• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Օտարանալու լաւագո'յն տարիքը

March 12, 2010
A+ A-
Email Print

 


Վրէժ-Արմէն


Օտարանալ՝ կարելի է ամեն տարիքի, ի հարկէ: Կայ, սակայն, մարդու կեանքին մէջ յարմարագոյն պահը օտարանալու…


Բայց նախ յստակացում մը անհրաժեշտ է: Նոյն բանը չէ մեր աւանդական օտարամոլութիւնը եւ օտարանալու ձգտումը: Առաջինին մասին շատ է գրուած: Յակոբ Պարոնեան, մեր անմահ երգիծաբանը, շատ լաւ նկարագրած է մեր այդ բարեմասնութի՜ւնը. – ?Չեմ կրցած ըմբնել, թէ օտարին թերութիւնը իբրեւ առաւելութիւն եւ տգեղութիւնը իբրեւ գեղեցկութիւն տեսնելու աչքի տկարութիւնը ինչպէս մուտք գտած է մեր մէջ։


Կ՛ընդունիմ, որ մարդս կ՛ընդօրինակէ ուրիշներէն ինչ որ բարի է, գեղեցիկ է, ճշմարիտ է, ասիկա օտարութիւն չի սեպուիր. բայց կարծել, թէ ինչ որ օտար է՝ բարի է, գեղեցիկ ու ճշմարիտ, ա՛յս է ահա օտարամոլութիւնը, որ կարծես մեր արեան մէջ բաժին մը ունի?։


Ուրիշ է օտարանալ ուզե՛լը, օտարանալը՝ սեփական ազգութենէն պարպուիլը եւ տարբեր ազգութեամբ մը լեցուիլը. երբեմն ալ՝ այդ ալ չյաջողելով՝ ազգութենէ զուրկ, անհոգի, դատարկ մարմնի մը վերածուիլը:


Ճիշդ է, թէ օտարամալութիւնը եւ թէ օտարատենչութիւնը նոյն աղբիւրէն կը սնանին՝ ստորակայութեան զգացումէն, սեփականէն ամօթ զգալու եւ ուրիշինէն հրապուրուելու հիւանդութենէն, սակայն երկրորդը առաջինէն մէկ քայլ ալ անդին կ՚անցնի: Օտարացողը կը յաւակնի թօթափել իր բնածին բոլոր թեփերը, թերութիւնները եւ տկարութիւնները, եւ օժտուիլ ուրիշին փետուրներով, առաւելութիւններով ու կարողութիւններով, մինչ օտարամոլը պարզապէս հիացմունք կ՚ունենայ անոնց վրայ…


Օտարանալու լաւ ձեւը անշուշտ առաջին հերթին հայութենէն ֆիզիքապէս հեռու մնալն է – երկրի, թաղի, բնակարանի ընտրութիւնը կրնայ մեծապէս նպաստել ադոր. չունենալ հայ դրացիներ, հայ թաղեկիցներ, հայ համաքաղաքացիներ՝ չհանդիպելու համար ոեւէ հայու… Նկատի առնելով մեր այնքան ցրուածութիւնը, ասիկա քիչ մը դժուար է, բայց կարելի':


Երկրորդ հերթին, եւ բնականաբար աւելի ազդեցիկ է հոգեպէս մեկուսացումը հայութենէն – չհետաքրքրուիլ հայութեամբ, չհետեւիլ հայութեան լուրերուն, ներկայ չըլլալ հայկական ձեռնարկներու, եւայլն, եւայլն: Այս ալ կրնայ որոշ դժուարութիւններ ներկայացնել, քանի որ թէկուզ տարին մի քանի անգամ հայու մը մասին, կամ Հայաստանի մասին լուրի մը կարելի է հանդիպիլ տեղական մամուլին մէջ, կամ հեռատեսիլէն ու ձայնասփիւռէն: Պէտք չէ կարդալ կամ դիտել, ունկնդրել նման լուրերը, որպէսզի յանկարծ կայծ մը չվառի, վերադարձի նշոյլ մը չփայլի, առնչութիւն մը չզգացուի արմատներուդ հետ…


Օտարանալու ձգտումը կրնայ մէկ անգամէն ու յանկարծ չյառաջանալ: Ժամանակը իր դերը կրնայ խաղալ, կեանքի պայմանները, յաջողութիւնները, որոնք կրնան շլացնել մեզ ու հետզհետէ քաշել, դուրս բերել մեր հայութենէն, հայկականութենէն: Կրնանք մեր կեանքը սկսած ըլլալ ?եան?երով շրջապատուած, ու աւարտել առանց որ մէկ հատիկ ?եան? կաթիլ մը արցունք թափէ մեր գերեզմանին վրայ:


Սակայն, նման պարագաներու ալ կիրարկելի կը դառնայ օտարանալու լաւագոյն տարիքի վարկածը, եւ եթէ ոչ մեր, գէթ մեր զաւակներո՛ւն պարագային կարելի է զայն ի գործ դնել այժմէն իսկ:


Այդ՝ երկրորդական վարժարան յաճախելու տարիքն է: Արբունքի շրջանը: Ադկէ աւելի յարմար պահ չկայ մարդու կեանքին մէջ օտարանալ կարենալու համար – 13-էն 18-ի միջեւ:


Այդ ատեն է, որ միջավայրը իր ամենէն խորունկ ազդեցութիւնը կը թողու պատանիին զարգացման վրայ: Օտարանալու համար, աւելի ճիշտ՝ զաւկին օտարացումը ապահովելու համար պէտք չէ թոյլ տալ, որ այդ տարիքին ան հայկական վարժարան յաճախէ, ամենօրեա'յ վարժարան:


Այդպէս միայն կարելի է վստահ ըլլալ, որ ան պիտի փրկուի հայ ընկերներով շրջապատուելու, հայութեան հետ առօրեայ շփում ունենալու վտանգներէն:


Պարոնեան օտարամոլութեան կը վերագրէր զաւակը օտար վարժարան ղրկելու ունակութիւնը՝ ենթադրելով որ հայկական վարժարանի մէջ տրուած ուսումէն բոա՜րձր ուսում կը ծախուի օտարին քով… Բայց ոչ, օտարամոլութիւն չէ՛, օտարատենչութի՛ւն է ատիկա։


Օտար վարժարանի մէջ հայերէնը շուտով պիտի դադրի ձեր զաւկին առօրեայ հաղորդակցական լեզուն ըլլալէ, եւ չգործածուելով՝ մոռացութեան մատնուի, եթէ երբէք իւրացուած էր առաջին հերթին:


Այնտեղ հայ մշակոյթը որեւէ ձեւով պիտի չխաթարէ իր ?օտար?ի դիմագծի կերտումը, հայոց պատմութիւնն ու կրօնը պիտի ի զուր չխճողեն իր գանկը, որ ամբողջութեամբ տրամադրելի պիտի ըլլայ լեցուելու օտար ?գինի?ով՝ մինչեւ հարբեցում:


Երկար ժամանակ պիտի չառնէ՝ որդեգրելու ուրիշին բարքերը, ուրիշին սովորութիւնները, որոնք ինչ ալ ըլլան, մերիններէն նախընտրելի պիտի թուին օտարացման ճամբէն հեշտութեամբ ընթանալու համար:


Պատմութեան բեռը թօթափելով ուսերէն, ձեր զաւակը պիտի դառնայ ազա՜տ ու անկա՜խ, նոյնիսկ ձեզմէ ալ պիտի ուզէ ձերբազատուիլ, եթէ հայու որեւէ հետք կամ հոտ նկատէ ձեր վրան:


Ոհ, այն ատեն հարիւր առ հարիւր յաջողած պիտի ըլլաք:


Որոշումը՝ ձերն է: Ձե'ր կամքով: Մէկ կամ միւս ուղղութեամբ: Զգոյշ՝ չկայ միջին ճամբայ…


Հորիզոն, Գանատա, 25 Յունուար 2001 (1595)

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostThe Armenian, Assyrian and Greek genocides: An inconvenient truth
Older PostKhaleej Times interviews Guy Manoukian

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Նախարար Մնացականեանին ելոյթը BBC կայանէն. Հրաչ Քալսահակեան (Տեսանյութ)

item-thumbnail

Ավստրալահայ ընտանիքը հայրենադարձվել Հայաստան

item-thumbnail

Սփյուռքահայ Ժիրայր Բաբազյանը ներկայացրեց իր նոր պիեսը

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll