• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ռումբերու վտանգին տակ ձեռնարկ նուիրուած Ծառուկեանին

November 5, 2013
A+ A-
Email Print
<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Ռումբերու վտանգին տակ ձեռնարկ նուիրուած Ծառուկեանին</FONT>

 


Անդրանիկ Ծառուկեանի ծննդեան 100 ամեակի գրական ձեռնարկ


A report about the 100th birth anniversary of Diaspora Armenian writer Antranig Dzarougian, marked with the presence of several hundreds in the AGBU hall in Aleppo on 26th September 2013. While various military fractions around the city were fighting to gain control of territories, the Armenian peaceful response came in the form of organizing this highly appreciated cultural event. Dzarougian first arrived Aleppo as a newborn orphan escaping the horrors of the Genocide. He lived in different orphanages in Syria and Lebanon, a bitter experience which later inspired him to write his well-known work “Men Without Childhood”, the most honest echo of those times. Ironically, the city is facing now another war a century later.


Խուռներամ բազմութիւն մը հաճոյքով հետեւեցաւ Լեւոն Շառոյեանի բանախօսութեան


Ճիշդ մէկ ամիսէ ի վեր Հալէպ զրկուած է համացանց ունենալէ, ուստի ամիսէ մը ի վեր բացարձակապէս կարելի չէ համացանցով կապուիլ եւ լուրեր ստանալ Հալէպէն։ Այնուհանդերձ պարբերաբար հեռախօսը կ՚աշխատի ու Հալէպի հետ կապուելու միակ միջոցը հեռախօսն է ներկայիս։


Այսպէս, երէկ գիշեր (26 Սեպտեմբեր 2013) անակնկալ հաճոյքը ունեցանք ստանալու Հալէպի մեր շատ սիրելի աշխատակից Լեւոն Շառոյեանէն հեռաձայնի կոչ մը։ Մեր արժէքաւոր աշխատակիցը, որուն ձայնը չէինք լսեր ամիսներէ ի վեր եւ որմէ նամակ ալ չէինք ստանար համացանցի վրայով, երէկ մեզի նախ տուաւ վերջին լուրեր Հալէպի մէջ տիրող կացութենէն, որ բնաւ ալ վարդագոյն չէ։ Անապահով կեանքը կը շարունակուի, մարդիկ նոյնիսկ կը վախնան փողոց ելլելու, շատ հազուադէպ պարագաներու է, որ մարդիկ փողոց կ՚ելլեն, ամէն վարկեան անապահով կացութիւն մը կրնայ ամէն ինչ տակնուվրայ ընել։ Հալէպահայութիւնր տակաւին այս պայմաններու մէջ կ՚անցընէ իր սեւ օրերը ու անհամբերութեամբ կը սպասէ, որ լաւ օրերը վերադառնան, թէեւ հորիզոնին վրայ տակաւին շատ տկար է այսպիսի հաւանականութեան մը իրականացումը։


Այս տխուր ու վախազդու պայմաններու մէջ է, որ երեկ իրականացաւ մշակութային հրաշալի ձեռնարկ մր։ Եթէ նկատի առնուէր մահուան վտանգի սարսափն ու առկայութիւնր, անհաւատալի էր, որ նմանօրինակ ձեռնարկ մը կ՚իրականանար ու Հալէպահայերու խուռներամ բազմութիւն մը քաջութիւնր կ՚ունենար ներկայ գտնուելու այդ ձեռնարկին։


Ձեռնարկր կազմակերպուած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ՝ Միութեան հաւաքասրահին մէջ եւ նիւթն էր երբեմնի ?Նայիրի? շաբաթաթերթի անմոռանալի խմբագիր ու գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի կեանքն ու գործը։ Ձեռնարկր կազմակերպուած էր Ծառուկեանի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով։ Օրուան բանախօսն էր Լեւոն Շառոյեան։


Ձեռնարկր կատարուեցաւ ուրեմն երէկ իրիկուն ժամր 17.00ին։ Տրուած րլլալով որ գիշերր դուրս ելլելը բոլորովին վտանգաւոր էր, այդ ժամուն էր որ ճշդուած էր հանդէսր։ Սրահը խուռներամ բազմութեամբ լեցուն էր, մօտաւորապես երեսուն հոգի ալ ոտքի մնացած էին ու ամբոդջ երկու ժամ այդպէս հետեւեցան ձեռնարկին։ Ուղղակի անհաւատալի էր, որ անապահովութեան նմանօրինակ պայմաններու մէջ այսքան շատ Հալէպահայ փողոց ելած ու ձեռնարկին եկած էր։ Այս ալ արդէն ցոյց կուտար թէ ժողովուրդը ինչպիսի՜ կարօտ մր ունէր նմանօրինակ ձեռնարկներու ու միասնութեան նկատմամբ։ Շատեր համակարծիք էին որ Հալէպի լաւ օրերուն իսկ կարելի չէր եղած այսքան խուռներամ ու կարօտալից ներկայութիւն մը քով քովի բերել։


Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հիւպատոսը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ու Հայ Աւետարականներու Համայնքի Առաջնորդնեըը։


Նախ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան նիւթի յարակից նկարներ եւ ընթերցումներ կատարուեցան Անդրանիկ Ծառուկեանի նշանաւոր ?Երազային Հալէպ?էն։ Ապա հրամցուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը դաշնակով ու ջութակով։ Յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ Լեւոն Շառոյեան, ոը ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ պատրաստած էր շատ խնամեալ բանախօսութիւն մը։ Ան ամբողջ երեք քառորդ ժամ խօսեցաւ Ծառուկեանի մասին, կանգ առնելով ո՛չ միայն անոր գըականութեան վրայ, այլ նաեւ մի աո մի ներկայացնելով բոլոր այն թաղամասեըը, որոնցմէ անցած էը Անդրանիկ Ծառուկեանր եւ որոնք իրենց դրոշմը ունեցած էին անոր կեանքին վըայ։ Դպրոցներ, տուներ, նաեւ այն որբանոցը ուր մնացած էր ան եւ ուրկէ ներշնչուելով ան գրած էր ?Մանկութիւն չունեցող մարդիկ?ը։


Ապա Լեւոն Շառոյեան մանրամասնօրէն տուաւ Ծառուկեանի կենսագրութիւնը, նշելով որ ան աշխարհ եկած էր Սվասի Կիւրին գիւղաքաղաքին մէջ։ Հայ գրականութեան մէջ երկու հսկաներ կային, որոնք ծնած էին Կիւրին, մէկը Ծաոուկեանն էր, միւսը բանաստեղծ Վահէ Վահեան։


Ապա Շառոյեան մանրամասնօրէն կանգ առաւ Ծառուկեանի այնքան նշանաւոր ?Թուղթ առ Երեւան? պոէմին վրայ, որ իր տեսակին մէջ մրցանիշ մը կոտրած է տասն անգամ վերատպուելով ու մեծ ալեկոծում ստեղծելով ընթերցողներու սրտին մէջ։


Շառոյեան ապա կանգ առաւ Պէյրութի մէջ տարիներ շարունակ տպուած ?Նայիրի? շաբաթաթերթին վրայ, որ այդ շրջանի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկն էր թէ՛ որպէս գրականութեան օրկան, թէ՛ որպէս ոճ ու քննադատութեան ոգի։ Ծառուկեան Խմբագիրը ունէր մաքրամաքուր լեզու, բայց կճան ոճ։ Այդ շրջանին շատեր կ՚ըսէին, որ մաքուր Հայերէն սորվելու համար պէտք էր կարդալ Նայիրի։ Ծառուկեան ունէր մեծ թիւով բարեկամներ, շատ արժէքաւոր աշխատակիցներ, բայց նաեւ հակառակորդներ։ Շառոյեան այստեղ մի առ մի թուեց այն գրողները որոնք աշխատակցած են ?Նայիրի?ին։ Ըսաւ որ Նայիրի այնպիսի շաբաթաթերթ մըն էր որ 1950?60ական թուականներուն հրատարակուած ըլլալով հանդերձ, այսօր իսկ կը կարդացուի կարծես թէ այսօր տպուած ըլլար։ Այսպէս է որ այս թերթը իր խօսքը կրնայ ուղղել տակաւին ապագայ ընթերցողներու ալ։


Իր այս շատ հաճելի բանախօսութեան վերջաւորութեան Շառոյեան կանգ առաւ ?Մանկութիւն չունեցող մարդիկ? գործին վրայ, որ, ինչպէս ըսաւ Շառոյեան, գործ մըն է որ ամբողջովին կը ցոլացնէ Հայ մարդուն ցաւը անցեալի տխուր օրերէն։ Այսօր օտարախօս Հայ հեղինակները շատ բան կը գրեն Հայոց ցաւերը պատմելու համար, բայց Հայերէնով այս ուղղութեամբ առաջին գործը Ծառուկեանին այս գիրքն էր ու ան այսօր ալ լաւագոյնս կը պատկերացնէ Հայ ժողովուրդին ապրած ցաւը։


Շառոյեանի բանախօսութիւնը ողջունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով։ Ապա կարճ ելոյթ մը ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեան, ոը իր կարգին ընդգծեց թէ իր ուսման տարիներուն նշանաւոր էր Նայիրի թերթը եւ իսկապէս իր ուսուցիչները կը յանձնարարէին, որ Նայիրի կարդային, եթէ կ՛ուզէին լաւ Հայերէն սորվիլ։


Հանդէսի վերջաւորութեան կազմակերպիչները գիրք մը նուիրեցին օրուան բանախօս Լեւոն Շառոյեանին։ Թէ՛ Լեւոն Շառոյեան, թէ՛ սրահը լեցնող Հալէպահայերը այսպէս երէկ ապրեցան հին օրերը յիշեցնող գրական շատ գեղեցիկ ձեռնարկ մը, որ անոնց բարոյական կորովը կը բարձրացնէր այսօրուան տխուր պայմաններու մէջ։


Մարմարա, 27 Սեպտեմբեր 2013

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostSyria and the prospects of a peaceful change in the Middle East
Older PostArmenia's Quest for a Democratic Identity: A Conversation with Raffi Hovanissian on Armenia

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

item-thumbnail

«Դուք այստեղ եք տանտիրոջ կարգավիճակով». սփյուռքի նախարարը՝ «Քայլ դեպի տուն» ծրագրի մասնակիցներին

item-thumbnail

Hotel Baron in Aleppo always draws attention

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll