• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Յիշողութեան դարմանումը (2)

January 22, 2010
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Յիշողութեան դարմանումը (2)</FONT>

Maro Nighoghossian


 


Memory recovery (2). Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Տասնեակ տարիներ առաջ հետախուզողներ գիտէին թէ homocystein-ի բարձր մակարդակը վտանգաւոր կերպով կը զարգացնէր □յիշողութեան տկարութիւնը□, սրտի եւ ուղեղի կաթուածը։ Միայն կը մնար այն հարցը, թէ արդեօք բարձրաքանակ homocystein-ը նոյնպէս կը կապակցէ՞ր Alzheimer?s հիւանդութեան հետ։


2002ին, երկար սպասուած պատասխանը երեւցաւ յօդուածով մը □New England Journal of Medicine□ ազդեցիկ թերթին մէջ։


Այս ուսումնասիրութեան մէջ, Sudha Seshadri, M.D. եւ Boston University-ի գործակիցները ութը տարի ղեկավարեցին ուսումնասիրութիւն մը 1092 տարեցներու վրայ։


Այս մարդիկը 1948էն ի վեր մաս կը կազմէին երկար տարիներ պահանջող ուսումնասիրութիւններու շարքի մը, որոնց կը հսկէր Harvard Medical School-ի հետախուզողներու խումբը։


Տասնեակ տարիներով այս մարդոց արեան ճնշումը եւ cholesterol-ի մակարդակը չափուած էր կանոնաւոր կերպով եւ անոնց կենցաղը եւ սովորութիւնները մանրամասնօրէն արձանագրուած էին։ Այս մարդոց միջին տարիքը 76 էր եւ յիշողութեան դժուարութիւններ չունէին։


Seshadi-ի ղեկավարած այս ուսումնասիրութեան սկզբնաւորութենէն ութը տարի ետք, ասոնցմէ 111 հոգի ցնորեցան։


Dr. Seshadi-ի խումբը սկսաւ քննել անոնց արեան մէջ homocystein-ի քանակը եւ Alzheimer?s-ի վտանգաւոր զարգացումը։ Ի յայտ եկաւ, որ անոնք որոնց մօտ homocystein-ի քանակը բարձր էր, երկու անգամ աւելի վտանգուած էին Alzheimer?s հիւանդութենէն, քան անոնք, որոնց homocystein-ը բնական մակարդակի վրայ էր։


Homocystein-ի իւրաքանչիւր հինգ աստիճան բարձրացման,  Alzheimer?s-ի վտանգը 40% կ՚աւելնար։


Այս շրջանին սոյն արդիւնքները ուշագրաւ կը դառնային, քանի որ չէր սպասուեր արեան մէջ amino-acid-ի մը (homocystein) կապակցութիւնը ցնորամտութեան հետ (dementia)։ Ի վերջոյ, այս հետախուզումներէն ի յայտ կու գար, որ մարդոց տարիքը որքան յառաջանար, homocystein-ը այդքան կ՚աւելնար։


65-60 տարեկանին, homocystein-ի մօտաւոր մակարդակը 11.5, իսկ 90-95 տարեկանին 22.3 կը բարձրանայ։ Այս քննութիւնները կը թելադրեն, թէ homocystein-ը կրնայ պատճառ ըլլալ տարեցներու ցնորամտութեան։


Բարձրաքանակ homocystein-ի հետ միաժամանակ, երբ կ՚ընկերակցի vit.B12ի եւ folate-ի անբաւարարութիւնը, կրնան կրկնապատկել գիտակցութեան կործանումի վտանգը։ Այս 2 կենսանիւթերը տարբեր դերեր ունին մարմինի բջիջներու հետ։ Օրինակ, vit. B12-ը գլխաւոր բաղկացուցիչն է այն ծեփին կամ ծածկոյթին, որ կ՚անջատէ ջիղերու ճիւղաւորումը եւ կը պաշտպանէ զանոնք տարբեր քիմիականներէ։


Այս ծածկոյթը կամ ծեփը կը նմանի ելեքտրական թելի վրայ փաթթուած plastique-ին։ Ասոնք կարեւոր են մասնաւորաբար երկար ու բարակ ջիղերու ճիւղաւորումներու համար, անջատելու զանոնք կ՚ապահովեն որ տեղեկութիւնները արագ եւ ճշգրիտ կերպով սահին մէկ neuronէն (ջղաբջիջ) դէպի միւսը։


Անոնք որոնց մօտ vit.B12ի մակարդակը ցած է, յոգնած կը զգան, կը վհատին եւ յիշողութիւնն ալ կը վատանայ։


Տարեցներ աւելի կը վտանգուին անբաւարար vit. B12ի եւ բարձրացած  homocystein-ի պատճառով։ Յիշողութեան խնդիրներ երբ կը սկսին, արեան քննութիւններ անհրաժեշտ կը դառնան։ Ուրեմն, բացայայտելու եւ գիտնալու համար ուղեղի դանդաղ աշխատանքին եւ անբացատրելի տկարութեան պատճառները, check-up-ի պէտք է ենթարկել։


Բուսակեր մարդիկ, որոնք ուշադիր են իրենց սննդառութեան, հարկադրուած են check-up-ի երթալ, որովհետեւ յաճախ յոգնած կը զգան, շաքարախտէ կը տառապին, կամ լեզուն կը կարմրի։
Անոնք որոնք ստամոքսաղիքային գործողութեան ենթարկուած են, vit. B12ը չեն կրնար դիւրաւ ներծծել։


Ինչպէս որ կարելի է դիւրաւ իջեցնել cholesterol-ը, նոյնպէս եւ  homocystein-ի դարմանումը դիւրին է։


Հիւանդը երբ կը սրբագրէ vit.B12ի, B6 եւ folate-ի պակասը, ամիսը մէկ անգամ B12ի ներարկումը անհրաժեշտ կը դառնայ։


Չզարմանանք երբ մեզ յաճախ կը թելադրուի հաւասարակշիռ սննդառութիւն մը, որովհետեւ ասոնք, այսինքն՝ պտուղները, բանջարեղէնները, հատիկները, կուտերը կը նուազեցնեն սրտի կաթուածը եւ լաւ վիճակի մէջ կը պահեն ուղեղը։


Տկար կենսանիւթերով, իւղոտ սննդառութիւնը կը կապակցի արեան գերճնշումին եւ mini կաթուածներու հետ եւ որոնք փաստացիօրէն կը նպաստեն յիշողութեան կամ գիտակցութեան վատթարացումին։


Հետախոյզներ վճռակամօրէն կը հաստատեն թէ անոնք որոնք առողջարար ուտելիքներով կը սնանին, կրնան խուսափիլ գիտակցութեան կորուստէն։


Եօթանասունէն վեր, 1600 մարդոց սննդառութիւնը ուսումնասիրելէ ետք, այն ինչ որ հետեւցուցած են Իտալիոյ Nutritional Institute հետախոյզները, տեղեկագրած են European Journal of Clinical Nutrition-ի մէջ Դեկտ. 2001ին։


Բոլոր անոնք որոնք առողջարար ուտելիքներով սնած են, գիտակցութեան խանգարումներ չեն ունեցած։ Իսկ անոնք որոնք տկար սննդառութեամբ ապրած են, քննութիւններու ընթացքին 3 անգամ աւելի տկարութիւն ցուցադրած են։


Բազմաթիւ են այն ուսումնասիրութիւնները, որոնք կ՚ըսեն թէ մարմինին մէջ որեւէ կենսանիւթի պակաս՝ յիշողութեան կը վնասէ եւ կը զարգացնէ Alzheimer?s-ի ախտերը։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ Majid Fotuhi-ի գործերը


Dr. Majid Fotuhi, M.D., Ph.D, is the head of the Center for Memory and Brain Health at Johns Hopkins Medical Center and director of Memory Disorders Unit at Sinai Hospital of Baltimore. 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՅիշողութեան դարմանումը (3)
Older PostԵրեք տարի ետք՝ Հրանդ Տինքին յիշելով

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

item-thumbnail

Հայաստանի 8 հրաշալիքները. Հինգերորդ հրաշալիք. Հաղպատի վանական համալիրը

item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll