Հայաստան – Սփիւռք համագումարը ի՞նչ կրնայ բերել սուրիահայերու տագնապին

<FONT face=Tahoma>Հայաստան – Սփիւռք համագումարը ի՞նչ կրնայ բերել սուրիահայերու տագնապին</FONT>

Հրաչ Քալսահակեան


Few days ahead Armenia ?Diaspora 5th conference will convene in Yerevan. Syrian Armenians will participate with a big delegation representing various (religious and non-religious) community establishments.


Are these representatives ready to present their cause to the Diaspora Armenians in the most engaging way or will they be just occupied in reciting their well-prepared reports and voicing some strongly worded rhetoric? Hrach Kalsahakian poses the difficult question.


Քանի մը օր ետք Երևանի մէջ պիտի գումարուի Հայաստան ? Սփիւռք 5-րդ համագումարը, որուն չորս նիստերէն մէկը յատկացուած պիտի ըլլայ սուրիահայութեան տագնապին՝ ?Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդրիները? խորագրին տակ:


Նշեալ նիստին մինչեւ այս պահը արձանագրուած են տասնըմէկ նիստավարներ՝


1. Ֆիրդուս Զաքարեան – Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար:
2. Վահան Պօղոսեան – Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ:
3. Ժիրայր Րէիսեան – Բերիոյ թեմի մամուլի քարտուղար:
4. Գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալբանդեան – Դամասկոսի թեմի առաջնորդ:
5. Գերաշնորհ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան- Բերիոյ թեմի առաջնորդ:
6. Հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Այվազեան ? Ճէզիրէի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ:
7. Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան ? Սուրիոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ:
8. Վազգէն Եագուպեան – ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ:
9. Լևոն Պըլըխեան – ՌԱԿ Հիւսիսային Սուրիոյ շրջանային վարչութեան ատենապետ:
10. Շաւարշ Ակինեան- ՍԴՀԿ Սուրիոյ կեդրոնական վարչութեան անդամ:
11. Լենա Հալլաճեան – ?Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն? հասարակական կազմակերպութեան նախագահ:


Նիստավարներուն չորսը Սուրիոյ մէջ գործող համայնքապետեր են, իսկ մնացնեալներուն մեծամասնութիւնը այս կամ այն ձեւով կը ներկայացնեն հայկական աւանդական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները:


Յատկանշական է, որ նիստավարներուն կարեւոր տոկոսը յատուկ պիտի ժամանէ Սուրիայէն այս համագումարին ներկայ գտնուելու համար:


Այս բոլորը շեշտը կը դնեն նիստի պատմական հանգամանքին վրայ: Արդարեւ Սուրիոյ դէպքերէն ետք առաջին անգամն է որ սուրիահայ կրօնական եւ աշխարհիկ ղեկավարութիւնը հաւաքական կերպով պիտի ներկայանայ համայն հայութեան առջեւ ու ազգի սեղանին վրայ դնէ զինք յուզող հարցերը:


Վերջին ժամանակաշրջանի զարգացումները յստակօրէն ցոյց տուին թէ Սուրիոյ դէպքերը բաւական երկարաձգուելու են: Գոնէ պարզ տեսանելի է, թէ յաջորդող քանի մը տարիներու ընթացքին իրավիճակը նախկինէն շատ պիտի չտարբերի:


Հայաստան ? Սփիւռք համագումարը կրնայ այն սովորական բեմը դառնալ ուրկէ պիտի ընթերցուին շտապ օգնութեան ու մարդասիրական գործունէութեան տեղեկագրութիւնները: Կրնայ նաև ծառայել որպէս ամպիոն աննկուն կամքի, հաւատքի ու քարի կառչածութեան մասին կոչեր արձակելու:


Բայց սոյն համգումարը կրնայ նաև վերածուիլ աննախընթաց առիթի մը, երբ սուրիահայ աւագանին, հայրենի հողին ուժը շօշափած, յաջողի դուրս գալ մեռելային շուրջպարէն ու վճռական իր խօսքը ուղղելով համայն հայութեան, պահանջէ որ ազգի բոլոր մասնիկները (ներառեալ սուրիահայերը) պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ստանձնեն այս տագնապին դիմաց:


Ընդամէնը քանի մը օր մնացած է սուրիահայ ներկայացուցիչներուն դիմաց:


Պիտի յաջողի՞ն դէպքերու զարգացումները քննական ակնոցով դիտել ու համոզիչ ձեւով ներկայացնել իրենց դատը, ըստ այնմ նուաճելով համահայկական զօրակցութիւն, թէ պիտի բաւականանան իրենց պերճախօս տեղեկագիրները ընթերցելով ու բոցաշունչ քարոզները հնչեցնելով: