• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ի՞նչ է մտային հիւանդութիւնը

January 23, 2010
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Ի՞նչ է մտային հիւանդութիւնը</FONT>

Maro Nigoghossian


 


What is mental illness? Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Արդի ընկերութեան մէջ, տարբեր հիւանդութիւններէն աւելի մեծ է մտային հիւանդութեան խարանը։ Բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ հիւանդութիւններու հետ նաեւ կը գիտցուի այս հիւանդութեան պատճառները։ Գիտենք ինչպէս խուսափիլ եւ կամ բարելաւել ընկճուածութեան եւ schizophrenia-ի խնդիրները։ Ասոնց պատճառը յաճախ կ՚իյնայ մարմինի քիմիական նիւթերու անհաւասարակշռութեան վրայ, հետեւաբար լաւ սննդառութիւն մը կարելի կը դարձնէ կատարեալ կազդուրումը։


Մտային հիւանդութիւնը վիճակ մըն է, որու ընթացքին անհատը չի կրնար դիմակալել կեանքի կարգ մը խնդիրները եւ պատահարները, այն աստիճան որ անկարող կը դառնայ կեանքի իրագործումներու մէջ։


Մեր մարմինին քիմիականները կը փոխեն մեր մտածումները եւ զգացումները։ Միտքն ու մարմինը կատարելապէս իրար կը կապակցին։ Առանց մէկուն միւսը չըլլար։


Ներկայիս նոր տեսակէտ մը կը տիրէ, թէ մարդ լման եւ կատարեալ կը համարուի, երբ միտքը կը կապակցի մարմինին հետ (առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ)։ Այս տեսակ մարդիկ կրնան իրենց առողջութիւնը պահել, եթէ պարագաները յարմարին։ Մենք, հիանալի մղում մը ունինք դէպի առողջութիւն եւ վերականգնումի բացառիկ կարողութիւն։


Անշուշտ, ?առողջ ըլլալ? բոլորին համար չէ։ Բոլորս զանազան զօրութիւններով օժտուած ենք եւ նաեւ տկարութիւններ ալ ունինք։ Ուստի, ըստ այս նոր տեսակէտին, մեր առողջութիւնը արդիւնք է մեր ժառանգած ?առողջ ըլլալ?ու կարողութեան եւ պարագաներու։ Օրինակ, եթէ վնասակար շրջապատի մը մէջ կ՚ապրինք (տկար սննդառութիւն, ապականած միջավայր եւայլն), մեր ?առողջ ըլլալ?ու կարողութեան թափը կը տկարանայ եւ կրնանք հիւանդանալ։


Նոյն, նոր տեսակէտը կրնանք օգտագործել մտային վիճակին համար։ Մեր մտային վիճակը այն բոլորն են, որոնց կը լսենք, կը տեսնենք, կը դպչինք եւ կը համտեսենք։


Մտային ժառանգութիւնը մեր մտային կառուցուածքն է կամ մեր մտային շրջանակը (frame), որ կը վերլուծէ եւ կը մեկնէ ինչ որ կու գայ զգայարանքներէն։ Չենք կրնար տեսնել իրականութիւնը ինչպէս որ է, որովհետեւ կը մեկնաբանենք հիմնուած մեր մտային կազմուածքով կամ շրջագիծով, որ կը սկսի պայմանաւորուիլ մանկութենէն իսկ։


Մտային առողջութեան նոր տեսակէտին վերաբերեալ, դիտելի չորս անկիւններ կան.-


1.- Միջավայրը, որ կը պարփակէ սննդանիւթերը եւ հակա-սննդանիւթերը, որ կը սպառենք։ Սննդանիւթերու (vitamins), հանքային նիւթերու, phospholipid-ներու եւ amino acid-ներու անբաւարարութիւնը մտային առողջութեան խնդիրներ կը յառաջացնէ եւ թէ հակա-սննդանիւթերու չափազանցութիւնը նոյն տեղը կը հասցնէ։


2.- Ժառանգականութիւն.- Կարգ մը մտային հիւանդութիւններու պարագային, ներառեալ schizophrenia-ն եւ Down?s Syndrome-ը յստակ եւ փաստացի ժառանգականութիւն մը կայ, որ կը նշանակէ անհատի ուղեղի քիմիականներու անհաւասարակշռութիւն։ Այս նաեւ մեծ մասամբ մասնայատուկ սննդառութեամբ կը բարելաւուի։


3.- Տրամաբանութեան օգտագործում.- Բազմաթիւ մարդոց մօտ մտային հիւանդութեան խնդիրներ կը զարգանան ճնշմնալից ժամանակներու մէջ, երբ անոնք իրենց տարողութենէն վեր ըլլան։ Կեանքը դասաւորել պէտք է գիտնալ նուազագոյնի իջեցնելու համար ճնշուածութիւնը։ Հարկ է նաեւ փոխել մեր մտածելակերպը։ Հոս եւս կշռութաւոր սննդառութիւնը մեծապէս կ՚օգտէ։


4.- Մտային շրջանակը (frame).- Յաճախ չենք տեսներ իրականութիւնը ինչպէս որ է։ Մեր ուզած ձեւով կը մեկնենք։ ?Մի փոխեր աշխարհը?, ? կ՚ըսէ Swami Mukdanada? ?Ակնոցդ փոխէ? (Swami հոգեբոյժ եւ meditation-ի ուսուցիչ)։


Հոգեբոյժներու մեծամասնութիւնը թեքնիքներ կը սորվեցնեն հիւանդին, զարգացնելու համար ինքզինք դիտելու կարողութիւնը եւ նշմարելու իր մտային ժխտական վիճակը, որ կ՚առաջնորդէ ինքնակործանման։ Դրական միտքերու զարգացումը կ՚աւելցնէ մտային առողջութիւնը։


Կեանքի մէջ գէշ պայմաններու հետ երբ չկարենանք ապրիլ ?շոքին բաց տուր քիչ մը?,? կ՚ըսեն։ Ասիկա կը փարատէ վախը, ցաւը եւ մտատանջութիւնը։ Այս վիճակին կը հասնինք որկրամոլութիւն ընելով, թունաւոր ուտելիքներ սպառելով (շաքար, ալքոլ, ծխախոտ), կամ աւելի վնասակարները, ինչպէս՝ heroin-ը, cocain-ը, եւլն.։


Ասոնք կորովը (energy) եւ մարմինին սննդանիւթերը կը քամեն եւ խնդիրները կը բարդացնեն, առաջնորդելով մոլութեան, որմէ յետոյ կը վատանայ մտային առողջութիւնը։


Օրինակ մը տանք։ Երեւակայել մէկը, որ արեան շաքարի խնդիրներ ունի, B կենսանիւթերու պակաս եւ (Reward Deficiency Syndrome□ (հաճոյք պատճառող Dopamin-ի պակաս)։ Այս բոլոր խնդիրները կը յոգնեցնեն եւ կը տխրեցնեն զայն։ Գրգռիչներ կ՚ուզէ, ինչպէս շաքար, շոքոլայ, սուրճ, որպէսզի լաւ զգայ։ Դժբախտաբար ասոնք մտածումները աւելի կը գրգռեն եւ կը բազմապատկեն։ Չի կրնար միտքերը հանդարտեցնել եւ կը սկսի ամէն օր ալքոլ խմել։ Այս ձեւը աւելի կը տրտմեցնէ ու կը ճնշէ։ Բժիշկը antidepressant դեղեր կու տայ։ Կինը կը լքէ զինք։ Գործը կը կորսնցնէ, ինքզինք անպէտք կը զգայ, անարժէք եւ անկարող։ Կը մեկուսանայ եւ ինքն իր մէջ կ՚առանձնանայ եւ կը խորտակուի։ Հանդարտեցուցիչներ կ՚առնէ։ Թէեւ հանդարտ է եւ անվնաս, բայց յայտնի է որ կը տառապի մտային հիւանդութենէ։


Այս օրինակը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս ժառանգականութիւնը, միջավայրը, մտային շրջագիծը (mind frame) եւ իմացականութիւնը բարդօրէն իրար կ՚ազդեն։


Միայն դեղը չ՚օգներ իրեն։ Այս մարդը պէտք ունի ուղեղի քիմիականներու հաւասարակշռութեան, կշռութաւոր սննդառութեան, ինչպէս նաեւ պէտք ունի լաւ հոգեբոյժի մը, առաջնոդրի մը, պաշտպանի մը։


Ամէն ինչէ առաջ պէտք է պատրաստակամ ըլլայ փոխելու համար կեանքի ոճը, սննդառութիւնը եւ միտքը։


Միայն ասոնք կրնան օգնել իրեն։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ Patrick Holford-ի գործերը



 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԹոյնը պնակին մէջ
Older PostՍորվելու դժուարութիւնները

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

item-thumbnail

Berj Abrahamian: A book dedicated to Abu Dhabi. A Tribute with Love (Youtube Video in Armenian)

item-thumbnail

Krikor Jabotian’s design reflects the Lebanese Armenian connection

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll