• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

The Literary Media in Diaspora (ARTICLE IN ARMENIAN)

November 2, 2005
A+ A-
Email Print

Մարուշ Երամեան


 


Այս խո­րագ­րին տակ կա­րե­լի է շատ լայն եւ խո­րունկ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը պատրաստել, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար Սփիւռ­քի գրա­կան մա­մու­լի պատ­մու­թիւնն ու անոր մի­տում­նե­րը: Այդ չէ սա­կայն նպա­տա­կը այս­տեղ: Կ՚ու­զեմ պար­զա­պէս անդ­րա­դառ­նալ կարե­ւոր եւ հիմ­նա­կան հար­ցու­մի մը, որ կը չարչր­կէ ու­ղեղս շատ յա­ճախ՝  ի՞նչ է գրա­կան մա­մու­լին դե­րը:


 


1980 թուա­կա­նին, հե­տե­ւե­լով ?Թայմ­զի գրա­կան յա­ւել­ուած?-ին, Յա­րու­թիւն Պէր­պէր­եան ?Բա­գին*?ի մէջ կը քն­նար­կէր Սփիւռ­քի գրա­կան մա­մու­լը վեր­ջին եր­կու տասնամեակներուն՝  1960-1980 եւ կը գրէր իր ?Գրա­կան թեր­թե­րը որո՞ւ հա­մար եւ ին­չո՞ւ? յօդ­ուա­ծին մէջ .


 


?Սփիւռ­քի մա­մու­լի աս­տի­ճա­նա­կան շի­ջու­մը ընդ­հան­րա­պէս կը վե­րագ­րենք որոշ գաղութ­նե­րու հիւ­ծու­մին . . . մինչ­դեռ պի­տի տես­նենք, թէ հար­ցը շատ աւե­լի խոր արմատներ ու­նի եւ ուղ­ղակի­օ­րէն կապ­ուած է մեր օրե­րու մար­դուն քա­ղա­քակր­թա­կան, ընկե­րա­յին եւ կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րուն?:


 


Ան­ցեր է քա­ռորդ դար, բայց ոչինչ փոխ­ուեր է կա­ցու­թե­նէն՝  գրա­կան մա­մու­լի հիւ­ծում, որ ըն­թեր­ցող­նե­րու աւե­լի եւ աւե­լի նուա­զող թիւով է որ կը հաս­տատ­ուի գլ­խա­ւո­րա­բար: Մնաց­եա­լը աւե­լի քան քա­ջա­լե­րա­կան է՝  գրող­նե­րու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րու աւե­լի եւ աւելի բազ­մա­ցող թիւ: Այս­տեղ թիւի յա­ւե­լու­մի մա­սին է խօս­քը եւ ոչ ան­պայ­մա­նօ­րէն բարելա­ւուող որա­կի:


 


Տա­կա­ւին՝  մա­մու­լի նոր անուն­նե­րու երե­ւու­մը (ցա­ւով՝  նա­եւ շի­ջու­մը. անդ­րա­դար­ձը սա­կայն երե­ւու­մին մա­սին է այս­տեղ) անց­նող քա­նի մը տաս­նամ­եակ­նե­րուն, ինչ­պէս ?80ական?, ?Բաց նա­մակ?, ?Նոր Գրա­կա­նու­թիւն? կը հաս­տա­տա­տէ մեր տե­սա­կէ­տը: Անշուշտ միշտ կան օրա­թեր­թե­րու թէ շա­բա­թա­թեր­թե­րու գրա­կան յա­ւել­ուած­նե­րը ինչ­պէս ?Յա­ռաջ?-ի ?Միտք եւ Ար­ուեստ?-ը, ?Հո­րի­զոն?-ի ?Գրա­կան Յա­ւել­ուած?-ը, ?Աս­պա­րէզ?-ի շա­բա­թօր­եայ թիւը կամ ?Ազ­դակ?ի շա­բա­թա­կան գրա­կան էջը եւ այլն:


 


Այս բո­լո­րին ի տես այդ գլ­խա­ւոր հար­ցու­մին պա­տաս­խան գտ­նե­լը առաջ­նա­հերթ կը դառ­նայ կար­ծես՝  ի՞նչ է գրա­կան մա­մու­լին դե­րը.


 


ա– Նոր եւ երէց գրող­նե­րու հա­մար հրա­պա­րակ գա­լու մի­ջո՞ց,


բ– Հա­սա­րա­կու­թիւնը գրա­կա­նու­թեան մօ­տեց­նե­լու ձե՞ւ, թէ՞


գ– Ժա­ման­ցա­յին մա­մու­լին մաս կազ­մե­լու ձգ­տում:


 


Ամե­րի­կա­յի մէջ այն­քան բան կայ, որ չի սիր­ուիր, մարդ­կա­յին ազ­նուու­թեան ան­յա­րիր ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով. բայց ամէն բա­նի մէջ ար­հես­տա­վար­ժու­թեան ձգ­տի­լը, անոր հաս­նիլն ու զայն պար­տադ­րե­լը ոչ միայն յար­գե­լի են, այլ եւ սի­րե­լի: Այս ար­հես­տա­վար­ժու­թիւնը կը բա­նի նա­եւ գրա­կա­նու­թեան մէջ: Չմոռ­նանք սա­կայն, որ Ամե­րի­կա­յի մէջ գրա­կա­նու­թիւն կը նշա­նա­կէ ամէն գր­ուած բան, մինչ մե­զի հա­մար, Սփիւռ­քի մէջ նախ գրա­կա­նու­թիւնը կը մնայ սի­րո­ղա­կան, ապա գրա­կա­նու­թիւն ըսե­լով  գե­ղար­ուես­տա­կա­նը կը հասկ­նանք, իր զա­նա­զան ժան­րե­րով եւ անոր առնչ­ուած մնաց­եալ լր­ջու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս գրականագիտու­թիւն, քն­նա­դա­տու­թիւն, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն եւ այլն: Այս մօ­տե­ցու­մը որոշ չա­փով կը ջն­ջէ մեր հար­ցու­մին եր­րորդ պա­տաս­խա­նը:


 


Պարզ է, որ մա­մու­լը նո­րե­լուկ թէ երէց գրող­նե­րու հրա­պա­րա­կը պի­տի ըլ­լայ. ատով սակայն կը սկ­սի գրա­կան մա­մու­լին դե­րը, չի վեր­ջա­նար: Պարզ է նա­եւ, որ մա­մու­լը, գրական թէ ընդ­հան­րա­կան, կ՚ապ­րի միայն եւ միայն իր ըն­թեր­ցող­նե­րով: Կը նշա­նա­կէ, որ գրա­կան մա­մու­լին դե­րը կ՚ամ­փոփ­ուի այս եր­կու­քին մէջ՝  հրա­պա­րակ դառ­նալ գրող­նե­րուն հա­մար եւ ժո­ղո­վուր­դը մօ­տեց­նել գրա­կա­նու­թեան:


 


Սփիւռ­քի մեր ժո­ղո­վուր­դը սա­կայն որ­քա՞ն մօ­տե­ցած է գրա­կա­նու­թեան: Ահա՛ հար­ցու­մը:


 


Այս մտա­հո­գու­թիւն­ներս կը բաժ­նեմ ար­դէն դադ­րած ?Բաց Նա­մակ? գրա­կան հան­դէ­սին ետեւ կե­ցող Էլի­զա­պէթ Գրի­գոր­եա­նին հետ, որ նոր հան­դէ­սի մը ծրա­գի­րը յա­ջողց­նե­լու գործ­նա­կան քայ­լե­րուն մէջ է ար­դէն: Հար­ցում­ներս ճիշդ այս կէ­տէն է, որ կը ծա­գին՝  նո՞ր հան­դէս . . .


 


Հար­ցում– Ի՜նչ տուաւ ?Բաց Նա­մակ?-ը քե­զի՝  փոր­ձա­ռու­թի՞ւն, գո­հու­նա­կու­թի՞ւն թէ յուսա­խա­բու­թիւն:


Պա­տաս­խան– Ին­ծի գո­հու­նա­կու­թիւն տուաւ, քա­նի որ յա­ջո­ղե­ցանք 17 թիւ թերթ հրատա­րա­կել, շուրջ 24 գրա­կան երե­կո­ներ կազ­մա­կեր­պել եւ մեր մա­տե­նա­շա­րով տպագրել չորս գիր­քեր, ու­նե­նա­լով կարգ մը ան­ձե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնն ու բարեկամութիւնը: Իսկ փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին կր­նամ ըսել, որ թերթ հրա­տա­րա­կե­լը ինքնին հե­տաքրք­րա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն է: ?Բաց Նա­մակ?-ը փոր­ձեց որակ ստեղ­ծել, միաժա­մա­նակ համխմ­բե­լով մտա­ծող եւ հա­մա­խոհ մար­դոց ստեղ­ծած գրա­կան աշխուժութիւնը:


 


Հ– Որո՞ւ ուղղ­ուած էր ?Բաց Նա­մակ?-ը, որո՞ւ ուղղ­ուած պի­տի ըլ­լայ այս նոր հան­դէ­սը:


Պ– Անոր որ կ՚ըն­թեր­ցէր, եւ անոր որ կը շա­րու­նա­կէ ըն­թեր­ցել: Մէկ խօս­քով՝  ըն­թեր­ցո­ղին:


 


Հ– Առանց նիւ­թա­կան հաս­տա­տուն եկա­մու­տի ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է հան­դէ­սի մը հրատարա­կու­մը յա­ջողց­նել Սփիւռ­քի մէջ:


Պ– Դժ­ուա­րու­թեամբ: Բայց ին­ծի հա­մար հան­դէ­սի մը հրա­տա­րա­կու­թիւնը յա­ջողց­նե­լու նա­խա­պայ­մա­նը  նիւ­թա­կա­նէն աւե­լի գրե­լու շար­ժում մը ստեղ­ծե­լը եւ գրո­ղին գրե­լու մղելն է, հա­մախմբ­ուի­լը, հա­մա­խո­հու­թիւնը: Հար­ցը կը նմա­նի գրո­ղին, որ կը հրա­ժա­րի գրե­լէն, քա­նի որ գիրք հրա­տա­րա­կե­լը ծախ­սա­լից է, կամ որով­հե­տեւ հրա­տա­րա­կիչ չու­նի: Հան­դէս մը յա­ջողց­նե­լու նա­խա­պայ­մա­նը նիւ­թա­կա­նը չէ: Փաս­տօ­րէն ?Բաց Նա­մակ?-ը հինգ տա­րի լոյս տե­սաւ:


 


Հ– Ինչ­պի­սի՞ն ըլ­լա­լու է, ըստ քե­զի,  Սփիւռ­քի մէջ հրա­տա­րա­կուող գրա­կան իտ­է­ա­լա­կան հան­դէ­սը:


Պ– Եթէ կր­նամ ?իտ­է­ա­լա­կան?-ի փո­խա­րէն յա­ջո­ղած հան­դէ­սի մը մա­սին խօ­սիլ,  կր­նամ ըսել յա­ջո­ղած է այն հան­դէ­սը, որ ազատ եւ ան­կախ է: Ազատ այ­սինքն առանց որե­ւէ կաշկան­դու­մի, ան­կախ այ­սինքն թե­լադ­րան­քի չեն­թար­կուող: ?Բաց Նա­մակ?-ը այդ­պէս փոր­ձեց ըլ­լալ՝  ազատ եւ ան­կախ:


 


Հ– Ի՞նչ է դե­րը Էլի­զա­պէթ Գրի­գոր­եա­նին այս հան­դէս­նե­րուն մէջ՝  ամէն մար­դու ետեւ մեծ կի՞ն մը կայ (?Բաց Նա­մակ? հան­դէ­սին խմ­բա­գի­րը Էլի­զա­պէ­թին ամու­սինն է՝  Գուր­գէն Ար­զու­ման­եա­նը): Կը տես­նես, որ ?մարդ?-ը ածա­կան չու­նի, իսկ կի­նը ?մեծ? է միշտ, թէ ոչ, ինչ­պէ՞ս պի­տի դի­մա­նանք ?մարդ? ըս­ուա­ծին . . . (ան­շուշտ կա­տակ է, գի­տես!):


Պ– Դե­րէն աւե­լի գործն է կա­րե­ւո­րը, գա­ղա­փա­րը, որուն շուրջ կը հա­ւաք­ուինք. ան­շուշտ ինչ­պէս ամէն գոր­ծի մէջ, աշ­խա­տան­քի բա­ժա­նում­ներ եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ կան. ամէն մէ­կուն աշ­խա­տան­քը իր դե­րը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւնը ու­նի: Զիս կը հե­տաքրք­րէ մտա­ծող ան­ձը, իր սե­ռէն ան­կախ: Կր­նամ զա­նա­զա­նել մտա­ծո­ղը չմ­տա­ծո­ղէն:


 


Հ– Ի՞նչ է կար­ծիքդ սփիւռ­քա­հայ ըն­թեր­ցո­ղին մա­սին:


Պ– Իմ կար­ծի­քով Սփիւռ­քի մէջ հա­յե­րէն ըն­թեր­ցող­նե­րու թիւը օրէ օր կը պակ­սի: Պատճառ­նե­րը ար­դէն յայտ­նի են, կրկ­նե­լու կա­րիք չկայ:


 


Շնոր­հա­կա­լու­թի՛ւն Էլի­զա­պէթ Գրի­գոր­եան:


 


Ար­դէն յս­տակ դար­ձաւ, որ գրա­կան թերթ հրա­տա­րա­կե­լը գրե­լու պէս բան մըն է եւ կախում չու­նի ո՛չ նիւ­թա­կան ապա­հո­վու­թե­նէն, ոչ ալ, ըստ երե­ւոյ­թին, ըն­թեր­ցող­նե­րու հոծ թիւէն, թէ ոչ ին­չո՞ւ մար­դիկ պի­տի շա­րու­նա­կէ­ին գրա­կան հան­դէս­ներ լոյս ըն­ծա­յել:


 


* ?Բա­գին? ամ­սա­գիր գրա­կա­նու­թեան եւ ար­ուես­տի, ԺԹ. կա­րի թիւ 6, Յու­նիս 1980, էջ 70:


 


Գանձասար 20/10/2005

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostSpeech of Foreign Minister Vartan Oskanian at the League of Arab States
Older PostA brief glimpse of Armenian History

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Մենք կը ճանչնա՞նք զիրար (Սփիւռք – Հայաստան). Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

The Eternal Lantern of Hope: A book by Baydzig Kalaydjian

item-thumbnail

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆՅԱՆԻՆ

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll