Հայկական Ինքնաբաւարարուածութիւն

<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Հայկական Ինքնաբաւարարուածութիւն</FONT>









Յովիկ Աթոքեան



?Կարեւորը մեզի կը սիրեն?, յաճախ կը լսենք այս արտայայտութիւնը, եւ նման ինքնագոհ յայտարարութիւններ կ՛ընենք ամենուր: Կը կարծենք որ ամէն աշխարհը կը սիրեն հայերուն, Միջին Արեւելքի մէջ, Եւրոպայի մէջ, Ռուսիոյ մէջ, Լատին Ամերիկեան երկիրներուն մէջ… ուրտեղներ դեռ կը հնարենք, երկրագունդի հեռաւոր ծայրերուն մէջ ալ մեզի միշտ ?սիրողներ? եղած ըլլալուն կը հաւատանք եւ կը փնտռենք դեռ…

 

Իսկ մեզի հանդէպ այս ?սէրերը? ի՞նչ օգուտ տուին, որո՞ւն սէրը մեզի կաթիլ մը ազգային հարց մը լուծած եղաւ, կամ հայ մարդու մը գրպանը կոպեկ մը աւելի փող մտաւ: Հակառակը, օրինակ վերցնենք Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ամէն քայլափոխին փորձած ենք որ արաբը, քուրտը, կամ չգիտեմ ով, մեզի ?սիրէ?: Այդ ?սէրը? շահելու համար յաճախ մեր գրպանէն տասնեակ հարիւրաւոր միաւոր դրամ ծախսած ենք, մենք մեր տան կարեւոր մէկ պէտքը հոգալը զոհած ենք փոխան ?սիրոյ?, գումար մը նուիրած ենք ասոր-անոր, եւայլն: Եւրոպացիներուն կը փորձենք ?սիրել?, որպէսզի անոնք ալ մեզի ?սիրեն?, բայց եկուր տես որ այս բոլորով հանդերձ, եւրոպացիները այնքան ալ մեզ չեն սիրեր, արաբներուն սէրը խախտուեցաւ, ռուսերուն ?սէրը? շատ պայմանականացաւ, իսկ հեռաւոր լատին ամերիկաներունը՝ օվկեանոսին մէջ խեղդուեցաւ:

 

Իսկ թուրքերուն, մեր ակնոցով, ոչ-ոք չի սիրեր եւրոպայի մէջ, իբր թէ Միջին Արեւելքի միւս ժողովուրդներն ալ չեն սիրեր, ասի չի սիրեր եղեր – կ՛ուրախանանք մենք այս լուրով, կը փնտռենք մէկը որ չսիրէ զանոնք… բայց ժողովուրդներ, պետութիւններ, կը վախնան թուրքէն, կամ նուազագոյնը իրենց հաշիւը կ՛ընեն:

Հայկակա՞ն է այս հիւանդութիւնը թէ այլ ազգերու քով ալ կը հանդիպի: Չեմ գիտեր, բայց մեր քով ըլլալէն վստահ եմ, քանի որ անոր արդիւնքները միշտ մեզի հետ կ՛ուղեկցին:

 

Մեկնաբանութիւններ՝

 

Hrach Kalsahakian Հոգեբանական պատճառներ ըլլալու են այս մտածումին ետին: Օրինակի համար քանի որ թուրքը մեզի կ'ատէ ուրեմն միւսները պէտք է սիրեն մեզի: Թուրքը շատ կ'ատէ, միւսները ուրեմն պէտք է աւելի սիրեն մեզի: Այլ բացատրութիւն կարելի է կապել ինքնարդարացումի ձեւով՝ մենք այս երկրին մէջ կ'ապրինք եւ ուրախ ենք որովհետեւ մեզի կը սիրեն, սիրուած ենք: Ասոր աւելի ծայրայեղ ինքնարդարացում – խաբկանքը կայ՝ Հայաստան չենք ապրիր որովհետեւ Սուրիոյ մէջ աւելի կը սիրեն մեզի:

 

Azniv Tarkhanyan Հովիկ ջան շատ ճիշտ է ըսածդ և ապացուցված է և այսպես ուրիշի վրա մեր հույսը դնելով կերտեցինք մեր պատմությունը, Հովիկ ես կարծեմ գաղտնիքը, որ պետք է առաջին հերթին հայը հային պիտի սիրե և ղեկավարությունն էլ իր ժողովուրդը հարգելով առաջ գնան, ինքն իր հույսը իր վրա պետք է դնի՝ որ առաջ գնան արի ու տես հակառակն է կատարվում և տեղքայլ լինելով առաջ չենք գնում ու անցյալից դաս չենք վերցնում։ Մենք մեզ սիրելով հարգելով ուրիշի սերը մեզ ավելորդ է ևայդ ժամանակ իրենք են մեզնից վախենալու: Մեծն Տիգրանի օրինակով առաջ պետք է գնանք, կազմակերպություն չկա դրա համար ցավալի է?

 

Hrair Hagopian Ես կը կարծեմ որ մենք կը կարծենք թէ բոլոր ազգերը մեզի կը սիրեն: Նախ մենք իրար իսկ չենք սիրեր, իւրաքանչիւր հայ գաղութ ինքզինքը գերադաս կը նկատէ միւսներուն հանդէպ: Օրինակ հալէպահայը ինքզինք անուանած է ?ՄԱՅՐ ԳԱՂՈՒԹ? բայց ուրիշ գաղութէ մը օր մը չեմ լսած մեզ այսպէս գովաբանէ, բացի եթէ հալէպահայ մը հարցազրոյց մը ընէ իր հետ: Ես այս երեւոյթին ականատես եղայ երբ Գանատա փոխադրուեցայ: Երեք գլխաւոր դասակարգեր կային, Եգիպտահայը ոեւէ մէկուն չի հաւնիր ինք գերազանց է, անկէ ետք կու գայ Լիբանանահայը, որ Սուրիահայուն չի հաւնիր որովհետեւ իրենք եւրոպական մակարդակով երկրէ մը կու գան եւ մենք կը մնանք վերջինները (գիւղացիները): Անշուշտ կան ուրիշ գաղութներ ալ որոնք նոյնպէս կը կարծեն թէ իրենք են լաւագոյնը՝ օրինակ Յունահայերը եւ Պոլսահայերը որոնք բոլորովին անջատուած են բոլոր միւս հայերէն:

 

Arshak Davidian Մեզի կը սիրեն-ը միայն ինքնախաբէութիւն է։ Մեզի չէ որ կը սիրեն այլ մեր հլու-հնազանդ ոչխարամիտ հպատակութիւնը, մեր աժան ու որակով աշխատանքն ու ծառայութիւնը․․․ իրենցը քաղելէն ետք արդէն բանի մը պիտանի չենք։ Ինչպէ՞ս կրնան մեզի սիրել երբ առաջին հերթին մե՛նք մեզի չենք սիրեր։ Իրենց այդ սիրելուն ետև յաճախ զզուանք ու քամահրանք է թագնուած․․․

 

Khatchadour Boghossian Նախ եւ առաջ ինչու մեզի պիտի սիրեն եւ կամ մենք ինչու մէկու մը կը սիրենք կամ չենք սիրեր. եթէ այս հարցումին պատասխանենք ապա ուրեմն ամէն ինչ աւելի յստակ կ'ըլլայ. մէկը հայու մը կամ ուրիշ ազգի անդամի մը չի սիրեր իր ազգային պատկանելիութեան համար, այլ կը սիրէ կամ չի սիրեր նայած թէ ինչպէս կը զգայ այդ անձին կամ խմբակցութեան հետ ունեցած կամ ունենալիք յարաբերութենէն: Սէրը կապ ունի փնտռածը գտնելուն կամ գտնել փորձելուն հետ, եւ կարեւոր է թէ իր փնտռածը որքանով իրեն այս կամ այն ձեւի ապահովութիւն, հանգիստ ու գոհացում կը պատճառէ: Եթէ հանգիստ կը զգաս մէկու մը հետ` կը սիրես զինք, եթէ պատահի որ սիրածդ քեզի պզտիկ անհանգստութիւն մը պատճառէ, այն ատեն սէրերը փոխադարձաբար թշնամութեան եւ մինչեւ իսկ ատելութեան կը փոխուին: Քեզի սիրելը եթէ անձի մը օգտակար կ'ըլլայ բարոյապէս, նիւթապէս եւ կամ քաղաքականապէս. լաւ ես, կը սիրէ քեզի: Բոլոր սէրերը այս սկզբունքէն կը բխին եւ կամ կը մարին, բոլոր սէրերը այսպէս են:

 

Hrach Kalsahakian Երբեմն ալ խօսակցութիւն բանալու ձեւ է (conversation opener) երբ բան մը ըսելիք չունին կամ աւելի ճիշդ երբ բան մը չեն գիտեր մեր մասին: Այսինքն ես ալ կրնամ ըսել տիեզերագնացութիւնը կը սիրեմ եւ այդ ձեւով համակրելի նախադասութիւն մը կազմած կ'ըլլամ:

 

Khatchadour Boghossian Հայերը գեղեցիկ խօսք մը ունին ՍԻՐԱՇԱՀԻԼ. ուրեմն եթէ մէկու մը քեզի հանդէպ ունենալիք սէրը քեզի շահ մը կը բերէ ոչ անպայման նիւթական, դրամական, այլեւ ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեկան առումով, ուրեմն կ'աշխատիս զինք սիրաշահիլ, սիրաշահիլ սորվիլն ալ արուեստի պէս բան մըն է., շատ կարեւոր է. գիտենք:

 

Hovic Atokian analyzes why Armenians think that other nations like them. 


First appeared:
Aleppo Armenians Facebook page
https://www.facebook.com/armaleppo


Related:

Armenian Cultural Company
www.ArmenianCultural.com
https://www.facebook.com/ArmenianCultural

Azad-Hye Middle East Armenian Portal
www.Azad-Hye.net
https://www.facebook.com/azadhye.english


Azad-Hye in Arabic
آزاد-هاي البوابةالأرمنية في الشرق الأوسط
www.Azad-Hye.org
https://www.facebook.com/azadhye.arabic