• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ամանորի խրախճանքի մը առիթով՝ ծափահարութիւն

December 5, 2010
A+ A-
Email Print

Summary: Mr. Sour Baykar Seropian and his family happened to be in Dubai in December 2009. They wanted to attend the New Year party organized by the Council of the Armenian Community in Dubai and Northern Emirates in the Intercontinental Hotel Dubai Festival City. They booked their seats and paid in advance for their tickets. They were not familiar with the streets of Dubai and arrived very late, just a quarter an hour before end of the year. They were given an unmarked table with one chair and empty bottle of wine on it. Their repeated requests for help were met with the strong reaction by the head of the community who said: “Do not cause us headache. Take your money and go away; otherwise be aware that we have security here and it can take you out easily”.   


Գրեց՝ Սուր Պայքար Սերոբեան


Շարժայի եւ Հիւսիսային Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Մ. Պետիրեանին:


Արդեօ՞ք ամբողջականութեամբ ներկայացուցի ձեր տիտղոսը: Սոյն գրութեամբ կու գամ շնորհաւորելու ձեր Նոր Տարին, յուսալով, որ անոր ընթացքին ձեր թափած ճիքերը հայ գաղութէն ներս ըլլան իսկապէս անսակարկ եւ սրտաբուխ: Որովհետեւ վայել չէ հայ ղեկավարի մը, որուն այսօր, բազմացող գաղութ մը վստահուած է, ըլլալ այնքա՜ն հպարտ, որ չի կարենայ ընդունիլ դժգոհանք մը ու փարատել զայն:


Ընթերցողները հիմա հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ է պատահածը: Սիրելինե՛ր, տարեգլուխէն երկու օրեր առաջ, ընտանիքիս հետ միասին, հիւրաբար գտնուեցանք Տուպայ: Ընկերս, իր յղի տիկինն ու տիկինս եւ ես, մեծ ոգեւորութեամբ փափաքեցանք նոր տարուայ առաջին պահերը անցնել հայկական շրջանակին մէջ, մասնակցելով Ինթերքոնթինենթալ (Intercontinental) պանդոկին մէջ կազմակերպուած հայկական ամանորի խրախճանքին:


Ճամբաներէն լաւատեղեակ չըլլալուս պատճառաւ սրահ հասանք տարեգլուխէն միայն քառորդ ժամ առաջ: Մեր կողմէ կանխապէս վճարուած տոմսակներուն եւ ապահովուած սեղանին փոխարէն մեզ կը սպասէր անթիւ սեղան մը, խմիջքի դատարկ շիշ մը եւ չորսիս տրամադրուած մէկ աթոռ: Կէս ժամուայ ընթացքին քանի մը անգամ դիմեցի յանձնախումբին, սակայն ոչ մէկ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ մեզի: Այս անտեսումէն վիրաւորուած իրենց մօտենալով ըսի՝ բարի տարի կը մաղթեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզ որ մեզ անարգեցիք:


Յարգարժան ատենապետը առիթ չխնայեց ըսելով թէ ?ասյպէս կ՛ըլլայ ուշացողներուն?: Երբ բացատրութիւն ուզեցի թէ ինչպէս կ՛ըլլայ թէ նախապէս վճարուած տոմս ունեցողի մը հետ այսպէս կը վարուին ան նեղացած իմ տրամաբանական մօտեցումէս ու ելք ու ճառ չգտնելով բացագանչեց՝ ?Գլուխ շատ մի ցաւցներ: Դրամդ առ ու գնա՛, ապա թէ ոչ գիտցած եղիր որ մենք հոս սեքյուրիթի ունինք քեզ շատ հանգիստ դուրս կը հանեն?: Իրեն ըսի՝ ?Յարգարժան ատենապետ, ես իմ անձս կը յարգեմ ու կրնամ մինակս դուրս ելլել. Վճարած գումարս ալ չեմ ուզեր?: ?Ինչպէս որ կ՛ուզես?, ըսաւ ան, գոհ ըլլալով որ խնդիրը այստեղ (ըստ իրեն) վերջ պիտի ունենար: Այդ պահուն խորհեցայ թէ ճիշդ պիտի չըլլար ձգել իմ դրամը եւ ետ իրեն ուղղելով խօսքս ըսի՝ ?Խնդրեմ գումարը վերադարձուր, որովհետեւ չեմ փափաքիր տարուան առաջին օրէն կողոպտուած զգալ?:  


Ծափահարութիւն ձեզի պարոն ատենապետ, որովհետեւ ձեզ նման մարդիկ կրնան ամբողջ գաղութի մը դիմագիծը վտանգել: Չորս աթոռ մը իսկ չկրցաք ճառել հսկայական պանդոկի մը մէջ հիւրասիրելու համար այլ գաղութէ եկած հայորդիներուն, որոնք օրինաւոր կերպով վճարած էին իրեց տոմսերը եւ ապահոված իրեց տեղերը: Այս է իսկական պատկերը ձեր բացառիկ խրախճանքին եւ ճոխ յայտագրին: Կրկին ծափահարութիւն ձեր համբերատար կեցուածքին եւ նախաձեռնող ոգիին եւ մանաւանդ ուղղամիտ եւ հասուն արտայայտութիւններուն համար: Որքա՜ն կուշտ պէտք է ծափահարել ձեզի նման հայ գործիչի մը:


Արդեօք այս տարի ո՞վ պիտի ըլլայ Էմիրութիւններու հայ գաղութի նոր տարուան խրախճանքին զոհը:





Ազատ-Հայի կարծիքը՝


Սիրելի Սուր Պայքար Սերոբեան: Հիմա որ մէկ տարի անցած է պատահածին կարելի է աւելի մեղմ մերձենալ անոր: Մենք կը խորհինք թէ վարչութեան ատենապետը դիտմամբ չէ վիրաւորած ձեզ, այլ ընդհակառակը փորձած է ?լուծել? խնդիրը, բայց ժամանակի ճնշումին տակ չէ յաջողած:


Կը յուսանք որ այս տարի դարձեալ ներկայ գտնուիք տարեվերջի ձեռնարկին, մանաւանդ որ աթոռներու առատութիւնը ապահովուած է, քանի որ մէկէ աւելի ամանորի հայկական հանդէս կայ այս տարի Տուպայի մէջ:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostDubai: A place with something for everyone
Older Post

Cosmology: Going round in circles

  1. Nishan Basmajian December 7, 2010, 11:13 pm

    Յարգելի Պրն Սերոբեան,

    Ձեր ներկայացուցած հարցը ըստ էութեան ծանրակշիռ կը նկատուի, եթէ , անշուշտ , ձեր ըսածներուն մէջ  մանրամասնութիւններ չեն պակսիր , մանրամասնութիւններ՝ որոնք ստիպած ըլլան Ազգային Վարչութեան ատենապետ մը (այս պարագային անձին ով ըլլալը բնաւ կարեւոր չէ) այդպիսի  առիթով այդպիսի արտայայտութիւն ունենալ :

    Պրն Սերոբեան, որպէս երկար տարիներու Ազգային Վարչութեանց անդամ, ատենապետ, իսկ այժմ դպրոցի տնօրէն, բայց յատկապէս  որպէս երկար տարիներ այստեղ կայք հաստատած հայորդի, նախ պիտի ձեր ներողամտութիւնը հայցեմ պատահած անախորժ դէպքին եւ վէճին համար, թէկուզ անոնք  պատահած ըլլան ասկէ տարի մը առաջ: Այսպիսի դէպք  խոտոր կը համեմատի մեր գաղութի ընդհանուր դրուածքին հետ: Այս գաղութին դրուածքը փոխ զիջողութեան, փոխադարձ յարգանքի, համերաշխութեան լուրջ հիմքեր ունի: Այս իրողութեան գիտակից՝ չկարողացայ լուռ անցնիլ միջադէպին վրայէն եւ ինքզինքիս թոյլ տուի կարծիք յայտնելու սահմանէն անդին անցնիլ ու, անարժանաբար, կատարել կարգ մը թելադրանքներ եւ տալ կարգ մը ցուցմունքներ: Այսպիսի դէպքեր պէտք չէ պատահին ոչ մէկ տեղ , ոչ մէկ հայկական ձեռնարկի ընթացքին : Պատահելու պարագային անոնք դատապարտելի են եւ պէտք է ուղղուին սխալը գործողին կամ գործողներուն  կողմէ, որքան կանուխ ՝ այնքան ճիշդ :

    Սկզբունքներու ճշդումը կատարած կը համարեմ:  Մուշեղ Պետիրեանը կը ճանչնամ մի քանի տասնեակ տարիներէ ի վեր, որպէս ընդառաջ գացող ու ծառայասէր անձնաւորութիւն, վարչական բաւարար փորձառութեան տէր, միեւնոյն ատեն բաւական հասուն ու գիտակից՝ վարկաբեկ չընելու համար որեւէ միութիւն որ ինք կը գլխաւորէ կամ մասնակից է անոր ղեկավարութեան : Իր անձին ուղղուած ?անվայել մարդ? արտայայտութիւնը ջղագրգիռ մէկ պահի արտայայտութիւն կը սեպեմ եւ կը գտնեմ անընդունելի: Յաճախ  լսած եմ իր  կատակները, նոյնիսկ  ճիշդ  ձեր մատնանշած բառերով ?այսպէս կ՜ըլլայ ուշացողներուն? արտայայտութեամբ: Անկոչ փաստաբանի դեր չեմ տուած ես ինծի: Դէպքին վայրը ներկայ չէի, հետեւաբար վկայութիւն իսկ չեմ կրնար տալ: Սակայն, յենուելով  ձեր վկայութեան եւ մէջբերումներուն վրայ, անոնցմէ կը  հետեւցնեմ որ ձեր անձին եղած արտայայտութիւնը  լուրջ էր  եւ ոչ կատակ, թելադրուած, անկասկած, այդ վայրկեանին տիրող կացութենէն (ճնշումի տակ զգալ, ջղայնութիւն պատճառող այլ հանգամանքներ, սխալ հասկացողութիւն , թիւրիմացութիւն, զանազան անբաղձալի իրերայաջորդ դէպքեր եւն) :Այս իսկ պատճառով քիչ մը զարմացած եմ, որ Մուշեղի նման անձ մը այդպիսի արտայայտութիւն է ունեցած հիւրերու, որովհետեւ այդ անձը այն անձերէն է որոնք կը զատորոշուին իրենց համբերատարութեամբ, հիւրասիրութեամբ եւ հարցերու արագ լուծում գտնողի արժանիքներով: Զայս ասած, համոզուած կ՜ըսեմ, որ Մուշեղը ոչ մէկ յետին միտք կամ վատ նպատակ հետապնդելով արտասանած է ձեր մէջբերած խօսքերը: ?Ժամանակի ճնշումին տակ? ինչպէս կը գրէ ?Ազատ-Հայ?ը պէտք է  եղած ըլլայ այդ եւ ոչ նպատակաուղղուած: Փաստը , սակայն, կը մնայ փաստ: Այսպիսի բան պէտք չէր պատահած ըլլար ամենեւի՜ն, նոյնիսկ եթէ անոր դրդապատճառը ձեր անձը  եղած ըլլար  եւ յանցանքի առիւծի բաժնի տէրն ալ ըլլայիք դուք…

    Սխալը սխալով երբեք չի սրբագրուիր: Սխալները կ՛ուղղուին նախ զանոնք օրին, ոչ ուշ, մատնանշելով (նախընտրաբար խնդրոյ առարկայ անձին նախքան զանոնք հրապարակային դարձնելը), ապա զանոնք ընդունելով, եւ յետոյ ՝ անոնց նկտմամբ եւ անոնց տուն տուող պատճառներուն հանդէպ հասկացողութիւն եւ ի հարկին ներողամտութիւն ցոյց տալով:

    Իմ թելադրանքս է, որ սրտբաց իրարու հետ խօսիք որպէս երկու սրտցաւ եղբայր եւ ոչ որպէս թշնամիներ ու հարցին բարուոք լուծում տաք: Հակառակ այն իրողութեան որ այս վայրկեանիս երկուքիդ ալ ?Ես?երը վիրաւորուած են՝ կը խնդրեմ, որ ?Ես?  չմտցնէք լուծման գործընթացին մէջ, այլ բարի կամեցողութիւն, որովհետեւ այդ տնաքանդ, զզուելի ?ես?ը , ոչ մէկ ձեւի օգտակարութիւն կ՛ունենայ ձեր հետապնդած նպատակին հասնելուն ի նպաստ: Հաւաքական ?ես? մը գոյութիւն ունի, որ պէտք է գերադասել ամէն ինչէ: Կը խնդրեմ ձեր երկուքէն մէկդի դնել ձեր ?ես?երը եւ չզբաղիլ իրար վարկաբեկելով: Պատահածը միջադէպ մըն է եւ այդչափ: Հետեւաբար, պիտի խնդրէի նաեւ, որ միջադէպը չօգտագործուէր որեւէ մէկուն կողմէ վարկաբեկելու Ազգային Վարչութիւն հաստատութիւնը, որուն արմատները շատ խոր են եւ որուն երեսնամեայ տարած աշխատանքը փոքր պէտք չէ գնահատել:

    Ուստի, Պրն Սերոբեանէն պիտի խնդրէի որ պատահածին նայէր ներողի աչքով, իսկ Մուշեղէն՝ անյապաղ կապ հաստատել Պրն Սերոբեանին հետ, բացատրել, բացատրուիլ, որ 2011ի էջը մաքուր բացուէր երկուքին ալ համար, եւ պատահած դէպքէն առաջացած վէրքը արագ սպիանար երկուքին սրտերուն ու ուղեղներուն մէջ: 

    Նոր Տարուան սեմին
    Լաւագոյն մաղթանքներով՝

    Նշան Պասմաճեան
    Շարժա

  2. Sour Baykar Serop December 13, 2010, 3:13 pm

    Յարգարժան Պրն. Պասմաճեան,

    Առաջին հերթին շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ վերաբերմունքին ու յօդուածին ցաւէն մեկնելով ձեր փոխանցած ցուցմունքներուն եւ կառուցողական արտայայտութիւններուն։ Կը խնդրեմ որ տեղեակ ըլլաք, թէ օրին հարցը հարազատօրէն ներկայացուցի եկեղեցւոյ քարտուղար՝ Պրն. Տաթեւ Սուլեանին։ Եթէ հարցը փ‎արատուած ըլլար, Ազատ-Հայը, գրեթէ մէկ տարի առաջ իրեն առաքուած յօդուածը միայն վերջերս հրատարակելու պարտաւորութիւնը պիտի չ՛ունենար։

    Կ՛ուզեմ բացատրել, թէ ծագած բանավէճին մանրամասնութիւններուն յիշատակումը վերոնշեալ յօդուածով կրնար ձախողեցնել հետապնդուած դերութեան ճշգրիտ նշումը։ Ենթադրելով հանդերձ թէ Պրն. Պետիրեանին արտայայտութիւնները յետին միտքեր ունենալու չեն, շատ լաւ կը յիշեմ, որ Պրն. Պետիրեանը բանավէճի աւարտին սպառնական շեշտով մը ըսաւ։ Ձեր անունը Պայքար էր, չէ՞, կը տեսնուինք։ Այս վրդովիչ խօսքերը պէտք չէր լսուէին ձեր հաստատումով այնքան ծառայասէր ու վարչական երկար փորձառութիւն ունեցող անհատի մը կողմէ։  Կրնամ ըսել, թէ այդ օրուան Պրն Պետիրեանին գործելաոճը վայել չէր հայ ղեկավարի մը։ Միութենական ամբողջ կեանքիս ընթացքին, ըլլայ այդ մէկը ծննդավայրիս՝ Գամիշլի, կամ գտնուած հայահոծ գաղութներուս մէջ ինչպէս Հալէպ, Տոհա եւ Արաբական Էմիրութիւններ նման պատահարի մը հանդիպած չեմ։ Դէպքը հրապարակագրութեամբ ներկայացնելու նպատակս մատը ուղղիղ վերքին վրայ դնել է։ Ղեկավարը, ինչ դիրքի վրայ ալ գտնուի պէտք է իր հանգամանքին մէջ մնալով զգայ թէ պարտաւորութիւն մը ունի ղեկավարուողին հանդէպ եւ ոչ սպառնալիք։ Այս դասը սորված եմ իմ միութենական կեանքէս ու որեւէ հակառակ ընթացք քննարկելի է դրականին հասնելու նպատակաւ։ Կը հաստատեմ, որ ոչ մէկ քննադատում, արժեզրկում կամ վարկաբեկում է որ ուզեցի կատարել իմ այս յօդուածով հանդէպ ձեր Ազգային Վարչութեան։ Առաջնապէս ու վերջապէս սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ հայ ազգային վարչութեան յանուն հայակերտման տարած աշխատանքը այնքան վսեմ է, որ կարելի չէ զայն իր առաքելութենէն շեղեցնել նման անհատներու կողմէ Ազգային Վարչութեան անդամ ըլլալու տիտղոսի շահարկումով։ Այդ տիտղոսը պարտաւորութիւն է գաղութին հանդէպ եւ ոչ սպառնալիք։ Յարգելի Պարոն Պասմաճեան, Ընդառաջելով ձեր առաջարկին, ես պատրաստ եմ ներելու պատահածը։ Փափաքս է, որ դուք եւս ընդունիք իմ սրտաբուխ բարեմաղթութիւնները Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ առիթներուն։ Լաւագոյնը ձեզի, Էմիրութեան հայ գաղութին եւ այնտեղ գործող բոլոր ազգանուէրներուն։

    Սուր Պայքար Սերոբեան
    Առայժմ՝ Տոհա

Comments are closed.

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Anna Martin donates two icons to an Armenian town in Syria

item-thumbnail

Ուշադրություն. սփյուռքի նախարարությունը հայտարարում է «Քայլ դեպի տուն» ծրագրի մեկնարկի մասին

item-thumbnail

A multilingual digital Armenian Diaspora platform (DiasporArm)

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll