Ապրիլ 20-23, 2009
Հալէպի Պետական Համալսարանին մէջ
Սուրիան տարածաշրջանի այլ երկիրներէն կը տարբերի իր քաղաքացիներուն հանդուրժողականութեամբ, համակեցութեամբ եւ եղբայրասիրութեամբ: Անոնք կը կազմեն բազմերանգ խճանկար մը, որուն մէջ կը հանդիպինք զանազան ազգերու, կրօնական պատկանելիութիւններու եւ դաւանանքներու պատկանող հաւաքականութիւններ: Բնակաբար, այս համերաշխ մթնոլորտին գոյատեւման եւ զարգացման մեծագոյն հովանաւորը հաստատակամ եւ ինքնուրոյն գործելաոճ մը վարող Սուրիոյ ասպնջական հայրենիքի եւ պետականութեան խոհեմ ղեկավարութիւնն է:
Սուրիահայութիւնը կազմելով այս գեղեցիկ խճանկարին մէկ մասը, իր գործով ու վարքով, ստեղծագործ ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ, տարիներու ընթացքին հաստատած է այն իրողութիւնը, որ ճիգ ու ջանք չի խնայեր յանուն Սուրիոյ վերելքին եւ յառաջդիմութեան, եւ զուգահեռաբար պահպանած ու զարգացուցած է իր ազգային ինքնութիւնը, կրօնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները՝ ըլլալով միաժամանակ ամբողջական Հայ եւ ամբողջական Սուրիացի:
Մեկնելով այս տեսակէտէն, յաջորդաբար հինգերրորդ անգամ ըլլալով Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը, հովանաւորութեամբ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի Բաժնի կուսակցապետ՝ Դոկտ. Մուհամմատ Եուսէֆ Հաշէմին, կը կազմակերպէ ?Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ? ձեռնարկներու շարքը Հալէպի պետական համալսարանին մէջ:
?Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ?ը այս տարի ներակայացաւ շարք մը ձեռնարկներով, որոնց առաջինն էր Ապրիլ 20-ի երեկոյեան Համալսարանի ?Ալ-Պասէլ? սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւնը, ուր գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի ?Ն. Աղբալան? մասնաճիւղի էսդրատային նուագախումբը (Big Band): Ընկ. Պայքար Թովմասեան ընթերցեց բացման խօսքը, ուր շեշտեց Հայ-Արաբ դարաւոր բարեկամութեան եւ փոխ հասկացողութեան վրայ: Հանդիսութեան ընթացքին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան Հալէպի Պետական Համալսարանի Բաժնի կուսակցապետ՝ Դոկտ. Մուհամմատ Եուսէֆ Հաշէմը, Հալէպի Պետական Համալսարանի Նախագահ Դոկտ. Նիզար Ագիլը եւ Հալէպի Պետական Համալսարանի Արաբական Ուսանողական Միութիւնը: Ինչպէս նաեւ պարգեւատրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանը եւ ձեռնարկը կազմակերպող միութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ համալսարանական աշակերտներու հոծ բազմութիւն մը, որ ունկընդիր դարձաւ սրահին մէջ ողողող հայերէն ժողովրդական եւ էսդրատային երգերուն: Խումբը նաեւ ներկայացուց անգլերէն եւ արաբերէն երգեր, որոնք ջերմ ու հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ:
Ապրիլ 21-ի կէսօրին, Հալէպի Պետական Համալսարանի կեդրոնական գրադարանին մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի եւ Հալէպի Պետական Համալսարանի Նախագահ Դոկտ. Նիզար Ագիլի ձեռամբ, տեղի ունեցաւ բացումը ?Հայկական աւանդական տարազներու եւ արուեստի ցուցահանդէս?ին: Ցուցահանդէսը կը պարունակէր զանազան բաժիններ: Կար Հայոց պատմութեան եւ Հայ Դատի նուիրուած գիրքերու բաժին մը եւ անոր կողքին հայազգի անուանի դէմքերու նուիրուած այլ անկիւն մը: Հայկական նուագարաններու, ձեռային աշխատանքներու եւ արուեստի գործերու բաժիններ: Ինչպէս նաեւ Հայաստանի զանազան շրջաններու յատուկ Հայկական տարազներու ցուցադրութեան հիմնական բաժինը: Հետաքրքիր այցելուներու խիտ հոսքը տեւեց մինչեւ ցուցահանդէսի աւարտը Ապրիլ 23-ին:
?Հայկական Մշակոյթի Շաբթուան? վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 22-ի երեկոյեան Համալսարանի ?Ալ-Պասէլ? սրահին մէջ: Հանդիսութեան սկիզբը ելոյթ ունցաւ ?Մեսրոպ Մաշտոց? աշակերտական երգչախումբը շարք մը հայերէն, արաբերէն եւ օտար երգերով: Ապա Ընկեր Նազօ Փօլատեանը իր արաբերէն ասմունքով խլեց հանդիսատեսին ծափողջոյնները: Աւարտին բեմ բարձրացաւ Համազգայինի ?Շուշի? պարախումբը, որ շարք մը հայկական եւ արաբական պարերով քիչ առաջ երգչախումբին ստեղծած հաճելի մթնոլորտը աւելի եւս ջերմացուց: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ ներկաներուն մէջ ստեղծելով նոր հետաքրքրութիւն մը ուղղուած Հայ ժողովուրդին եւ անոր դարաւոր ու հարուստ մշակոյթին:
?Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ? ձեռնարկներու շարքը յաջորդաբար իր հինգերրորդ տարին լրացնելով, Հայութեան մշակութային գանձերը ուրիշներուն ծանօթացնելու եւ անոնց հետ բաժնեկցելու պրիսմակէն մեկնած՝ համամարդկային առաքելութիւն մըն է:
Վստահաբար, կազմակերպուած ցուցահանդէսը, ներկայացումներն ու բոլոր ձեռնարկները իրենց անշրջելի դրոշմը պիտի ձգեն իւրաքանչիւր հանդիսատեսի մտքին եւ հոգիին մէջ, անգամ մը եւս փաստելով, թէ հայ ժողովուրդը արուեստասէր ու հսկայ մշակոյթի մը ժառանգորդն է, եւ անոր համար ալ իր լեռներուն նման վեհ, յաւերժ ու անառիկ է:
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Նկարներ`
Բացման հանդիսութեան ներկաները եւ պաշտօնական հիւրերը |
Սրբազան Հայրը կը պարգեւատրէ Հալէպի Համալսարանի Նախագահը |
Հալէպի համալսարանի նախագահը կը պարգեւատրէ կազմակերպիչ միութիւնը |
Էսդրատային նուագախումբը հանդիսութեան ընթացքին |
Ցուցահանդէսէն պատկերներ |