Մանուէլ Քէշիշեան
Ազատ-Հայ
?I am Charlie but I am also the one who killed Charlie. I am Hrant Dink and the one who toppled him down. I am the son of an Armenian who was subjected to the Genocide and a Turk who deported me. I am the son of a people subjected to Holocaust and a German soldier who burned me in an oven?.. ?, says Manuel Keshishian and continues naming dozens of parallels. ?And before anything else, I am Spartacus the slave, who struggled with all of them for the sake of FREEDOM; I am his heir?, he states.
?I am the one who is tramping down on all sacredness and the one who is fighting for everything sacred?.
?Whom I should condemn?,? Keshishian wonders before formulating an answer:
I am going to blame myself. Because: I am ?you? and you are ?me?, and we are both HUMAN BEINGS. I am Charlie and?
Ես Շարլին եմ եւ Շարլին Սպաննողը:
Ես Հրանդ Տինքն եմ եւ զայն զգետնողը:
Ես Ցեղասպանւթեան ենթարկուած Հայու զաւակն եմ եւ զիս տարագիր դարձնող թուրքը:
Ես Հոլոքոսթի ենթարկուած ժողովուրդի զաւակն եմ եւ զիս փուռի մէջ այրող գերմանացի զինուորը:
Ես այն օդաչուն եմ որ Հիրոշիման ու Նաքազաքին ռմբակոծեց եւ Հիրոշիմայի այն բնակիչն եմ, որ մինչեւ հիմա կը կրէ աթոմի պայթումին հետեւանքները:
Ես Ափրիկէի զիրար ոչնչացնող ցեղախումբերու զաւակն եմ, եւ Նիու Զէլանտացի բնիկն եմ ես:
Ես յունական քաղաքակրթութիւնը ստեղծողն եմ, Հելենիստը, բուրգերը կառուցողը, եւ Պաղտատի ձեռագիրներով Եփրատի ջուրերը սեւ գոյնի վերածող մոնկոլ-թաթար-սելճուգը:
Ես Ներոնն եմ, Հոլաքոն, Սթալինն եմ եւ Հիթլէրը, ու զանոնք տապալողները:
Արիստոտելն եմ, Շէյքսփիրը, Կանտին:
Քօնֆօշիոսն եմ, մարդասէր Պուտտան, Քրիստոսն եմ եւ զինք խաչողը, ես նաեւ իսլամութիւնը տարածողն եմ:
Դեռ Րօտէնն եմ ես իր մտածող իմաստուն քանդակով եւ Պուտտայական քանդակները ոչնչացնող Թալիպանն եմ
Ես Եինկ Եանկի սեւն եմ իր սպիտակով եւ սպիտակն եմ սեւով:
………
Եւ այս բոլորէն առաջ, եւ այս բոլորին հետ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ համար մարտնչած ստրուկ Սպարտակն եմ ես, անոր ժառանգորդը:
………
Բոլոր սրբութիւններու անունով բոլոր սրբութիւնները կոխկռտողն եմ ես ու սրբութիւններուն համար մարտնչողը:
Ու հիմա ծունկի եկած եմ, կքած, տարակուսած, ինքզինքս չհասկցած: Ինչո՞ւ այսքան անիմաստ կռիւ կը մղեմ ինքզինքիս դէմ, ինչո՞ւ կը բզքտեմ մարմինս, սիրտս, հոգիս. Կը մասնատեմ ինքզինքս, կը փոքրանամ, կը վերածուիմ մասնիկներու, համայնքներու, իրար միս ուտող թայֆաներու…
Ինչո՞ւ: Յանուն ազգի՞, յանուն տէմոքրաթիայի՞, յանուն կրօնական հաւատալիքի՞, յանուն գաղափարներո՞ւ:
Սո՛ւտ եւ կեղծի՛ք: Որովհետեւ գործադրուած միջոցները կը մոռցնեն նպատակը, կ'արժեզրկեն անոր իմաստն ու արժէքը:
Յանուն այս կամ այն երկրի տնտեսական շահի՞:
Դարձեալ սո՛ւտ, դարձեալ կեղծիք: Որովհետեւ տուեալ երկրի բնակիչները անմասն պիտի չմնան, ստեղծուած սպանդէն՝ անոնց զաւակները պիտի պատերազմին, անոնց քաղաքներուն մէջ եւս պայթիւններ պիտի լսուին, աւեր եւ մահ պիտի սփռեն, սարսափի պիտի մատնեն անոնց խաղաղ բնակիչները եւ ի վերջոյ պիտի գիտակցին որ նոյնքան ալ իրենք վնասած են, եւ ?առեւտուրը? հանրագումարի բերելը իրենց վնասները աւելի ցցուն պիտի նշէ քան շահ կարծուածները:
Ես կուչ եկած եմ եւ կ'ամչնամ ինքզինքէս. ինչպէ՞ս իմ մէջս՝ մէջէս ծնունդ առած են անցեալի հաւատաքննիչներ, ներկայի Պէն Լէտէններ, Զաուահիրիներ, Օպամաներ.. Օլանտներ, որոնք բոլորն ալ կը շահագործեն իմ մարդկային վեհ զգացումներս ու զիս ոճրագործ կը դարձնեն՝ աւելի ճիշդ զիս մանկուց որպէս ոճրագործ կը դաստիարակեն, կը շատնան ոճրագործները, որոնք հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը սպաննեն, ոճրագործներ, որոնք քաղաքակրթութիւններ կը քանդեն, ոճրագործներ, որոնք իմ մարդկայնութիւնս կը փորձեն սպաննել, ոճրագործներ, որոնց սպաննելու ձեւը կը տարբերի միայն. ի՞նչ է, եթէ դուն օդանաւերով կը ռմբակոծես, կը կարծես որ կը տարբերի՞ս ցուցադրաբար մորթողէն:
Իմ մարդկային մասնիկներս չեն գիտակցիր որ իրենք ոճրագործներ են, անոնցմէ ոմանք կը հաւատան որ իրենք ազատութեան մարտիկներ են, ուրիշներ կուրօրէն կ'ենթարկուին իրենց տրուած հրահանգին, վստահ ըլլալով որ սրբազան առաքելութիւն մը կը կատարեն: Չեմ կրնար մոռնալ անձնասպանական արարք մը փորձած եւ ինքնաշարժը պայթեցնել ձախողած Ճիհատիստ մը. իրեն հարց տուին.
-Դուն խղճի խայթ չե՞ս ունենար, չէ՞ որ ինքնաշարժդ սովորական, ոչ զինուորական, մարդոց մէջ պիտի պայթեցնէիր:
Ահաբեկիչը այնքան ինքնավստահօրէն պատասխանեց, որ ինծի սարսուռ պատճառեց: Ան ըսաւ.- Ինչո՞ւ խղճի խայթ պիտի ունենամ, եթէ մեռնողները մեղաւորներ են՝ գրողի ծոցը, իսկ եթէ արդար հաւատացեալներ ըլլան, ես զիրենք օգնած կ'ըլլամ շուտ դրախտ երթալու…
Ես կը մնամ կուչ եկած, որովհետեւ կը սարսափիմ իմ մասնիկներուս կռիւ-կռուըտուքներէն. Մէկ մասը տէր է ամենաքանդիչ ռմբարկուներու, միւս մասը ոչինչ ունի անոնց դէմ դնելիք, բայց անպարտ է, որովհետեւ չի վախնար մահէն, չի վախնար անձնասպան ըլլալէ եւ սպաննելէ: Որովհետեւ ինք հաւատացած է՝ եթէ անձնասպան ըլլայ կամ սպաննուի դրախտ պիտի երթայ, եւ անոր հաւատքը կոյր է ու անսասան, եւ ի զուր կը փորձեն անոր հակառակորդները անոր արարքին մէջ վայրկեանական թմրադեղի ազդեցութիւն գտնել:
Իմ մասնիկներուս պատերազմ-կռիւները կը բզքտեն հոգիս, կ'անդամահատեն մարմինս, որ կը թուլնայ, եւ ես կը վախնամ որ օր մը պիտի դադրիմ գոյութիւն ունենալէ այս հրաշք երկրագունդին վրայ՝ իմա տիեզերքին մէջ: Իսկ ես կ'ուզեմ ապրիլ, ազատ ապրիլ, ազատ խօսիլ, առանց վախնալու որ իմ ազատ խօսքս կրնայ վիրաւորել ուրիշը: Ես նաեւ կ'ուզեմ ազատօրէն երկրպագել իմ Աստուծոյս, առանց կասկածելու որ ոեւէ մէկը կը ծաղրէ իմ հաւատքիս հիմքը դնողը:
Զո՞վ դատապարտեմ, .-Ինքզինքս:
Որովհետեւ.- Ես ?դուն? եմ`դուն ?ես?, եւ ես ու դուն ՄԱՐԴ ենք:
Ես Շարլին եմ եւ…
Հալէպ, 11 Յունուար 2015