• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

«Աւանդական»ութիւնը ուրկէ՞ կը սկսի ու … կը վերջանայ

August 19, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>«Աւանդական»ութիւնը ուրկէ՞ կը սկսի ու … կը վերջանայ</FONT>


“The conservatism … where it starts and where it ends”


Barouyr Aghbashian discusses the dual meaning of “traditional” or “conventional” when it is used to describe the three Armenian historical parties that exist in Diaspora. According to him the word may have negative connotations and it may be circulated to limit the role of the historical Armenian parties and to create an image of being old-fashioned and unrelated to the Armenian or global contemporary issues. He expresses surprise that the Armenians of Diaspora have almost accepted this terminology without noticing its harmful side. Being faithful to tradition is something and being hostage to old doctrines is something else.


Պարոյր Աղպաշեան
Պէյրութ, Լիբանան


Աւանդական բառ-եզրը կարելի է հասկնալ կամ բացատրել երկիմաստ առումներով. մէկը՝ աւանդոյթներու հետեւելու կամ անոնց կառչած մնալու դիտաւորութեամբ, հետեւաբար, դրական նշանակութեամբ, միւսը՝ հնաբոյր կամ կաղապարուած մնալու իրողութեամբ, հետեւաբար, (ինչ որ տեղ) ժխտական։


Բնական է, առաջինի նկատմամբ չի կրնար ցուցաբերուիլ որեւէ վերապահութիւն կամ քննադատական վերաբերմունք, սակայն, երկրորդի պարագային, նոյնը կարելի չէ ըսել, ոչ ալ համակերպիլ այդ դրուածքին։


Եթէ հայ ժողովուրդին (խօսքը կը վերաբերի սփիւռքահայութեան) կազմակերպութիւնները, գործելաձեւերը, յարաբերութիւնները, մօտեցումները, դիրքորոշումները, քննարկումները կամ ընդհանրապէս վերլուծումները պիտի ըլլան ?աւանդական?ութեան սկզբունքով, տրամաբանութեամբ ու տհասութեամբ, վա՜յ քեզ հայ ժողովուրդ?


Ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ հաւկոյր ու կարճատես, գիտակցաբար թէ ոչ, ?կառչել?ով կաղապարուած ?աւանդական?ութեան, գործելով այդ ոճով, շարժելով այդ եղանակով, յարաբերելով այդ ձեւով։


Յարաշարժութեան, յառաջդիմութեան ու կենսունակութեան այս դարուն, ո՞րքանով ներելի է ըլլալ այնքան ?աւանդական?, ապրիլ ?աւանդական?ութիւն ու մանաւանդ քարոզել ?աւանդական?ութիւն, երբ պահն ու ժամանակները այլ պահանջքներ ունին – այժմէական ու հրամայական։


Ինչպէ՞ս կը խօսուի ազգային-քաղաքական հրատապութիւններու մասին, զանոնք բարեկարգելու կամ բառնալու մտահոգութեամբ, բայց ?կախուած?ութիւն կը ցուցաբերուի ?աւանդական?ութեան? աւանդական հայեացքներուն, ըմբռնումներուն ու դատումներուն նկատմամբ, աւանդաբոյր եւ աւանդամէտ մտածողութեամբ։


Հայաստանցի հայրենակիցները, օրինակի համար, երբ կը խօսին Սփիւռքի մէջ գործող հայ ազգային կուսակցութիւններուն մասին, զանոնք կ?անուանեն ?աւանդական? կուսակցութիւններ, իսկ Սփիւռքէն ոչ ոք կը հակազդէ այդ ? անուանարկումին։


(Ի դէպ, իմ ?Զարթօնք?եան խմբագրական-հրապարակագրական գրութիւններուս մէջ, բազմիցս անդրադարձած եմ այս ?կոպտ?ութեան ու հիմնովին մերժած այդ յորջորջումը, սակայն? ոչ մէկ արձագանգ հայրենի պատկան կողմերէն)։


Պէտք է տարուիլ մտածելու, թէ հայաստանցիները (կրնա՞յ ըլլալ) թերեւս երկու նպատակով զանոնք կը կոչեն ?աւանդական?.


ա. Անգիտութեամբ, մինչդեռ՝ հայ ազգային կուսակցութիւնները այդպէս կոչելը կամ համարելը անընդունելի եւ անհանդուրժելի որակում են, ի դէմս անոնց ունեցած գործունէութեանց, վաստակին ու փորձին, տակաւին չհաշուած, որ արեւմտահայերէնի մէջ, ?աւանդական? ըլլալը կամ ?աւանդական?օրէն գործերը այնքան ալ բաղձալի դարձուածքներ չեն։


բ. Գիտութեամբ (ինչ որ խիստ վտանգաւոր է ու պէտք է մտահոգէ բոլոր ?աւանդական?ները), թէ՝ սփիւռքահայ այդ կազմակերպութիւնները? վերջացած են ու դարձած? աւանդական, մնալով մօտիկ թէ հեռաւոր ?աւանդական?ութեան մէջ։


Ենթադրութի՞ւն է ասիկա, վարկա՞ծ, թէ՞ տեսակէտ։


Ամէն ոք կրնայ իւրովի մեկնաբանել կամ տեսնել հարցերը, բայց, ի՞նչ կը փոխուի տիրող ու գործող իրականութենէն. երբ Սփիւռքի մեծամասնութիւնը ինքզինք դրած է ?աւանդական?ութեան պարունակին մէջ եւ ?աւանդական?ութեան ակնոցով կը դիտէ հայ իրականութիւնը։


Հետաքրքրական է, ինչո՞ւ հայրենի պետական քաղաքական հասարակական թէ կուսակցական շրջանակները, երբ կը խօսին հայրենիք ?վերադարձած? ՆՈՅՆ կուսակցութիւններու ու հոն գործողներու մասին, չեն ակնարկեր անոնց ?աւանդական?ութեան ինքնութեան, բայց, կը շեշտեն անոնց ?աւանդական? ըլլալու հանգամանքը։


Ասիկա չի՞ մտահոգեր ?աւանդական?ները եւ ?աւանդական? կուսակցութիւնները։


Ասիկա չի՞ տագնապեցներ ?աւանդական?օրէն գործողները եւ ?աւանդական?ահար գործիչները։


Ասիկա չի՞ զգաստացներ ?աւանդական?ութեան կառչածները եւ ?աւանդական?ութեան ետին պահուտողները։


Ոչ ոք պէտք է ակնկալէ որ այս կամ այն կողմ մը, հոսանք մը, կազմակերպութիւն մը, իր սկզբունքներէն կամ գաղափարական հաւատամքէն հեռանայ կամ հրաժարի, բայց, ո՛չ ալ պիտի ուզէ նաեւ որ, յանուն ?աւանդական?ութեան, մնալ հոն՝ ուրկէ բացակայ է հաւաքականութիւնը, շրջանակը։


Վերջին հաշուով, ?աւանդական?ութեամբ բարբառողներ, չե՞ն տեսներ (թէ՞ չեն ուզեր տեսնել), ներկառուցային թէ ներազգային գերխնդիրները լուծելու համար, այլեւս անհեթեթութիւն է ?աւանդական?ութեան յանկերգը։


Այս մէկը ոչ ոքի շահոյթ կ?ապահովէ, ոչ ալ աւանդոյթ կ?արձանագրէ, այնքան ատեն որ՝ ?աւանդական?ութեան խորագիրին տակ, կը տուժեն սերնդափոխութեան չափանիշերը, նորարարութեան հաւանականութիւնները ու ջահակրութեան կրողները։


Բայց, անգամի մը համար, ըլլանք անաչառ եւ անկեղծ. սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, չկա՞ն ?աւանդական?ութեան գերիներ, որոնք այդ պատմուճանին տակ, այս կամ այն ձեւով, ոչ միայն կը դաւաճանեն այդ ?աւանդական?ութեան, այլեւ կը պղծեն զանոնք։


Ո՞վ կրնայ հակառակը փաստել, երբ ոմանք ?աւանդական?ութեան անունով դասալքութիւն կ?ընեն, ուրիշներ՝ բրտութիւն, իսկ ոմանք ալ՝ պոռոտախօսութիւն։


Բան մը կայ որ սխալ է, ասոր կամ անոր մօտ, իսկ ատիկա թափանցիկ է։


Պէտք է մատնանշել զայն (կամ զանոնք), եթէ, իրօ՛ք, տակաւին կան ?աւանդական?ութենէն վերածնուած ու վերանորոգուած հաւատքի զինուորներ։


Source: Ramgavar mamul, 19 August 2011 (URL)

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer Post

What makes a Diaspora?

Older PostPanel Discussion organized by ARPA INSTITUTE

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

item-thumbnail

Հայաստանում առաջին անգամ նշվեց վարսահարդարների օրը

item-thumbnail

New Armenian business search website

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll