
ԹԵՄԱԿԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ՝ ներկայացուելիք Կարպիս (Կարօ) Խորոզեանի կողմէ:
1- Զարկ տալ համայնքի հայութեան եւ ի մասնաւորի մատղաշ սերունդի ազգային հայրենասիրական դաստիարակութեան՝ նպատակ-կիզակէտ դարձնելով Հայրենիքը՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ստեղծել անոնց մէջ ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը:
2- Զարկ տալ միասնականութեան ոգու, օգտագործելով անոր ներուժը հայանպաստ ու հայրենանպաստ համընդհանուր գործին:
3- Ստեղծել Թեմական պաշտօնական կայքէջ՝ Արաբական Էմիրութեանց հայութեան համար, իրազեկելու՝ Թեմական եւ Ազգային եւ որեւէ այլ միութիւներու աշխատանքներուն մասին, տեղեղեկատուական հիմնական աղբիւր դառնալով ազգային միջոցառումներուն:
4- Հաւատալով հայ դպրոցի հայակերտման մեծ դերին, ճիգ չխնայել ամենօրեայ վարժարան ունենալու ուղղութեամբ, վերստեղծելով դրական եւ ազդու միջավայր զայն իրանակացնելու՝ որը շատ շատերու համար, դժուար բայց ԻՐԱԿԱՆԱՆԱԼԻ երազ է:
5- Համարժէք օգտագործել համալիրը զանազան միջոցառումներու՝ տրամադրելով զայն բոլոր հայկական միութիւներուն:
6- Ստեղծել աւագանի բաղկացած գաղութի ազգային կեանքին մէջ ծառայած վաստակաւոր անդամներէն:
7- Ազգային կառոյցին (վարչական եւ այլ մարմիններու) մէջ ներգրաւել հայրենասէր եւ ատակ տարրեր:
8- Թեմականի գործունէութիւնը տեսնել ?մէկ ամբողջութիւն? սկսբունքին մէջ:
9- Երկար տարիներէ ի վեր սպասուած՝ թեմական կանոնագրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու աշխատանքը ամբողջացնել:
Վերոնշեալ կէտերը իրականացնելու համար, հարկաւոր են միասնական եւ ամբողջական ուժերու լարում:
Միասնաբար հռչակե'նք յառաջիկայ քառամեակը՝ բարեփոխման սկիզբ:
Տուպայ, 31 Մարտ 2011
Below is Garbis Khorozian pledge on 02 April 2011 after he won the elections
Կարպիս Խորոզեանին խօսքը ընտրուելէն ետք 02 Ապրիլ 2011ին
Հարգելի բարեկամներ,
Առաջին հերթին շնորհակալութիւն կը յայտնում Հրաչ Քալսահակեանին այս ֆորումը ստեղծելուն համար, որը հնարաւորութիւն ստեղծեց ճանաչելու միմյանց եւ քննարկելու հայութիւնը յուզող հարցերը, յատկապէս՝ Արաբական Միացյալ Էմիրութիւններու համայնքային խնդիրները:
Ինչ կը վերաբերի Թեմական ընտրութիւններուն, նախ կը շնորհաւորեմ նորընտիր Թեմական գործընկերներս եւ ափսոսանք կը յայտնեմ Հրաչի եւ Փառէնի անյաջողութեան համար, վստահ եմ երկուսն ալ անձնուէր ազգայիններ են, եւ շատ բան ունին ընելու այս համայնքին համար:
Կը հաստատեմ բարեփոխումներու մեկնարկումը այս գաղութին մէջ եւ կը խոստնամ մնալ հաւատարիմ իմ նախընտրական ծրագիրին եւ ճիգ չխնայել իրագործելու համար զանոնք:
Պիտի աջակցիմ որեւէ քայլի կամ գործունէութեան, որոնք շահեկան են եւ կը նպաստեն համայնքի եւ հայրենիքի բարգավաճման:
Ինչպէս ձեզմէ շատերը՝ ես նաեւ, կը ցանկամ տեսնել իմ որդին որպէս գիտակից հայ, հպարտ իր ազգային պատկանելիութեամբ ու ծառայէ ազգին ու հայրենիքին:
Ուժեղ ե՛նք երբ միասի՛ն ենք.
Յաջողութիւն եւ առողջութիւն կը մաղթեմ ձեր բոլորին:
Տուպայ, 02 Ապրիլ 2011
Տեդադրուած ԱՄԷի ֆեյսպուքի ֆորումին մէջ՝
http://www.facebook.com/home.php?sk=group_125006974225562