• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Յիշողութեան դարմանումը (4)

January 22, 2010
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Յիշողութեան դարմանումը (4)</FONT>

Maro Nigoghossian


 


Memory recovery (4). Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Գրգռել եւ զբաղեցնել ուղեղը


Park-ի մէջ քալելու ընթացքին, երբ մեր շուրջը կը դիտենք, ուղեղին բազմաթիւ ջղաբջիջները (neuron) իր տարբեր կողմերէն կը սկսին միասնաբար շարժիլ, մէկ մասը տեսողութեան կողմէն, միւս մասը լսողութեան, իսկ ոմանք ալ ոգեւորում յառաջացնող կողմէն։


Տեսութիւն մը կայ, թէ hippocampus-ը (ուղեղին ետեւը) կարեւոր է յիշողութեան համար եւ վերոյիշեալ հաճելի պտոյտը կը գրգռէ զայն։ Քալելու այս միջոցին, երբ մէկը աղբ կը նետէ մեր վրայ, ուղեղին լսողութեան, տեսողութեան, յուզմունքի եւ ոգեւորող կողմերը յանկարծ կ՚աշխուժանան եւ կը սկսին աշխատիլ անմիջապէս ու իբրեւ ասոր արդիւնք կը գրգռուի hippocampus-ը։ Եկող տարիներուն այս պատահարը չենք մոռնար։


Նոյն օրը, park-ին մէջ կը լսենք թռչուններու ձայնը, կը տեսնենք վազվռտող շուները, կը շնչենք ծաղիկներու բոյրը։ Այս փորձառութիւնը եւս կը գրգռէ ուղեղը, բայց մեղմիւ, այնպէս որ hippocampus-ը զանոնք չարձանագրեր իբրեւ յիշողութիւն։


Յիշողութիւնը գրգռող հնարքը այն է, աւելցնել մեր ուշադրութիւնը եւ ոգեւորումը։ Աւելի ճշդելու համար ? պէտք է տպաւորել hippocampus-ը։


Զօրաւոր յիշողութեան կազմութիւնը բնական կերպով ըլլալու պարագային, առանց ջանք թափելու կ՚իրականանայ։ Օրինակի մը համար ? Օր մը մարդուն մէկը կին մը կը տեսնէ, կը սիրահարուի, ասկէ ետք միշտ կը յիշէ ամէն ինչ, որ այդ րոպէին կը պատկանի։ Անոր աչքին գոյնը, անոր ձայնը, հագուստը, բոյրը։ Այս ոգեւորումը, այս լարուածութիւնը եւ ուշադրութիւնը, լաւ կը տպաւորեն ուղեղը, հետեւաբար՝ յիշողութիւնը (hippocampus-ը)։


Հարկ է երբեմն աւելի ստիպել ուղեղը զբաղիլ կեանքի իրողութիւններով, ինչպէս՝ անուններ եւ հեռաձայնի թիւեր յիշելով։ Ասիկա կ՚իրագործուի ուշադրութիւնը լարելով։ Ուշադրութիւնը կը բարելաւուի նուիրումով, եռանդով, կիրքով եւ յարատեւութեամբ։
Ուղեղը գրգռելու համար բազմաթիւ միջոցներ կան.


1. Ուշադրութիւնը լարել
2. Նօթագրել
3. Յաճախ փորձել
4. Չյոգնիլ եւ stress-էն խուսափիլ
5. Ուղեղը միշտ աշխատցնել
6. Երեւակայութիւնը օգտագործել
7. Կազմակերպել
8. Եւ թէ սկսելու համար ուշ չէ երբեք


Խիստ ուշադիր ըլլալ։ Ասիկա ուշադրութեան ամէնէն ազդու միջոցն է։


Ուշադրութիւնը ընթացք մըն է, որուն միջոցաւ մեր բոլոր զգայարանքով կը կեդրոնանանք մէկ բանի վրայ։ Որքան ուշադրութիւնը լարենք, այնքան զօրաւոր կերպով կ՚արձանագրուի ուղեղին մէջ։


Մէկը երբ կը խօսի, անոր ըսածները յիշելու համար նոյն զօրութեամբ պէտք է կեդրոնանալ։ Այդ պահուն, փորձել անջատուիլ շուրջի մտացրիչ եւ շփոթցնող աղմուկներէն եւ որքան լաւ մտիկ ընենք, այդքան կը դիւրանայ անոնց յիշողութիւնը։ Երբ յօդուած մը կամ գիրք մը կը կարդանք, կը պատահի որ յաջորդ օր չկարենանք բան մը յիշել։ Փորձել, դարձեալ կարդալ, բայց այս անգամ ա՛լ աւելի ուշադիր ըլլալով։


Անջատուիլ կողմնակի մտացրիչ աղմուկներէն։ Ընթերցումը վերջացնելէ ետք փակել գիրքը կամ թերթը եւ մտածել կարդացածի մասին։ Այս մտածումը կ՚աշխատցնէ ուղեղին բազմաթիւ կողմերը։


Երբ լաւ հասկնանք նիւթը, երկար կը պահուի անոր յիշատակը։ Անկարեւոր բաներ յիշելու համար պայման չէ ուղեղը քամել։ Կարելի է նօթագրել։ Բաներ յիշելու համար նօթագրութիւնը վստահելի միջոց է։


Տարբեր օրինակ մը եւս.- 45 տարեկան գրագրուհի մը իր յիշողութեան կարողութիւններով կը զարմացնէր շուրջինները։ Սակայն իրականութեան մէջ բանն այդ չէր։ Party-ներու չգացած, բոլոր հրաւիրեալներուն անունները կը վերատեսէր։ Ինքնաշարժին մէջ կը կրկնէր անունները բազմաթիւ անգամներ։ Հոն, երբ նոր հրաւիրեալներու հանդիպէր, կը ջանար անունները միտքը պահել, յետոյ բաղնիք կ՚երթար նօթագրելու համար կարգ մը տեղեկութիւններ եւ անոնց անունները, գործը, ուրտեղ ըլլալը, զաւակներուն անունները։


Այսպէս նօթագրելով կ՚օգնէր յիշողութեան, կը պահէր այդ թուղթը ու վրայէն աչք մը կը նետէր այն ատեն, երբ ուրիշ party-ի մը մէջ կրնար հանդիպիլ անոնց։


Յոգնութիւնը կ՚աղօտեցնէ յիշողութիւնը։ Այն օրերուն երբ յոգնած կը զգանք, յիշողութիւնը կը դանդաղի։


Այն շրջաններուն երբ չենք կրնար քնանալ կամ սպառած կը զգանք, այդ օր կարելի չէ մեծ բան սպասել յիշողութենէն։ Նոյնիսկ անձնական հեռաձայնի թիւը կը մոռցուի։


Թեթեւ stress-ները կ՚ոգեւորեն ուղեղը, կ՚արագացնեն սրտին զարկերը եւ կ՚աւելցնեն արեան ճնշումը։ Ասոնք կարճ յիշողութիւնը կը սաստկացնեն։ Քրոնիք stress-ը կը փճացնէ ամէնէն կարեւոր օրկանը hippocampus-ը, որ պէտք է յիշելու համար։


Չափազանց stress-էն որքան որ կարելի է խուսափիլ։ Երբ կը պարտադրուինք բոլոր գործերը մէկէն վերջացնել, հաւանական է որ մոռնանք բազմաթիւ բաներ։


Նախ հանդարտիլ եւ յետոյ դատողութիւնը աշխատցնել։ Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ չենք կրնար բռնել։


Ազդեցիկ յիշողութեան բանալին վառ երեւակայութիւնն է։ Մեր մտքին մէջ երբ յստակօրէն առարկաները կը տեսնենք, անպայման զանոնք կրնանք յիշել։


Հետեւեալները կարդալէ ետք փորձել յիշել.- բրինձ, անձեռոց, թէյ, թերթ, հագուստ, կատու, ձուկ, սոխ։


Յիշելու համար որքան որ կազմակերպուինք, այդքան կրնանք թեթեւցնել ուղեղին պրկումը։ Agenda-ներ, օրացոյցներ, փոքր computer-ներ, index card-եր, իւրաքանչիւրը կրնան տարբեր մարդոց օգտակար ըլլալ։ Բազմազբաղ մարդոց համար ?ընել?ներու ցանկը կարեւոր է։


?Ծերացած շան կարելի չէ նոր խաղ սորվեցնել?,? կ՚ըսեն, բայց ճիշդ չէ, երբ գործը յիշողութեան հետ է։


Տարեցներ կրնան զօրացնել յիշողութեան մկանները եւ արդիւնաւորել գործերը, կազմակերպուելով։ Քիչ մը ժամանակի կը կարօտի։ Ծերունիներ կը յուսահատին մտածելով որ շատ ծերացած են արդէն։


Նոր ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ տարեցներ, որոնք կը մոռնան իրենց ինքնաշարժին ուր դրած ըլլալը, ձեւ մը որդեգրելով կրնան ամէն անգամ եւ միշտ գտնել զայն։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ Majid Fotuhi-ի գործերը


Dr. Majid Fotuhi, M.D., Ph.D, is the head of the Center for Memory and Brain Health at Johns Hopkins Medical Center and director of Memory Disorders Unit at Sinai Hospital of Baltimore. 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՅիշողութեան դարմանումը (5)
Older PostՅիշողութեան դարմանումը (3)

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարը պաշտոնական այցով մեկնել է Կիպրոսի Հանրապետություն

item-thumbnail

«Շաբաթվա թեման» հաղորդման հյուրն է պլաստիկ վիրաբույժ Հենրիկ Հարութունյանը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll