Azad-Hye
Hagop Kortmosian writes about the recent developments in Kessab after 4 days of the relocation of the Armenian population from Kessab to Latakia.
He says: “According to media sources some 600 families have taken refuge in Latakia… For those who are concerned about Kessab and Kessabtzis it would be good if they find ways to be useful to the population. They can do this by being realistic. Sentimental approaches are respected, but not accepted now”.
Kortmosian refers to those who write on social media and different websites and urges them to verify their information source and check if it corresponds with the reality. He suggests avoiding sensational titles and content that raise baseless hopes or cause widespread disappointment.
“If they talk with Kessabtzis relocated in Latakia”, Kortmosian says, they need “to be considerate towards their psychological situation”.
Գրեց՝ Յակոբ Քորթմոսեան
Արդէն չորրորդ օրն է Քէսապի զարգացումներուն եւ տակաւին ոչ մէկ բան յստակ է, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ զարգացումներուն հետեւանքը, ի՞նչ կրնայ պատահիլ եւ ինչի՞ կրնայ յանգիլ։
Իրականութիւնը սակայն այն է, որ Կիլիկեան հայկական վերջին հողատարածքը հայաթափուեցաւ։ Իսկ ի՞նչ պիտի բերեն յաջորդող օրերը, ոչ ոք գիտէ։ Իրար հակասող լուրերը, անսպասելի զարգացումները, մութ անկիւններու մէջ առնուած որոշումներն ու քայլերը մեզ բոլորս կը դնեն անելի մը դիմաց։ Տակաւին, թրքական բացայայտ օժանդակութիւնն ու մասնակցութիւնը զինեալներու Քէսապ ներխուժումին կու գան ապացուցելու, թէ տակաւին թուրքը չէ փոխուած:
Այսքանը զարգացումներու մասին, որովհետեւ նպատակս զարգացումներու մասին քննարկում կատարել չէ։
Ցաւալին սակայն այն է, որ զարգացումներու առաջին օրէն իսկ տարբեր-տարբեր պատասխանատու մարմիններ, լրատուամիջոցներ, կայքեր, դիմատետր օգտագործող անհատներ, բաւական մեծ տարողութեան լուրեր եւ քննարկումներ կատարեցին վերջին զարգացումներու մասին։ Մեծաւ մասամբ ոգեւորուած գրութիւններ տեղադրուեցան թրքական միջամտութեան մասին, արձագանքներ լսուեցան կառավարամէտ եւ հակակառավարամէտ կողմերէ, քննարկումներ թէ քէսապցիները ի՛նչ կրնային ընել, կամ եթէ այսպէս վարուէին աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ այնպէս ընէին տարբեր ելք կ՛ունենար, եւայլն։
Մէկ խօսքով, Քէսապի զարգացումներն ու հայաթափումը մարդիկ խաղաքարտի ու դրամագլուխի վերածած, իրենց ձիերը առաջ կը տանին։
Իրապաշտօրէն եթէ մօտենանք այս խնդիրին, բոլորս ալ պիտի հասկնանք թէ այս զարգացումները քէսապցիներէն շատ աւելի վեր են, եւ իրենք իրենց կամքով չէ որ թողուցին Քէսապը։ Չեմ ուզեր աւելի խօսիլ այս ուղղութեամբ, հասկցողները արդէն լաւապէս կը հասկնան թէ խօսքը ինչի մասին է։
Էականը հիմա սակայն քէսապցիներու ներկայ եւ յետագայ օրերուն վիճակն է։ Ըստ լրատուամիջոցներու մօտ 600 ընտանիքներ ապաստանած են Լաթաքիա։ Վստահաբար բոլորիս ալ փափաքն է, որ շուտով ելքի մը հասնին վերջին օրերու զարգացումները, որպէսզի յստակ ըլլայ թէ ինչ որոշումներու եւ քայլերու դիմեն քէսապցիները։ Լաւ պիտի ըլլայ բոլոր անոնք որոնք մտահոգուած են Քէսապով ու մանաւանդ քէսապցիներով, մտածեն թէ ի՛նչ ձեւով կրնան օգտակար ըլլալ քէսապցիներուն։ Մտահոգուողները իրապաշտօրէն թող մօտենան այս խնդիրին, զգացական մօտեցումները յարգելի են, բայց այս պարագային ո՛չ արդարացուցիչ։
Ի վերջոյ, լաւ պիտի ըլլայ որ ուշադիր ըլլան բոլոր անոնք որոնք տեղեկութիւններ կը տեղադրեն դիմատետրի կամ տարբեր կայքերու վրայ, ճշգրիտ տեղեկութիւններ ըլլան եւ կամ նուազագոյնը ճշմարտութեան համապատասխանող տեղեկութիւններ։ Մանաւանդ լաւ պիտի ըլլայ ՄԵԾԱՏԱՌ ինչ-ինչ վերնագիրներ չդնել, յոյս կամ հակառակը յուսախաբութիւն պատճառող անհիմն տեղեկութիւններու վրայ։
Մանաւանդ երբ անոնք որոնք կապ կը պահեն Լաթաքիա ապաստանած քէսապցիներուն հետ, ազնիւ թող ըլլան հասկնալու քէսապցիներու ներկայ հոգեվիճակը՝ տուն-տեղ ձգած, գալիքի մասին անտեղեակ, մէկ խօսքով անորոշ վիճակի մատնուած, եւ երբ հարցումներ ուղղեն անոնց, տրուած պատասխանները անմիջապէս չհրապարակեն որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն, այդպիսիով քէսապցիներուն օգուտ չէ որ կ՛ընծայեն, ընդհակառակը՝ վնաս։
Աւելին, լաւ պիտի ըլլայ որ ներկայ իրավիճակը ինչպէս վերն ալ յիշեցի դրամագլուխի չվերածուի։