• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Արամ Կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքը համահայկական համագումարին 2011

September 24, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Արամ Կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքը համահայկական համագումարին 2011</FONT>

?


The text of the Pontifical message of His Holiness Aram I addressed to the Third Armenia-Diaspora Pan-Armenian Conference in Yerevan, Armenia, 19-20 September 2011


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ


Երեւան, 19-20 Սեպտեմμեր 2011


Կիրակի 18 Սեպտեմբեր 2011-ի գիշեր, յատուկ օդանաւով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Երեւան՝ իր պատգամը տալու Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովին, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին ներկայ գտնուելու Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք պաշտօնական հանդիսութիւններուն:


Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի խորհուրդէն ճառագայթող ոգիով ու շունչով, խանդով ու տեսիլքով լեցուն սա պահուն, երբ փորձենք իրապաշտ արժեւորումը կատարել վերջին քսան տարիներու Հայաստանի պատմութեան՝ իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, կրնանք անվարան վկայել թէ՝ հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական ահաւոր դժուարութիւններուն ու ճնշումներուն, այս կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին հրաշքի համազօր իրագործումներ կատարուեցան: Հետեւաբար, մեր ազգին պատմահայրը Մովսէս Խորենացին երբ մեզի հետ ըլլար պիտի ըսէր.- ?Թէեւ եւ եմք ածու փոքր եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ…, սակայն բազում գործք արութեան գտանին եւ ի մերումս աշխարհի եւ արժանի գրոց յիշատակի?:


Այո՛, բազմաթիւ ?արութեան գործեր? կատարուեցան Հայաստանի թէ Ղարաբաղի մէջ շնորհիւ մեր ժողովուրդի հոգեւորական թէ աշխարհական, քաղաքագէտ թէ շինական, մտաւորական թէ զինուոր արի զաւակներուն, որոնք Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման ու պետականութեան ամրապնդման եւ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին բերին իրենց ամբողջական ու յանձնառու մասնակցութիւնը՝ նոյնիսկ իրենց արեան նահատակութեամբ: Բի՜ւր յարգանք ու պատիւ անոնց:


Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքի մէջ ազատ ու անկախ Հայաստանի երազով ապրեցանք, տագնապեցանք ու պայքարեցանք: Այսօր, հազա՜ր փառք Աստուծոյ, դա՛րձեալ ունեցանք ազատ ու անկախ հայրենիք: Ճի՛շդ է, անկախութեան կերտումը դժուար է. սակայն, անկախութեան պահպանումը ու ամրապնդումը շա՛տ աւելի դժուար է. ան կը պահանջէ հաւաքական հաւատք ու կամք եւ մանաւանդ ամբողջական յանձնառութիւն:


Արդ, այսօր միայն անցեալին նայելու ու անցեալի իրագործումներով հպարտանալու օր չէ, այլ նաեւ ու մանաւանդ ապագայի՛ն նայելու ու ապագայի տեսիլքով հզօրանալու ու համահայկական վճռակամութեամբ ապագային քալելու օր է:


Ահա երրորդ անգամ ըլլալով տեղի կ'ունենայ նման համահայկական համաժողով մը: Արդարեւ, նման հաւաքներ, անկախ իրենց օրակարգի հարցերէն, կատարած քննարկումներէն ու հրապարակած յայտարարութիւններէն, կենսական են մեր ազգին ամբողջականութիւնը արտայայտելու ու միասնականութիւնը խորացնելու իմաստով, ինչպէս նաեւ մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերու, տագնապներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբելու Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի մեր աշխարհացրիւ զաւակները: Նման համազգային հաւաքներ մանաւանդ պատեհ առիթներ են բարձրաձայն մտածելու մեր հայրենիքն ու ազգը յուզող հիմնահարցերուն մասին:


Համաժողովի օրակարգին վրայ ճշդուած են չորս գլխաւոր հարցեր, որոնք առանցքը պիտի հանդիսանան ձեր քննարկումներուն: Ժամանակը չի ներեր ըստ էութեան անդրադառնալու այս խնդիրներուն: Սակայն, պիտի ուզէինք կարգ մը մտածումներ ու մտահոգութիւններ բաժնել համաժողովին հետ՝ որպէս ուղեցոյց կատարուելիք խորհրդակցութիւններուն:


Ա) Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը մեր ազգի ապագային համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող մարտահրաւէր մըն է, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացումը ու Սփիւռքի վերակազմակերպումը, ինչպէս նաեւ մեր այլ համահայկական հարցերու ճիշդ հունաւորումը ու արդար լուծումը լայն չափով աղերս ունին մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ ծաւալող սերտ ու ամբողջական գործակցութեան հետ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ հայեցակէտով ծրագրել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը իր բոլոր տարածքներով ու մարզերով, ի գործ դնելով մեր ազգին ամբողջ կարողականութիւնը ու հեռու մնալով պարագայական նախաձեռնութիւններէ:


Կ'ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ ու անմիջականօրէն ու գոյութենական կերպով ենթակայ՝ համաշխարհայնացման մշակոյթին, մտածելակերպերուն ու գործելակերպերուն: Հետեւաբար, հեռու պէտք է մնալ ժամանակավրէպ գործելաձեւերէ եւ որդեգրել այնպիսի ոճ ու մօտեցում, որոնք համահունչ են մեզ շրջապատող ներկայ պայմաններուն եւ առաւելագոյն չափով կը ներգրաւեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս մեր երիտասարդութեան մասնակցութիւնը համահայկական ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:


Բ) Եթէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը համահայկական տեսլականով ու մտածողութեամբ չէ հունաւորուած, ան կը դառնայ մակերեսային ու ժամանակաւոր: Այլ խօսքով, չի բաւեր միայն համահայկական ձեռնարկներ կազմակերպել ու ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն հետ քայլ պահել. հրամայական անհրաժեշտութիւն է համահայկական մտածողութիւն զարգացնել, որպէսզի կարենանք համահայկական մօտեցումներ որդեգրել եւ կեցուածքներ ճշդել հայրենիքն ու ազգը դիմագրաւող ընդհանրական հարցերու գծով: Անկասկած նման հաւաքներ կրնան նպաստել այդ ուղղութեամբ, սակայն բաւարար չեն: Համահայկական մտածողութեան մշակումը պէտք է դարձնել մեր մտածումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն կիզակէտը՝ պահելով ու յարգելով հանդերձ Հայաստանի ու Սփիւռքի մօտեցումներուն տարբերութիւնները՝ բնականաμար միշտ ի նպաստ մեր գերագոյն արժէքներուն ու ընդհանրական շահերուն: Այլեւս հարկ է անդրանցնիլ ?մենք? եւ ?դուք?ի մտայնութիւնը եւ խորացնել հաւաքական ?մենք?ի գիտակցութիւնը: Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութիւն պէտք է տրուի Սփիւռքին, որպէս մեր ազգին կենսական ներուժը ներկայացնող մէկ կարեւոր հատուածը, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հայութեան, ի խնդիր անոր մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ազգային դիմագիծի պահպանման: Արդ, Հայաստանի հզօրացումը, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը ու Սփիւռքի վերակազմակերպումը, որպէս մէկ, անբաժան ու անբաժանելի ամբողջութիւն, պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան կեանքին ճանապարհը, մտածողութեան առանցքը, պայքարին նշանաբանը:


Գ) Այսօր մեր հայրենիքն ու ազգը կը դիմագրաւեն լուրջ տագնապներ: Մեր հայեցողութեամբ, ազգին մեծագոյն տագնապը այն փաստացի իրողութիւնն է, որ Հայաստանէն արտագաղթը նո՛յն թափով կը շարունակուի: Այս մասին Մեր մտահոգութիւնը յայտնած էինք Հայաստան-Սփիւռք Բ. Համաժողովին. նո՛յնը կը կրկնենք առաւե՛լ ուժգնութեամբ ու խոր ցաւով: Կը սպասենք որ այս ահազանգը արձագանգէ Հայաստանի իշխանութեան, մտաւորականութեան, մեր հասարակական կառոյցներուն ու հայրենաբնակ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: Մեր թշնամին ուզեց Հայաստան մը՝ առա՛նց հայութեան: Այսօր մենք մե՛ր ձեռքերով կը պարպենք Հայաստանը իր ժողովուրդէն, իր ստեղծագործ ոգիէն, իր որակէն: Այս տագնապին ետին գտնուող ընկերա-տնտեսական պատճառներուն ազդու լուծումներ որոնելը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է՝ առաջքը առնելու համար մեր ազգի այս ներքին արիւնահոսութեան: Իսկ փտածութեան, քորուփցիա կոչուող հիւանդութեան արագասոյր ընթացքը, այլ խօսքով՝ փոքրամասնութեան մը տնտեսական յղփացած վիճակը ու անոր դիմաց մտաւորականներուն, գրողներուն, ուսուցիչներուն ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կենցաղային խեղճ պայմանները անհրաժեշտ է որ շուտով հիմնական բարեփոխութեան ենթարկուին՝ բարոյական արժէքներու, օրինական սկզբունքներու եւ ընկերային հաւասարութեան չափանիշերու ամբողջական կիրառումով: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս վատառողջ երեւոյթներուն դիմաց:


Դ) Վերջապէս, ազգովին կը պատրաստուինք նշելու հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին կողմէ նշանակուած 100-ամեակի Յանձնախումբի առաջին նիստին ըսինք՝ սովորական ամեակ մը չէ որ պիտի նշենք, պարզապէս ծաղկեպսակ զետեղելով, մոմ վառելով, յայտարարութիւններ կատարելով կամ ցոյցեր կազմակերպելով: Մենք պահանջատէր ազգ ենք. մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափուած է, մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու սեփական տուները, հողերը, ինչքերը բռնագրաւուած են ցեղասպան թուրքին կողմէ: Հաւատարիմ մեր պապերու կտակին, մենք պիտի շարունակենք, ու պէտք է շարունակենք, մեր պահանջատիրական պայքարը՝ Հայաստանը որպէս պետութիւն իր մօտեցումով ու ոճով, եւ Սփիւռքը, որպէս ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ազգի միւս թեւը՝ իր ոճով ու մօտեցումով. սակայն աշխարհին պիտի ներկայանանք որպէս մէ՛կ ազգ, հաւաքական մէ՛կ կամքով, մէ՛կ ձայնով, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ:


Ահա այս մտածումներով ու սպասումներով կ'ողջունենք ձեր բոլորը եւ ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն ձեր խորհրդակցութիւններուն ու աշխատանքներուն մէջ: Կ'աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ միշտ զօրեղ պահէ մեր ազգը իր հայրենիքով, ամուր՝ իր հաւատքով, տոկուն՝ իր կամքով ու պայծառ՝ իր ապագայով:


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
19 Սեպտեմբեր, 2011
Երեւան, Հայաստան


Press Release
Communication and Information Department
Contact: V.Rev.Fr.Krikor Chiftjian, Communications Director
Tel: (+961- 4) 410001, 410003
Fax: (+961- 4) 419724
Web:
www.ArmenianOrthodoxChurch.org
Antelias-Lebanon

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostTrust and mutual respect vital to strengthening Armenia-Diaspora relations, Says Hachikian
Older PostArmenia’s top ten achievements and ten worst failures during 20 years of Independence

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Vahe Davtyan: Only 1% is the energy generated from renewable resources in Armenia

item-thumbnail

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆՅԱՆԻՆ

item-thumbnail

Round table discussion in Sharjah: Armenian Genocide Reparations File

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll