• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Բոլորիս Հայրենիքը

December 25, 2014
A+ A-
Email Print
<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Բոլորիս Հայրենիքը</FONT>


 


Manuel Keshishian describes the dilemma facing Syrian Armenians before and during their stay in Armenia, the difficulties they encounter and mostly the psychological obstacles that burden their presence, until they take the decision to become ?Armenians?, instead of holding composite identities.


?We should psychologically transform and become Armenians. That is the real issue,? he concludes. 


Գրեց Մանուէլ Քէշիշեան


Ազատ-Հայ


Հայաստան ժամանակաւոր գացած բարեկամս կ'ըսէ.


-Երբ Երեւանի փողոցներէն կը քալեմ, զարմանալի անհանգստացնող վիճակ մը կ'ապրիմ.  հայախօս օտար ժողովուրդի մը մէջ եմ, կը թուի:


– Թաքսի կը նստիս… բոլոր վարորդները արցախեան ազատամարտիկներ եղած են… մինչեւ որ քեզմէ 1000 դրամ առնեն, 600ի փոխարէն…


Այս բարեկամիս ճշմարտախօսութեան չեմ կասկածիր, չեմ կասկածիր նաեւ իր հայրենասիրութեան, ազգանուէր մարդ ըլլալուն, գիտեմ նաեւ որ ինք զգացմունքներու գերի մարդ մը չէ, ընդհակառակը հաւասարակշռուած եւ ճիշդ դատողութեան տէր անձնաւորութիւն մըն է, հետեւաբար կ'ենթադրեմ թէ չափազանցուած չեն իր խօսքերը, որոնք խոր ցաւով կ'ըսուին, եւ ինծի ալ նոյնքան խոր ցաւ կը պատճառեն:


Թաքսիի վարորդները ամէն տեղ քիչ մը նման են իրարու, Հալէպի մէջ եւս դեռ խնդիրներէն ալ առաջ հազար ու մէկ պատմութիւններ կը հնարէին մի քանի ղրուշ աւելի գանձելու համար, իսկ հիմա տուն ունեցող-չունեցող… անտուն է: Արցախեան ազատամարտիկ ըլլալն ալ պարզ սնապարծութիւն մըն է, նիւթականին հետ հոգեկանն ալ կը փայփայէ. գրականութենէն եւ մեր մեծ հայրերէն չե՞նք գիտեր, բոլորը Անդրանիկի զինուորներն էին:


Էականը հայախօս ?օտար? ժողովուրդն է:


Քսան երեք տարեկան նորաւարտ ճարտարապետ տղայ մը կը ճանչնամ. այս հալէպահայ երիտասարդը Երեւանի մէջ ուսման աւարտած օրը լաւ աշխատավարձով աշխատանքի անցաւ: Ինքն է պատմողը.


-Ճաշարանի մը մէջ նարկիլէ պատրաստող երիտասարդի մը հանդիպեցայ, Հալէպէն եկած էր:


-Ինչպէ՞ս ես,- հարցուցի:


– Լաւ չեմ,- պատասխանեց.-Եղբա՛յր, չեն ձգեր որ բան մը ընես, ամէն տեղ մաֆիա…,- աւելցուց:


…Ուրեմն նարկիլէ բերող սպասեա՞կն ալ մաֆիային հետ գործ ունի: Կը կասկածիմ ու խոր ցաւ կը զգամ:


Հալէպի մէջ շատ են Հայաստան երթալ ուզողները. ասոնց մեծ մասին համար Հայաստանը ժամանակաւոր կացարանի մը արժէքը ունի, որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն որ Հայաստանի մէջ կենսամակարդակը ցած է, միւս կողմէ գիտեն նաեւ որ քանի մը հազար տոլարով կրնան Շուէտ հասնիլ, ուր շուտով իրենց ծախսած ճանապարհի, մանաւանդ ապօրինի, ծախսերը ետ գանձած պիտի ըլլան եւրոպական այս հիւրընկալ պետութենէն, մինչ Հայաստանի մէջ մաֆիա կայ, Հայաստանի մէջ առաջին օրէն պէտք է աշխատին, Հայաստանի մէջ ամէն ինչ սուղ է… Եւ այս ամէնը գիտեն նաեւ պատանի զաւակները հալէպցիներուն, ծնողքը զանոնք իրազեկ դարձուցած են որպէսզի իրականութիւնը իրենցմէ լսած ըլլան, ընկեր-ընկերուհիներուն կեղծ ու պատիր գովասանական խօսքերը չլսեն…


Ու դուն եթէ պատանիներուն հարցնես Հայաստանի մասին, հետեւեալ կամ նման պատասխաններ կրնաս ստանալ.


-Հայաստանը մաֆիաներու երկիր է:
-Հայաստանը խաբեբաներու երկիր է
-Հայաստանը չափազանց սուղ երկիր է
-Հայաստանը պտտելու համար լաւ է:
-Հայաստանը ապրուելիք տեղ չէ:


 …Կամաց կամաց այս կարծիքները  համընդհանուր համոզում կը դառնան:


-Գիտե՞ս ինչն է հարցը,- կ'ըսէ Երեւանաբնակ, քսաներեքամեայ հալէպահայ ճարտարապետը եւ առանց պատասխան սպասելու կ'ամբողջացնէ իր միտքը.


-Մենք Սուրիոյ մէջ սուրիացի չկրցանք ըլլալ, չմերուեցանք տեղացիներուն հետ…սուրիահայ մնացինք .. հոս ալ նոյնն ենք, չենք ուզեր ՀԱՅ դառնալ, կ'ուզենք սուրիահայ մնալ:


Հալէպէն ամէն օր Պէյրութ գացող կայ: ?թուղթերը? պատրաստած է, ?Հայ Տուն?ի միջոցաւ Գանատա պիտի երթայ, կամ ալ չես գիտեր ուր, Հայաստան գացողներ ալ կան բայց այս վերջինները վստահ չեն, հոն պիտի մնա՞ն, թէ…


Ես,  հո՛ս Հալէպի մէջ նստած, չեմ կրնար Հայաստան գացածերուն բոլոր դժուարութիւնները իմանալ, սակայն իրականութիւն մը կայ,  ո՛ւր որ երթանք այդ տեղացիէն լաւ պէտք է ըլլանք, որպէսզի կարենանք մեր մասնագիտութեամբ, եւ կամ ընդհանրապէս, աշխատիլ, վկայ մեր հարիւրամեայ պատմութիւնը Հալէպի մէջ, վկայ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, վկա՛յ նաեւ 1946 թուականի ներգաղթողները,..  այն ալ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն…


Կարեւորը մնալ ուզելն է. հալէպահայ բժիշկ մը գիտեմ որ ընտանիքով (ներ)գաղթեց  Հայաստան, հիմա ան իր մասնագիտութեամբ կ'աշխատի Գաւառի մէջ (Երեւանէն մօտաւորապէս 80 քմ հեռու), ընտանիքը Երեւան կը մնայ, զաւակները դպրոց, համալսարան կ'երթան… շատերու մասին ալ լսած եմ, որոնք կ'աշխատին Երեւանէն դուրս, քիչ չէ թիւը իրենց մասնագիտութեամբ աշխատողներուն, կան նաեւ պետական եւ ոչ պետական հաստատութիւններու մէջ կարեւոր պաշտօններ ունեցողներ, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ դասախօսներ…


… գիտեմ նաեւ որ պետութիւնը որոշ դիւրութիւններ տուած է սուրիահայերուն:  Հալէպցին իրա՛ւ աշխատասէր է, գործին մէջ վստահելի եւ հաւատարիմ, գիտենք թէ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ գործատէրեր կը նախընտրեն հալէպահայեր աշխատցնել:


Հոգեբանօրէն պէտք է փոխուինք, դառնանք ՀԱՅ. Հոս թաղուած է շան գլուխը:


Վե՞րջ: Ո՛չ տակաւին վերջ չէ՛:


Հայախօս ?օտար?ներու մէջ քալող բարեկամս կօշիկը նորոգել կ'ուզէ: Հնակարկատը տեղեկանալով որ Սուրիայէն է, կը մերժէ դրամ առնել եւ կ'ըսէ.- Բարով էք եկել մեր բոլորի հայրենիք Հայաստան… ու կը մերժէ դրամ առնել:


Բարեկամս շնորհակալութիւն կը յայտնէ ու կ'աւելցնէ- Դուք էք իմ փնտռած Սփիւռքի նախարարը:


Հնակարկատը կը ժպտի ու կ'ըսէ.-Անհոգ մնա՛, անոնք կը գնան, Հայրենիքը հոս է ու կը մնայ:


Հալէպ


(Լուսանկարին հեղինակը՝ Photo Venus, Հալէպ)

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostJE SUIS CHARLIE
Older PostՕպաման եւ Փութինը գիտե՞ն

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

«Իմ երազանքապնակը բազմազան ու գունեղ էր, սակայն չէի մտածում, որ երգիչ կդառնամ». Ուսկե Շաբաբյան

July 10, 2020
item-thumbnail

Գինեկոլոգիա. Ինտիմ պլաստիկան և ցուցումները

July 2, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

item-thumbnail

Հայաստանի 8 հրաշալիքները. երրորդ հրաշալիքը՝ Տաթևի վանքը

item-thumbnail

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆՅԱՆԻՆ

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll