• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ապրիլ 24 չենք միայն

May 6, 2011
A+ A-
Email Print

We are not only “24 April”


An article by Hrag Papazian, appeared in Aztag daily, Beirut, Lebanon. The author finds out that many Armenians think that being Armenian is about remembering the Genocide and commemorating it. This is not enough he says. This is not the measure of being Armenian. We need to come out from the Genocide fixation and to discover other elements in our national life, such as culture. Our identity should evolving around loving our nation (versus hating the Turks). We need to adopt a new approach. Our identity should be detached from being solely a product of “24 April”.


Հրակ Փափազեան


Ապրիլ 24-ը օր մըն է մեր պատմութենէն, 1915-ը` տարի մը:


Հայը Մեծ եղեռն չէ:


Այսինքն ?թուրքը մեզ ջարդեց? ըսողը, ?վրէժ պիտի լուծենք? ըսողը այն հայը չէ, որուն պէտք է ձգտիլ: Անիկա դեռ շատ հեռու է հայ ըլլալէն:


Վտանգաւոր վիճակի մէջ է խոհանոցը. հոն, ուր հայ կ՛եփի:


Մեծ աման մը, որուն մէջ կան ?ջարդ?, ?ապրիլ 24?, ?վրէժ?, ?շուն թուրք?, ?թրքատեացութիւն?? եւ ասոնց եղբայր համեմները: Շուրջը, թէեւ կան բարեբախտաբար, բայց չափով աւելի փոքր են, ըստ երեւոյթին, ?Հայաստան?ը ?Արեւմտահայաստան?ը, ?Արցախ?ը կրող ամանները? Իսկ ?Ջաւա՞խքը?` ամանիկ մը միայն: Նոյնիսկ եթէ այս վերջիններուն չափը-քանակը նոյնքան է, որքան` առաջին համեմներու շարքինը, ապա ուրեմն զանոնք գործածելու ժամանակ տրուած լրջութիւնը, ուշադրութիւնը եւ, ամէնէն կարեւորը, եռա՛նդը այնքան մը չեն, որքան պէտք է եփողին մօտ` ստեղծելու համար հարկաւոր խանդավառութիւնն ու աշխուժութիւնը:  Վերջապէս (եւ ամէնէն հիմնակա՛նը վէրքին) սեղանէն վար, գետին թափած, ցիրուցան եղած է մշակոյթը` ազգային ինքնութեան հիմնական տարրը, զոր աւելը կը հաւաքէ, կը տանի ու կը նետէ հոն` տեղ մը? ո՞ւր, որո՞ւ չեմ գիտեր:


Այսպէս, եփած կերակուրին մէջ բան մը կը պակսի:


Պարզ խօսքով` այսօրուան հայ երիտասարդներու մէկ կարեւոր թիւը ինքզինք իտէալ հայ կը համարէ, պարզապէս որովհետեւ գիտէ, թէ թուրքը իր մեծ հայրերը ջարդեց, եւ ինք վճռած է նոյնը ընել թուրքին? Այս նիւթով շահագրգռուած են, իբրեւ հայերու` այս նիւթը դարձած է իրենց գրեթէ միակ պայքարը: Բայց զիրենք գրեթէ չի հետաքրքրեր մեր հանրապետութիւնը, անոր հզօրացումը, չի հետաքրքրեր Արցախը` մեր նահատակները յիշելէն անդին, ոմանք նոյնիսկ տեղեա՛կ չեն Ջաւախքի հարցէն. տակաւին, պէտք եղած հետաքրքրութիւնը չկայ Արեւմտահայաստանի, այնտեղի հայութեան նկատմամբ: Դժբախտաբար  այդ նոյն երիտասարդներուն կը պակսի ազգային մշակոյթի հանդէպ հետաքրքրութիւն: Շատեր գրեթէ անտեղեակ են ազգային մշակութային արժէքներէն` գրականութենէն, երաժշտութենէն, ճարտարապետութենէն եւ բոլոր այլ արուեստներէն: Չխօսինք ազգայինէն անդին անոնց մօտ համամարդկային մակարդակի արժէքներուն գտած (գտա՞ծ) տեղին մասին?


Հիմա ուղղենք հետեւեալ հարցումը. սեպենք, պարզապէս սեպենք, թէ թուրքը ընդունեց իր ոճիրը եւ վերադարձուց մեր հողերը? Մեր հարցը լուծուեցաւ իրեն հետ. այդ նոյն տարրերը ի՞նչ պիտի ընեն Վանի եւ Կարսի մէջ: Պիտի տառապին թշնամիի չգոյութենէն? ուրի՞շ:


Այս բոլորը տեսնելով` կարելի չէ մեղադրել ենթական միայն: Կարելի չէ նաեւ ըսել, թէ պատճառը միայն արտաքին է, ամբողջ աշխարհը այս ախտերէն կը տառապի` համաշխարհայնացում, հոգեւոր-բարոյական արժէքներու անկում? եւ այլն:


Խոհանոցն ալ իր դերը ունի վերջապէս:


Հիմնական արժէքներ, այժմէական հարցերու հանդէպ հետաքրքրութիւն, ազգային ինքնութիւն եւ նոյնիսկ ազգի հանդէպ սէր (զոր պէտք է կարենալ տարբերել թշնամիի հանդէպ ատելութենէն) կը պակսին? Եւ մեծ ամանը ա՛լ կը հոտի առանց անոնց:


Խոհանոցը չունի՞ որեւէ պատասխանատուութիւն:


Միւս կողմէ, կայ հակառակ երեւոյթ մը, որ յաճախ քննադատուած է նոյնինքն խոհանոցին կողմէ: Նոր սերունդէն այլ մաս մը այլեւս կը գանի հայ ըլլալէն: Բայց ատոր պատճառը նախ իր մէջ թող փնտռէ ի՛նքը` խոհարարը: Մէկ միլիոն ինը հազար հինգհարիւր ութսունութ անգամ ?մեզ ջարդեցին? լսողը, այո՛, կ՛ըսէ` ?ձեզի՛ ալ, ձե՛ր հայերուն ալ? եւ պէտք չէ զարմանալ: Հայուն ի՞նչը պիտի սիրէ ան, երբ զինք պատրաստելու համար արժէք եւ գեղեցիկ մշակոյթ համեմները գործածելու տեղ, գրեթէ միայն  ցաւի եւ դժբախտութեան նման լեղիներ կը գործածէք: Եւ կամ լեղիին-թթուին քանակը այդքա՜ն շեշտուած ու մեծ քաղցրին հետ բաղդատած, որ վերջինս չի զգացուիր ալ: Այո՛, եթէ ձեր հայը միայն (կամ ջախջախիչ տոկոսով) ապրիլ 24 է, մի՛ նեղուիք, բայց այդքան ալ սիրուելիք չէ:


Հայը այդ չէ: Հայը ատկէ առաջ եկող հազարամեակներու պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն է:


Ինչպէ՞ս պիտի խանդավառուի եւ գործի լծուելու փափաքն ու պարտականութիւնը զգայ, եթէ այժմէական նոր հարցերու, ինչպէս` Արեւմտահայաստան, Հայաստանի ընկերային-քաղաքական վիճակին, Ջաւախքին, Արցախին, նոյնքան տեղ չի տրուիր, որքան ցեղասպանութեան հարցին, որ ինքնին դժբախտաբար կը մնայ գրեթէ միայն յիշատակի, պատմութեան, սուգի, յարգանքի եւ վրէժի սահմաններուն մէջ?


Վերջապէս, ինչո՞ւ պիտի պայքարի ան, եթէ իսկապէս չսիրէ իր ազգը. եւ այդ մէկը կ՛ըլլայ ազգային արժէքներու գիտակցութեան միջոցով, ո՛չ վրէժի զգացումի: Ինչո՞ւ պիտի պայքարի, եթէ չէ տիրապետած մարդկային բարոյական գաղափարներու, ինչպէս` ազատութիւն, արդարութիւն, խաղաղութիւն:


Իսկ եթէ խոհարարը կը փոխանցէ այս բոլոր արժէքները, ուրեմն պէտք եղածին պէս չ՛ըներ այդ մէկը:


Փաստերն են խօսողը: Ընդհանուր վիճակն է խօսողը?


Վերջապէս, եթէ պիտի առարկուի, թէ առաջարկուած խոհագիրով պահանջատիրութիւն չի ստեղծուիր, ապա ըսենք, որ եթէ ենթական առնէ իսկակա՛ն հայկական համեմները` մշակոյթ, պատմութիւն եւ արժէքներ, անշուշտ` զուգահեռաբար ծանօթանայ Դատին (հարցը հաւասարակշռութեա՛ն մէջ է), արդէն պիտի պարզուի, որ առանց յատուկ մղումի` պահանջատէր է ան?


Եթէ տակաւին պիտի ըսուի` ?ահա՛ մեր փաստը, տե՛ս կը պայքարի, չես կրնար ուրանալ?,  կ՛առաջարկեմ, որ անգամ մը նայինք այժմու խոհագիրին եւ ըսենք, թէ անոր արդիւնքին մէջ պայքարը ո՞ւր է, որքա՞ն իրական, որքա՞ն արդիւնաւէտ? ?Լաւ թուրք գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ? ըսո՞ղն է ան, թէ՞ ?թուրքին ոտքէն բռնենք, կախենք? երգողը? ա՞յդ պէտք է ըլլայ իտէալ հայը?


Հայը ապրիլ 24 չէր միայն: Եթէ ատոր վերածուի, եթէ ազգային դաստիարակութեան այլ տարրերը մոռացութեան ենթարկուին կամ մնան երկրորդական եւ երրորդական, թուրքը յաջողած կ՛ըլլայ քանդել մեզ:


Անշուշտ խօսքը գաղութի ամբողջ երիտասարդութեան մասին չէ. թուային հաշուարկներ չեմ փափաքիր ընել, այդ մէկը կը մնայ խոհարարին? բայց կը վստահեցնեմ, որ մտահոգութիւն պատճառելու բաւարար թիւ մը կա՛յ?


Ինչ կը վերաբերի լաւ, առողջ եւ յառաջադէմ տարրերուն, անոնց կ՛իյնայ վարակել իրենց շուրջինները?


Պարզ է, որ Դատը վառ պահելը նուազագոյնն է, որ պէտք է ընել. պարզ է, որ խօսքը Ցեղասպանութեան մասին քարոզչութիւն տանելէն հրաժարելու կամ պահանջատիրութեան ոգի ստեղծելէն հրաժարելու մասին չէ բացարձակապէ՛ս: Այլ խօսքը այն մասին է, թէ մենք մեր պատմութեան մէկ դժբախտութիւնը առնելով եւ ամէնէն աւելի այդ դաստիարակելով, անդին` մոռացութեան ենթարկելով այլ կարեւոր բաներ, զորս նշեցինք արդէն, վտանգած կ՛ըլլանք մեր ինքնութիւնը: Եւ երբ մեր ազգային ինքնութիւնը տկարանայ, ինքնաբերաբա՛ր շատ աւելի կը դժուարանայ, մեր Դատի, նոյնինքն Ցեղասպանութեան հարցին լուծումը, որ հիմնական քաղաքական եւ մարդկային հարց է անշուշտ: Ուստի հարցը երեւի հաւասարակշռութեան, հարցերուն արդար, ճիշդ եւ իրենց արժանի տեղը տալու մասին է:


Ուրեմն այս տարի, թող ապրիլ 24-ը վերջին անգամուան համար ըլլայ հայ ըլլալու տարեդարձ:  Թող յարգանքի տուրք մատուցելու եւ անմարդկային ոճիրը քննադատելու կողքին, առիթ մը ըլլայ քննական աչք մը նետելու մեր հայակերտման խոհանոցին, եւ նայելու, թէ ինչ-ինչ հիմնական համեմներ գրէթէ կորսուած են դժբախտաբար, եւ առանց յոյս կտրելու` վերադարձնենք զանոնք իրենց արժանի հանգամանքին:


Source: Aztag daily, Beirut, Lebanon
April 2011
http://www.aztagdaily.com/?p=9411         

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostRemembering the lost million and A half
Older PostՈ՞ւր է հայու հոգին

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

How many times to celebrate Christmas?

item-thumbnail

Նախարարը մասնակցեց «Սիրիահայերի և տեղացիների դիմակայունության բարձրացում» ծրագրի պաշտոնական բացմանը

item-thumbnail

«Շաբաթվա թեման» հաղորդման հյուրն է պլաստիկ վիրաբույժ Հենրիկ Հարութունյանը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll