• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Թոյնը պնակին մէջ

January 23, 2010
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Թոյնը պնակին մէջ</FONT>

Maro Nigoghossian


 


Poison in our disches. Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Մեր մանկութեան օրերուն կ՚ըսէին.- ?Ենք այն, ինչ որ կ՚ուտենք?։ Յետագային այս նիւթը աւելի զարգանալով կը դառնայ վախազդու։ Ամէն շաբաթ գիտնականներ նոր տեղեկութիւններ կը քօղազերծեն, որոնք մեր կերածները կ՚ագուցեն հիւանդութիւններու հետ, մանաւանդ քաղցկեղին հետ։ Դեռ անցեալները շուետացի խումբ մը գիտնականներ կը ներկայացնեն քիմիական նիւթի մը (acrilamid) խուզարկման արդիւնքը, որ առնէտներու մօտ կ՚առաջնորդէ սերնդագործական բջիջներու այլափոխումը, պատճառ դառնալով քաղցկեղի։


Այս քօղազերծուած նիւթը մեծ քանակութեամբ ներկայ է բազմաթիւ տապկուած, փուռի մէջ եփուած ուտելիքներու մէջ, chips-երու, crisp-ներու եւ գործարկումնրէ անցած ուտելիքներու մէջ (processed foods)։


The Food Standards Agency-ն մասնաւոր յայտարարութեամբ մը ժողովուրդին չի յայտներ ուտելիքները փոխել, բայց եւ այնպէս պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հետեւեալը կը յղէ.- ?Նախքան կարենալ փաստելու համար վտանգը, մասնագէտներ աւելի գիտական փորձեր պէտք է կատարեն?։


Սակայն, Ամերիկայի մէջ գործօն խումբեր ճնշում կը բանեցնեն կառավարութեան վրայ, որպէսզի ծխախոտին նման fast-food-երու վրայ եւս ազդարարութիւններ տպագրեն։


1960ականներուն ծխախոտը կը նկատեն առողջապահութեան համար իբրեւ սպառնալիք, եւ վերջապէս կ՚ընդունին։


The world Cancer Research Fund-ը կ՚ընդունի եւ կը հաստատէ, որ քաղցկեղին 70%ը կը վերագրուի սնունդին։


Յիսուն տարուայ ընթացքին մեր սննդառութիւնը զգալիօրէն փոխուած է։ Ներկայիս ոչ միայն պատահական թոյներ կ՚ուտենք, որոնք քաղցկեղը կը քաջալերեն, կ՚ուտենք նաեւ ուտելիքներ, որոնք պէտք է մեզ պաշտպանեն քաղցկեղին դէմ, սակայն կը փաստեն թէ արդի երկրագործական մեթոտներու պատճառով նուազած է անոնց դրական ազդեցութիւնները։


Վերջին ուսումնասիրութիւններէն դուրս կու գայ, որ broccoli-ն 75% նուազ է calcium-ով, շոմինը (spinach) 60% քիչ է երկաթով, ճակընդեղը 32% քիչ է potassium-ով քան 50 տարիներ առաջ։


Prof. Jan Johnson որ նախագահն է Institute of Food Research-ի (Norwich) կ՚ըսէ.- ?Անկասկած, սննդառութիւն մը, որուն մէջ մեծ համեմատութեամբ պտուղ եւ բանջարեղէններ կը գտնուին, կրնան մեզ պաշտպանել?։ ?Կերէք ուտելիքներ, որոնք կը կարծուին պայքարիլ քաղցկեղի դէմ։ Մարզանքներ ըրէք, մի գէրնաք, մի ծխէք։ Կարծեմ ասիկա գիտութեան ամէնէն լաւ յանձնարարութիւնն է?։


Ուրեմն, ի՞նչ ուտել եւ ո՞ր ուտելիքէն խուսափիլ։


Հարկ է յաճախ ուտել.-


? Brasil nuts.- ասոնք selenium կը պարունակեն, որ antioxidant ըլլալով կը չէզոքացնեն free-radical-ները։


? Broccoli.- իր մէջ պարունակող նիւթը (isothiocyanate) քաղցկեղով բջիջներուն կը ստիպէ անձնասպան ըլլալ։ Տարբեր նիւթ մը եւս ունի (indoles) որ կը կառավարէ oestrogen-ի փոխակերպման դրութիւնը (metabolism), կը պակսեցնէ կուրծքի քաղցկեղի վտանգը։ Sulforafane-ը որ կը գրգռէ լեարդի enzyme-ներու արտադրութիւնը, որոնք կը փճացնեն քաղցկեղոտ քիմիական նիւթերը։ Կը պարունակէ նաեւ ծերութեան դէմ flavonoids-ը եւ selenium։


Ըստ Liverpool University-ի, broccoli-ն եւ ուրիշ կանաչութիւններ հարուստ են galactose-ով։ Ասիկա կ՚օգնէ առաջքը առնելու protein-ներու (lectins), որոնք կը կպչին մեծ աղիի ներքին պատերուն, պատճառելով վնասներ։


Ամէն օր քիչ մը broccoli-ն մեծ աղիի քաղցկեղի վտանգը (colon cancer) 40% կը պակսեցնէ։


? Brussel sprouts (մանր կաղամբ).- ասիկա կը պարունակէ indoles, որ քաղցկեղի վերածուած բջիջներուն կը ստիպէ անձնասպան ըլլալ (apoptosis)։


? Կաղամբ.- Beta caroten կը պարունակէ եւ ամէնէն զօրաւոր antioxidant-ն է։


? Ստեպղին.- Բարձր beta caroten-ով։ Ըստ Brigham Women?s Hospital-ի, Boston, շաբաթը հինգ ստեպղինը արգանդի քաղցկեղը կէսի կ՚իջեցնէ։


? Սխտոր.- կիներու վրայ եղած ուսումնասիրութիւններէն ի յայտ կու գայ թէ, անոնք որոնք շաբաթը մէկ անգամէն աւելի սխտոր կ՚ուտեն, մեծ աղիի քաղցկեղէն աւելի քիչ կը վտանգուին, քան անոնք որոնք բնաւ չեն ուտեր։


? Սոխ (դեղին եւ կարմիր).- ասոնք մեծ քանակով quercetin ունին, նիւթ մը որ ժանգահարումի դէմ է, այսինքն ծերութեան դէմ։


? Նարինջ եւ լեմոն.- երկուքն ալ C կենսանիւթ կը պարունակեն որ ծերութեան կը դիմադրէ (antioxidants)։


? Shitake (ճաբոնական սունկ մը).- Ճաբոնի մէջ shitake-ը կ՚օգտագործեն իբրեւ քաղցկեղի դէմ դեղ։ Կը պարունակէ lentinan-ը, որ կը նուազեցնէ ուռերու տարածումը։


? Ելակ եւ արքայամօր (raspberries).- կը պարունակեն elagic acid-ը որ կը փակի կազմախօսական նիւթին (DNA-ին) զայն պաշտպանելու համար քաղցկեղոտ բջիջներէն։


? Իւղոտ ձուկ (salmon, tuna, mackerel, sardin).- ասոնք omega 3 acid-ներ ունին, որոնք կը նուազեցնեն բջիջներու այլափոխումը։


? Ձիթապտուղի ձէթ.- ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ cholesterol-ը թոյն կը դառնայ եթէ թթուածինը հակազդէ։ Ձիթապտուղի ձէթը կը պարունակէ երկու բաղադրութիւն (oleoropein եւ squalene), որոնք կրնան կեցնել cholesterol-ի օքսիտացումը կամ ժանգահարումը։


Ուսումնասիրութիւն մը գտած է, թէ կիներ, որոնք այս ձէթը աւելի կը գործածեն, կը նուազեցնեն կուրծքի քաղցկեղի վտանգը։


? Սուրճ.-ցոյց կը տրուի թէ սուրճը կիներու oestrogen-ը կը բարձրացնէ, աւելցնելով անոնց կուրծքի եւ արգանդի քաղցկեղի վտանգը։


? Միս (կարմիր միս).- կը յանձնարարուի սահմանափակել միսը օրական 100 կրամի, որովհետեւ զօրաւոր փաստեր զայն կը կապակցեն քաղցկեղի հետ։


? Աղը.- աղի գործածութիւնը չի քաջալերուիր, նկատելով որ կը կապակցի ստամոքսի քաղցկեցի եւ սիրտի հիւանդութեան հետ։


? Soya-ի կենսանիւթեր.- ասոնք յանձնարարելի չեն, նկատելով որ շատ phytoestrogen կը պարունակեն, որ կիներու յատուկ հորմոններ են։ Նախընտրելի է բնական soya-ն ուտել։ Մինչ, գիտնականներու ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ “Gurf to Day” – July 19.25, 2002 G. Hodge

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԻնչպէ՞ս վերագտնել առողջութիւնը
Older PostԻ՞նչ է մտային հիւանդութիւնը

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆՅԱՆԻՆ

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

item-thumbnail

Ավարտվեց «Արի տուն» ծրագրի անցումային առաջին փուլը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll