• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Երեք տարի ետք՝ Հրանդ Տինքին յիշելով

January 20, 2010
A+ A-
Email Print
Երեք տարի ետք՝ Հրանդ Տինքին յիշելով

Hrant Dink in Egyptian souvenir shop


Գրեց՝ Յարութ Էքմանեան


Եթէ այսօր Հրանդ Տինք մեզի հետ գտնուեր, ի՞նչ կը մտածեր Թուրքիոյ մէջ կատարւող ներկայ իրադարձութիւններուն մասին, որոնք կապ ունին փոքրամասնութեան իրաւունքներուն հետ: Կամ ի՞նչ կը մտածեր Աղթամար կղզու Սուրբ Խաչ եկեղեցիի վերանորոգման մասին, օրինակի համար:


Եթէ ան այսօր մեզի հետ ըլլար, ինչ կ'ըսեր հետ նախագահական ընտրութիւններու Հայաստանեան իրավիճակին մասին: Եթէ ան այսօր խօսեր, ի՞նչ կ'ըսեր Օպամային, Թուրքիոյ եւ Սփիւռքին տարեկան ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրերուն:


Եթէ այսօր Հրանդ Տինք մեզի հետ գտնուեր, ի՞նչ կը մտածեր կատարուած ֆութպօլային դիւանագիտութեան մասին, եւ ինչ կ'ըսեր մեզի Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման, ստորագրուած փաստաթուղթերուն եւ փակ սահմանին մասին…


Միայն եթէ մեզի հետ ըլլար… Այս կամ այն պարագային եթէ Հրանդը ըլլար, ի՞նչ կ'ըներ արդեօք:


Այլեւս, կարօտաբաղձութենէ աւելի, Հրանդ Տինքը շատերու համար դարձած է այդ իւրօրինակ տիպարը, որուն մարդիկ կը ձգտին նմանիլ: Ան այնքան այլախոհ եւ անկանխատեսելի մէկն էր, որ յաճախ շատ դժուար կ'ըլլար անոր որոշ խմբաւորումի մը կամ հոսանքի մը մէջ դասելը:


Իր ամբողջ կեանքը վկայութիւններու շարան մըն էր իր գաղափարներուն եւ հաւատացած արժէքներուն համար տարած պայքարին: Սկսած երիտասարդ տարիքէն տեսած եւ ապրած անարդարութիւններուն դէմ ըմբոստութենէն, հասնելով մինջեւ ?Ակօս?ի հիմնադրութեան եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու համայնքային պահպանողական ճնշումներուն, մահէն հազիւ քանի մը տարի առաջ տակաւին նոր անցագիր ստանալու եւ ճամբորդելու թուլատրութեան, խօսքի ազատութեան համար ստացած դատապարտութեան, երկու հասարակութիւններու միջեւ կամուրջ ըլլալու աշխատելով հանդերձ երկու կողմերէն ալ իրեն ուղղուած նախատինքը, վերջապէս յարատեւ սպառնալիքներու տակ աղաւնիի պէս սարսափահար վերջին օրերը եւ թուրք ազգայնամօլ ուժերու կողմէ սպաննութիւնը:


Անոր նպատակը միայն խաղաղութիւնն էր, արդարութեան վերականգնումը, առանց նաեւ ուրիշին ալ չարիք պատճառելու, վերջապէս՝ ան կ'ուզէր կոտրել ոխի շարանը: Այս շաբաթ հարցազրոյցի մը ժամանակ Պոլսահայ մտաւորական Բագրատ Էսդուգեան կ'ըսէր. ?Մահէն առաջ, երբ ան սկսած էր արտերկրի մէջ խորհրդաժողովներու հրաւիրուիլ եւ զանազան հայկական գաղութներու հետ շփում ունենալ, անոնք մեծ զարմանքով կ'ընդունէին զինքը, որովհետեւ ան կը պատմէր թէ թուրքերը իրենց նման մարդիկ են, սակայն պետութիւնն է որ ֆաշիստ քաղաքականութիւններ կը վարէ: Այս մէկը անընդունելի էր սփիւռքահայոց համար, որոնք թուրք ժողովուրդը եւ պետութիւնը մէկ աչքով կը դիտեն:?


Երբ Ֆրանսան Ցեղասպանութիւնը ոճիռ համարող օրէնքը ընդունեց, ան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ մէջ պիտի յայտարարէ որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է, իսկ Ֆրանսա պիտի երթայ եւ հոն յայտարարէ թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած…


?Այսպիսի օրէնքներու մասին տեսակէտս շատ ռոմանթիկ կարելի է համարել,- կ'ըսեր Հրանդ Հոկտեմբեր 2006-ին հարցազրոյցի մը ընթացքին- բայց տեսակէտէս չեմ հրաժարիր: Ես կը կարծեմ, որ մինչեւ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ աշխարհն ալ Թուրքիոյ նման երկերեսանիօրեն կը վերաբերի: Աշխարհը այս իրականութեան մասին շատոնց գիտէ, այդ ժամանակ անոնք իրենց դերակատարութիւնը եւ ազդեցութիւնն ալ ունեցան: Այժմ` տասնամեակներ անց, երբ Ֆրանսան կը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, կարծիքովս այստեղ բարոյական որեւէ դիրքորոշում չկայ: Ասիկա բնաւ բարոյական կեցուածք մը չէ, որովհետեւ այս գործը Թուրքիոյ հետ հարաբերութիւններուն մէջ որպէս յաղթաթուղթ կ'օգտագործուի: Որպես Հայ, ինծի համար ծանր է, երբ ողբերգութիւնս միջազգային թատերաբեմերու վրայ որպէս քաղաքական յաղթաթուղթ կ'օգտագործեն…?


Յաճախ կ'ըսեն, թէ փրկիչին վերջաւորութիւնը իր երկրպագուներուն կողմէ մտրակուիլն է: Ժամանակ մը, իսկապէս ալ, ոմանք անարդարաբար սկսած էին արդէն զինք որպէս դաւաճան պիտակելու, բայց հազիւ սպաննութիւնը վրայ հասաւ, ան անմիջապէս հրչակուցաւ ?1.500.001-երորդ? զոհը…


Հրանդ յաճախ կոչ կ'ուղղեր Սփիւռքին որպէսզի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ ապարդիւն օրինագիծեր որոնելու փոխարէն այդ երկերներուն համոզեն, որ Հայաստանին Եւրոմիութիւն ընդունին: Ան կ'ըսեր, թէ պէտք է յիշեցնել անոնց իրենց պատմութիւնը եւ պատասխանատւութիւնները, որովհետեւ այսօրուայ իրավիճակին մէջ անոնք ալ իրենց բաժինը եւ մեղքը ունին: Սփիւռքը պէտք է կարողութիւնը ունենայ ըսելու՝ գոնէ ասիկա ըրէք: Եթե այսօր Հայաստանը Եւրոմիութեան անդամ ըլլար, Թուրքիան ոչ թէ անոր, այլ Եւրոպային շրջափակման ենթարկած կը համարուեր:


Տակաւին անցեալ շաբաթ Յարութ Սասունեանը իր շաբաթական սիւնակին մէջ կը գրեր, թէ Պուլղարիան անցեալի կոտորածներուն համար հատուցման նման պայմաններ կը քննարկեր Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան համար: Հրանդին ըսածին դառնալով, եթէ Սփիւռքը այդ տասնեակ օրինագիծերուն փոխարէն աշխատեր Հայաստանի ԵՄ անդամակցութեան, այսօր Հայաստանը, Պուլղարիոյ նման, ինքը նախապայմաններ դնելու դիրքին մէջ կը գտնուէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման համար, ոչ թէ հակառակը, ինչպէս որ է իրավիճակը այսօր:


?Ես մարդ մըն եմ, որ կը հասկնամ իմ ժողովուրդիս ապրած ցաւը եւ կը կրեմ այս բերը:? Այսպէս կը բացատրէր Հրանդ Տինք իր տէսակէտը: Ան իր համոզումներն ու գաղափարները պաշտպանելու ատեն հաշուի առած էր մինչեւ ծայր երթալ, զոյգ մը ծակ կօշիկներով գետին փռուելու ի գին…


Միայն եթէ ան մեզի հետ ըլլար այսօր…


Հալէպ, Յունուար 19, 2010

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՅիշողութեան դարմանումը (2)
Older PostՆոր տարուան առաջին պահերը հայկական մթնոլորտի մէջ

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

«Իմ երազանքապնակը բազմազան ու գունեղ էր, սակայն չէի մտածում, որ երգիչ կդառնամ». Ուսկե Շաբաբյան

July 10, 2020
item-thumbnail

Գինեկոլոգիա. Ինտիմ պլաստիկան և ցուցումները

July 2, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ի՞նչ տեսակի ղեկավարներու պէտք ունինք սփիւռքի մէջ. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

«ՔԱՅԼ ԴԵՊԻ ՏՈՒՆ» ծրագրի հյուրընկալ ընտանիքների համար նախատեսված հայտադիմում

item-thumbnail

New book about the Armenian Velvet Revolution by political analyst Stepan Grigoryan

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll