնքան մօտ տարածութենէ մը ամէն օր անոր պատկառազդու եւ սիրելի տեսարանը դիտելէն գինովնալով՝ երազեցինք, որ եթէ ոչ այս տարի, ապա անպայման յառաջիկայ տարի անոր ստորոտին պիտի կազմակերպենք աւանդական նաւասարդեան փառատօները։ Տարուած բազմաթիւ կենսական հոգերով, որոնք մեզի պարտադրուեցան, եւ ուշաթափեցին մեզ, ափսոս, ենթադրեցինք, որ անոր հողը տակաւին կը մնայ անարատ, եւ հաւատացինք, որ անոր տանող ճամբան երբեք չէ կտրուած։


Մենք՝ այս հողին տէրերը, որոնց արմատները յագեցած են անոր յորդառատ առուներով, պէտք է արթննանք մեր թմբիրէն, եւ չընդունինք որեւէ համաձայնագիր կամ փաստաթուղթ, որ մեր սիրելի Արարատ լեռը կը պահէ մեր շնչառութենէն հեռու, որ մեզի կը պարտադրէ զայն դիտել կարօտով՝ սահմանային ցանկապատի փշաթելերուն ետեւէն՝ քարընկէց մը հեռու, եւ որ կ՚արգիլէ մեզի համբուրել անոր պաշտելի հողը։


Մենք հանգիստ պիտի չունենանք, մինչեւ որ մեր պաշտելի լեռը վերադառնայ իր պատկանած ժողովուրդին եւ հայրենիքին՝ Հայաստանի գիրկը, մինչեւ որ քակուին անոր շղթաները եւ ազատագրուի բռնագրաւումէն։


Մինչ այդ, սակայն, եւ այս է մի՛տք բանին, զայն պիտի կոչենք ?բռնագրաւուած Արարատ? կամ ?բռնախլուած Արարատ? կամ, ալ ինչո՛ւ չէ, ?գերեվարուած Արարատ?, կամ որեւէ որակում, որ մեր մէջ կը կենդանացնէ պայքարի ոգին եւ սրբազան լեռը վերադարձնելու ձգտումը, ամէն անգամ որ հեռուէն նայինք անոր՝ այն նոյն զգացումներով, որոնցմով արաբները կը նային Երուսաղէմի Աքսայի մզկիթին, լսենք անոր վերաբերող յուզումնալի քերթուածի մը մէկ տունը, դիտենք անոր պատկերը մեր տուներուն մէջ, եւ մանաւանդ՝ ամէն անգամ որ իւրաքանչիւր առաւօտ հպարտութեամբ կը նայինք անոր՝ փառաւոր կերպով տեղադրուած մեր ազգային խորհրդանիշին։


Մենք՝ իբրեւ ազատ անհատներ, ինչպէս աշխարհի բոլոր ազատատենչ քաղաքացիներ, չենք ընդունիր նման իրաւազրկում, ո՛չ ալ քաղաքակիրթ աշխարհը կ՚ընդունի այսպիսի անարդարութիւն։ Բնական է եւ արդար, որ պատմական իրաւունքները վերադարձուին հայ ժողովուրդին, որպէսզի խաղաղութիւնը հաստատուի, որպէսզի անարգանքի արիւնոտ վէրքը չշարունակէ արիւնոտել մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերը սերունդէ սերունդ, եւ արգիլէ արժանապատուութեան ու հպարտութեան զգացումով տոգորուիլ, ինչպէս նաեւ՝ հպարտանալ պատմութեան սկիզբէն կերտուած փառաւոր պատմութեամբ, քաղաքակրթութեամբ եւ մշակութային ժառանգութեամբ՝ պապենական բոլոր հողերուն վրայ։ Եւ պատմական իրաւունքներու վերադարձով կը հասկնանք նախ եւ առաջ վերադարձը ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ԱՐԱՐԱՏին։


Էլեկտրոնային հասցէ


 


 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostGenocide forgotten: Armenians horrified by treaty with Turkey
Older PostԲաց նամակ Սոնա Արշունեցիից Նախագահ Սարգսյանին

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Hovel Chenorhokian: The Armenian legacy shall shine once more

item-thumbnail

Սփիւռքի Չորրորդ Իշխանութիւնը

item-thumbnail

Ավստրալիայի և Նոր Զելանդիայի Հայոց թեմի, Ավստրալիայի Արևելյան Ուղղափառ և Արևելյան Կաթոլիկ եկեղեցիների առաջնորդներն այցելեցին նախարարություն

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll