• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ինչպէ՞ս վերագտնել առողջութիւնը

January 23, 2010
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Ինչպէ՞ս վերագտնել առողջութիւնը</FONT>

Maro Nigoghossian


 


How to regain health. Article by Maro Nigoghosian.  


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել



Հազարաւոր դարեր առաջ մարդիկ բնական կ՚ապրէին։ Բնական էին նաեւ ուտելիքները։ Այն ատեն միջավայրը եւ օդն ալ մաքուր էին ու մանաւանդ անբնական ուտելիքներ ալ չկային, ինչպէս՝ շաքար, շոքոլա, cola, hamburger, hot dogs։ Այն ատեն մարդիկ գիտակից էին ուտելիքին ձգած ազդեցութեան մասին եւ երկար կ՚ապրէին եւ հոգիով սրտով ուրախ էին։


5-6000 տարիներ առաջ, Ծայրագոյն Արեւելքի ժողովուրդները նոյն ձեւով կը սնանէին։ Բուսակեր էին։ Յոյժ կարեւորութիւն կու տային ուտելիքներուն, կը յարգէին զանոնք եւ երկիւղածութեամբ կը վարուէին անոնց հետ։ Գիտէին եւ լաւ կը հասկնային թէ իրենց կերածները պատասխանատու էին իրենց խորհելակերպին, զգացումներուն եւ հոգեկանին վրայ։


Մեր ծնունդէն անմիջապէս ետք կը շարունակենք ցկեանս ուտել, օրական 3-4 անգամ։ Ուտելիքը թոյլ կու տայ մեզ մտածել եւ գործել։ Առանց անոր կեանքի թելը կը փրթի։ Ուտելիքները մեր առողջական վիճակին ուղղակի կ՚ազդեն։ Անոնք կարեւոր են կեանքին համար։ Յունաստան, Չինաստան, Հնդկաստան եւ տարբեր վայրեր ներկայիս կամ անցեալին, ուտելիքը ճանչցած են իբրեւ բուժումի բանալին։ Նոյնիսկ արդի բժշկութիւնը, որ մինչեւ հիմա կ՚անտեսէր ուտելիքը իբրեւ բուժումի կամ առողջութեան ազդակ, կը սկսի հասկնալ անոր կարողութիւնները, որոնք են՝ դարմանում եւ խուսափում հիւանդութիւններէ։


Ուտելիքը միմայն չազդեր մարմինին, այլ կ՚ազդէ նաեւ հոգեկանին, բարոյականին եւ անհատականութեան վրայ դրականօրէն կամ ժխտականօրէն։ Օրինակ, յաճախ ընկերներով երբ նստած կ՚ըլլանք եւ կը խօսակցինք, յետոյ ոտքի ելլելով scotch-ի շիշը կ՚առնենք, կը լեցնենք գաւաթներու մէջ ու կը հրամցնենք մեր ընկերներուն եւ հատ մըն ալ մեզի համար։ Երկրորդ գաւաթ մը եւս կը խմենք։ Անմիջապէս տեսանելի փոփոխութիւններ կը սկսին երեւիլ։ Դէմքերը կը կարմրին ու ձեռքերը կարծէք կը դողան։ Կը նկատենք որ շուրջի գոյները աւելի ցայտուն կը դառնան եւ սենեակը կարծէք կը շրջի։ Առանց պատճառի ուրախութիւն կը զգանք։ Հոգեզմայլ վիճակ։ Բազում ցայտուն, բայց անկանոն ներհայեցողութեամբ կը դիտենք կեանքն ու աշխարհը։ Ընկերներուն հետ կը սկսինք մտերմիկ նոր ձեւով մը մօտենալ։ Յետոյ, կը խորհրդակցինք կեանքի մթագոյն խնդիրներու շուրջ…


Քանի մը գաւաթ խմիչքը, հիմնովին կը փոխէ մեր էութեան իւրաքանչիւր երեւոյթը։


Խմիչքը ուտելիք կը սեպուի, բերանէն մտնելով արեան կ՚անցնի։ Նոյնը կ՚ընէ սուրճը, որուն ազդեցութիւնը խմիչքէն թեթեւ է։ Մարմինը կը գրգռէ, մտայնութիւնը կը գրգռէ, ընկերային յարաբերութիւնը եւ զգացումները։ Նոյնը կ՚ընէ նաեւ շաքարը։


Բոլոր ուտելիքները, մանաւանդ անոնք որ ամէն օր կ՚ուտենք, մեր էութեան իւրաքանչիւր երեւոյթին կ՚ազդեն։ Ասոնց ազդեցութիւնները թէեւ անմիջական չ՚ըլլար, բայց վնասն ալ քիչ չ՚ըլլար։


Ուտելիքներ կան, որոնք կը մաքրեն մարմինը, կան որ կը հանդարտեցնեն, կը ծուլացնեն, կը ներդաշնակեն, գործունեայ կը դարձնեն, անհանդարտ կ՚ընեն եւ կը լայնցնեն։ Անհատը կը ստանայ կերածներուն որակը։


Hippocrates-ի օրերուն, արեւմտեան երկիրները նոյն ձեւով կը հասկնային ուտելիքներու ազդեցութեան մասին, որոնք հիմնուած էին չորս գլխաւոր □տրամադրութիւններուն վրայ.- ոգեւորող, բարկացնող, մաղասային (պաղարիւն) եւ մելամաղձոտ դարձնող։


Գիտնալէ ետք թէ ուտելիքը մեծ դեր կը խաղայ մեր ընդհանուր վիճակին վրայ, ուրեմն ի՞նչ ուտել։


Քանի որ մարդը բնութեան մէջ ապրող կենդանի է, ուրեմն հարցին պէտք է մօտենալ դիտելով զայն իբրեւ կենդանի մը, որ կ՚ուտէ։ Դիտել նաեւ անոր միջավայրը, ուր կ՚ապրի։


Sagen Ishizuka (1850-1910) ճաբոնցի բժիշկ մը, որ հիմնած է արդի □մաքրօպիօթիք□ շարժումը։ Դիտած է թէ մարդուն մարսողութեան դրութիւնը ստեղծուած է հունտեր, հատիկներ ուտելու համար։


Մսակեր կենդանիներ, միսը բզքտելու համար սուր ատամներ ունին եւ մեծ ստամոքս մը, միսին protein-ը մարսելու համար։


Մարդը 32 ատամներ ունի, որոնց մեծամասնութիւնը կը յարմարի հատիկներ եւ սերմեր ուտելու։ Մեր քսան ատամները ալիւրի պզտիկ ջաղացքի քարի կը նմանին, իտէալ են հատիկներ աղալու համար։ Իր պզտիկ ստամոքսով եւ երկար ոլորապտոյտ աղիքներով, մարդուն մարսողական կառոյցը կը յարմարի լման carbohydrates (complex) մարսելու համար, քան թէ  protein կամ միս։


Նաեւ Ishisuka կը նկատէ թէ այն շրջապատը, ուր կ՚ապրի մարդը, ամէնէն առատ բուսականութիւնը հացահատիկներն են (cereals)։


Ընդհանուր մարդկային պատմութեան մէջ, մեծագոյն քաղաքակրթութիւնները յատուկ հացահատիկ մը ունեցած են իրենց իբրեւ գլխաւոր ուտելիքը։


Արեւելեան Ասիոյ մէջ ? բրինձ եւ millet, Հնդկաստանի մէջ բրինձ եւ ցորեն, Եւրոպա՝ ցորեն եւ հաճար (rye), վարսակ (oats), Ամերիկա՝ կորեկ, Ափրիկէ՝ millet եւ Sorghum։


Յետոյ Ishisuka կ՚եզրակացնէ թէ լման հացահատիկները առօրեայ ուտելիքներուն 50%ը պէտք է կազմեն եւ աւելցուի տեղական ուրիշ ուտելիքներ, ինչպէս լուբիաներ, բանջարեղէններ, սերմեր, եղանակի պտուղը, ընկուզեղէն, ձուկ եւ տարբեր կենդանականներ։ Հիւսիսային Canada-ի պէս երկիրներ ցուրտ են հացահատիկ ցանելու համար, իսկ Մոնկոլիայի տափաստանները չոր են։


Մարմինը եւ հողը միաձոյլ են։ Կը նշանակէ թէ մարդը եւ բնութիւնը խորապէս իրար հետ կը կապակցին։ Մարդը բնութեան ձեւափոխումն է։ օդը, ջուրը, արեւի ջերմութիւնը, հողին ոյժը ուղղակի կը սնուցանեն եւ կը կազդուրեն զայն։


Հողին հանքային տարրերը բանջարեղէնի փոխակերպուելով, անուղղակիօրէն կը սնուցանեն զայն։


Սա հաշուով, մարդը շարժուն եւ խօսող մէկ տարբերակն է բնութեան, ուր կ՚ապրի։


Ուրեմն, տրուած միջավայրի մը մէջ ի՞նչ պէտք է ուտել, որ մարմինը լաւ աշխատի եւ առողջ մնայ։


Պէտք է ուտել այն, ինչ որ բնականօրէն եւ առատօրէն մեր միջավայրին մէջ կը բուսնի։ Բնութիւնը գթառատ է եւ կը սիրէ։ Կը կերակրէ բոլոր արարածները։ Այնպիսի ուտելիքներ կը հայթայթէ, որ օգտակար է տեղւոյն պահանջքին։ Ինչ որ կը բուսնի մեր ոտքերուն շուրջ եւ մեր մօտ, իտէալ է մեզի համար։


Բարեխառն կլիմաներու մէջ (4 եղանակ) հացահատիկները առատ են, այս երկիրներուն մէջ գլխաւոր ուտելիքը պէտք է ըլլայ հացահատիկը (cereale)։


Այնտեղ ուր հացահատիկ չի բուսնիր, այն ինչ որ կը գտնուի, այդ կ՚ուտուի։ Առողջ եւ ուրախ ըլլալու համար պէտք է յարմարիլ, ներդաշնակուելու համար բնութեան հետ։ Այս կարողութիւնը կարեւոր է։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ Ronald E. Kotzsch, PH.D.-ի գործերը

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostSmile back to the gawky stares!
Older PostԹոյնը պնակին մէջ

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Նախարարը մասնակցեց «Սիրիահայերի և տեղացիների դիմակայունության բարձրացում» ծրագրի պաշտոնական բացմանը

item-thumbnail

Դավիթը գերմանական Նոյ Շտատ քաղաքում ներկայացնում է հայ մշակույթը

item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll