Create the website of the Armenians of Dubai and the Northern Emirates and involve young individuals in our community in media work. Seriously study the plan of establishing a daily Armenian kindergarten in Sharjah. Establish a body to extend warm welcome to the newcomers and lead them into community life. Create opportunities for teenagers and young individuals to enjoy the care and attention of the community and involve the capable ones into community bodies. Establish a house-museum inside the Armenian center to introduce our culture to the public and to foreigners. Activate the Armenian center through diverse events. Enhance religious life. Furnish the Armenian center with modern communication and audiovisual means as well as with sports and useful educational and pass-time instruments. Search for talents inside the community. Honor all those who had served in our community in the past. Involve in community life Armenians who do not speak the mother language, using an easy and understandable language with them. Assist organizations and groups that are active in the Armenian community. Help Abu Dhabi Armenians to solve their problems. Keep close and cooperative relationship with Armenians in nearby communities such as Kuwait and Qatar. Develop practical relationship with the Embassy, by participating in several programs by the Ministry of Diaspora, such as “Ari Tun” (Come Home), preparatory courses for journalists, teachers, etc. Enlighten the public about the benefits of dual-citizenship. Communicate with Emirati and Foreign scientific, educational, social and cultural bodies and individuals in Dubai and Northern Emirates. Revise the diocesan constitution, preserving its spirit but harmonizing the content to present-day needs. Sharjah, 22 March 2011
Հրաչ Քալսահակեանին թեմական թեկնածութեան ծրագիրը
(երկու տարուայ)
Ստեղծել Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեան հայութեան պաշտօնական կայքէջը եւ ներգրաւել գաղութին պատանի եւ երիտասարդ տարրերը լրագրական գործին մէջ:
Լրջօրէն ուսումնասիրել ամենօրեայ հայկական մանկապարտէզ հիմնադրելու ծրագիրը:
Ստեղծել մարմին գաղութի նորեկ անդամները սիրալիր ընդունելու եւ ազգային կեանքի առաջնորդելու:
Հնարաւորութիւն տալ գաղութի պատանի եւ երիտասարդ տարրերուն հայկական միջավայրի գուրգուրանքը եւ ուշադրութիւնը վայելելու՝ ներգրաւելով ատակ տարրերը վարչական եւ այլ մարմիններու մէջ:
Համալիրէն ներս ստեղծել տուն ? թանգարան՝ հայ մշակոյթը հանրութեան եւ օտարներուն ներկայացնելու:
Աշխուժացնել հայ կեդրոնը զանազան միջոցառումներով: Զարկ տալ հոգեւոր դաստիարակութեան:
Կեդրոնը օժտել արդի հաղորդակցական եւ լսատեսողական միջոցներով, ինչպէս նաեւ մարզական եւ օգտաւէտ ժամանցի սարքերով:
Երեւան հանել եւ քաջալերել գաղութի տաղանդաւոր դէմքերը:
Պատուել ազգային կեանքէն ներս կարեւոր ներդրում ունեցող անձերը:
Օտարախօս հայերը ներգրաւել ազգային կառոյցին մէջ՝ իրենց համար ընբռնելի լեզու գործածելով:
Գործնականապէս օժանդակել գաղութին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն եւ խմբաւորումներուն:
Աջակցիլ Ապու Տապիի գաղութին՝ խնդիրները հարթելու:
Մօտակայ գաղութներուն հետ (ինչպէս Քուէյթ եւ Քաթար) պահպանել սերտ եւ համագործակցական յարաբերութիւններ:
Մշակել գործնական յարաբերութիւններ դեսպանութեան հետ, մասնակցելով Սփիւռքի նախարարութեան կարգ մը ծրագիրներուն, ինչպէս ?Արի Տուն?, լրագրողներու եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներ, եւայլն: Լուսաբանել հանրութիւնը՝ երկքաղաքացիութեան օրէնքներէն օգտուելու:
Հաղորդակցական կապ ստեղծել Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններուն մէջ գործող արաբական եւ օտար գիտական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային մարմիններուն եւ անհատներուն հետ:
Վերատեսութեան ենթարկել թեմական կանոնագրութիւնը՝ պահպանելով ոգին, բայց համապատասխանեցնելով ներկայ պահանջներուն:
Շարժա, 22 Մարտ 2011