
Գրեց՝ Հուրի Տէկիրմէնճեան
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Քուէյթի հոգեւոր եղբայրակցութեան վարչութիւնը, տարիներու աւանդոյթ դարձած մայրերու տօնին նուիրուած տօնախմբութիւն մը, այս տարի եւս կազմակերպեց Ուրμաթ, 20 Մարտ 2009-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։
Ձեռնարկը կայացաւ հովանաւորութեամμ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Կորիւն Արք. Պապեանի։
Տէրունական աղօթքը գլխաւորեց ձեռնարկի յայտագիրը։ Բարի գալուստի բացման խօսքը ընթերցեց Տիկ. Հուրի Տէկիրմէնճեան։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մօր սիրոյ անարատութեան, անհունութեան եւ անշահախնդրութեան, ինչպէս նաեւ մայրերու անձնուրաց նուիրումին մասին, յաճախ մէջբերումներ կատարելով հայ գրականութեան գոհարափայլ խօսքերէն։
Գեղարուեստական ճոխ յայտագրի պահը հասած էր։ Մօր նուիրուած ասմունքներով ելոյթ ունեցան Մարինա Մովսէսեան եւ Նարեկ Մարտիրոսեան, ետքը Մարիա Քէօշկէրեան մեներգով մը իր մասնակցութիւնը բերաւ օրուայ յայտագրին։ Իգական քառեակ մը հրամցուց ներկաներուն հոգեւոր երգերու փունջ մը, ապա դաշնամուրի վրայ ելոյթ ունեցան Գառնի եւ Բարտի Պէտիրեաններ, Ալիք Պէրպէրեան, ինչպէս նաեւ ջութակով՝ Փեթակ եւ դաշնամուրով Փաթիլ Զաքարեաններ ներկայացուցին շքեղ նուագ մը։
Պատգամի պահն էր։ Օրուայ պատգամաբեր՝ Տիկ. Լենա Միքայէլեան լայն գիծերու մէջ անդրադարձաւ մօր ունեցած դերակատարութեան մասին, յատկապէս ընկերային լայն շրջանակներուն մէջ։ Ան խորագրած էր իր պատգամը ?Առաքինի կինը նման է վաճառականի մեծ նաւին? վերնագրով։
Սահիկներու ցուցադրութեան զուգահեռ պատգամախօսը համեմատական մտքերով ներկայացուց իր նիւթը եւ ըսաւ. ?Վաճառականին նաւը ունի իր նաւավարը, իսկ առաքինի կինը ունի իրեն ապաւէն՝ Տէր Յիսուս։? Նաւավարը ունի իր կողմնացոյցը անով կ՛առաջնորդուի, իսկ առաքինի կնոջ ուղեցոյցը Աստուծոյ սուրբ խօսքն է։ Նաւավարը իր բեռը կ՛առաջնորդէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ՝ դիմադրելով ամէն փոթորիկի ու ալեկոծութիւններու, իսկ առաքինի կինը իր ընտանիքը կ՛առաջնորդէ նոյնպէս դէպի հանդարտութիւն, սէր ու համերաշխութիւն։
Պատգամաբերը իր խօսքը փակեց ու ըսաւ. ?Սիրենք մեր մայրերը, տէր կանգնինք անոնց, որովհետեւ արժանի են ամէն յարգանքի?։
Հուսկ, Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ շնորհաւորելով բոլոր հայ մայրերը, մաղթելով ուժ, կորով եւ համբերութիւն, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան էջերէն վերապատումներով հիմնաւորեց իր խօսքը, ապա պահպանիչով փակեց տօնախմբութիւնը։
Թող անթառամ մնան մեր աննման ՄԱՅՐԵՐԸ։
ԱԶԴԱՐԱՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 12, Ուրբաթ, 27 Մարտ, 2009