Աւելի լուրջ եւ ծրագրաւորուած աշխատանքի ժամը հնչած է:
Hrach Kalsahakian underlines the need for revising the administrative work in providing assitance to the Aleppo Armenians, so that the aid reaches the really needy people, in the right time and with the application of the most effective methods, making use of lessons learned from the past year's experience.
Հրաչ Քալսահակեան
Ազատ-Հայ
Տարիէ մը ի վեր Հալէպի մէջ ընդարձակ շերտ մը կազմուած է, որ նիւթական անմիջական օժանդակութեան կարիք ունի, մանաւանդ սննդամթերքի եւ այլ կարեւոր կենցաղային պէտքեր ապահովելու համար:
Նախորդ ժամանակահատուածին, երբ Հալէպահայ համայնքը դէպքերու արագընթաց զարգացումներուն ընտելացած չէր, կարելի չեղաւ օժանդակութեան բաժանումը կազմակերպել անհարժեշտ բծախնդրութեամբ կամ մասնագիտութեամբ: Ի հարկէ, կատարուած աշխատանքը գնահատելի է որպէս սկզբունք, մանաւանդ որ, երկար տասնամեակներէ ի վեր, համայնքը առաջին անգամ ըլլալով, այսպիսի ծանր իրավիճակի դէմ յանդիման կը գտնուէր:
Կարիք կայ, սակայն, կազմակերպական աշխատանքի էական վերանայումի, տեղեկատուական համակարգի ու տուեալներու համալրումի, ինչպէս նաեւ ներդաշնակ գործընթացներու կիրարկումի, որպէսզի տրամադրուած օժանդակութիւնը հասնի ճիշդ ժամանակին, իսկապէս կարիքաւոր անձերուն եւ յարմարագոյն եւ բարոյապէս ընդունելի ձեւերով:
Անցեալի յոռի երեւոյթներէն կարելի է նշել հետեւեալները՝
– Մարդիկ մէկէ աւելի անգամ այցելած են գրասենեակ, օժանդակութիւն ստանալու համար:
– Անտեղի խճողումներ արձանագրուած են գրասենեակներուն առջեւ:
– Վիրաւորական խօսքեր փոխանակուած են՝ ջղագրգիռ պայմաններու տակ:
– Ոչ կարիքաւոր բազմաթիւ (իսկապէս բազմաթիւ) անձեր ստացած են կենցաղային օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ նիւթական նպաստ:
– Երկու կամ երեք տարբեր միութիւններէ կամ աղբիւրներէ նոյն անձինք ստացած են օժանդակութիւն:
– Շատեր շինծու տեղեկութիւններ տրամադրած են:
Եւ շատ մը այլ պարագաներ, որոնք թերեւս աննշան մանրամասնութիւններ համարուին, բայց անոնց քննարկումը, գործնական տեսանկիւնէ դիտուած, մեծ արժէք կրնայ ներկայացնել:
Այս նոր հանգրուանին առջեւ, երբ համայնքը, նոյնանման եւ աւելի կարիքներ անգամ մը եւս գոհացնելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի (մանաւանդ ձմեռնամուտին), պէտք է միասնական ջանքերով անցեալի սխալներէն օգտուիլ եւ նոր թափով վերսկսիլ մարդասիրական գործունէութիւնը:
Պէտք է, մանաւանդ վարչական գետնի վրայ, պատասխանատու եւ ճշգրիտ աշխատանք ձեռնարկել, արժեւորելու իսկական պէտքերը ու կազմելու կարիքաւոր անհատներու եւ ընտանիքներու արժանահաւատ ցանկեր:
Քահանաներ, հոգաբարձուներ, թաղականներ, վարչականներ, կուսակցականներ, միութենականներ… ունինք հսկայ բանակ մը պաշտօնի հրաւիրուած մարդկանց, որոնք իրենց ճիգերով կրնան կեդրոնացնել առատ տեղեկութիւններ հայ համայնքի անհատներուն եւ ընտանիքներուն նիւթական կարողութիւններուն մասին: Պէտք է ներդաշնակ կերպով օգտագործուին սոյն տեղեկութիւնները, յանուն հաւաքականութեան բարիքին, յարգելով անհատներու եւ ընտանիքներու անձեռնմխելի իրաւունքները:
Նման մօտեցում, ոչ միայն կարեւոր է ներքին կազմակերպական արդիւնաւէտութեան տեսանկիւնէ, այլեւ անհրաժեշտ հիմք կրնայ ծառայել, նիւթական յաւելեալ օժանդակութիւն խնդրելու աշխարհացրիւ հայութենէն:
Շնորհակալութիւն բոլոր անձնուրաց աշխատողներուն:
Աւելի լուրջ եւ ծրագրաւորուած աշխատանքի ժամը հնչած է: