Who is Christian?
Archbishop Norayr Bogharian describes in bullet points who is the real Christian, according to his understanding of religion.
Text in Armenian
Քրիստոնեայ է այն մարդը`
Որ արդարամիտ է ամէնուն հանդէպ,
Որ անիրաւութիւն չ'ըներ,
Որ ագահութիւն չ'ըներ,
Որ մէկ չորցած ճիւղի համար ծառը արմատէն չի կտրեր,
Որ վարդը չ'արհամարեր անոր ունեցած փոշերուն պատճառաւ,
Որ բարձրագոյնը նուաստագոյնին չի զոհեր,
Որ իր կեանքին համար կ'ընտրէ լայնահորիզոն վերելքի ճամբան,
Որ գողութիւն չ'ըներ,
Որ իրեն վստահուած գաղտնիքը չի հրապարակեր,
Որ իր հոգիի քաղցր գինին չի փոխեր դառն քացախի,
Որ ծառան չի դառնար դրամի,այլ տիրաբար կը գործածէ զայն բարի նպատակներու,
Որ իրեն տրուած բարիքներուն հանդէպ երախտագիտութիւն կը ցուցնէ,
Որ անմեղերը չի զպարտեր,
Որ տիեզերքի վեհութեան հանդէպ հիացում եւ բնութեան գեղեցկութեան հանդէպ սէր ունի,
Որ նուիրական բաները թեթեւութեամբ չ'անարգեր,
Որ գիտէ իր ժամերը առաւելագոյն չափով օգտակար ու հաճելի դարձնել,
Որ պատկառանքով կը կենայ բնութիւնը վարող օրէնքներուն ցուցադրած իմաստութեան դիմաց,
Որ միշտ դէպի լաւագոյնը կը ձգտի,
Որ իր լեզուով մարդ չի վիրաւորեր,
Որ մարդ չի խաբեր,
Որ կը յարգէ իր խոստումը ,
Որ խարդախութիւն չ'ըներ,
Որ իր խղճին ձայնը լռութեան չի դատապարտեր,
Որ ուրիշներունիրմէ առաջ տնկած արդիւանաւէտ ծառերը կը խնամէ,
Որ խղճամիտ է,
Որ կը ծառայէիր ընկեր մարդուն,
Որ չարամիտ ծաղրանքով իր նմանները չի վշտացներ,
Որ իր օրերը ծուլութեամբ ի զուր չի վատներ,
Որ իրաւունքը կաշառքին չի զոհեր,
Որ կեղծաւորութիւն չ'ըներ,
Որ չի փակեր իր աչքերը փաստելու համար թէ աշխարհի մէջ լոյս գոյութիւն չունի,
Որ հրաշքի կարօտ չէ,
Որ հանրութեան շահը կը գերադասէ իր անձնական շահէն,
Որ համբերատար է,
Որ հաւատարիմ է,
Որ իր հոգին իր մարմինին ծառայ չըներ,
Որ ուրիշներու գործին անտեղի միջամտութիւն չի կատարեր,
Որ չի հայհոեր,
Որ իր նեղ օրերուն չի յուսահատիր,
Որ կ'ընդունի իր յանձանքը,
Որ ուրիշներու յանձանքներուն ետին չ'ապաստանիր,
Որ յոռետես չէ,
Որ յօնք շինելու յաւականութեամբ աչք հանելու սխալը չի գործեր,
Որ իր սրտին մէջ նախանձ չի սնուցաներ,
Որ առատութեան մէջ չի շուայտանար,
Որ ուրիշներու բարեյաջող գործերը տեսնելով կ'ուրախանայ,
Որ որկրամոլութիւն չ'ըներ,
Որ կը նախընտրէ ուղիղ քանակը ծուռ քանակէն,
Որ չարախօսութիւն չ'ըներ մարդոց մասին,
Որ իր ականջները չի բանար բամբասանքի առջեւ,
Որ կը խորշի ամէն տեսակ չափազանցութիւններէ,
Որ իր ունեցածէն բաժին կը հանէ չունեցողներուն,
Որ չարագործներուն չի միանար,
Որ չքմեղանքներ չի կատարեր իր յանձանքները վրայէն նետելու համար,
Որ երկու չափ եւ երկու կշիռ չի գործածեր,
Որ իր պարտականութիւնները չ'անտեսեր,
Որ պատիւը չի փոխեր փառքի հետ,
Որ ստախօսութիւնը կ'ատէ,
Որ կը ջանայ սփոփել լացողը,
Որ վնասակար մարդերը չի քաջալերեր,
Որ իր ունեցած տաղանդը կ'արժեւորէ լիուլի,
Որ չի տրտնջեր իր տաղանդին տարաողութեան դէմ,
Որ լոկ ի ցոյցս մարդկան չի կատարեր իր գործերը,
Որ չար ցանկութիւններ չի սնուցաներ,
Որ քսութեան խօսքերով մէկը միւսին դէմ չի թշնամացներ,
Որ կ'օգնէ իր ընկեր մարդուն,
Որ իր բերանը օրհնութեամբ կը բանայ:
Նորայր Արք.Պօղարեան