• Home
  • About
  • YouTube
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Սորվելու դժուարութիւնները

January 23, 2010
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Սորվելու դժուարութիւնները</FONT>

Maro Nigoghossian


 


Difficulties in learning. Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Նոր օրերու փոքրեր, սորվելու եւ վարուելակերպի դժուարութիւններ ունին։ Կը զատորոշուին քանի մը անուններու տակ.-


ա.- Dyslexic (գրելու եւ խօսելու դժուարութիւն, թուաբանութեան եւ երաժշտական նօթեր կարդալու դժուարութիւն)։


բ.-Dyspraxia (համակարգելու դժուարութիւն)։


գ.- AD HD(attention deficit hyperactive disorder) (կեդրոնացումի պակաս եւ գերաշխոյժ)։


Այս փոքրերուն տեսակին համեմատ դեղեր կը տրուին։ Օրինակի համար ?կեդրոնացումի պակաս? պիտակ ունեղոցին շատ անգամ Ritalin կը տրուի, որ cocain-ի նմանող դեղ մըն է եւ սովորութիւն կրնայ դառնալ։


Անգլիոյ մէջ 10 տղոցմէ մին գերաշխոյժ է եւ կեդրոնացումի պակասէն կը տառապի եւ ուր կը մեղադրուին ծնողներն ու դպրոցը։ Կան նաեւ տարբեր պատճառներ, ինչպէս՝ ժառանգականութիւնը, ծխելու սովորութիւնը, յղութեան ընթացքին ծխելու եւ թմրեցուցիչներու օգտագործումը, ծննդաբերութեան ընթացքին oxygen-ի բացակայութիւնը, դժուարութիւններ եւ օդի ապականութիւն։
Լաւ լուրը սա է թէ, երբ գիտցուի տղոց մարմնի կենսանիւթերու պակասը եւ եթէ սրբագրուի, յաճախ զգալիօրէն կը բարելաւուի անոնց կեդրոնացումը, վարուելակերպը եւ կորովը։


Անգլիոյ ժողովուրդին 5%ը սաստիկ dyslexia-է կը տառապի, այսինքն կարդալու եւ գրելու դժուարութիւն կ՚ունենան, թուաբանութեան եւ երաժշտական նօթեր կարդալու դժուարութիւն, ուղղութիւնը գտնելու դժուարութիւն եւ յիշողութեան տկարութիւն կ՚ունենան։


Dyspraxia-ն վերինին կը նմանի, բայց կը զատորոշուի անճարակութեամբ, համադասելու անկարողութեամբ, բարդ եւ յաջորդական գործունէութիւններու մէջ դժուարութիւն, ինչպէս՝ նետուած գնդակը չկարենալ բռնել, ոտնամանի կապերը չկարենալ կապել, կոճակները չկարենալ կոճկել, վատ ձեռագիր, կազմակերպելու անկարողութիւն, անուշադրութեան եւ կեդրոնացումի պակաս։


Ուշիմութեան եւ լաւագոյն սննդառութեան միջեւ կապակցութիւն մը կը տեսնուի, որ կը սկսի յղութեան սկզբնաւորութենէն։


Medical Research Council-ին 16 տարուայ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ կեանքի սկզբնաւորութենէն սկսեալ (այսինքն մօր արգանդին մէջէն իսկ) որքան կարեւոր է հաւասարակշռուած սննդառութիւնը։


Այս ուսումնասիրութիւններու ընթացքին 400է աւելի կանխահասօրէն ծնած մանկիկներ կը սնուցուին սովորական (standard) կաթով, իսկ մնացեալին կը տրուի զօրացուած կաթ, որ կը պարունակէ աւելցուած protein, կենսանիւթեր եւ հանքային նիւթեր։ 18 ամիս ետք, անոնք որոնք սովորական կաթով սնանեցան, լաւ չարդիւնաւորուեցան կատարողականութեամբ, իսկ 8ը տարեկանին IQ-ն 14 կէտ ցած էր։


Երկար եւ ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ, որոնց մէջ կ՚օգտագործուէին աւելցուած սննդանիւթեր, ցոյց կու տային բարելաւումը IQ-ի եւ մտային կարողութեան, մանաւանդ dyslexia ունեցող փոքրերու վրայ եղած փորձերու ընթացքին։


Նմանապէս, հետախոյզներ կը գտնեն թէ փոքրեր որքան քիչ ուտեն անբնական ուտելիքներ (refined or processed), այնքան աւելի ուշիմ կը դառնան։


Բարձրաքանակ անբնական ուտելիքները եւ անբնական սննդառութիւնը, ինչպէս շաքարը, cՍrռale-ները, որոնց հետ նախաճաշ կ՚ընեն, անուշեղէնները եւ սպիտակ հացը, կը նուազեցնեն փոքրերու IQ-ն մինչեւ 25 կէտ։ Յետագային կը հաստատուի, թէ շաքարին եւ անբնական carbohydrate-ներու ազդեցութիւնը այն է թէ, անոնք կը նուազեցնեն սնունդին կենսանիւթերու մակարդակը։ Ուրեմն, հաւասարակշիռ անձ մը պատրաստելու համար, լաւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը ամէնէն լաւ դերը կրնայ կատարել։


Վերջին տասնեակներուն, տղոց վատ վարուելակերպը զսպելու համար թմրեցուցիչ դեղերու սպառումը զգալիօրէն աւելցած է։ Ամերիկեան կարգ մը դպրոցներու մէջ Ritalin կը տրուի 20% աշակերտներուն եւ երբ հետախոյզներ անոր ազդեցութեան կը հետեւին, կը գտնեն թէ այս դեղերը ոչ միայն չեն բարելաւեր, այլ աւելի կը վատթարացնեն տղոց վարքը։


?Առանց յաւելեալ կենսանիւթեր տալու, վարուելակերպի զգալի բարելաւում մը կ՚արձանագրուի, երբ սննդառութիւնը բարեփոխելով հաւասարակշռուի, որ կ՚աւելցնէ սննդանիւթերու ?ծծումը??,- կ՚ըսէ Dr. Stephen Shoen Thaler (Department of Social and Criminal Justice at California State University)։


? Արդեօք մեր զաւակը հետեւեալ անբնական վարուելակերպ ունի՞.- ուշադրութեամբ կարելի է հետեւիլ եւ ապա սրբագրել, ջնջելով սննդառութենէն կարգ մը ուտելիքներ եւ զանոնք փոխարինել օգտակարներով.-


1. Անբնականօրէն աշխոյժ է։
2. Անհանդարտ է։
3. Ճաշի ընթացքին հանդարտ չէ։
4. Շատախօս է։
5. Անճարակ է։
6. Օրէնքներու չի հետեւիր։
7. Արտայայտութեան դժուարութիւն կ՚ունենայ։
8. Դժուար անկողին կը մտնէ։
9. Անտարբեր է։
10. Անհամբեր է։
11. Արկածներու հակում ունի։
12. Կործանարար է։
13. Ծրագիր մը չի կրնար վերջացնել։
14. Խաղալիքները եւ կարասիները կը մաշեցնէ։
15. Խաղերը չի շարունակեր։
16. Տրուած ուղղութիւններուն չի հետեւիր։
17. Խումբի տղոց հետ կը կռուի։
18. Կը նեղէ եւ կը ձանձրացնէ։
19. Կ՚արհամարհէ, լիրբ է։
20. Կը բարկացնէ։
21. Ընկերներէն չի սիրուիր։
22. Ժողովրդականութիւն չունի։
23. Կը ստէ։
24. Անկողին կը թրջէ։
25. Ոտնձգութիւններ կ՚ընէ։
26. Բարկութեան պոռթկումներ կ՚ունենայ։
27. Առանց կանխազգուշութեան կը շարժի (unpredictable)։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ Patrick Holford, ?Optimum Nutrition For The Mind?

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԻ՞նչ է մտային հիւանդութիւնը
Older PostՅիշողութեան դարմանումը (6)

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Armenians of Iraq: A Community on the Brink

April 18, 2025
item-thumbnail

Camp Bjni launched in Armenia

March 26, 2025
item-thumbnail

The Nagash Ensemble of Armenia

March 8, 2025
item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations
Helen Ray Harrington on From 1979 until the formation of Micromania Group

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • YouTube
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Կուսակցական մամուլը սփիւռքի մէջ. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

item-thumbnail

《Շաբաթվա թեման》 հաղորդման հյուրերն են Գարեգին Զուռնաչյանն ու Գարսեվան Մալխասյանը։ Թեման՝ էսթետիկ հիմունքներով հասակի ավելացում:

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Army Art Center Athens Basra Armenians Camps Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Summer Camps Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2026 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll