
Do the world leaders know about us?
By Manuel Keshishian
Manuel Keshishian is a well-known Syrian Armenian playwright and intellectual, who lives in war-stricken Aleppo and tries to convey the pulse of the ordinary people caught in this cruel war.
Today he wonders if the leaders of the world know about what is happening in Syria. “The West is not familiar with the East. It cannot comprehend how an organization [like ISIS] is able to generate hundreds of suicidal bombers”, says Keshishian at one point, elaborating more about the motivation behind these bombers and the way they look into the world.
Returning back to reality Keshishian heads to his home to remember that it was badly damaged. “How long can you tolerate? How long can your compatriots tolerate? How long can this last? Who knows?”. He does not find an answer and feels very sad. “Maybe cowboy Obama and White Bear Putin also do not know the answer”, he thinks. This gives him an excuse for laughing. A tragic smile forms on his face.
FULL TEXT IN ARMENIAN
ՕՊԱՄԱՆ ԵՎ ՓՈՒԹԻՆԸ ԳԻՏԵ՞Ն
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ
Ինչպէ՞ս դիմացած ենք երեք տարի. Չեմ հասկցած: Գիտեմ որ այս ընթացքին երեք հարիւր անգամ յուսախաբ եղած ենք՝ տխրած ենք, երեք հարիւր անգամ ալ յուսադրուած ենք՝ ուրախացած ենք: Թուաքանակը նոյնն է եւ տեղի փոփոխութիւնը իմաստէն բան չի փոխեր:
-Պետութիւնը երկու ամիսէն Հալէպէն պիտի վտարէ բոլոր զինեալները…
-Զինեալները կը սպառնան երկու ամիսէն ամբողջ Հալէպը գրաւել…
Յոյսը կը ծագի մէջդ, յոյսը կը մարի մէջդ:
-Բարձրաստիճան զինուորական մը ըսաւ որ…
-Խանութի դրացիս ըսաւ որ…
Խեղճ յոյսը չի գիտեր ի՞նչ ընէ, դուն չես գիտեր ուրախանաս թէ՞ տխրիս:
Մի քանի օր հրասանդները չեն հասնիր քու տանդ մօտերը. դրացիներդ կը լուսաբանեն.- Զինեալները ետ շպրտուած են:
Կ'ուրախանաս:
Միւս օր դարձեալ կը տխրիս-կ'ուրախանաս՝ թէեւ հրթիռ մը քարուքանդ ըրած է տունդ, բայց բարեբախտաբար տունը այդ պահուն մարդ չէ գտնուած, որովհետեւ այսօր կինդ զաւակդ ասմունքի փորձէն անմիջապէս տուն չէ բերած, կէս ժամ հին դրացիին նոր ապաստարանը այցելած է. դուն ալ գործատեղիէն ուշ վերադարձած ես, որովհետեւ նարտիի վերջին խաղը երկար տեւած է…
Չես հասկնար այս ի՜նչ հրաշք է. փառք կու տաս Աստուծոյ եւ կ'որոշես Կիրակի եկեղեցի երթալ եւ մոմ մը վառել, նաեւ կ'ուխտես երբ լաւ օրերը վերադառնան անպայման ոչխար մը նուիրել Ազգային Ծերանոցին կամ Ազգային Պատսպարանին, եւ կը մտածես թէ ի՞նչ կ'ընեն հիմա արդեօք ազգին ծերերն ու մանկատի պատսպարեալները, ինչպէ՞ս կը դիմանան այս եղածներուն եւ այս չեղածներուն: ?Զանոնք ազգը կը պահէ, հիմա ես պէտք է ընտանիքիս ապաստարան մը գտնեմ?. կ'ըսես ինքզինքիդ:
Կ'երթաս եկեղեցի: Եկեղեցին եւ բակը լեփ-լեցուն են. ?Տակաւին որքա՜ն շատ հայ կայ Հալէպի մէջ? կ'անցնես մտքէդ եւ դարձեալ ուրախանալու պատճառ մը գտած կ'ըլլաս, սակայն անմիջապէս կ'անդրադառնաս որ այս բոլորին հոս գտնուիլը հայկական միւս եկեղեցիներուն մէկ քանիին քանդուած ըլլալը կամ համեմատաբար աւելի վտանգաւոր գօտիի մէջ գտնուիլն է՝ յաւելեալ պատճառ մը տխրելու: Ծանօթներ կը մօտենան,-Անցած ըլլայ,- կ'ըսեն: Մարդիկ լսած են եւ կը ցաւակցին: Կը մխիթարուիս եւ կ'ուրախանաս:
-Մի՛ մտահոգուիր, կ'օգնենք, կը նորոգես տունդ.- կ'ըսէ ?Շտապ Օգնութեան? անդամ մը:
Կը յուսադրուիս.?Ազգը իր զաւակները մինակ չի ձգեր? կը մտածես եւ կ'ուրախանաս:
Կը մտնես եկեղեցի, աղօթք մը կը մրմնջես, մոմ մը կը վառես Մարիամ Աստուածածնայ նկարին առջեւ, իր միջոցաւ շնորհակալութիւն կը յայտնես Ս. Երրորդութեան, կը յայտնես նաեւ ցանկութիւններդ, որոնք բոլոր կապուած են խաղաղութեան եւ հին օրերու վերադարձին հետ:
Դէմքդ դէպի խորան` խաչակնքելով դուրս կ'ելլես եկեղեցիէն: Բակը դեռ մեծ թիւով մարդիկ կան, որոնք խումբեր կազմած կը խօսակցին: Կը մօտենաս խումբերէն մէկուն, կը խառնուիս անոնց խօսակցութեան, բոլորը գիտուններ են. կը քննադատեն, կը գուշակեն, կը հայհոյեն, թիրախները շատ են. Ազգային իշխանութիւնները, պետական պատասխանատուներ, Օպաման, Օլանտը, Փութինը: անշուշտ օրուան գլխաւոր նիւթի ՏԱԷՇ-ն է՝ Իրաքի եւ Շամի Իսլամական Պետութիւնը (ԻՇԻՊ թարգմանե՞նք. Եթէ ուրիշները կը թարգմանեն մենք ինչո՞ւ չթարգմանենք): Բոլորը դիտած են մորթուող զինուորներու եւ ոչ-զինուորներու տեսաերիզներ եւ սարսափած ու քիչ է ըսել տխրած են: Բոլորը ամէն օր կը լսեն Ամերիկեան cowboyական հերոսութիւններուն մասին, ականջալուր կ'ըլլան Օպամայի յոխորտանքներուն, թէ ինչպէս որ Ամերիկան Ալ Քաիտա-ին յաղթեց, այդպէս ալ պիտի տապալէ ՏԱԷՇ-ը: Կը զարմանաս. այդ ե՞րբ Ամերիկան յաղթեց: Քու խելքդ քաղաքականութեան չհասնիր, բայց գիտես որ Արեւմուտքը ծանօթ չէ Արեւելքին, չի կրնար ըմբռնել թէ ինչպէ՞ս կազմակերպութիւն մը հարիւրաւոր անձնասպան եղողներ կրնայ ունենալ: Կը յիշես հեռատեսիլէն սփռուած հարցազրոյց մը ձախողած անձնասպանական գործողութեան մը հեղինակին հետ.
Հարցում.- Դուն ականաւորուած ինքնաշարժդ անզէն քաղաքացիներու վրայ կը քշէիր. Խղճի խայթ չե՞ս ունեցած:
Պատասխան.- Ինչո՞ւ: Իմ խիղճս հիմա ալ հանգիստ է. այդ մարդոց մէջ եղող մեղաւորները իրաւունք չունէին ապրելու, իսկ արդարներուն օգնած կ'ըլլայի շուտ դրախտ երթալ…
-Յարգելի քաղաքագէտներ, որքան ալ զարհուրելի ըլլայ, որքան ալ սահմռկեցուցիչ ըլլայ, ա՛յս մտայնութեան մէջ պէտք է փնտռել ծայրայեղականներու անմարդկային արարքներ սիրայօժար կատարողներուն առեղծուածը եւ ոչ թէ սովորական թմրեցուցիչներու գործածութեան մէջ:
Այս բառերը որպէս ?Ձայն բարբառոյ անապատի? կ'արձակես օդին մէջ, եւ կ'ուրախանաս որ գործիդ փոխարինած նարտիի ամէնօրեայ-ամէն ժամեայ խաղդ տակաւին չէ կրցած քեզ ամբողջութեամբ բթացնել եւ դեռ ընդունակ ես մտածելու, նոյնիսկ եթէ վիճելի եզրայանգումներ կատարես: Քայլերդ կ'ուղղես դէպի տուն: Կը յիշես որ տունդ քանդուած է: Կը տխրիս: Որքա՞ն պիտի կարենաս դիմանալ. դուն եւ համաքաղաքացիներդ, դեռ որքան պէտք է դիմանաք: Այս ամէնը դեռ որքա՞ն պիտի տեւեն: Ո՞վ գիտէ: Պատասխան չես գտներ եւ կը տխրիս:
-Թերեւս քաուպօյ Օպաման եւ Սպիտակ արջ Փութինն ալ չեն գիտեր,- կը մտածես.- Չեն գիտեր, վստահ եմ, չեն գիտեր,- կ'աւելցնես բարձրաձայն եւ ուրախանալու պատճառ մը գտած ըլլալ կարծելով ծիծաղիլ կը փորձես:
Ողբերգական ժպիտ մը կ'ուրուագծուի դէմքիդ վրայ…
Յատուկ Ազատ-Հայ կայքին