
Memory recovery (3). Article by Maro Nigoghosian.
Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*
Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել
Նոր չէ այն գաղափարը թէ ծերութեան ընթացքին, յիշողութեան կորուստին դէմ, ուսումը պահպանիչ ազդեցութիւն կը գործէ։
Միեւնոյն միտքը երեւցած է նաեւ Աստուածաշունչի մեկնութեան մէջ.- ?Ուսումնական մարդիկը որքան ծերանան, իմաստուն կը դառնան, իսկ անուս մարդիկը՝ յիմար?։
1980էն ի վեր, տասնեակներով ուսումնասիրութիւններ, որոնք աշխարհի չորս կողմէն մարդիկ կը պարփակեն, կը մատնանշուի այն իրողութիւնը, թէ կանուխ տարիքէն անուս մնացած մարդոց համար Alzheimer?s հիւանդութեան զարգացումը հաւանական կը դառնայ։
Robert Katsman, M.D. եւ իր աշխատակիցները (University of California in San Diego), կը հսկեն 5055 այրերու եւ կիներու, Shaghai-ի մէջ 1980ին եւ կը գտնեն թէ անուսներու մօտ հինգ անգամ աւելի Alzheimer?s կը զարգանայ, քան high school աւարտողներու մօտ։
Այս կը նշանակէ թէ ուղեղը պաշտպանելու եւ ծերութեան ընթացքին յիշողութիւնը չկորսնցնելու համար, երկրորդական ուսումը անհրաժեշտ կը դառնայ։
Տարբեր ուսումնասիրութիւններ եւս միացնելով պէտք է ըսել, թէ կեանքի առաջին շրջանին ուսման հանդէպ սէրը, կարդալու եւ սորվելու եռանդը կը նուազեցնեն կեանքի երրորդ շրջանի յիշողութեան խնդիրներու վտանգը։ Բայց եւ այնպէս, մեքենաբար հարկ չէ ըսել, թէ անոնք որոնք չեն ուսանած, Alzheimer?s կ՚ունենան։ Բազմաթիւ ազդակներ կ՚ազդեն ուղեղին, ներառեալ cholesterol-ը, արեան գերճնշումը, homocysteine-ը, սննդառութիւնը, մարզանքը կամ ֆիզիքական աշխատանքները, ծխախոտը եւ նաեւ իմացական գործունէութիւնները։
Ծերութեան ընթացքին ուսման մէջ շարունակական հետաքրքրութիւնները նաեւ կը պաշտպանեն ուղեղը յիշողութեան տկարացումէն։
Իմացականօրէն գործունեայ ըլլալու համար հետեւեալ թելադրութիւնները կրնան օգտակար ըլլալ.-
? Հետեւիլ քաղաքական անցուդարձերուն եւ նոյնիսկ արտաշխարհի քաղաքականութեամբ։ Ամէն օր թերթ կարդալ։
? Նախընտրած խաղերու յաղթական խումբին նշանակած կէտերը ուշի ուշով միտքը պահել։
? Մտային հաշիւներ ընել։ Օրինակ, կարենալ գուշակել ծախսերու հաշիւը նախքան խանութպանի յայտարարութիւնը, կամ որքա՞ն կ՚ելլէ վառելանիւթին հաշիւը եթէ պէտք ըլլայ բերնէ բերան լեցնել եւ որքա՞ն կը տեւէ եթէ ժամական 10 մղոն դանդաղ քշենք։ Այսպէս ընել պարզապէս զուարճութեան համար։
? Փորձել հանելուկ լուծել։
? Խաչբառ փորձել։
? Բարեկամներու հետ bridge խաղալ։
Երբ 20 տարի առաջ յիշողութեան կորուստին դէմ ուսման պահպանիչ յատկութիւնը կը հաստատուէր եւ դեռ քանի մը տարիներ առաջ եւս կը գիտցուէր ժամանցի խաղերու, ընկերային գործունէութիւններու արդիւնաբեր կիրարկումները, որոնք Alzheimer?s-ի վտանգին առաջքը կ՚առնէին։
Անոնք որոնք հետաքրքրական, հաճելի մարդոց խումբերու հետ իրենց ժամանակը կ՚անցընեն, կը կարծուի թէ կրնան պահել իրենց մտային կարողութիւնները, քան անոնք որոնք տունը նստած TV կը դիտեն։
Yaakof Stern, PH.D. եւ իր գործակիցները (Columbia University College of Phisicians and Surgeons in New York), վերջերս ուղղակի կապակցութիւն մը գտած են պարապոյ ժամերու գործունէութիւններու եւ մտակորուսման վտանգի նուազումին միջեւ։
Եօթը տարի 65էն վեր մարդոց հարցուած է անոնց պարապոյ ժամերու մասին, արդեօք հիւսելով եւ տարբեր նախասիրութիւններով կ՚օգտագործէի՞ն ժամանակը եւ քալելով, զբօսապտոյտներով, այցելութեան երթալով, cinema երթալով, դասերու մասնակցելով, ճաշարան երթալով, մարզական խաղերու յաճախելով, բարեսիրական կամ կամաւոր գործեր կատարելով, թուղթ կամ bingo խաղալով, եկեղեցի երթալով, magazine-ներ եւ թերթեր կարդալով։ Ի վերջոյ կը նկատուէր, թէ մտաւորական գործերով զբաղողները աւելի կը յառաջանային յիշողութեամբ, քան անոնք որոնք կը պարապէին ֆիզիքական եւ ընկերային գործերով։
Dr. Jones 75 տարեկան կին գիտնական մըն էր բարձր cholesterol-ով, արեան բարձր գերճնշումով, շաքարախտով կը տառապէր, սիրտը բաւարարապէս չէր աշխատեր, սակայն կը սիրէր հիւրասիրել եւ զուարճանալ։ Յաճախ գործակիցներով, բարեկամներով եւ ազգականներով խնճոյք կը սարքէր, թղթախաղի ատեն անոնց հետ կը խնդար։
Հակառակ իր ունեցած վտանգաւոր ազդակներուն եւ երկարապատում դեղերու ցանկին, գիտակցական կորուստի հետքեր չունէր, շնորհիւ ոգեւորիչ կենցաղին, դրական կեցուածքին եւ ընկերային յարաբերութիւններուն։
Տարբեր ուսումնասիրութիւն մը նաեւ ղեկավարուած է Robert Friedland, M.D.-ի կողմէ (Cleveland Ohio)։ Կը յարաբերին 193 Alzheimer?s հիւանդներու ընտանիքներու հետ, հասկնալու համար ցնորած այս ծերերու երիտասարդութեան նախասիրութիւններու եւ գործունէութիւններու մասին։
Ուսումնասիրողներ կը տեղեկանան այս հիւանդներու մտային, ֆիզիքական եւ առօրեայ պարզ գործունէութիւններու մասին, երբ դեռ 20-30 տարեկան էին եւ նաեւ երբ միջին տարիքին էին (40-50 տարկեան)։
Նոյն հարցումները կը կրկնուին տարբեր խումբի պատկանող այրերու եւ կիներու, որոնց տարիքը միջին հաշուով 70-71 տարեկան էին։
Դուրս կու գայ որ անոնք որոնք կեանքի ընթացքին անգործունեայ կամ կրաւորական կեանքի ոճով ապրած են, օրինակ TV դիտելով, եօթանասուն տարեկանին վտանգը 3.85 անգամ աւելցած է։
Հակառակ այս խումբին, տարբեր մարդիկ կանուխ տարիքէն, իմացական զանազան գործունէութիւններու մասնակցած են, խուսաբած են յիշողութեան խնդիրներէն։
Այս անհատներէն ոմանք, իրենց 40-45 տարեկանին աւելցուցած են մտային զբաղումները, իսկ ուրիշներ 30էն վեր, սկսած են ծուլանալ եւ երկար ժամեր անցընել TVի դիմաց։
Ուսումնասիրութիւններ կը գտնեն, թէ անոնք որոնք կանուխէն գործունեայ կեանք կը վարեն, 70 տարեկանին Alzheimer?s հիւանդութեան զարգացումը կը տկարացնեն, իսկ անոնք որոնք ծոյլ կեանք կը վարեն, կը բազմապատկուի վտանգը։
Alzheimer?s-ի վտանգը կէսի իջեցնելու համար հետեւեալները նկատողութեան առնել.-
? Արդիւնաւոր գործեր ? պարտէզ հոգալ, տունը մաքրել, եփել-թափել, վճարովի աշխատիլ, կամաւոր գործեր, կարել, crochet ընել, հիւսել, եւայլն։
? Մտային աշխատանքներ – թերթ կամ գիրք կարդալ, գրել, ուսումնասիրել, իւղաներկել, գծել, խաչբառ լուծել։
? Ընկերային գործունէութիւններ.- թատրոն երթալ, նուագահանդէսներու երթալ, ճամբորդել, թղթախաղ խաղալ, ժողովներու մասնակցիլ, միութեան մը անդամակցիլ։
? Ֆիզիքական գործունէութիւններ.- լողալ, քալել, մարզուիլ։
? Կրաւորական գործունէութիւններ.- TV դիտել, ձայնասփիւռ մտիկ ընել (radio)։
* Օգտագործուած աղբիւր՝ Majid Fotuhi-ի գործերը
Dr. Majid Fotuhi, M.D., Ph.D, is the head of the Center for Memory and Brain Health at Johns Hopkins Medical Center and director of Memory Disorders Unit at Sinai Hospital of Baltimore.