Նոր տարուան առաջին պահերը հայկական մթնոլորտի մէջ

Նոր տարուան առաջին պահերը հայկական մթնոլորտի մէջ

New year celebrationsԱյս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, ազգային վարչութիւնը կազմակերպեց նոր տարուան առաջին պահերը միասնաբար տօնելու եւ հայկական ոգիով դիմաւորելու խրախճանք:


Պէտք է ըսել որ ամանորի խրախճանքը լաւ մթնոլորտի մէջ անցաւ եւ կրցաւ հինգ հարիւրէ աւելի հայեր մէկտեղել Տուպայի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ (Festival City Intercontinental Hotel) 31 Դեկտեմբեր 2009ին:


Ներկաները հասկցան թէ կարելի է Տուպայի մէջ ալ 90% հայկական երգացանկի կատարում վայելել՝ հայերէն երգերուն նախապատուութիւն տուող մթնոլորտի մը մէջ: Հանդիսութեան հայկական նկարագիրը զգալի էր, ի տարբերութիւն նոյն վարչութեան կողմէ կազմակերպուած տարեկան պարահանդէսին, որ օտարներու գերակշիռ ներկայութեան պատճառով եւ հեւասպառ դրամահաւաքի հարկադրանքին տակ կորսնցուցած էր իր հայկական դիմագիծը:


Դառնալով նոր տարուան խրախճանքին, պէտք է նշել թէ ճաշերուն որակը այնքան ալ բարձր չէր, հաւանաբար տոմսին գինը մատչելի պահելու համար: 


Sevag BedourianԵրգիչ Սեւակ Պետուրեան ոգեւորեց ներկաները իր աշխոյժ կատարումներով (լսել Սեւակի վերջին խտասալիկէն երկու երգ այստեղ): Կաղանդ պապան նոյնքան եւ աւելի աշխոյժ անձ մըն էր, որ կրցաւ փոքրերուն կողքին նաեւ չափահասներուն ալ ուշադրութիւնը գրաւել:


Կազմակերպական ընթացքը ընդհանուր առմամբ լաւ էր, հակառակ որ երբեմն ? երբեմն այնպէս կը թուէր թէ սեղաններու ճշդումէն զատ, միւս բոլոր մանրամասնութիւնները հիւրանոցի վարչութեան եւ երգիչին հայեցողութեան ձգուած էին:


Ականջի փսփսուքներով տեղի ունեցան կարգ մը նուիրատուութիւններ (այսինքն նուիրատուն տուեալ պահում կը մօտենար բեմին վրայ գտնուող վարչական պատասխանատուին եւ անոր ականջին կը փսփսար իր գումարը)


Պատին վրայ մեծ ելեկտրոնային պաստառ մը զետեղուած էր՝ Հայաստանէն նկարներ ցուցադրելու համար: Դժբախտաբար, ժամեր երկարաձգուող ձեռնարկին ընթացքին միմիայն երկու աղքատիկ նկարներ հերթականօրէն կը ցուցադրուէին՝ ձանձրոյթ եւ երբեմն ալ զայրոյթ յառաջացնելով դիտողներուն մօտ:


Եղան կարգ մը կողմնակի անախորժութիւններ, որոնցմէ կարելի է յիշել այլ երկիրէ ժամանած հայ ընտանիքի մը նկատմամբ ցուցաբերուած անբարեացակամ վերաբերմունքը: Խնդրոյ առարկայ հիւրը խոստացաւ մեզ տեղեկութիւններ փոխանցել շուտով իր հետ պատահած միջադէպին մասին:


Ամէն պարագայի, ձեռնարկը իր ամբողջութեան մէջ ողջունելի էր՝ միասնական ոգին պահպանուած էր եւ բոլորը յարգանքով տրամադրուած էին իրարու նկատմամբ:


Նման ձեռնարկներ կրնան վարժեցնել մեզ յարգել այլ հոսանքի պատկանող հայերը՝  վերատեսութեան ենթարկելով զանազան հայրենասիրական խրախճանքներու ընթացքին անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած, անտեսելու կամ նսեմացնելու դիտումնաւոր եւ երբեմն ալ սովորութեան կարգին անցած փորձերը: 


A group of people attending the event