We are not only “24 April”
An article by Hrag Papazian, appeared in Aztag daily, Beirut, Lebanon. The author finds out that many Armenians think that being Armenian is about remembering the Genocide and commemorating it. This is not enough he says. This is not the measure of being Armenian. We need to come out from the Genocide fixation and to discover other elements in our national life, such as culture. Our identity should evolving around loving our nation (versus hating the Turks). We need to adopt a new approach. Our identity should be detached from being solely a product of “24 April”.
Հրակ Փափազեան
Ապրիլ 24-ը օր մըն է մեր պատմութենէն, 1915-ը` տարի մը:
Հայը Մեծ եղեռն չէ:
Այսինքն ?թուրքը մեզ ջարդեց? ըսողը, ?վրէժ պիտի լուծենք? ըսողը այն հայը չէ, որուն պէտք է ձգտիլ: Անիկա դեռ շատ հեռու է հայ ըլլալէն:
Վտանգաւոր վիճակի մէջ է խոհանոցը. հոն, ուր հայ կ՛եփի:
Մեծ աման մը, որուն մէջ կան ?ջարդ?, ?ապրիլ 24?, ?վրէժ?, ?շուն թուրք?, ?թրքատեացութիւն?? եւ ասոնց եղբայր համեմները: Շուրջը, թէեւ կան բարեբախտաբար, բայց չափով աւելի փոքր են, ըստ երեւոյթին, ?Հայաստան?ը ?Արեւմտահայաստան?ը, ?Արցախ?ը կրող ամանները? Իսկ ?Ջաւա՞խքը?` ամանիկ մը միայն: Նոյնիսկ եթէ այս վերջիններուն չափը-քանակը նոյնքան է, որքան` առաջին համեմներու շարքինը, ապա ուրեմն զանոնք գործածելու ժամանակ տրուած լրջութիւնը, ուշադրութիւնը եւ, ամէնէն կարեւորը, եռա՛նդը այնքան մը չեն, որքան պէտք է եփողին մօտ` ստեղծելու համար հարկաւոր խանդավառութիւնն ու աշխուժութիւնը: Վերջապէս (եւ ամէնէն հիմնակա՛նը վէրքին) սեղանէն վար, գետին թափած, ցիրուցան եղած է մշակոյթը` ազգային ինքնութեան հիմնական տարրը, զոր աւելը կը հաւաքէ, կը տանի ու կը նետէ հոն` տեղ մը? ո՞ւր, որո՞ւ չեմ գիտեր:
Այսպէս, եփած կերակուրին մէջ բան մը կը պակսի:
Պարզ խօսքով` այսօրուան հայ երիտասարդներու մէկ կարեւոր թիւը ինքզինք իտէալ հայ կը համարէ, պարզապէս որովհետեւ գիտէ, թէ թուրքը իր մեծ հայրերը ջարդեց, եւ ինք վճռած է նոյնը ընել թուրքին? Այս նիւթով շահագրգռուած են, իբրեւ հայերու` այս նիւթը դարձած է իրենց գրեթէ միակ պայքարը: Բայց զիրենք գրեթէ չի հետաքրքրեր մեր հանրապետութիւնը, անոր հզօրացումը, չի հետաքրքրեր Արցախը` մեր նահատակները յիշելէն անդին, ոմանք նոյնիսկ տեղեա՛կ չեն Ջաւախքի հարցէն. տակաւին, պէտք եղած հետաքրքրութիւնը չկայ Արեւմտահայաստանի, այնտեղի հայութեան նկատմամբ: Դժբախտաբար այդ նոյն երիտասարդներուն կը պակսի ազգային մշակոյթի հանդէպ հետաքրքրութիւն: Շատեր գրեթէ անտեղեակ են ազգային մշակութային արժէքներէն` գրականութենէն, երաժշտութենէն, ճարտարապետութենէն եւ բոլոր այլ արուեստներէն: Չխօսինք ազգայինէն անդին անոնց մօտ համամարդկային մակարդակի արժէքներուն գտած (գտա՞ծ) տեղին մասին?
Հիմա ուղղենք հետեւեալ հարցումը. սեպենք, պարզապէս սեպենք, թէ թուրքը ընդունեց իր ոճիրը եւ վերադարձուց մեր հողերը? Մեր հարցը լուծուեցաւ իրեն հետ. այդ նոյն տարրերը ի՞նչ պիտի ընեն Վանի եւ Կարսի մէջ: Պիտի տառապին թշնամիի չգոյութենէն? ուրի՞շ:
Այս բոլորը տեսնելով` կարելի չէ մեղադրել ենթական միայն: Կարելի չէ նաեւ ըսել, թէ պատճառը միայն արտաքին է, ամբողջ աշխարհը այս ախտերէն կը տառապի` համաշխարհայնացում, հոգեւոր-բարոյական արժէքներու անկում? եւ այլն:
Խոհանոցն ալ իր դերը ունի վերջապէս:
Հիմնական արժէքներ, այժմէական հարցերու հանդէպ հետաքրքրութիւն, ազգային ինքնութիւն եւ նոյնիսկ ազգի հանդէպ սէր (զոր պէտք է կարենալ տարբերել թշնամիի հանդէպ ատելութենէն) կը պակսին? Եւ մեծ ամանը ա՛լ կը հոտի առանց անոնց:
Խոհանոցը չունի՞ որեւէ պատասխանատուութիւն:
Միւս կողմէ, կայ հակառակ երեւոյթ մը, որ յաճախ քննադատուած է նոյնինքն խոհանոցին կողմէ: Նոր սերունդէն այլ մաս մը այլեւս կը գանի հայ ըլլալէն: Բայց ատոր պատճառը նախ իր մէջ թող փնտռէ ի՛նքը` խոհարարը: Մէկ միլիոն ինը հազար հինգհարիւր ութսունութ անգամ ?մեզ ջարդեցին? լսողը, այո՛, կ՛ըսէ` ?ձեզի՛ ալ, ձե՛ր հայերուն ալ? եւ պէտք չէ զարմանալ: Հայուն ի՞նչը պիտի սիրէ ան, երբ զինք պատրաստելու համար արժէք եւ գեղեցիկ մշակոյթ համեմները գործածելու տեղ, գրեթէ միայն ցաւի եւ դժբախտութեան նման լեղիներ կը գործածէք: Եւ կամ լեղիին-թթուին քանակը այդքա՜ն շեշտուած ու մեծ քաղցրին հետ բաղդատած, որ վերջինս չի զգացուիր ալ: Այո՛, եթէ ձեր հայը միայն (կամ ջախջախիչ տոկոսով) ապրիլ 24 է, մի՛ նեղուիք, բայց այդքան ալ սիրուելիք չէ:
Հայը այդ չէ: Հայը ատկէ առաջ եկող հազարամեակներու պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն է:
Ինչպէ՞ս պիտի խանդավառուի եւ գործի լծուելու փափաքն ու պարտականութիւնը զգայ, եթէ այժմէական նոր հարցերու, ինչպէս` Արեւմտահայաստան, Հայաստանի ընկերային-քաղաքական վիճակին, Ջաւախքին, Արցախին, նոյնքան տեղ չի տրուիր, որքան ցեղասպանութեան հարցին, որ ինքնին դժբախտաբար կը մնայ գրեթէ միայն յիշատակի, պատմութեան, սուգի, յարգանքի եւ վրէժի սահմաններուն մէջ?
Վերջապէս, ինչո՞ւ պիտի պայքարի ան, եթէ իսկապէս չսիրէ իր ազգը. եւ այդ մէկը կ՛ըլլայ ազգային արժէքներու գիտակցութեան միջոցով, ո՛չ վրէժի զգացումի: Ինչո՞ւ պիտի պայքարի, եթէ չէ տիրապետած մարդկային բարոյական գաղափարներու, ինչպէս` ազատութիւն, արդարութիւն, խաղաղութիւն:
Իսկ եթէ խոհարարը կը փոխանցէ այս բոլոր արժէքները, ուրեմն պէտք եղածին պէս չ՛ըներ այդ մէկը:
Փաստերն են խօսողը: Ընդհանուր վիճակն է խօսողը?
Վերջապէս, եթէ պիտի առարկուի, թէ առաջարկուած խոհագիրով պահանջատիրութիւն չի ստեղծուիր, ապա ըսենք, որ եթէ ենթական առնէ իսկակա՛ն հայկական համեմները` մշակոյթ, պատմութիւն եւ արժէքներ, անշուշտ` զուգահեռաբար ծանօթանայ Դատին (հարցը հաւասարակշռութեա՛ն մէջ է), արդէն պիտի պարզուի, որ առանց յատուկ մղումի` պահանջատէր է ան?
Եթէ տակաւին պիտի ըսուի` ?ահա՛ մեր փաստը, տե՛ս կը պայքարի, չես կրնար ուրանալ?, կ՛առաջարկեմ, որ անգամ մը նայինք այժմու խոհագիրին եւ ըսենք, թէ անոր արդիւնքին մէջ պայքարը ո՞ւր է, որքա՞ն իրական, որքա՞ն արդիւնաւէտ? ?Լաւ թուրք գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ? ըսո՞ղն է ան, թէ՞ ?թուրքին ոտքէն բռնենք, կախենք? երգողը? ա՞յդ պէտք է ըլլայ իտէալ հայը?
Հայը ապրիլ 24 չէր միայն: Եթէ ատոր վերածուի, եթէ ազգային դաստիարակութեան այլ տարրերը մոռացութեան ենթարկուին կամ մնան երկրորդական եւ երրորդական, թուրքը յաջողած կ՛ըլլայ քանդել մեզ:
Անշուշտ խօսքը գաղութի ամբողջ երիտասարդութեան մասին չէ. թուային հաշուարկներ չեմ փափաքիր ընել, այդ մէկը կը մնայ խոհարարին? բայց կը վստահեցնեմ, որ մտահոգութիւն պատճառելու բաւարար թիւ մը կա՛յ?
Ինչ կը վերաբերի լաւ, առողջ եւ յառաջադէմ տարրերուն, անոնց կ՛իյնայ վարակել իրենց շուրջինները?
Պարզ է, որ Դատը վառ պահելը նուազագոյնն է, որ պէտք է ընել. պարզ է, որ խօսքը Ցեղասպանութեան մասին քարոզչութիւն տանելէն հրաժարելու կամ պահանջատիրութեան ոգի ստեղծելէն հրաժարելու մասին չէ բացարձակապէ՛ս: Այլ խօսքը այն մասին է, թէ մենք մեր պատմութեան մէկ դժբախտութիւնը առնելով եւ ամէնէն աւելի այդ դաստիարակելով, անդին` մոռացութեան ենթարկելով այլ կարեւոր բաներ, զորս նշեցինք արդէն, վտանգած կ՛ըլլանք մեր ինքնութիւնը: Եւ երբ մեր ազգային ինքնութիւնը տկարանայ, ինքնաբերաբա՛ր շատ աւելի կը դժուարանայ, մեր Դատի, նոյնինքն Ցեղասպանութեան հարցին լուծումը, որ հիմնական քաղաքական եւ մարդկային հարց է անշուշտ: Ուստի հարցը երեւի հաւասարակշռութեան, հարցերուն արդար, ճիշդ եւ իրենց արժանի տեղը տալու մասին է:
Ուրեմն այս տարի, թող ապրիլ 24-ը վերջին անգամուան համար ըլլայ հայ ըլլալու տարեդարձ: Թող յարգանքի տուրք մատուցելու եւ անմարդկային ոճիրը քննադատելու կողքին, առիթ մը ըլլայ քննական աչք մը նետելու մեր հայակերտման խոհանոցին, եւ նայելու, թէ ինչ-ինչ հիմնական համեմներ գրէթէ կորսուած են դժբախտաբար, եւ առանց յոյս կտրելու` վերադարձնենք զանոնք իրենց արժանի հանգամանքին:
Source: Aztag daily, Beirut, Lebanon
April 2011
http://www.aztagdaily.com/?p=9411