• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հայերէն գրենք հայկական տառեր օգտագործելով

June 5, 2009
A+ A-
Email Print

 


Գրեց՝ Րաֆֆի Չիլինկիրեան


Հաճելի էր Սուրիա բնակող բարեկամի մը հետ ե-նամակով հաղորդակցիլ հայերէն տառերով։


Պէտք է խոստովանիմ, որ սկիզբը բաւական դժուար էր համացանցին վրայ հայերէնով արտայայտուիլը։ Սակայն քանի մը անգամ նամակցելէ ետք, գործս աւելի դիւրացաւ եւ հայերէն տառեր գործածելը բնական դարձաւ։


Սկիզբը տարօրինակ կը թուի ըլլալ, որովհետեւ ընդհանրապէս մենք աւելի վարժ ենք անգլերէնով, ֆրանսերէնով կամ արաբերէնով գրելու։ Երկրորդական վարժարան աւարտող երիտասարդները առհասարակ կը դադրին հայերէնով գրելէ, թէեւ հայերէն խօսիլը երբեք չեն դադրեցներ։


Խորքին մէջ գոյութիւն ունի կարեւոր հարց մը, որուն լուծումը, երբ գտնուի, շատ աւելի պիտի դիւրացնէ հայերէն տառերու գործածութիւնը համացանցի վրայ։  Այս հարցը հայերէն ուղղագրութեան բառարան ? սրբագրիչի մը չգոյութիւնն է, որ, երբ ըլլայ, գրելու աշխատանքը աւելի հեզասահ պիտի դարձնէ։ Այսպիսի բառարան ? սրբագրիչ մը արդէն իսկ կը գործածուի անգլերէն, ֆրանսերէն կամ այլ լեզուներու համար։ Իմ կարծիքովս, այս բառարան ? սրբագրիչը խիստ կարեւոր է հայերէն գրելու եւ հայերէնը քաջալերելու։ Անձնապէս տակաւին չեմ հանդիպած որեւէ մէկ տեսակի բառարան ? սրբագրիչի մը, ըլլայ այդ համակարգիչի գործածութեան համար կամ համացանցի վրայ։


Իրականութեան մէջ, ապագան փայլուն կ՛երեւի։ Հինգ տարիներ առաջ կարելիութիւնը չունէինք հայերէն գրելու առանց տաոատեսակ մը զետեղելու համակարգիչին մէջ, օրինակ ?Արասան? տառատեսակը կամ ?Արարատ? տառատեսակը։ Այսօր, Windows XP-ն կամ Windows Vista?ն ոչ միայն հայերէն տառերը կ՛աւելցնէ անգլերէնի եւ արաբերէնի կողքին, այլ կարելիութիւնը կու տայ ընտրելու արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն շարուածքը։


Կը կարծեմ, որ շատ մօտիկ ապագային, ստեղծագործ մը պիտի ստեղծէ այս բառարան ? սրբագրիչը, որուն պատճառով ան մեծ հռչակ պիտի շահի եւ իր անունը պիտի յիշուի երկար տարիներու վրայ։


Այժմ, հետեւեալ կէտերուն մէջ թուղթին կը յանձնեմ առաջարկներս, որոնք պիտի քաջալերեն հայերէնով նամակցելու։


1. Մօտդ ունեցիր հայերէն բառարան մը։ Գիտե՞ս որքա՜ն բառեր պիտի սորվիս, ինչպէս նաեւ պիտի վարժուիս հայերէն բաոերուն ուղղագրութեան։


2. Հայերէնէ ? անգլերէն եւ անգլերէնէ ? հայերէն բառարան մը ունենալը կ՛օգնէ։ Ասիկա օգտակար ձեւ մըն է հայերէն նոր բառեր սորվելու՝ եթէ հմուտ ես եւ կամ կը սիրես անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուն։


3. Հանգիստ գգայ, երբ հայերէն կը գրես։ Սկսելու համար, ինքզինքդ արտայայտէ այնպէս, ինչպէս որ կը խօսիս։ Ետքը կամաց ? կամաց հանգիստ պիտի զգաս, մէկէ աւելի նամակներ գրելէն ետք։ Ժամանակի ընթացքին դուն ուրիշներուն գործածած նոր բառերը պիտի սորվիս, պիտի սրբագրես քու սխալներդ եւ պիտի հարստանայ բաոապաշարդ։


4. Երբ կը նամակցիս, մի՛ սրբագրեր քու բարեկամիդ գրած հայերէնը։ Քաջալերէ՛ գինք, որ հայերէն տառերով նամակ մը կը գրէ քեզի։ Զարտուդի եւ դժուար պիտի թուի սկիգբը, բայց յարատեւէ՛ ու մի    տկարանար։ Առաջին առիթով բարեկամդ մի սրբագրեր, որովհետեւ այդ քու մօտեցումդ պիտի  չօգնէ, որ ան հանգիստ գգայ։ Ընդհակաոա՛կը, ան շատ հաւանաբար ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ  եւ պահպանողական դիրք պիտի որդեգրէ ու  դադրեցնէ հայերէն տառերով գրելը:


Ես այժմ ձեզի կը գրեմ համակարգիչիս վրայ գործածելով Windows XP-ի unicode հայերէնը։ Այս մասին կրնաս աւելի կարդալ այս հասցէն այցելելով:


Կը  բաւէ հայերէն գրես լատիներէն տառերով։ Ժամանակն է, որ հայերէն գրես հայերէն տառերը գործածելով։


Պէյրութ, Լիբանան






Քաղուած` ՌԱԿ Մամուլէն, 5 Յունիս 2009


Սոյն գրութիւնը կարելի է նաեւ կարդալ այստեղ PDF ձեւով:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԱրթուր Ղուկասյան՝ Հայաստանից Հունաստան եւ Իսպանիա
Older PostErdogan admits Turkey’s ‘fascist’ past

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարը պաշտոնական այցով մեկնել է Կիպրոսի Հանրապետություն

item-thumbnail

Fridtjof Nansen’s portrait donated to Norway

item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll