Յիշողութեան դարմանումը (6)

<FONT face=Sylfaen>Յիշողութեան դարմանումը (6)</FONT>

Maro Nigoghossian


 


Memory recovery (6). Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Անհատ մը, երբ արդէն արեան գերճնշումով կը տառապի եւ երբ cholesterol-ն ալ սահմանը կ՚անցնի, ոչ միայն կը խցուին երակները, այլ երկուքը միասին կրնան արագօրէն նեղցնել ուղեղին մանր երակները։ Բոլորովին խցուելէ ետք, հիւանդը ուղեղային mini կաթուածներ կ՚ունենայ, սակայն աննկատ կ՚անցնին։ Երբ հազարաւոր mini կաթուածներ (stroke) կը տարածուին ուղեղին մէջ, հիւանդը կը սկսի յիշողութեան եւ մտածումներու խնդիրներ ունենալ։


Երբ ուղեղին մեծ երակները եւս գոցուին, կաթուածը բացայայտ կը դառնայ, որմէ ետք հիւանդը մարմինին մէկ կողմը տկարութիւն կը զգայ եւ կամ կատարելապէս կը կորսնցնէ խօսելու կարողութիւնը։ Երբեմն մեծ շնչերակներն ալ (carotid asteries), որոնք սիրտը եւ ուղեղը իրար կը կապեն, ասոնք եւս կ՚ազդուին։ Երբ մատները վիզին աջ ու ձախ կողմերը դնենք, շնչերակներու զարկը կը զգանք, այս երակները ուղեղին աջ ու ձախ կողմերը արիւն կը փոխադրեն. ասոնք եւս խցուելու հակում կ՚ունենան հաւասարապէս (atherosclerosis)։ Ձախ կողմի ուղեղը կը կապակցի խօսելու, կարդալու եւ յիշելու հետ, իսկ աջ կողմինը՝ արուեստի գնահատանքի, բանաստեղծութեան, դիրքորոշման եւ ուղղութեան հետ։


Francisco-ի եւ University of California-ի մասնագէտներ, 4019 հիւանդներու սրտի երակները կը քննեն եւ կը գտնեն թէ որոնց որ ձախ կողմի շնչերակները խցուած են, յիշողութեան խնդիրներու հաւանականութիւնը 6 անգամ աւելցած են, քան՝ աջինը։


Նեղցած շնչերակով անհատը ֆիզիքական յստակ ախտանշաններ չի ցուցաբերեր, բացի յիշողութեան կորուստով եւ յստակ մտածելու դժուարութեամբ։ շնչերակներու խցումը յայտնի կը դառնայ հիւանդին կաթուածահար ըլլալէն ետք։


Ջղային դրութեան մասնագէտներ համաձայն են, թէ միջին տարիքին չխնամուած մեծաքանակ cholesterol-ը կործանիչ է եւ դարմանումի կը կարօտի։ Մարդիկ գիտնալով մէկտեղ կը յետաձգեն դարմանումը, որովհետեւ գործերով եւ դժուարութիւններով զբաղուած են։


Երկրորդ, այնքան ատեն որ ցաւ եւ անհանգստութիւն չեն զգար, չեն մտածեր դարմանուիլ։ Անոնք որ սրտի կամ ուղեղի կաթուածով հիւանդանոց կը փոխադրուին, վերոյիշեալ մարդոց դասին կը պատկանին։


Երբ  cholesterol-ը թեթեւ բարձրացում արձանագրէ, կարելի է սննդառութեամբ եւ մարզանքով իջեցնել, բայց երբ չափազանց բարձրանայ, բժիշկը դեղերով կ՚իջեցնէ։


Մասնագէտ բժիշկներ, տասնեակ տարիներով հետաքրքրուած են առողջութեան եւ հիւանդութեան բոլոր մակարդակներու մէջ cholesterol-ի դերով։ Անոնք գիտեն թէ ան ինչպէս սրտի կաթուած կը յառաջացնէ, ինչպէս կը չափեն զայն արեան մէջ, ինչպէս մէկ շաբթուայ ընթացքին կարելի է կատարելապէս դարմանել։


Ներկայիս արդէն գիտեն թէ homocysteine-ը պզտիկ բնական մասնիկ մըն է, որ cholesterol-ի պէս կարեւոր մէկ մասն է մարմինի բջիջներուն։ Այս ալ վտանգաւոր կը դառնայ, եթէ քանակը աւելնայ։ Վերջին լուրը սա է, թէ կապակցութիւն մը կը գտնեն բարձր քանակով homocystein-ի եւ Alzheimer?s հիւանդութեան զարգացումի միջեւ։ Այնպէս կ՚երեւի թէ անոնց մօտ որ homocystein-ը բարձր է, աւելի կը վտանգուին։


Որո՞նց homocystein-ը բարձր է։


Homocystein-ը, amino acidի մէկ մասնիկն է, որ կը ծփայ արեան մէջ։ Amino Acid-ները բոլոր protein-ներու գլխաւոր բաղկացուցիչն են։ Homocystein-ը սովորաբար կը վերածուի ուրիշ amino acidի մը methionin-ի։ Այս փոխակերպումը կը պահանջէ vit.B12։


Vit.B12ի անբաւարարութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ որ homocystein-ի մակարդակը բարձրանայ։ Ասիկա ամէնէն սովորական պատճառներէն մէկն է անոր մակարդակի զարգացման։ Cholesterol-ի նման այս եւս ախտանշաններ ցոյց չի տար։


Ինչո՞ւ կարգ մը մարդաց vit.B12ը անբաւարար կ՚ըլլայ։


Տարեցներու մօտ կը դանդաղի կենսանիւթերու ներծծումը։ Աւելի տարեցները, մանաւանդ 70-80 տարեկանին, կենսանիւթերու մէկ մասը կ՚իւրացնեն միայն, այդ ալ սնունդէն կը ստանան։


Կարգ մը մարդոց ստամոքսին մէջ կը պակսի protein մը, որ սովորապէս կ՚օգնէ vit.B12ի ներծծումի ընթացքը։


Vit.B12ի անբաւարար ծծումը կը պատահի նաեւ throid-ի տկար աշխատանքի հետեւանքով։ Կը պատահի նաեւ այն մարդոց մօտ, որոնք պտուղ, բանջարեղէն եւ չոր լուբիաներ չեն ուտեր։


Արեան պարզ քննութիւն մը կրնայ ցոյց տալ homocystein-ի եւ vit.B12ի մակարդակը։


Ինչո՞ւ բարձրացած homocystein-ը խնդիրներ կը յարուցէ։


Մասնագէտներու վստահութիւնը ամրապնդուած է այն համոզումով, թէ homocystein-ի բարձր մակարդակը հազարաւոր սրտի եւ ուղեղի կաթուած կը հաշուէ։


Homocystein-ը cholesterol-ի պէս կը բորբոքէ երակներու ներքին պատերը եւ որմէ կը յառաջանայ երակներու կարծրացում եւ plaque-ներու կազմութիւն (կարծրացած արեան մանր կտորներ)։ Այս կարծրացած մանր կտորները կը փակեն դէպի սիրտ եւ ուղեղ արեան հոսանքը, որմէ ետք կը պատահի սրտի եւ կամ ուղեղի կաթուածը։


Բժիշկներ կը խորհին թէ homocystein-ը կրնայ բուն պատճառը ըլլալ plaque-ներու կազմութեան (ameloids)։ Գիտնականներ տակաւին կ՚աշխատին մատնացուցել իսկական պատճառը, թէ ինչու homocystein-ի բարձր մակարդակը կը կապակցի դանդաղ յիշողութեան եւ թէ Alzjeimer?s հիւանդութեան հետ։


Իսկութեան մէջ բուն պատճառը homocystein-ը կրնայ ըլլայ, կ՚ըսեն։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ Majid Fotuhi-ի գործերը


Dr. Majid Fotuhi, M.D., Ph.D, is the head of the Center for Memory and Brain Health at Johns Hopkins Medical Center and director of Memory Disorders Unit at Sinai Hospital of Baltimore.