• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հայոց Պատմութիւնը Թուրքիոյ քմահաճոյքը չի՛ կրնար ըլլալ

March 8, 2015
A+ A-
Email Print
<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Հայոց Պատմութիւնը Թուրքիոյ քմահաճոյքը չի՛ կրնար ըլլալ</FONT>

Giragos (Garo) Kuyumjian writes in London based Arabic daily Al Hayat and in Lebanese daily Annahar about Turkey's attempts to continue its denial policy of the Armenian Genocide, this time by deliberately marking the 100th anniversary of the Gallipoli Campaign on the same day when the Armenians mark the centennial of the Armenian Genocide commited by Ottoman Turks.


Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեան, Քուէյթ


Սոյն գրութեան արաբերէն բնօրինակը լոյս տեսած է Լոնտոնեան ?Ալ Հայաթ? եւ Լիբանանեան ?Ան Նահար? թերթերուն մէջ:


Ահաւասիկ նոր գրգռիչ քայլ մը առնուած Թուրքիոյ նախագահ տիար Րէճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ, ուր այս քայլով նախագահը կ'ոտնակոխէ քաղաքական, դիւանագիտական, մարդկային եւ բարոյական ընդունուած բոլոր արժէքները. հրաւիրելով աշխարհի մեծամեծները ներկայ գտնուիլ Կալիպոլիի՝ Չանաք Քալէի (Տարտանէլ) ռազմաճակատի 100 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն, որոնք պիտի կատարուին արհեստականօրէն ընտրուած թուականի մը՝ 2015ի Ապրիլ 24ին, այսինքն այն նոյն թուականին երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդիսաւորապէս պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը:


Դեռ աւելի վիրաւորականը այն է, որ Էրտողանը հրաւիրեալներու շարքին մէջ ներառած է նաեւ Հայաստանի նախագահը: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կ'ընթանայ դիւանագիտական պայքար, երբ վերջինս կը մերժէ ընդունիլ կատարուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը երբ 1915ին, Օսմանեան թուրքիոյ կողմէ ջարդի ենթարկուեցաւ հայ ազգը եւ որուն զոհ գացին մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հոգիներ: Այս հրաւէրը մեծ վրդովմունք եւ զայրոյթ յառաջացուց Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, որ այս հրաւէրը նկատեց թուրքերու կողմէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու ձախող փորձ:


Իրար հետ դիւանագիտական կապ չհաստատած երկու մայրաքաղաքներու՝ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ տեղծուած նոր լարուածութիւնը պատճառը Էրտողանի ընտրած թուականի 24 Ապրիլ 1915ին սկսած Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան հետ կեղծ զուգադիպումն է, մինչ Կալիպոլիի ռազմաճակատը տեղի ունեցաւ նոյն տարուայ Մարտ 18ին Անգլիական, Նիու Զելանտական, Ֆրանսական եւ Աւստարալիական զօրքերու ներկայիս Թուրքիոյ Հիւսիս Արեւմուտքը գտնուող Կալիպոլի թերակղզի ցամաքահանումով: Թուրքիոյ նախագահը կը ձգտի շուարումի մատնել միջազգային ընկերութիւնը եւ նեղ դրութեան մատնել երկիրներու նախագահները, եւ զանոնք պարտադրաբար առաջնորդել Իսթանպուլ, փոխան Երեւանի:


Էրտողանի հրաւէրին պատասխանաելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կը նշէ, որ Էրտողան պատմական զուգադիպութիւնը շահագործելով կ'ուզէ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տեղի ունենալիք միջոցառումներէն: Կշտամբելով եւ քննադատելով Անգարան ?հերքելու աւանդական քաղաքականութիւն վարելու մէջ? Հայաստանի նախագահը կ'աւելցնէ, որ ինք նախապէս հրաւէր ուղղած է նախագահ Էրտողանին, մասնակցելույառաջիկայ Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ կայանալիք հանդիսութիւններուն, եւ թէ ինք սովորութիւն չունի ընդառաջել հրաւէրին հիւրի մը որ մերժած է իրեն իսկ ուղղուած հրաւէրը:


Թրքական այս քայլը քննադատութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Հայկական Սփիւռքը ներկայացնող ?Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող Համաշխարհային Յանձնախումբ?ին կողմէ, որ երկիրներու մեծամեծները հրաւիրելով այս ճակատամարտին նուիրուած հանդիսութիւններուն՝ արձանագրելով, որ ?դիւանագիտական հակայ կրակահերթ կ'արձակէ? ձախողցնելու նոյն օրը Երեւանի մէջ կայանալիք հանդիսութիւններուն երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութիւնը: ?Ինտիփէնտընթ?ի հանրայայտ լրագրող Ռոպէրթ Ֆիսքը նոյնպէս անդրադարձաւ Թուրքիոյ այս քայլին, նկարագրելով զայն որպէս ?Քաղաքական խելագարութիւն?: Ստորագրելով ?Չանէք Քալէի՝ Կալիպոլիի նշման ժամանակացուցակը ամօթալի նախաձեռնութիւն մըն է թաքցնելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը? վերնագրով յօդուած մը, Ֆիսք կ'ըսէ.? Այն միջոցին երբ աշխարհի ղեկավարները կը նախագծեն ոգեկոչել Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած Չանաք Քալէի ռազմաճակատը, նոյն այդ միջոցին անտեսելիութեան վտանգ կը ցցուի այլ յիշատակելի օրուան մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակումը եւ ուշադրութիւնը շեղել անկէ?:


Ֆիսք կը յիշեցնէ թէ 2013 թուականին Թուրքիոյ նախագահ Ապտ Ալլահ Կիւլ Չանաք Քալէի 98 ամեակի յիշատակը ոգեկոչեց Մարտ 18ին, ?Այն ատեն Թուրքիոյ մէջ որեւէ կողմ չըսաւ, թէ Չանաք Քալէի յիշատակը պէտք է նշել 24 Ապրիլին? Թուրքիոյ նախագահին այս քայլը նոյնն է թէ կոչ ուղղել ջնջելու Հայկական Ցեասպանութեան յիշատակումը եւ վերացնել զայն. Այս քայլը քաղաքական տհասութեան աղաղակող, բացորոշ ստորնութիւն մըն է, զուրկ մարդկային ամենապարզ աստիճանի արժանիքէ եւ խղճմտանքէ. ուստի կոչ կ'ուղղեմ երկիրներու նախագահներուն, մարդասիրական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, պատուասէր բոլոր անհատներուն պոյքոթի նթարկել թրքական այս արհեստականօրէն ստեղուած առիթը եւ զատորոշել արդարը անիրաւէն, մասնակից չդառնալու համար պատմութեան խեղաթիւրումներու, զանոնք վերածելով քաղաքական ասեկոսներու եւ առեւտուրի, անարգելով մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիները:


Պէտք չէ երբեք արհամարհել մարդկային պատմութեան թուականները արգիլելով անոնց առեւտուրի վերածումը պատեհապաշտ քաղաքագէտներու կողմէ՝ՄԱԿ-ի պարտականութիւնն է պահպանել Ապրիլ 24 որպէս Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակի օր, ամէն տարի այդ առթիւ յիշեցնելով աշխարհին այդ մասին, որպէսզի չկրկնուի այս ողբերգութիւնը:


Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս ինքնապաշտպանութիւն եւ առ ի յարգանք մեր նահատակներուն, պէտք է ձեռնարկէ քաղաքական, դիւանագիտական, տեղեկատուական լայն արշաւ, բացայայտելու թրքական պարզորոշ խաղը, որ յստակօրէն կը հակասէ նաեւ Թուրքիոյ իբր ?Զէրօ հարց հարեւաններու հետ? Քաղաքականութեան:


Թերեւս օգտակար է յիշել, թէ ինչպէս ամերիկացիները Ճափոնի մէջ ներկայ կը գտնուին Հիրոշիմայի վրայ աթոմական ռումբի նետուելու յիշատակի հանդիսութիւններուն, եւ թէ ինչպէս գերմանացի պատասխանատուները կը մասնակցին ?Հոլոքոսթ?ի յիշատակման, մինչ նախագահ Էրտողան չկրցաւ այդ աստիճան ազնուութիւն եւ վեհանձնութիւն ցուցաբերել դէմ առ դէմ կանգնելու իրականութեան եւ պատահած իրողութեան հետ, ու տակաւին թուրքերը կը շարունակեն հերքելու եւ խարդախութեան քաղաքական իրենց ոճը հանդէպ Օսմանեան Կայսրութեան անցած տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած Ցեղասպանութեան:


Ամենայն դէպս, հակառակ թուրքերու կիրարկած հալածանքին, անարդարութեան, որոնք վեց հարիւր տարիներէ ի վեր հոմանիշ դարձած են հայու տառապանքին, եւ հակառակ այն փորձութիւններուն որոնց կ'ենթարկուի հայ ազգը- որուն շատ կը համարուին նոյնիսկ իր ցաւերն ու տխրութիւններն- հակառակ այս ամէնուն հայ ժողովուրդը տեղի չի տար, պարտութեան չի մատնուիր. մինչ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հետեւողականօրէն կը շարունակուին նախապատրաստութիւնները ոգեկոչելու պատմական այս ցաւալի ողբերգութեան յիշատակը, ներկայացնելով իրենց լաւագոյնը, հայերը յաւերժ կենդանի կը պահեն այս արդար դատը, որպէսզի այն մոռացութեան չտրուի եւ այսպիսի ոճրագործները չխուսափին արդար, արժանի պատիժէ:


Փառք ու պատիւ մեր սրբազան նահատակներուն:


?Ալ Հայաթ? 21 Փետր. 2015, Լոնտոն


?Ան Նահար?, 23 Փետր. 2015, Պէյրութ

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Older PostՅակոբ Չոլաքեանի գիրքին քննարկումը

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ավարտվեց «Արի տուն» ծրագրի անցումային երրորդ փուլը

item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll