• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Յիշողութեան դարմանումը (5)

January 22, 2010
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Յիշողութեան դարմանումը (5)</FONT>

Maro Nigoghossian


 


Memory recovery (5). Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Մարտ 2002ին, ?New England Journal of Medicine?ի էջերուն մէջ յօդուած մը կ՚երեւի, ուր կը մատնացուցեն մարդիկը, որ աւելի երկար կ՚ապրին մարմնակրթանքի հետեւելով։


Հետախոյզներ կը հետեւին 6213 այրերու կատարած առօրեայ մարզանքներուն եւ անոնց տոկունութեան։ Կը չափեն իւրաքանչիւրին ոտնանիւի վրայ վազքի տեւողութիւնը եւ տոկունութիւնը։


Վեց տարուայ ընթացքին, այր մարդոց 1256 հոգին զանազան հիւանդութիւններու պատճառով կը մահանան։ Ասոնց մեծամասնութիւնը անոնցմէ էին, որոնք չէին կրնար վազել։ Ամէն անգամ որ մէկ վայրկեան աւելի վազէին, մահանալու վտանգը 12% կը նուազէր։


Հարիւրաւոր տարբեր ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն դրական կապակցութիւնը մարմնամարզուելու կարողութեան եւ ընդհանուր առողջութեան միջեւ։


Առօրեայ կանոնաւոր ֆիզիքական գործունէութիւնները կը բարելաւեն արեան շրջանը, սրտի աշխատանքը եւ տրամադրութիւնը, կ՚իջեցնէ cholesterol-ը, կը նուազեցնէ պրկումը եւ կ՚օգնէ նիհարնալու։ Ներկայիս, կը գտնեն թէ մարզանքը կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կը նուազեցնէ ցնորելու վտանգը։


Դանդաղ մարզանքը կամ դանդաղ քալելու կերպը չի բարելաւեր յիշողութիւնը։ Իւրաքանչիւր երկվայրկեանի դանդաղումը, վտանգը կ՚աւելցնէ 1.14 անգամ։ Ասիկա վերջին եւ նոր յայտնաբերում մըն է։


Ֆիզիքական վայելչութիւնը կը բարելաւէ յիշողութիւնը։ ?Canadian Study of Health And Aging?-ը կը պարփակէ 4615 տարեց այրեր եւ կիներ, բոլորն ալ 65էն վեր։


Keneth Rockwood, M.D. եւ բազմաթիւ գանատական նահանգներ կը գտնեն թէ մարդիկ, որոնք աւելի կը մարզուին, աւելի կը նուազի Alzheimer?s-ի վտանգը։ Այս մասնագէտները հինգ տարի սոյն անհատներու գործունէութիւններուն կը հսկեն (1991-92 եւ մինչեւ 1996-97) եւ կը նկատեն 436ին մօտ յիշողութեան թեթեւ կորուստի մը զարգացումը, եւ նաեւ 285 հոգիի մօտ ցնորամտութեան զարգացումը։ Անոնք որոնք կանոնաւոր կերպով ֆիզիքական գործունէութիւններու կը հետեւէին, վտանգը կէսի կ՚իջնէր։


Գալիֆորնիոյ մէջ նոյն ձեւով կը կատարուի երկարատեւ ուսումնասիրութիւն մը 6000 տարեց կիներու վրայ։ Kristine Yaffe M.D., եւ U.L.C.A.-ի իր աշխատակիցները տպաւորիչ առնչում մը կը գտնեն աւելի քալելու եւ աւելի լաւ յիշողութեան կատարումի միջեւ։


Այս հետախոյզները 6-8 տարի կը հսկեն այս խումբին ֆիզիքական գործունէութիւններու մակարդակը եւ անոնց յիշողութեան յառաջացումը եւ կը գտնեն թէ որքան երկար քալէին այս կիները, այդքան աւելի կը նուազէր ցնորամտութեան վտանգը։ Ամէն անգամ որ մղոն մը աւելի քալէին 13% կը բարելաւուէր յիշողութիւնը, բաղդատմամբ անոնց, որնք քիչ կը քալէին։


Jeffrey Kaye, M.D., (Oregon Health And Sience University) կը տեղեկագրէ American Academy of Neurology-ի հանդիպումին Denver-ի մէջ 2002ին թէ նոյնիսկ 70-80 տարեկան մարդոց յիշողութեան կորուստի վտանգը կը նուազէր երբ մարզուէին։


Այս բժիշկը եւ իր խումբը 6 տարի կ՚ուսումնասիրեն նաեւ այրեր եւ կիներ ու կը գտնեն թէ անոնք որոնք եռանդով վարժութիւններ կ՚ընէին կը խուսափէին ցնորումէ։


Այս յայտնագործումները կը քաջալերեն մեզ օգտագործել մարզանքը, որովհետեւ ան ոչ միայն երկար ապրելու համար կրնայ ըլլալ, այլ կեանքի վերջին տասնեակ տարիներուն սրամտութիւնը պահելու համար։


Քանի՞ ժամ յատկացնել մարզանքին։


Ճիշդը ըսելու համար մէկը չգիտեր դեռ, սակայն գիտեն թէ ուղեղի պահպանումին համար որքան երկար ըլլայ ան, այդքան լաւ կ՚ըլլայ արդիւնքը։


Հրատարակուած բոլոր ուսումնասիրութիւններու մէջ յստակ առնչութիւն մը կայ առօրեայ գործունէութիւններու եւ անոնցմէ յառաջացած օգուտի մասին։


American Hearth Association մարդոց կը թելադրէ առնուազն կէս ժամ չափաւոր եւ աշխուժութեամբ մարզանքներ կատարել (ամէն օր)։


Harvard Medical School-ի հետախոյզներ կը գտնեն թէ նոյնիսկ շաբաթ 2.5 ժամ քալելու սովորութիւնը կրնայ իջեցնել 30% սրտանօթային հիւանդութիւնը։


Միշտ ցոյց կը տրուի թէ քալելու սովորութիւնը կ՚իջեցնէ արեան գերճնշումը, կ՚աւելցնէ լաւ cholesterol-ը (HDL), կէսի կ՚իջեցնէ կաթուածի վտանգը, գէր մարդոց շաքարախտը կ՚ուշացնէ, կը նուազեցնէ 30% osteoportes-ի վտանգը, կը նուազեցնէ stress-ը (պրկուածութիւն) եւ կը բարելաւէ յիշողութիւնը։


Անգամ մը որ սկսինք մեր առօրեան ֆիզիքական վարժութիւններով եւ գործունէութիւններով, նոյնը ընել կը մղենք մեր շուրջինները։ Օրինակ ? փոխանակ ժամադրավայրի մը մէջ բարեկամներով սուրճ խմելու, կը ծրագրենք երթալ քալել park-ի մը մէջ։ Փոխանակ ընտանեկան ճաշկերոյթ սարքելու տան մէջ, կարելի է զանոնք հրաւիրել picnic-ի մը կամ առաջարկել մէկ գիւղէն միւսը քալել։
Քալելու սովորութիւնը կեանքի նախասիրութիւնը պէտք է ըլլայ, քանի որ բոլոր մասնագէտները համաձայն են թէ ընդհանուր առողջութեան եւ երկար կեանքի համար քալելը եւ կանոնաւոր մարզանքները օգտակար են։


Հետեւեալ կարգ մը թելադրութիւնները ուշադրութեան արժանացնել.-
Անշուշտ սրտի խնդիրներ ունեցողներ նախ պէտք է խորհրդակցին բժիշկին հետ։
? Մարզանքը հարկ է ըլլայ կեանքի նախասիրութիւնը։
? Նախ թեթեւ մարզանքներով սկսիլ։
? Կամաց-կամաց աւելցնել։
? Հաճելի եւ զուարճալի պէտք է ըլլան։
? Ամէն օր աստիճանը օգտագործել։
? Գործի վայրէն հեռու շարել ինքնաշարժը։
? Մտքին մէջ տեղաւորել, որ երկար եւ ուրախ ապրելու համար մարզանքը անհրաժեշտ է, կը թօթափէ բազմաթիւ հիւանդութիւններ եւ յիշողութեան կորուստը։ Անգործ, հանգիստ կեանքը վտանգաւոր է։


Սակայն հարցը միայն այս չէ։ Ինչո՞ւ միլիոնաւոր մարդիկ, որնք գէր են (obese), լաւ յիշողութիւն ունին։


Գէր ըլլալով չի նշանակեր 65 տարեկանին յանկարծ Alzheimer?s ունենալ։ ? Բազմաթիւ վտանգաւոր ազդակներ միանալով, պատճառ կ՚ըլլան ուղեղի տկար աշխատանքին, ինչպէս բարձր cholesterol եւ homocystein արեան գերճնշում։ Ամենայն դէպս մարզանքով եւ կշիռք կորսնցնելով կը բարելաւուի յիշողութիւնը։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ Majid Fotuhi-ի գործերը


Dr. Majid Fotuhi, M.D., Ph.D, is the head of the Center for Memory and Brain Health at Johns Hopkins Medical Center and director of Memory Disorders Unit at Sinai Hospital of Baltimore. 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՅիշողութեան դարմանումը (6)
Older PostՅիշողութեան դարմանումը (4)

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016

LATEST

item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021
item-thumbnail

Tigranes the Great: a book by Serge Momjian

August 2, 2021
item-thumbnail

A multilingual digital Armenian Diaspora platform (DiasporArm)

May 2, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Հայաստանի 8 հրաշալիքները. երրորդ հրաշալիքը՝ Տաթևի վանքը

item-thumbnail

Summer Course of Armenian Language and Culture in Venice, Italy

item-thumbnail

Ի՞նչ տեսակի ղեկավարներու պէտք ունինք սփիւռքի մէջ. Հրաչ Քալսահակեան

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2022 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll