• Home
  • About
  • YouTube
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հալէպի մէջ յոյսի նշոյլ տակաւին չկայ հորիզոնին վրայ

June 22, 2013
A+ A-
Email Print
<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Հալէպի մէջ յոյսի նշոյլ տակաւին չկայ հորիզոնին վրայ</FONT>


 


Hrach Kalsahakian describes the current situation in Syria (in general) and in Aleppo (in particular). Special reference is made to the situation of the Syrian Armenian community and the difficulties and challenges ahead. Kalsahakian sees no hope in the foreseeable future, as long as the two sides have not yet decided to sit down on the table of negotiations. The Armenian community in Aleppo needs complete financial support in the coming year from overseas Armenians, without which community institutions, especially schools, will not be able to function properly. Imminent support is needed for considerable number of needy families, who have been without income for the last one year.


Հրաչ Քալսահակեան


Ազատ-Հայ


Լիբանանի սահմանամերձ Ալ Քուսէյր քաղաքին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններէն ետք, Սուրիական կանոնաւոր բանակը, Լիբանանեան Հըզպոլլահ կազմակերպութեան աջակցութեամբ, իր հայեացքը ուղղեց դէպի հիւսիսի մայրաքաղաք Հալէպ, որուն համարեայ կէսը եւ նոյնանուն գաւառին գրեթէ ամբողջ տարածքը, տարիէ մը ի վեր, կը գտնուի զինեալ ընդիմադիրներու հակակշռին ներքեւ:


Կառավարական ուժերը կը փորձեն օգտուիլ Ալ Քուսէյրի մէջ արձանագրուած զինուորական յաղթանակէն, օգտագործելով ստեղծուած բարձր բարոյական տրամադրութիւնները՝ նորանոր յառաջխաղացք ապահովելու միտումով: Անոնց կ'օգնէ օդային ուժերու գերակայութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդիմադիրներու հաւաքավայրերուն դէմ բալիստիկ հրթիռներու գործածութիւնը:


Հալէպի վերագրաւումը սակայն, այնքան ալ դիւրին թիրախ մը չէ: Նախ Հալէպ հսկայ քաղաք մըն է, որ դէպքերէն առաջ ունէր երեք միլիոնի մօտ համեմատաբար միատարր սուննի իսլամ բնակչութիւն, ապա, ամենէն կարեւորը, այն փաստն է թէ, Թուրք-Սուրիական երկար սահմանագիծը կը գտնուի ընդիմադիրներու հսկողութեան տակ::


Դժուար չէ կռահել, թէ իրավիճակը աւելի պիտի բարդանայ, երբ ընդիմադիրները ստանան որակաւոր մարտական զէնքեր: Ըստ կարգ մը տուեալներու, արդէն որոշ զէնքեր հասած են կռուադաշտ: ԱՄՆ եւ այլ պետութիւններ մտահոգուած են, որ այդ զէնքերը կրնան իյնալ կրօնական ծայրայեղ խմբակցութիւններու ձեռքը: Ներկայիս, մեծ ճնշում կը գործադրուի ընդիմադիրներուն վրայ, որ մաքրազտեն իրենց շարքերը եւ զերծ մնան կրօնական ծայրայեղ խմբակներու ներթափանցումներէն: Վերջին օրերուն ջոկատներու վերադասաւորում կարելի է նշմարել ընդիմադիրներու շարքերէն ներս: Միւս կողմէ, նկատելի են նաեւ յստակ տարակարծութիւններ ?Ազատ Բանակ?ի որոշ դաշտային հրամանատարներուն եւ արտասահամանի մէջ գործող ?Գերագոյն Զինուորական Խորհուրդ?ին միջեւ:


Նոյնիսկ եթէ ընդիմադիրներուն զօրավիգ կանգնող պետութիւնները միանշանակ համաձայն չգտնուին մարտական զէնքեր ուղարկելու գաղափարին, կը թուի թէ, Սէուտական Արապիա եւ Քաթար համամիտ պիտի ըլլան այս գծով աւելի անմիջական քայլեր առնելու: Ըստ կարգ մը լուրերու, ?Ազատ Բանակ?այինները զինավարժութիւններ կը կատարեն Թուրքիոյ եւ Յորդանանի մէջ: Փաստ է նաեւ, որ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած վերջին հաւաքական զինավարժութիւններէն ետք, որոշ քանակի ամերիկեան զինամթերք, ինչպէս նաեւ ?Patriot? տեսակի հրթիռային համակարգ տեղակայուած մնաց այդ երկրին մէջ:


Արեւմտեան երկիրները թէեւ կը նախընտրեն Նախագահ Ասատի հեռացումը, բայցեւայնպէս վախ ունին թէ այդ կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ երկիրը քաոսային վիճակի մատնուի ու պետական կառոյցները ու սպասարկութիւնները մեծապէս տուժեն, այնպէս ինչպէս անցեալին եղաւ Իրաքի մէջ: Միլիոնաւոր պաշտօնեաներ տակաւին կը շարունակեն իրենց ապրուստը հոգալ պետական պիւտճէի յատկացումներէն, հակառակ որ անոնցմէ շատեր կը բացակային իրենց պաշտօնատեղերէն:


Ներկայիս 4.5 միլիոն ներքին գաղթականներ կան Սուրիոյ մէջ, իսկ մերձակայ երկիրներուն մէջ՝ 1.5 միլիոն: Այս թուանիշերը ամենօրեայ աճի մէջ են, քանի որ հակամարտութիւնները կը շարունակուին եւ ոչ մէկ նշան կայ, թէ յաջորդող ամիսներուն իրավիճակը պիտի հանդարտի: Ըստ Միացեալ Ազգերու տուեալներուն, մինչեւ տարեվերջ Սուրիոյ բնակչութեան կէսը մարդասիրական այս կամ այն տեսակի օժանդակութիւն ստանալու կարիք պիտի ունենայ:


Ըստ երեւոյթին, տիրող պատերազմական վիճակը պիտի շարունակուի, քանի որ կողմերէն ոչ մէկը ներկայիս պատրաստ է բանակցութիւններու սեղանին վրայ նստելու: Տակաւին ոչ մէկ կողմ միւս կողմը կ'ընդունի որպէս լիիրաւ բանակցող: Իւրաքանչիւր կողմ կը մատնանշէ միւս կողմին ենթակայութիւնը եւ օտար կողմէ կախեալ ըլլալու հանգամանքը: Թէեւ Ժընեւեան համաձայնութիւնը Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութեան մասին նշում մը կատարած է, բայց ԱՄՆ եւ Ռուսիա լրիւ համաձայն չեն թէ Նախագահ Ասատ ի՞նչ դերակատարութիւն պիտի ստանձնէ փոխանցման հանգրուանին եւ որքան քաղաքական ազդեցութիւն պիտի վայելէ ապագային:


Շատեր կը հաւատան թէ արդէն քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ'ունենայ Սուրիոյ մէջ: Բազմաթիւ բնակավայրեր կը մաքրազտուին կրօնական նկատառումներով ու բնակիչները կը քշուին դէպի այլ շրջաններ: Անցեալի խառն բնակչութիւն ունեցող շատ մը վայրեր այլեւս ամայացած են կամ ունին միատարր բնակչութիւն, հետեւաբար կ'ընկալուին որպէս այս կամ այն համայնքին պատկանող ազդեցութեան տարածքներ: Այսպիսի զարգացում մը լուրջ խոչընդոտ կրնայ հանդիսանալ ապագայ Սուրիոյ հողային միասնականութեան գծով:


Հայ համայնքը Հալէպի մէջ


Հալէպի պատերազմը տակաւին իր աւարտին չէ հասած: Այժմ ուժերու կուտակում տեղի կ'ունենայ եւ նոր զէնքերով ու մարտավարական ծրագիրներով կը սպառազինուին երկու մրցակից կողմերը:


Հայերով բնակուած քաղաքի կեդրոնական եւ արեւմտեան որոշ թաղամասերը մեծ արգելանոցի մը կը նմանին՝ կոյր փամփուշտներու եւ հրասանդային հրթիռային հարուածներու ենթակայ: Հայ բնակչութեան թիւը զգալիօրէն նուազած է: Քառասուն հազար հաշուող հայութենէն այժմ քսան հինգ հազար հոգի մնացած է (ըստ ենթադրական տուեալներու):


Անցեալ տարի կարելի եղաւ կառավարել դպրոցները եւ հայթայթել հարիւրաւոր անձնակազմի ամսականներ: Կենցաղային որոշ օժանդակութիւն տամադրուեցաւ ամիսներէ ի վեր եկամուտէ զրկուած հարիւրաւոր ընտանիքներու: Սակայն, ներքին նիւթական միջոցները գրեթէ սպառած են: Վերոյիշեալ պարտաւորութիւնները շարունակելու համար, Սուրիահայութիւնը լրիւ պէտք ունի արտասահմանի հայութեան օժանդակութեան: Նպաստի բաշխման գործերը տեղի կ'ունենան կազմակերպական ընդունելի եւ օրըստօրէ աւելի փորձառու կերպով, բայց կարիքները այնքան շատ եւ անկանխատեսելի են, որ երբեմն քննադատական խօսքեր կը բարձրանան տարուած աշխատանքին վերաբերեալ: Յատկապէս յառաջիկայ Սեպտեմբերին, դժուար պիտի ըլլայ բանեցնել դպրոցները եւ այլ հաստատութիւնները, եթէ արտերկրի հայութիւնը նիւթական օժանդակութիւն չհասցնէ:


Ապահովական առումով հայաբնակ թաղերը պետական զօրքերու հսկողութեան տակ կը գտնուին: Կան հայկական փոքրաթիւ զինեալներ, որոնք կամաւոր կամ կիսա-կամաւոր կերպով զօրավիգ կը կանգնին պաշտօնական բանակին եւ կը ստանձնեն հայկական թաղերու մասնակի վերահսկողութիւնը: Կան նաեւ աւանդական կուսակցութիւններու հովանիին տակ գործող ոչ-զինեալ կամաւորներ, որոնք կը կազմակերպեն նպաստի բաշխումը եւ աչալուրջ կը հետեւին հայկական փողոցներու ապահովական եւ կենցաղային հարցերուն: Հալէպի Առաջնորդարանը նշանակած է մամլոյ բանբեր մը (Ժիրայր Րէիսեան), որ հայկական լրատուամիջոցները կը մատակարարէ տեղական արժանահաւատ լուրերով: Պաշտօնապէս հայկական կողմը Սուրիոյ դէպքերուն նկատմամբ կը պահպանէ չէզոք դիրքորոշում, առանց որեւէ մանրամասնութիւններ հաղորդելու չէզոքութեան հասկացողութեան մասին, քանի որ նման վերլուծում կրնայ երկու կողմերն ալ չբաւարարել:


Ամէն ինչ, սակայն, կախեալ կը մնայ ծաւալուող զինուորական գործողութիւններու տեւողութենէն եւ տարողութենէն: Վերջին երեք օրերու ընթացքին, օրինակի համար, տեղի ունեցան մասնակի կռիւներ հայաբնակ շրջաններէն ոչ շատ հեռու գտնուող Սուլէյման Հալապի թաղամասին մէջ (Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն քանի մը փողոց անդին), որու հետեւանքով ջուրերու մատակարարման ընկերութիւնը ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ եւ Հալէպ մնաց առանց ջուրի: Ելեկտրական հոսանքի մատակարարումն ալ գոհացուցիչ չէ: Բախտաւոր պարագային՝ օրական երկու – երեք ժամերու սահմաններուն մէջ կը տրուի հոսանքը: Ելեկտրական ցանցը վնասուած է եւ այս պայմաններուն տակ կարելի չէ նորոգութիւն կատարել: Անհրաժեշտ է, որ հակադիր կողմերը անյապաղ համաձայնին, թէ կենցաղային նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւնները, պէտք է դուրս ձգուին հակամարտութեան գօտիներէն:


Հալէպի ամառնային տաք օրերը կրնան անտանելի դառնալ արդէն իսկ արիւնաքամ եղած բնակչութեան համար, որ, ապահովութեան անբարենպաստ պայմաններու տակ, տակաւին պէտք է պայքարի գիներու ահռելի մագլցումին դէմ: Սուրիական դրամանիշը իր արժէքին 75%ը կորսնցուցած է 2011-էն ի վեր (20%՝ միայն վերջին մէկ ամսուան ընթացքին):


Ցաւալին այն է, որ յոյսի նշոյլ տակաւին չկայ հորիզոնին վրայ:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostAssyrian community in Armenia
Older PostՔսաներորդ դարի գերմանական պատմվածքը

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Armenians of Iraq: A Community on the Brink

April 18, 2025
item-thumbnail

Camp Bjni launched in Armenia

March 26, 2025
item-thumbnail

The Nagash Ensemble of Armenia

March 8, 2025
item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations
Helen Ray Harrington on From 1979 until the formation of Micromania Group

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • YouTube
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

The Nagash Ensemble of Armenia

item-thumbnail

Ժողովուրդը թև ու թիկունք Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Army Art Center Athens Basra Armenians Camps Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Summer Camps Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2026 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll