• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Խորհրդածութիւններ Ազդարարի վերահրատարակման առիթով

March 19, 2009
A+ A-
Email Print

Խորհրդածութիւններ Ազդարարի վերահրատարակման առիթով


Աւելի քան երեք տարիներու դադարէ ետք, ուրախութեամբ կ՚ողջունենք՝ Քուէյթի Հայոց Ազգային Վարչութեանս որոշումով, Առաջնորդարանիս ?Ազդարար? պաշտօնաթերթի կրկին լոյս ընծայումը։


Առ ի գիտութիւն կ՚ուզենք յայտնել, որ թերթիս հրատարակութեան որպէս պատասխանատու նշանակուած է Քուէյթի Հայոց Ազգային Վարժարանիս փոխ-տնօրէն՝ Պրն. Կարօ Արսլանեանը։ Ուստի, յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին աստիճանաբար պիտի ճշտուին բաժանորդագրութեան ձեւերը։ Առ այդ, բոլոր անոնք, որ կը փափաքին անցեալի նման, Առաջնորդարանէն ստանալ ?Ազդարար?-էն տպուած օրինակ մը, կը խնդրենք որ իրենց անունները արձանագրեն Առաջնորդարանիս քարտուղարութեան մօտ. իսկ անոնք որ կը նախընտրեն ուղղակի e.mail-ի միջոցով ունենալ ?Ազդարար?-ի բնագիրը, թող որ բարեհաճին իրենց անունն ու ազգանունը եւ e.mail-ը տալ քարտուղարութեանս։


?Ազդարար?-ի վերահրատարակութեան նախօրեակին կ՚անդրադառնանք, որ ժամանակները փոխուած են այսօր։ Շուրջ տասնըհինգ տարի առաջ, երբ առաջին անգամ սկսաւ լոյս տեսնել ?Ազդարար?-ը թէ՛ օրուան հրատապ հարցերն ու մտահոգութիւնները եւ թէ՛ ?Ազդարար?-ը համայնքի անդամներուն տրամադրելի դարձնելու եղանակները տարբեր էին։


Հայաստանի անկախացումէն եւ Արցախի ազատագրումէն ետք, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ շատ բան փոխուած է։ Համաշխարհայնացումի պատճառով, հաղորդակցութեան իմաստով, այս օրերուն երկրագունդը վերածուած է գիւղի մը, ուստի, այնպիսի արագութեամբ եւ առատութեամբ մեզի կը հրամցուին այնքա՜ն խայտաբղէտ տեղեկութիւններ, որոնց օգտակար կամ վնասակար ըլլալը դժուար է որոշել։


Արդարեւ, այս իրողութեան որպէս հետեւանք, անոնք որ ներկայիս հետաքրքուած են Հայստանի, Արցախի, սփիւռքի եւ առ հասարակ հայութեան առնչուող լուրերով, Հայաստանի 24 ժամերու վրայ տարածուած հեռատեսիլի կայանէն բացի, համացանցի ընծայած դիւրութեան շնորհիւ, կրնան հեշտութեամբ կարդալ զիրենք շահաքրքրող բոլոր նիւթերու մասին։ Նոյնպէս սփիւռքահայ մամուլը ու տակաւին բազմաթիւ Կայքէջեր շարունակաբար մեզի տեղեակ կը պահեն հայ իրականութեան վերաբերող անցուդարձերուն։


Հայաստանի թէ Արցախի, Ռուսաստանի թէ Լեհաստանի, Լիբանանի թէ Եւրոպայի, Ամերիկայի կամ Չինաստանի մէջ ապրող հայը, եթէ կը տագնապի իր հայութեան ինքնութեան պահապանումով, այլեւս կարիքը չունի սպասելու նամակատունէն երկար ուշացումով իրեն հասնելիք թերթերուն։


Այսուհանդերձ, մենք կը հաւատանք, որ Առաջնորդարանիս ?Ազդարար? պաշտօնաթերթը, այս բոլորին առընթեր, տակաւին ունի իւրայատուկ դերակատարութիւն մը։


Բնականաբար ամէն մարդ ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ հնարաւորութիւնն ու կարողութիւնը ունի օգտուելու վերոյիշեալ աղբիւրներէն։ Ուստի ?Ազդարար?-ը կրնայ բաւարարել անոնց հետաքրքրութիւնը, դիւրացնել անոնց գործը, հետեւեալ կերպով։


Առաջին՝ տալով համառօտ լուրեր Հայաստանէն եւ Արցախէն, որոնք կը հետաքրքրեն ամբողջ հայութիւնը։


Երկրորդ՝ հաղորդելով սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ հայապահպանման գծով եւ հայկական պահանջատիրութեան նպատակով թափուած ճիգերու վերաբերեալ տեղեկութիւնները։


Երրորդ՝ ?Ազդարար?-ը կրնայ հայելին դառնալ Քուէյթահայութեան, ինչու չէ նաեւ թեմիս այլ շրջաններու կրօնական ու ազգային, կրթական ու մշակութային գործունէութեան, պարբերաբար արծարծելով իւրաքանչիւր շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։


Եթէ յաջողի հետեւողականօրէն հետապնդել եւ գէթ մասամբ իրագործել այս նպատակակէտերը, այն ժամանակ ?Ազդարար?-ը կ՚արդարացնէ իր վերահրատարակութեան իմաստը։


Յամենայն դէպս, աւելի լաւ է փորձել, քան հաշտուիլ կրաւորականութեան եւ կղզիացման իրավիճակին հետ, ինչպէս դարերու իմաստութիւնն ու մեր խիղճը կը յուշեն մեզի, ?աւելի լաւ է մոմ մը վառել խաւարին մէջ եւ լուսաւորել շրջապատը, քան թէ անիծել խաւարը…?։


Մնամ օրհնաձայն սիրոյ ողջունիւ,


ջերմօրէն աղօթարար՝


ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ


Աղբիւր՝ ?Ազդարար? ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ, ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 1, 06 Յունուար 2009

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostHave you ever thought about the meaning of 'ian'?
Older PostՏեսակցութիւն Ժիւլիեթթա Կիւլամիրեանին հետ

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարը պաշտոնական այցով մեկնել է Կիպրոսի Հանրապետություն

item-thumbnail

Սփիւռքահայ մամուլ՝ աշակերտական պատի թերթ. Հրաչ Քալսահակեան

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll