See summary in English below
Նշան Պասմաճեան
Մօտ երկու ամիս առաջ անակնկալ հրաւէր մը ստացայ Երեւանէն, ուստի, երկու օրուան համար անմիջապէս պէտք էր որ մեկնէի: Ըստ սովորութեան, հայկական 10 տարուան կեցութեան անձագիրս գրպանս դրի ու փութացի Տուպայի օդակայանը: Հասայ Երեւան, եւ զարմանքով նկատեզի թէ հայկական անձագրիս ժամկէտը մէկ ամիս առաջ լրացած էր: Սուրիացիներուս օդակայանէն վիզա չեն տար, այդ օրէնք է:
Անձագիր ստուգող տիկինը զիս առաջնորդեց վիզաներու բաժինը եւ քթին տակէն մրթմրթաց իր պաշտօնակցին՝ ?մեր հայն է էլի, վիզան տուէ՛ք?: Բարեհամբոյր ժպիտով բացատրեց ինծի օրէնքը ու բաժնուեցաւ ինձմէ մեկնելով իր խցիկը, շարունակելու համար իր գործը: Տպաւորութիւնս շատ մեծ էր տիկնոջ վերաբերումէն: Չէի սպասեր:
Վիզաներու բաժնի երեք պաշտօնեաները, շատ ազնիւ, վերստին բացատրեցին օրէնքը եւ խնդրեցին սպասել, որովհետեւ արդէն ՕՎԻՐ տեղեկացուցած էին ու պիտի փորձէին ընել ամէն ինչ որ կարենայի դուրս ելլել: Ամէն քառորդ ժամ անգամ մը այս եւ այլ պաշտօնեաներ շուրջս դարձան, մերթ ներողամտութիւնս հայցելով, մերթ համբերութիւն մաղթելով: Այսքան հարազատութիւն որպէս հայ 1984էն օրս ոչ մէկ ատեն տեսած էի Երեւանի օդակայանի պաշտօնէութեան մօտ: Եթէ նոյնիսկ վիզա չտային, գոհունակ սրտով պատրաստ էի օդակայան քնանալ մինչեւ յաջորդ թռիչքը ու վերադառնալու տուն:
Քիչ ետք գեղադէմ ու յաղթանդամ տիկին մը մօտեցաւ ինծի ըսելով ?Պարոն Պասմաճեան, ձեր գործը մի քիչ ժամանակ պիտի առնի, սակայն վստահ եղէք որ ՕՎԻՐից պիտի կարգադրեն, բայց այստեղ ոչ մի յարմարութիւն ունինք ձեզ հիւրասիրելու, ուստի ձեզ պիտի առաջնորդենք transit lounge ուր կրնաք օգտուիլ caf?ին ընձեռնած յարմարութիւններից?:
Սիրտս փքուեցաւ հպարտութեամբ: Իսկոյն զիս առաջնորդեցին այնտեղ եւ օգտուեցայ յարմարութիւններէն: Մինչ այդ զիս հիւրընկալողն ալ կապուած էր ՕՎԻՐ եւ չորս ժամ վերջ զիս ?ներողամիտ պէտք է ըլլաք? ըսելով ճանապարհեցին օդակայանէն դուրս:
Այս մի քանի տողը կը գրեմ իբր վկայութիւն եւ իբրեւ գնահատանք սահմանապահ պաշտօնէութեան բարեացակամութեան:
Nishan Basmajian, an Armenian who lives in Sharjah, UAE and has the www.nshanag.net website, recently traveled to Armenia using (unknowingly) an expired 10 year residency visa, usually granted for Armenians who have foreign citizenship. As a Syrian passport holder he should have secured visa before arrival in Armenia. Despite the fact that he lacked visa, the officers in Zvartnots airport treated him respectfully and did all what is possible to accommodate him in the airport until visa is issued from the competent authorities in OVIR. In his note Basmajian wanted to thank the border authorities in Armenia for their considerate attitude.