• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին

May 20, 2011
A+ A-
Email Print

“Western Armenian in peril”, by Talar Chahinian (see original English text here). The article is translated into Western Armenian by Bedo Demirdjian. 


ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը


Դալար Շահինեան*


Արեւմտահայերէնի թարգմանեց՝ Պետօ Տէմիրճեան


Հետաքրքրական է որ, այս գրութիւնը, արեւմտահայերէն լեզուին կենսունակութեան սպառնալիք մը, ցարդ տեղ չէ գտած արեւմտահայերէն մամլոյ մէջ. բնագիրը անգլերէն է, թարգմանաբար տեսնելով ֆրանսալեզու եւ արեւելահայերէն լրատուական միջոցներու մէջ, որոշեցի ես ինքս թարգմանել յուսալով որ, արեւմտահայերէն մամլոյ մէջ պիտի հրատարակուի։ Եթէ սխալներ կան՝ ներող եղէք. ո՛չ հայագէտ եւ ո՛չ թարգմանիչ եմ։ Պարզապէս արեւմտահայերէն լեզուին ապագայով մտահոգ սփիւռքահայ մըն եմ. մաղթեմ այս աշխատանքը խնդրի քննարկման սկիզբ մը ըլլայ ։ Պ. Տ.


Այս տարուան (2010, թրգմ.) փետրուարին՝ արեւմտահայերէնը ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ?Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային աթլաս?ին (UNESCO online Atlas of World Languages in Danger)[1] մէջ, վտանգուածութեան մակարդակներէն ?հաստատօրէն վտանգուած? կարգավիճակով: ?Խոցելի?է մինչեւ ?մեռած? հինգ աստիճաններէն՝ ?հաստատօրէն վտանգուած? կը յամարուին այն լեզուները, որոնք այլեւս չեն ուսուցուիր երեխաներու իբրեւ մայրենի լեզու իրենց երկիրներուն մէջ: Վտանգուածութեան մակարդակները, որոնք կը չափեն խոցելի լեզուներու նուազող կենսունակութիւնը, մշակուած են լեզուի մը սերունդէ սերունդ փոխանցումի հիմքին, ինչպէս՝ այլ տուեալներու կարգին, լեզուն խօսողներու բացարձակ թուաքանակին, կամ ընդհանուր բնակչութեան մէջ լեզուն գործածողներու տոկոսին վրայ: Լեզու մը մեռած, յանգած կը համարուի, երբ որոշ ժամանակաշրջան մը չի փոխանցուիր (սերունդէ սերունդ, թրգմ.) եւ զայն խօսողներ այլեւս չեն մնար:


Չնայած որ, աթլասի կառուցուածքը հիմնուած է նախ եւ առաջ լեզուի բանաւոր գործածութեան վրայ, կ?ուզէի անդրադառնալ թէ, լեզուին ?խոցելի? սահմանումը ինչ կը նշանակէ արեւմտահայերէնի արտայայտման գրաւոր ձեւերուն համար: Սփիւռքեան հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրենց գործունէութիւնները սկսած են երկլեզու կատարել եւ, արեւմտահայերէնով վարչական կիրառումը այնքա՛ն նուազած է որ, խորհրդանշական բնոյթ ստացած է այլեւս: Լեզուի լրագրողական գործածութիւնը նոյնպէս անկումի մէջ է, սփիւռքահայ գաղութներու մէջ ընթերցողներու քանակի նուազումին պատճառով (վկայ՝ Փարիզի մէջ հրատարակուող 84-ամեայ ?Յառաջ? թերթի անցեալ տարուան փակումը) [2]: Լեզուին եկեղեցական գործածութեան գալով՝ կը թուի թէ, երիտասարդ սերունդը արեւմտահայերէնին կը մօտենայ ինչպէս գրաբարին որ, կ?օգտագործուի պատարագ մատուցելու, բայց ո՛չ կրթական կամ գործնական նպատակներու: Ուրեմն, արեւմտահայերէնը ի՞նչ եղած է իբրեւ գրականութեան մղիչ ուժ։


Դժուար է գնահատել արեւմտահայ գրականութեան ներկայ վիճակը. որեւէ մէկ գիտական հետազօտութիւն գոյութիւն չունի որ, ա՛յս լեզուական ձեւի ժամանակակից ստեղծագործութիւններու համապարփակ նկարագիրը տայ: Աւելի՛ն. նկատի առնելով որ, սփիւռքահայ գրական գործերը հիմնականին մէջ անհատական նուիրատուութիւններու շնորհիւ կը տպագրուին, կամ կը հրատարակուին հատուկենտ թերթերու եւ պարբերականներու մէջ եւ ո՛չ թէ, հրատարակչատուներու կողմէ, դժուար կամ անհնարին կը դառնայ ձեռք ձգել հրատարակուած եւ շրջանառութեան մէջ եղող գիրքերու ամբողջական ցուցակները:


Հայերէն դասագիրքերը կամ ժամանակակից հայ գրականութեան ժողովածուները դադրած են քսաներորդ դարու առաջին կէսին ծնած գրողներու սերունդին հետ: Այնուամենայնիւ, ժամանակակից արեւմտատահայերէն լեզուով գրողներ կան: Այսօր՝ Միացեալ նահանգներու, Գանատայի, Արժենթինի, Պոլսոյ (հեղինակը ?Իսթանպուլ? կ?օգտագործէ, թրգմ.), Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապրող գրողներ արեւմտահայերէն գործեր կ?արտադրեն: Ժամանակակից այս հեղինակներէն կ?առանձնանայ Լիբանան ծնած, փարիզաբնակ Գրիգոր Պըլտեանը: Նկատի ունենալով արեւմտահայերէն իր գործերու ծաւալը միայն, կը թուի թէ, ան չ՚ենթարկուիր լեզուաբաններու ?հաստատապէս վտանգուած? պիտակին: Ան միակն է նաեւ պետականութենէ զուրկ Սփիւռքին մէջ մշակելու նուազ զարգացած ժանրը` վէպը որ, յետգաղութատիրական տեսական դատողութեան մէջ աւանդականօրէն կապուած է ժամանակակից ?ազգ-պետութեան?:


Գրող, դասախօս եւ գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան վերջին քսան տարիներուն ընթացքին քննադատական բազմաթիւ գործերու կողքին, նաեւ վեց վէպերու հեղինակ է: Անոր գրութիւնները բազմազան նիւթերու շուրջ են` քսաներորդ դարու բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի երկերուն վերլուծումէն (?Կրակէ շրջանակը Դ. Վարուժանի շուրջ?, 1988) մինչեւ տասներորդ դարու բանաստեղծ-աստուածաբան Նարեկացիի (?Երկխօսութիւն Նարեկացիի հետ?, 2008, եւ այլ գրութիւններ) գործերուն հետազօտումը եւ հասնելով ֆրանսահայ գրականութեան ?Cinquante ans de literature armռnienne en France? (?Յիսուն տարի հայկական գրականութիւն Ֆրանսայի մէջ?):


Թէեւ անոր լայնածաւալ տեսական եւ քննադատական հրատարակութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան արեւմտահայերէնի զարգացման եւ պահպանութեան մէջ, Պըլտեան ինքզինք կը համարէ գրող եւ միա՛յն գրող: Անոր արձակ գրութիւնները նոր վիպապաշտական եւ յետժամանակակից վէպի միջեւ գտնուող ոճ մըն են: Իր վէպերուն մէջ ան յաճախ կը խուսափի կէտադրական օրէնքներէ, բովանդակութեան յաջորդական շարադրանքէն եւ վստահելի հերոսներէն (narrators): Հակառակ որ, վէպերու ճնշող մեծամասնութիւնը ներշնչուած է ֆրանսական յետկառուցուածքային տեսութենէն, լեզուական խաղերը եւ բովանդակութիւնը զարմանալիօրէն կը ներկայացնեն 1915-էն ասդին կազմուած հայկական Սփիւռքը՝ յատկանշուած ժամանակագրական ընդհատման զգացումով եւ աշխարհագրական սփռուածութեամբ։ Ընդլայնելով արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալու կարգավիճակին մասին հարցադրումս՝ Պըլտեանի ազդու ներկայութեամբ, ի՞նչ կը նշանակէ սփիւռքեան մշակութային փորձառութիւն մը ներկայացնել վերջնականապէս մարող լեզուական ձեւի մը մէջ: Նման պատմութիւն մը ի՞նչ կը յուսայ յաջողցնել։ Եւ ինչպէ՞ս պիտի զարգացնէ ժամանակի եւ տարածութեան հասկացողութիւնը։ Պըլտեանի վէպերը ցոյց կու տան թէ, պատասխանը կը գտնուի արեւմտահայերէնի կատարողական կարողութեան մէջ: Իր գործերուն մէջ, Պըլտեան, իրապաշտ մօտեցումով կեանքը ընդօրինակելու փոխարէն՝ հայելի մը կը բարձրացնէ ինքնին արեւմտահայերէնի լեզուական ձեւին դէմ: 2003-ի իր ?Անունը լեզուիս տակ? վէպին մէջ, Պըլտեան կը քննարկէ թէ, ինչ կը նշանակէ յետփեկումնային (post-traumatic) տարագրեալ մշակոյթի մը համար այս վէպը ստեղծել՝ շօշափելով 1915-ի Ցեղասպանութիւնը պատմողական հիւսուածքի մը միջոցով ներկայացնելու հարցը: Ոլորապտոյտ եւ մասնատուած պատմութիւններու շարք մը շերտերով ուղղուելու կողքին, վէպը կ?օրօրուի նաեւ բազմաթիւ տեսակէտներու՝ արեւմտահայերէնի տիրապետող գրական ձեւերուն, գրաբարին եւ արեւելահայերէնին, Մշոյ բարբառին եւ խօսակցական թրքահայերէնին միջեւ: Ժամանակի եւ վայրի փոփոխուող մշտական տեսարաններով, Ֆրանսայի 1960-ականներու դասախօսական դահլիճներ, Պէյրութի 1950-ական թուականներու հայաշատ թաղեր, 1915-ի պատմական Հայաստանի Մշոյ գաւառ, վէպը կը ներկայացնէ քննական պատմութիւն մը, յետպատմուածքներ եւ արտագրուած ներկայացում մը՝ ընդհանրապէս եւ յատկապէս հայոց Աղէտին առնչուած:


Ի վերջոյ, վէպը լեզուին ձախողութիւնը ցոյց կու տայ՝ Աղէտը արտայայտելու փորձին մէջ. Աղէտը աննկարագրելի պատահար մըն է որ, հնարաւոր չէ լեզուական համակարգի նշաններով ստեղծել ու յաւերժացնել: Վէպը ընդգծելով հանդերձ 1915-ի Աղէտը որպէս իրադարձութիւն ներկայացնելու անկարելիութիւնը, այնուամենայնիւ կը յաջողի ներկայացնել Աղէտի փորձառութիւնը, ի յայտ բերելով ?ազգային? լեզուի (արեւմտահայերէնի) կորուստը։ Էութեան մէջ, վէպը կը պնդէ որ, 1915-ի Աղէտը (ընդհանրապէս) կարելի չէ ներկայացնել Լեզուի միջոցով, քանի որ ան հաւասարեցուած է ազգային լեզուի կորստեան հետ (մասնաւորապէս):


Հոս, կորուստը կ?ակնարկուի մշակութային եւ լեզուական համակարգի հայրենի հողէն արմատախիլ ըլլալուն որ, մաս պիտի կազմէ Սփիւռքի ընդհատուած, ոչ շարունակելի ժամանակին: Պըլտեանի վէպը որոշ չափով կը ծառայէ արեւմտահայերէնի յուղարկաւորութեան հուսկ բանքի մը, որուն ընթացքին արեւմտահայերէնը կ?աղաղակէ.- ?տեսէ՛ք թէ, ի՛նչ կրնայի ըլլալ եթէ ապրէի?: Վէպին պատմողական հոսքի եւ ձայներու գլուխ դարձնող բազմազանութեամբ, անվերջանալի նախադասութիւններու շարունակական հոսքով հանդերձ, չափի զգացողութիւն մը կը յառաջանայ որ, լեզուն կը ձերբազատէ ժամանակէ եւ տարածքէ, միեւնոյն ատեն սակայն՝ ան կ?ենթարկուի ժամանակի, պատմութեան եւ պատմուածքի բնական փոփոխութիւններու խոցելիութեան: Պըլտեան այս կորուստին մասին կը գրէ աքսորեալ լեզուով, անոր տալով վէպի տեսք որ, ներկայացնելով ազգային պետութեան ծնունդը կ?ընդգծէ իր` որպէս գրող, յաջողութեան մեծութիւնը:


Այնուամենայնիւ, թերեւս աւելի լաւատես առումով, պատմուածքի չափը եւ կատարողական զարգացումը յարատեւելու նոր գաղափար մըն է որ, կը համընկնի արեւմտահայերէնի կորուսեալ վիճակին եւ որպէս այդպիսին, կը նկարագրէ սփիւռքահայ մշակոյթի ուրուագիծը: Հաւանաբար կ?ըսէ, ?աքսորեալ մշակոյթի մը մասին պատմուածք գրելու հաւանական եւ կարելի միակ ձեւը այս է?: Այս լոյսին տակ, Պըլտեանի վէպը անդրազգային ժամանակակից ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ ցոյց կու տայ որ, գրական ստեղծագործութիւն մը ազգային պետութեան մը հետ ստորադասի յարաբերութեան մէջ չէ, զարգացում մը որ, յառաջացած է նոյն բնագաւառին մէջ աւելի ծանօթ՝ ֆրանքոֆոն (ֆրանսալեզու, թրգմ.), լուսոֆոն (փորթուկալալեզու թրգմ.) եւ սինոֆոն (չինալեզու, թրգմ.) գրականութեանց մէջ։


ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու դասուելու մասին կարելի է վերոնշեալներուն նման՝ երկու եզրակացութեանց գալ: Սփիւռքահայ համայնքներու իրապաշտ անդամներու տեսանկիւնէն՝ արեւմտահայերէնը հաւանաբար շուտով ոչնչանայ: Հուսկ բանքի փառաբանման փոխաբերականը ճշգրտօրէն կ?ենթադրէ որ, արեւմտահայերէնի սերունդէ – սերունդ փոխանցման դադարը, ?լրջօրէն վտանգուած?է՝ ?խիստ վտանգուած?ի եւ ապա դէպի կորուստ, լեզուին անհետացումը ժամանակի խնդիր է: Աւելի լաւատես անդամներու դիտանկիւնէն՝ Աթլասը նաեւ կը ներառէ ?վերակենդանացման? հաւանականութիւն, վտանգուածութեան մակարդակները նշող կենսունակութեան աղիւսակի վարը գտնուող ?R? (Revitalization – վերակենդանացում, թրգմ.) տառով, հակառակ ուղղութիւնը` դէպի կենսունակութեան վերականգնում: Աւելին, արեւմտահայերէնի դէպքին, կենսունակութեան վերակագնումը կը նշանակէ լեզուի գոյատեւման կարողութիւն` ազգային պետութեան հաստատութեանց բացակայութեան պայմաններու մէջ:


Ըստ էութեան, արեւմտահայերէնը անցեալին վերակենդանացած է: Աթլասին մէջ, արեւմտահայերէնի համապատասխան աշխարհագրական տարածքները նշուած են Թուրքիան եւ Միջին արեւելքը. Թուրքիան ակնյայտ պատճառներով, քանի որ լեզուի իսկական կրողները արեւմտեան Հայաստանէն (հեղինակը ?Անաթոլիա? կը գրէ, թրգմ.) են, իսկ գրականութիւնը հիմնականին մէջ զարգացած է Կոստանթնուպոլսոյ մէջ: Իսկ Միջին արեւելքը նշուած է, քանի որ հոն մէկտեղուեցան արեւմտահայերէնի բազմաթիւ բարբառները եւ ուսուցանուեցան 1915-էն փրկուած մեծամասնութեամբ թրքախօս փախստականներուն` ազգային կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ջանքերով[3]։ Լաւատեսներուն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կ?առաջարկէ օգտագործել հետեւեալ ելեկտրոնային աղբիւրը եւ տնտեսական նպաստներու միջոցով վերակենդանացնել արեւմտահայերէնը.-
http://www.unesco.org/culture/ich/index.php?lg=en&pg=00143


*Դալար Շահինեան կը դասախօսէ Cal State Long Beach համալսարանի համեմատական գրականութեան բաժանմունքին մէջ։


[1] ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի (ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւն) Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ներգործօն (interactive) աթլասը հիմնուած է Աթլասի 2009-ի տպագիր հրատարակութեան վրայ եւ 1950-էն ի վեր մեռած կամ վտանգուած լեզուները կը փաստագրէ:


[2] ?Յառաջ?ի դադրեցումէն ետք, ներկայիս եռօրեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէ ?Նոր Յառաջ?ը։


[3] Տես ?Սփիւռքահայ ազգային ինքնութեան ստեղծումը? բաժինը՝ Ռազմիկ Փանոսեանի ?Հայերը. արքաներէ քահանաներ, մինչեւ առեւտրականներ եւ քոմիսարներ? գիրքին մէջ (Նիւ Եորք, Քոլումպիայի համալսարանի հրատարակութիւն, 2006), ?Creating a Diasporan National Identity? in Razmik Panossian?s The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Comissars (New York: Columbia University Press, 2006), ուր ան կը քննարկէ թէ, ինչպէս Ցեղասպանութենէն ետք արեւմտահայերէնի Պոլսոյ տարբերակը դարձած է հայկական Սփիւռքի գերակշռող լեզուն։

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostJerusalem Armenian story finally being told
Older PostWestern Armenian in peril

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

item-thumbnail

«Դուք այստեղ եք տանտիրոջ կարգավիճակով». սփյուռքի նախարարը՝ «Քայլ դեպի տուն» ծրագրի մասնակիցներին

item-thumbnail

Ավստրալահայ ընտանիքը հայրենադարձվել Հայաստան

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll