• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Մէկը՝ ինծի, մէկն ալ՝ հօրեղբօրս աղջկան

April 22, 2010
A+ A-
Email Print
Մէկը՝ ինծի, մէկն ալ՝ հօրեղբօրս աղջկան

Կիրակոս Գույումճեան


 


Հայեւթուրք դիւանագիտութեան մէջ


Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեան – Քուէյթ


Որքան ցանկացայ, որ այս տարուան ապրիլի յօդուածս տարբեր ըլլար նախորդներէն, զորս յարատեւօրէն լոյս կ՚ընծայեմ քուէյթեան, լիբանանեան եւ արաբական մամուլի էջերուն մէջ։ Փափաքեցայ նաեւ, որ այս անգամ խօսքս համակուած ըլլար լաւատեսութեամբ ու գոհունակութեամբ՝ փոխան ցասումի ու բողոքի։ Ցանկութիւն մը, որ պարզ է ու բնական իւրաքանչիւր ազատ անհատի համար, որուն ներաշխարհը չի տառապիր անարդարութեան ու խաբէութեան զգացումներէն, եւ հոգւոյն խորերը չկան այն գրգրիչ ազդակները, որոնք կրնան յառաջացած ըլլալ իրաւազրկութենէ եւ ազգային արժանապատւութեան վիրաւորանքէ, եւ ընկճուածութիւնն ու վիշտը չեն պատած անոր սիրտը այն անարդարութեան համար, որուն ենթարկուած են իր պապերը. անարդարութիւն մը, որ կ՚ընդգրկէ իր հայրենի հողերուն մեծ մասին բռնագրաւումը, նիւթական ու հոգեւոր ժառանգութեան եւ դարաւոր ու հարուստ քաղաքակրթութեան կորուստը, եւ այնպիսի քաղաքակրթութեան, որ այդ հողերուն վրայ բարգաւաճած է երեք հազարամեակէ ի վեր՝ կայսրութիւններու, փարաւոններու եւ շահնշահներու հնագոյն ժամանակներէն։


10 հոկտեմբեր 2009-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ հաշտեցումի փոխըմբռնման եւ դիւանագիտական նոր յարաբերութիւններու մշակման համաձայնագիր մը՝ զոյգ երկիրն երու արտաքին գործոց նախարարներու ձեռամբ եւ հովանաւոր մեծ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու ներկայութեամբ (Ցիւրիխի մէջ, Զուիցերիա), որոնք մատնանշեցին թէ այդ համաձայնագիրը նոր էջ մը պիտի բանար երկու երկիրներու փոխյարաբերութեանց մէջ։


Յիշեալ համաձայնագիրը կ՚ընդգրկէր յօդուած մը, ըստ որուն՝ ստորագրութեան յաջորդող քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Թուրքիա պիտի բանար իր եւ Հայաստանի միջեւ փակած սահմանը։ Այդ պահուն նոր զգացում մը պատեց հոգիս, զգացումը այն մարդուն, որ իր իրաւական ու ճակատագրական հարցին շուրջ երկար տարիներու վէճերէ ու պայքարներէ ետք վերջապէս կը յանգի արդիւնքի մը, որուն համար կ՚ըսուի, թէ նոր ժամանակաշրջանի մը նախաքայլն է, որ դարերու թշնամութենէ ու պայքարէ ետք պիտի յատկանշուի հակառակորդին հետ հաշտութեամբ եւ մերձեցումով, այն յոյսով, որ այս մէկը կը նպաստէ իր հայրենիքի ու ժողովուրդի բարգաւաճման եւ գէթ մասամբ մը կը հատուցուի իրեն այն բոլորը, զորս զլացուած էր անյաղթահարելի եւ դաժան ծանօթ պայմաններու բերումով։


Համաձայնագիրը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ չէր գոհացներ համայն հայութեան բոլոր ակնկալիքները, եւ ի մասնաւորի՝ սփիւռքահայութեան. ան ո՛չ մէկ ձեւով կը յիշատակէր նիւթա-բարոյական իրաւունքներու վերադարձը եւ կատարուելիք հատուցումը հայութեան, ինչպէս նաեւ չէր պարունակեր համաձայնագիրին հետ առնչուած միջ ազգային օժանդակութեանց որեւէ խոստում, այլ եղածը պարզօրէն բարի դրացնութիւն ստեղծելու միտումով կնքուած համաձայնագիր մըն էր, ինչպէս որ կը կնքուի որեւէ համաձայնագիր երկու դրացի երկիրներու միջեւ։


Կը նախատեսուէր նաեւ ստեղծումը մասնագիտական յանձնաժողովներու՝ քննարկելու համար կողմերուն միջեւ առկախ մնացած հարցեր եւ զանոնք լուծելու ընդունուած օրինական միջոցներով։ Համաձայնագիրին մէջ ոչինչ կար լաւատեսութիւն առթող, բացի նոյնինքն լաւատեսութենէն՝ հետեւելով ?Լաւատե՛ս եղէք ու կը գտնէք զայն? սկզբունքին։


Ուրեմն, ահա, լաւատեսութիւնը պարուրեց զիս եւ մտովին սաւառնեցայ դէպի ապագայ։ Երեւակայութեանս մէջ կառուցեցի հսկայական բազմաթիւ գործեր, որոնք կրնային իրագործուիլ յաջորդող հանգրուանին։ Երազեցի տեսնել տնտեսական, ճարտարարուեստական եւ զբօսաշրջային ոլորտներու մէջ յառաջդիմած Հայաստան մը՝ շնորհիւ Թուրքիոյ հետ իր արեւմտեան սահմանին բացման, որ Հայաստանի դէպի Եւրոպա ոչ քարքարոտ եւ հարթ կարեւորագոյն անցքն է, քան միւսները, մանաւանդ որ այդ սահմանը միակն է որ Հայաստանը կը կապէ միջազգային ճանապարհներու, շոգեկառքի գիծերու եւ բաց նաւահանգիստներու։


Այսպէս, շարունակեցի երեւակայել ու… պատկերացուցի, թէ ի՛նչպէս գործարանները կրկին սկսած էին արտադրութեանց՝ մօտ երկու տասնամեակ անդամալոյծ վիճակի մէջ մնալէ եւ վառելանիւթով ու հում նիւթերով չմատակարարուելու հետեւանքով փճանալէ ետք։ Երեւակայեցի ամբողջ Հայաստանի տարածքին շինարարական աշխուժութիւն մը ներկայութիւնը աւելի քան 200 կռունկներու եւ շինարարական կապալառուներու, որոնք կ՚աշխատին օրն ի բուն՝ փոխան այսօրուան բանող 20 կամ աւելի նուազ խումբերուն։


Երեւակայեցի նաեւ, որ օտար ներդրումներ կը հոսէին դէպի հզօրացած Հայաստան եւ միլիառներու ակնկալիքներ կը պարգեւէին երկրին։ Կը բազմապատկուէր նաեւ հոսքը զբօսաշրջիկներու, որոնք պիտի այցելէին Հայաստան՝ զմայլելու անոր պատմական յուշարձաններով ու վայելելու անոր հիանալի բնութիւնը։ Ես երազկոտ ու զգացական այն մարդոցմէ չեմ, որոնք օդին մէջ պալատներ կը կառուցեն, այլ իրապաշտ եւ գործնական մարդ եմ։ Ես պարզապէս ընթացք տուի երեւակայութեանս, որպէսզի մէջս արթնցնէ երազներ կնքուած համաձայնագիրի մը շնորհած աղօտ լոյսին ընդերքէն միայն, եւ բնական է, որ դարերէ ի վեր հոգիներու մէջ արմատացած վշտի ու կսկիծի զգացումներու յաղթահարումէն եւ համաձայնագրի ընդգրկած դառն զիջումներէն ետք, պէտք է մեզի ապահովուէր տնտեսական ու ընկերային ենթադրեալ բարելաւում մը, որ նուազագոյն ակնկալիքն էր անկէ։ Ապա թէ ոչ ինչո՞ւ էր այս տաղտուկը։


Բայց… ափսո՜ս։ Նայինք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ… նայինք, թէ ո՛ւր առաջնորդեցին զիս ակընկալիքներս ու միլիոնաւոր հայերու երազանքները։ Կարծէք թուրքերը կարդացած ըլլային միտքերս, քակած՝ երեւակայութեանս ծածկագրութիւնները եւ որոշած ջնջել զանոնք, եւ իբրեւ արդիւնք՝ ես արժանացայ արհամարհանքին անոնց, որոնք դէմ էին լաւատեսութիւններուս։


Թուրքիա, թերեւս իր մեծամտութեան պատճառով կամ չարաշահելով ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած առանցքային դիրքը եւ կամ՝ մեզի անծանօթ այլ պատճառներով՝ հրաժարեցաւ համաձայնագիրը գործադրելէ՝ յարուցանելով շինծու եւ սին պատճառաբանութիւններ։ Ամէն օր թուրք ղեկավարներէ սկսանք լսել յայտարարութիւններ, ուր անոնք կը խօսէին նո՛ր պայմաններու եւ համաձայնագիրի ընդհանուր ոլորտէն դուրս եղող պահանջներու մասին՝ փորձելով խոչընդոտել անոր ?համեմատական? յառաջդիմութիւնը, զոր ստեղծուած էր Ցիւրիխի մէջ։


Հակառակ անոր որ թուրքերը շատ լաւ գիտէին, թէ հայ-թրքական սահմանի հարցը դժուար եւ զգացական հարց էր, կրկին սկսան այս հարցը արծարծել եւ համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք պահանջել, որ հայկական կողմը ի սկզբանէ ճանչնայ առկայ սահմանը՝ որպէս նախապայման համաձայնագրի գործադրումի սկզբնաքայլերուն։ Անոնք այս պայմանը յառաջ քաշեցին՝ գիտնալով հանդերձ, որ աշխարհի վրայ կան տասնեակ մը երկիրներ, որոնք հակառակ իրարու հետ ունեցած սահմանային վէճերու եւ հարցերու, դարձեալ կը պահեն իրենց դիւանագիտական եւ ժողովրդային սերտ յարաբերութիւնները եւ սահմանային տարակարծութիւնները չեն արգելակեր անոնց բնականոն յարաբերութիւններու մշակումը. անոնցմէ շատեր նոյնիսկ միատեղ կ՚անդամակցին ամենաբարձր մակարդակով շրջանային եւ միջազգային խմբաւորումներու։ Մեծ պետութիւնն երու միջեւ նոյնանման պարագաներ բազմաթիւ են, ինչպէս՝ Միջին Արեւելքի, Ծոցի շրջանի եւ հինգ ցամաքամասերու վրայ։


Թուրքերը դարձեալ արծարծեցին իրենց պահանջը, որ հայկական պետութիւնը ի սկզբանէ հրաժարի պահանջելէ, որ թուրքեր ընդունին Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն իրենց կողմէ կատարուած մէկուկէս միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը եւ նոյնքան թիւով հայորդիներու բռնագաղթը, հակառակ անոր որ այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին բազում օրինակներ, երբ նմանօրինակ պահանջներ եւ վիճելի անհամաձայնութիւններ կը պահեն իրենց առկայութիւնը՝ հակառակ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բնական յարաբերութիւններուն։


Կան բազմաթիւ պետութիւններ ալ, որոնք պատմական արիւնալի նոյնանման յիշողութիւն ունին, բայց եւ այնպէս իրարու հետ կը վարեն դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ։ Թուրքերը չբաւարարուեցան համաձայնագիրը գործադրելու համար իրենց ներկայացուցած ապօրինի նոր պայմաններով միայն, այլեւ կնճիռ մը եւս աւելցուցին, որ այս անգամ կը վերաբերէր իրենց հօրեղբօրորդւոյն՝ Ազրպէյճանին, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու վերջերս յայտարարեց, թէ սահմանն երը պիտի չբացուին եւ հայերու հետ յարաբերութիւնն երը ընթացք պիտի չառնեն՝ առանց Ազրպէյճանի ի նպաստ զիջումներ ստանալու եւ հայկական Ղարաբաղի (Արցախ) շրջանէն ի նպաստ Ազրպէյճանի՝ հողային զիջումներ կատարելու, ա՛յն Արցախին, որ հայերու պապենական հողն է աւելի քան երեք հազարամեակէ ի վեր եւ որ Հայաստանի՝ Ազրպէյճանի՛ հետ ունեցած պատերազմական վիճակին պատճառն է եւ ոչ թէ՝ Թուրքիոյ հետ, որ իրաւական եւ միջազգային օրէնքի ըմբռնումով, ո՛չ մէկ անմիջական առնչութիւն ունի այս հարցին հետ եւ կողմ չէ երբեւիցէ։


Թուրքիան այս հարցին մէջ կը խաղայ այն քմահաճ ու անառակ աղջկան դերը, որ եթէ յաջողի իր կամքը պարտադրել եւ ուզածը ձեռք ձգել՝ կ՚ըսէ. ?Մէկը ինծի, մէկն ալ հօրեղբօրս աղջկան?։


Վերջապէս, եւ ինչպէս կը տեսնէք, ինծի չընծայուեցաւ յօդուածս գրել այն լաւատեսական բոյրով ու ոգիով, զոր կը ցանկայի ընել, բոյր մը, որ ունենար զարգացումի ու քաղաքակրթուածութեան համ ու անկէ արտացոլար արդի ժամանակներուն վայել հանդուրժողականութեան ու խաղաղութեան շունչ՝ փոխան լարուածութեան, բողոքի եւ ցասումի։


Նոր յօդուածով մը կը հանդիպինք յաջորդ ապրիլի 24-ին։ Ո՞վ գիտէ՝ ինչ օրակարգով։

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostAre you with us or not?
Older PostՏէր Արամ քահանայ Տէյիրմենճեանի հրատարակած գործերը

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

item-thumbnail

First Saudi tourism media familiarization trip to Armenia

item-thumbnail

Սփյուռքահայ Ժիրայր Բաբազյանը ներկայացրեց իր նոր պիեսը

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll