
Տեսակցութիւն Մանկավարժական Գիտութիւններու Դոկտոր Պրոֆեսոր Ժիւլիէթթա Կիւլամիրեանին հետ Շարժայի Օհաննէսեան Վարժարանին մէջ (Փետրուար 2009):
Պիտի խնդրէինք որ անդրադառնաք ձեր մանուկ տարիքի կեանքին մասին՝ պարզելով թէ որքանո՞վ այդ հասակի դէպքերը ազդած են ձեր յետագայ ընթացքին վրայ:
?
Ես Արեւմտահայ ընտանիքի զաւակ եմ: Ծնողներս 1915 թուականին գաղթած են Արեւմտեան Հայաստանէն: Մայրս Պիթլիսցի եղած է իսկ հայրս Մոկս գաւառէն: Եկած են անոնք Երեւան եւ ամերիկեան որբանոցին մէջ մեծցած են: 3ետոյ ամուսնացած եւ եօթ զաւակներ ունեցած են, որոնց մէջ ամենէն փոքրը ես եղած եմ:
Մօրս բոլոր ազգականները կորսուած են Մեծ Եղեռնին: Ան շատ փոքր տարիքին հասած է Հայաստան, ուր նոր բացուած է իր լեզուն: Արեւմտահայերէնը խօսակցական լեզու եղած է մեր տան մէջ, թէեւ աստիճանաբար հայրս արեւելահայերէն սկսած է խօսիլ, իսկ յետագային ան գրեթէ մոռցած է արեւմտահայերէնը:
Կրթութեան եւ աշխտանքի ջատագով եղած է հայրս: Մանուկ հասակին մենք բոլորս աշխատանք ունեցած ենք եւ անգործ չենք մնացած: Արձակուրդներու ժամանակ անպայման աշխատանք ունեցած ենք եւ կարծես աշխատասիրութիւնը մեր ընտանիքին հոպին դարձած ըլլար:
Գաղափար մը կու տայի՞ք ձեր կրթական գործունէութեան մասին, մանաւանդ հայկական վարժարաններուն համար ձեր պատրաստած գիրքերուն վերաբերեալ:
?
Յաճախած եմ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած եմ: Մինչեւ այսօր այդտեղ կ՛աշխատիմ: Շուրջ 25 տարիներ (1982-83-էն սկսեալ) Հայաստանի հայկական եւ ռուսական թեքում ունեցող դպրոցները դասագիրքերս կ՛օգտագործեն: Դասագիրքեր ալ պատրաստած եմ Սփիւռքի համար: Իրանի եւ Սուրիայի հայ երեխաները գիրքերուս միջոցով գրաճանաչ կը դառնան:
Իրանի մէջ ես ունիմ չորս դասագիրք (Այբբենարան եւ Մայրենի Լեզու Ա. Բ. Գ.): Սուրիոյ մէջ կար շատ հին դասագիրք մը՝ 40 տարուան կեանք ունեցող (Փոքրիկ Անին), որ փոխարինուեցաւ իմ գիրքերով:
Հալէպ գտնուած եմ չորս անգամ, իւրաքանչիւն անգամ չորս ամիս, իսկ վերջին անգամ հոն անցուցած եմ լրիւ մէկ ուսումնական տարի: Այդ ընթացքին տեղւոյն Առաջնորդ Շահան Եպիսկոպոս Սարգիսեանի անմիջական հովանաւորութեան տակ ստեղծեցի Բողբոջի, Կոկոնի եւ Ծաղիկի դասագիրքերը, որոնք գործածութեան մէջ են հիմա:
Տեղացի հեղինակներ ընդգրկուած են այդ գործին մէջ՝ Զեփիւռ Րէիսեան եւ Մարալ Մանճիկեան: Նախքան այդ գործին ձեռնարկելը ես երեք անգամ արդէն Հալէպ այցելած էի եւ զանազան դասախօսութիւններ տուած: Ստեղծած էի – առաջին անգամ ըլլալով- ծնողական լսարան՝ յատկապէս մայրերուն համար: Այս շատ հետաքրքիր եւ շահաւէտ աշխատանքը կը տանէի շաբաթական երկու օր, երկու ժամ դրութեամբ: Կը հաւատամ թէ պէտք է ծնողներուն ճիշդ ուղղութիւն տալ, քանի որ անոնց չիմացութիւնը մեծապէս կը խանգառէ կրթական աշխատանքը:
Հալէպի մէջ արդէն կը զգային հին դասագիրքերուն ժամանակավրէպ ըլլալը, բայց սովորութեան ուժը ահաւոր բան է: Անոնք չէին յաջողեր փոփոխութիւն իրականացնել եւ վարանումի մէջ էին: Պէտք էին նոր գիրքեր՝ ժամանակակից մանկավարժական հասկացողութիւններով, երեխայակեդրոն գիրքեր, որոնք կը միտին երեխան աշխատցնել եւ պահել զայն գործընթացի մէջ: Երեխան ինք պիտի սորվի եւ ոչ թէ իր վրայ պարտադրուի դասանիւթը:
Փառք ու պատիւ հին գիրքերուն, որոնք երկար ժամանակ սերունդներ հասցուցած էին, բայց արդէն փոխուած էին ժամանակները, նոր մեթոտներ մէջտեղ եկած էին: Գիրքերէս օրինակներ կան ձեր այստեղի դպրոցին մէջ: Մինչեւ օրս չորս գիրքեր լոյս տեսած են (Բողբոջ եւ Կոկոն՝ իւրաքանչիւր դասարանի երկուկական գիրքեր), իսկ Ծաղիկ դասարանի երկու գիրքերուն նիւթերը յանձնուած են եւ շուտով պիտի հրատարակուին: Երեք տարիներու գիրքերը ունին ուսուցիչներուն համար պատրաստուած ուղղեցոյցներ:
Ծաղիկ դասարանի մեր գիրքէն ետք, Սուրիոյ մէջ ապրող հայ երեխաները կ՛օգտագործեն Պրն. Յակոբ Չոլաքեանին գիրքերը: Թեհրանի մէջ պատրաստուած մեր միւս (արեւելահայերէն) գիրքերու շարքը կ՛օգտագործուի Սփիւռքի բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր արեւելահայերէն կը դասաւանդուի, ինչպէս Լոս Անճելես, Լոնտոն, եւայլն: Նոյնն է պարագան Հալէպ պատրաստուած գիրքերուն, որոնք կը գործածուին Պէյրութի, Եգիպտոսի, Ամերիկայի եւ այլ տեղերու մէջ:
Ժամանակ պէտք է, որ աւելի տարածուին այդ դասագիրքերը: Օրինակի համար, այստեղ ձեր մօտ նոր իմացան այդ գիրքերուն մասին եւ գրեթէ հաստատ է, որ անոնք պիտի որդեգրուին այստեղի մանկապարտէզին համար:
Գիրքերս կը ծածկեն նախադպրոցական եւ կրտսեր դպրոցական տարիքը, որ միաժամանակ իմ գիտական հետաքրքրութիւններու որոլտն է: Նաեւ կը զբաղիմ կրթական եւ դաստիարակչական հարցերով՝ օրինակի համար, ինչպէ՞ս վարուիլ ընդունուած երեխային հետ, պատիժի եւ խրախուսանքի թեմաները, եւայլն:
?
Ինչպիսի՞ աշխատանք տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ձեր կեցութեան ընթացքին: Ի՞նչ գնահատում կրնաք տալ Շարժայի մէջ տեղի ունեցած կրթական գործին մասին:
ԱՄԷ-ի մէջ երկու շաբթուան կեցութեանս ընթացքին շփուեցայ մանաւանդ ուսուցիչներուն հետ: Առիթ եղաւ նաեւ ծնողներուն ալ ներկայացնել դասախօսական նիւթ: Ուսուցիչներուն խօսեցայ գրաճանաչման ժամանակակից մեթոտներուն մասին: Գրաճանաչում միայն տարրը ճանչնալ չէ, քանի որ միայն տարրը ճանչնալը անիմաստ է, պէտք է կարդալու կարողութիւն ունենալ:
Շարժայի դպրոցը ես համեմատութեան մէջ չեմ դներ ո՛չ Թեհրանի եւ ո՛չ Հալէպի դպրոցներուն հետ, որովհետեւ այդ երկու տեղերը վերջապէս Սփիւռքի սրտերն են եւ դարաւոր պատմութիւն ունեցող գաղութներ են: Շարժան նոր ձեւաւորուող գաղութ է: Ընդամէնը տասը տարի է, որ այդտեղ գոյութիւն ունի եկեղեցի:
Հոն ուր կայ հայկական կանոնաւոր ամէնօրեայ դպրոց, նպատակը հայ երեխան կրթել է: Բայց ինչքան որ մէկ-օրուայ դպրոցը լաւ աշխատանք տանի, մենք չենք կրար արտակարգ գրաճանաչ անհատներ ստեղծել: Մէկ-օրուայ դպրոցին նպատակը հայ մանուկները հայ պահել է, որ կը նշանակէ ոչ անպայման անթերրի ուղղագրութիւն սորվեցնենք եւ մղենք որ անպայման լաւ կարդան, այլ հայու հոգեկերտուածք եւ ազգային մտակեցուածք ձեւաւորենք: Այս է իմ կարծիքը, որ կրնայ նաեւ տարբեր ըլլալ ուրիշի կարծիքէն:
Մէկ-օրուայ դպրոցը տեղ մըն է, ուր հայ երեխաները կը հաւաքուին, իրարու հետ կը խօսին, կը ծանօթանան, ուր հիմքը կը դրուի բարեկամութեան եւ սիրոյ՝ հայկական ծիրէն ներս:
?
Մէկ-օրուայ դպրոցը նպատակ պէտք է ունենայ դառնալու հաւաքատեղի հայ երեխաներուն համար եւ յետագային հայ պատանիներուն համար: Այդ պատճառով պէտք է մշակութային օղակներ ստեղծել դէպի այս կառոյցը քաշող: Այս շէնքը պէտք է իսկական գաղութային կեդրոնի վերածուի: Դպրոցի դասերէն դուրս պէտք է ստեղծուին այս օղակ-խմբակները, որպէսզի մեծցող աշակերտները միշտ պատճառ ունենան դպրոցին հետ կապուելու եւ յետագային չփարին օտար խումբերու կամ չտարուին օտար մթնոլորտներու մէջ:
Պիտք է երեխաներուն մէջ պատկանէլիութեան հասկացողութիւն ստեղծել, որպէսզի զգան թէ կը պատկանին հայ համայնքին: Եթէ նման քայլեր չ՛առնուին մենք դիւրաւ պիտի կորսնցնենք զանոնք, որովհետեւ լայն շրջապատին մէջ շատ շլացուցիչ եւ գայթակղեցուցիչ պայամաններ կան: Եթէ մինչեւ 14 ? 15? տարեկան հասակ կարելի չեղաւ աշակերտին հետաքրքրութիւնը կեդրոնացնել այստեղ դպրոցին մէջ, այլեւս ան դիւրաւ չի վերադառնար մեր մօտ եւ բնականաբար ուրիշներուն մօտ կ՛երթայ:
Ի՞նչ կարելի է իրականացնել ծնողք – դպրոց յարաբերութիւններու ծիրէն ներս: ի՞նչ է յաջողութեան չափանիշը այս մարզին մէջ:
?
Յաջորդ ծրագիրը պէտք է ըլլայ այնպէս ընել որ ծնողքը երեխան դպրոց բերէ եւ ինք նաեւ մնայ դպրոց եւ ներգրաուուի այստեղ զանազան ձեւերով: Դպրոց մնալով կարելի է լսարան ստեղծել մայրերուն համար: Պէտք է միջոցներ ստեղծել որ այստեղի երիտասարդ մայրերը նաեւ հայ մնան: Եթէ կորսնցնենք հայ մայրերուն հոգեբանութիւնը, մենք առհասարակ հայ երեխայ չենք ունենար: Ցաւ է, որ այստեղ ծնողներ կան որոնք մէկ-օրուայ դպրոց անգամ չեն բերեր իրենց զաւակները եւ տան մէջ անգլերէն կը խօսին: Երիտասարդ մայրերը պէտք է հաւաքել դպրոցի եւ եկեղեցւոյ շուրջ: Մէյ մը որ մայր մը կապուի դպրոցին եւ եկեղեցւոյ, իր զաւակներն ալ կը սկսին առանց դժուարութեան գալ:
Կարելի է, օրինակի համար, մայրերը հաւաքել եւ զանոնք դպրոցին կապել զանազան օգտական բաներ սորվեցնելով: Կարելի է խոհանոցային նիւթեր տալ անոնց, ձեռագործի դասեր եւայլն:
?
Դպրոցական կեանքը աւելի եւս կազմակերպուած տեսնելու կարիքը զգացի՞ք ձեր կարճատեւ ներկայութեան ընթացքին:
Նոյն մտայնութեամբ պէտք է դպրոցի կեանքը կազմակերպել: Եթէ միայն ուսուցում ըլլայ, երեխան պիտի չհետաքրքրուի հայկական դպրոցով: Արդէն ան յագեցած է զանազան պարտաւորութիւններով, հանրակրթական դպրոցի ծրագիրներով:
Դպրոցը շաբթուան միւս օրերուն մէջ պէտք չէ լուր եւ անձայն մնայ: Ամէն օր օղակ-խմբակներ պէտք է հաւաքուին հոն: Մեղք է այս շէնքը այլ օրերուն չ՛օգտագործել կրթական եւ դաստիարակչական նպատակներով: Օրինակի համար, պարի խումբ կարելի է ստեղծել այս յարկէն ներս: Մասնակցութիւնը այս բոլոր աշխատանքներուն պէտք չէ անվճար ըլլայ, որովհետեւ այդ պարագային պիտի չգնահատուի: Թէկուզ չնչին գումար տալով պէտք է ծնողքը մասնակցի այս ծախսերուն:
Վճարովի կամ ո՛չ: Միշտ սեղանին վրայ դրուող այս հարցին շուրջ ի՞նչ կարծիք ունիք:
?
Որքան իմացայ ուսուցիչները չեն վճարուիր այս դպրոցին մէջ: Փա՜ռք ու պատիւ իրենց: Բայց չվճարուելով անոնք կրնան դառնալ անկարավարելի եւ անհոգ, այսինքն դժուար կ՛ըլլայ պահանջել իրենցմէ աւելին կամ տարբերը: Վճարովի ըլլալու պարագային ընտրութեան հնարաւորութիւն կ՛ունենանք եւ պահանջող կրնանք ըլլալ:
Նկարներ՝
1) Տիկին Ժիւլիէթթա Կիւլամիրեան դպրոցի ուսուցիչներէն Նուարդ Յովհաննիսեան-Թնկրեանին եւ ամուսնոյն Տիգրանին հետ:
2) Տիկին Ժիւլիէթթա Կիւլամիրեան ուսուցիչներու եւ վարժարանի բարեկամներու հետ: