• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Սեւան Նշանեան՝ Թուրքիոյ Շիրինճէ գիւղի հերոսը

March 25, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Սեւան Նշանեան՝ Թուրքիոյ Շիրինճէ գիւղի հերոսը</FONT>

The story of Sevan Nisanyan, a Turkish Armenian who started an interesting ecotourism program in a village in Turkey, but local authorities fought against him and did not allow him to receive the needed permission to continue developing the project. Now the mayor of the village even wants the construction to be demolished. The ill treatment against Sevan Nisanyan is because of his Armenian origin. Article written by Harout Ekmanian.


Յարութ Էքմանեան????


Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան եւ գրող Սեւան Նշանեանը երկար տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Սէլչուք աւանի Շիրինճէ գիւղին մէջ հրաշքներ կը գործէ: Ան այդտեղի հին եւ փլատակ տուները վերանորոգելով եւ իր հնաւոճ կերպարանքը պահպանելով, բնութեան գիրկը հանգստանալու համար դրախտանման վայրեր կը ստղեծէ: Բայց եկուր եւ տես, որ միթէ Թուրքական պետութիւնը կ'արտօնէ՞ նման բան: Նշանեան իր կատարած գործին համար արտօնութիւն ստանալու համար ջանք չխնայեց, բայց երբ տեսաւ որ ապարդիւն է, թողեց ամէն ինչ եւ սկսաւ իր աշխատանքները կատարելու Շիրինճէի մէջ:


1996-2000 թուականներուն ան ութ տուն կառուցած էր արդէն: Այդ բոլորը ան գաղտնի եւ ապօրինի ձեւերով կատարած էր, այդ պատճառով ալ 1999-ին շրջանի թանգարանի տնօրէնը անոր դէմ պատերազմ յայտարարեց:


?Իսկական պատճառը ետքը իմացայ անշուշտ: Թանգարանի տնօրէնը ըսած է որ ?այս մարդը հայ է, դաւաճան է, գիւղը կ'ուզէ գրաւել, միսիոնարական գործ կը տանի, Գիրք-միրք գրած է որուն մէջ կ'ըսէ թէ Չանաքքալէի պատերազմի ժամանակ Աթաթուրքը յետին աստիճանի սովորական սպայ մըն էր պարզապէս եւ մեր նախահայրին վրայ իր լեզուն երկարած է, եւայլն, եւայլն…:? Այդ ժամանակ բոլոր տուները փլելու որոշում առին եւ ինծի դեմ իննը գրէական գործ հարուցեցին: Այդ ժամանակ կօլը կերայ եւ տասը ամիս բանտ մտայ,? -կ'ըսէ Նշանեան իր բլոգին մէջ:


Նշանեանի բանտէն ելլելէն ետք որոշ շրջան մը հրադադար յայտարարուեցաւ, առանց ոչ մէկ լուծումի հասնելու: Քանդումի որոշումները չգործադրուեցան բայց եւ այնպէս չեղեալ չյայտարարուեցան:


2002 եւ 2003 թուականներուն ան անգամ մը եւս արտօնութեան համար դիմեց, սակայն իշխանութիւնները անոր դէմ զանազան դժուարութիւններ հարուցելով՝ առանց որեւէ պատասխանի ամիսներով սպասեցուցին զինքը: 2007-2008 թուականներուն ան նոյն գիւղին մէջ սկսաւ ?Թուաբանութեան Գիւղ? անունով նոր ծրագիր մը, որուն համար նորէն արտօնութեան դիմեց, առանց որեւէ պատասխան ստանալու:


Ընթացքին ան զանազան բախումներ ունեցաւ տեղական կառավարման իշխանութիւններուն հետ: Անգամ մը երբ 30 ոստիկաններով անոր շինարարական տարածքը մտան եւ աշխատանքներու կասեցումը պահանջեցին, ան դիմադրեց եւ բոլոր աշխատողներուն հրամայեց աշխատանքը շարունակել՝ առանց ոստիկաններուն հրամաններուն անսալու: Նշանեան իրեն չենթարկուող բանուորներուն նոյն վարկեանին վտարեց: Ապա ան ոստիկանապետին, դատաւորին եւ պաշտօնեաներուն պտտցնելով իր շինարարական տարածքին մէջ ներկայացուց իր ծրագիրները եւ ուղարկեց զանոնք:


Ըստ Նշանեանի պետութիւնը տակաւին չէ մարսած իր աշխատանքները, անոր համար կ'ուզեն իրմէ վրէժ լուծել: Վերջին ամիսներուն տեղական իշխանութիւնները, որոնք հիմնականօրէն Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան կը պատկանին, կրկին կատաղի հետապնդումներ սկսած եւ զանազան դատական գործեր հարուցած են անոր դէմ: Այս անգամ 16 տարով կ'ուզեն բանտարկել զինք, եւ իր կառուցած բոլոր գիւղերը գետնի հաւասար դարձնել: Ըստ Նշանեանի հիմնական պատճառը հաւանաբար իր հայ ըլլալն է, քանի որ Շիրինճէն տեսնող ամէն մարդ կը զարմանայ թէ պետութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ այս գեղեցիկ գիւղական կառոյցները փլել առանց որեւէ փոխհասկացողութեան եզրեր փնտռելու:


Ըստ Նշանեանի յայտարարութեան, եթէ բացառիկ պարագաներ չպատահին, յաջորդ 10-15 օրերու ընթացքին տուները պիտի քանդուին: Այստեղ ուրիշի իրաւունքի խախտման պարագաներ չկան, ինչպէս նաեւ չկան բողոք բարձրացնող եւ տուժած անձեր: Բնակչութեան 99,7% տոկոսը դէմ են քանդումի որոշումին:


Նշանեանի վերջին յայտարարութեան համաձայն այս տուները քանդելու որոշումին յայտարարուած պատճառը այն է որ առանց պետութան արտօնութեան կառուցուած են: ?Տարիներ առաջ երբ առաջին տուները կառուցելու սկսած էի արտօնութիւն ուզեցի, աղաչեցի, անոնց դռներուն առջեւ սպասեցի, իրենց անարգանքները լսեցի, ահաւոր գումարներ եւ ժամանակ վատնեցի, ետքը յուսահատեցայ եւ հերիք է ըսի,? -կ'ըսէ Նշանեան: ?Իսկ այսօր, Շիրինճէի պատմական դէմքը ?պահպանելու? նպատակաով կատարուած այս քայլերը, Շիրինճէն եւ ինծի ոչնչացնելու համար կ'օգտագործուին:?


Հիւրիյէթ թերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Նշանեան կ'ըսէ. ?Շատ ապրեցայ, լաւ ապրեցայ: Ուրիշներու ապրածէն տասն անգամ աւելին ապրեցայ եւ այդքան ալ գործ մէջտեղ բերի: Գիրքերովս, գրութիւններովս եւ փոքր հիւրանոցներու բնագաւարին մէջ կատարած նորութիւներովս ընկերութեան եւ մարդոց հանդէպ պարտքս աւելիով վճառած եմ: Անոնց ուզածը պարզապէս քանի մը տուն քանդելը չէ, այլ իմ կեանքս քանդելն է: Բայց ինծի համար այս ալ անոյշ է: Մահէն վախցող մարդը իմ ըրած գործերուս չի ձեռնարկեր:?


?Շատերը զիս զգուշացուցին եւ ըսին որ այդ երկիրին մէջ չ'արժեր դրամ եւ ջանք ներդրել, ափսոս է, որ երեխաներուդ ապագան այստեղ կը փճացնես: Ես բոլորին դէմ յամառեցայ եւ փորձեցի հակառակը փաստել, բայց չհաջողեցայ եւ հիմա անոնց դիմաց գլխիկոր կանգնած եմ: Երկիր մը, ուր կայ սանձարձակ բիւրոկրադական զորպայութիւն, եւ որտեղ ցեղապաշտական կանխավճիռները դիւրութեամբ կարելի է հրահրել, որեւէ ներդրում կատարելը անխելքութիւն է եղեր: Սորվեցանք: Եթէ կը հարցնէք թէ միթէ նեղուա՞ծ եմ՝ երբեք: Միթէ տաքնապի մէ՞ջ եմ՝ բնաւ: Ընդհակառակը, թերեւս կը զարմանաք, եթէ ըսեմ, որ երկար ատեն է ինքզինքս այսքան աշխոյժ եւ ուրախ չէի զգացած, բայց այսպէս է վիճակը: Ճիշդ գործ ըրի, եւ եթէ անգամ մը եւս սկիզբէն սկսելու առիթ ունենամ, նոյնը չէ՝ այլ աւելին կ'ընեմ: Մինչեւ վերջ պիտի պայքարիմ: Իսկ եթէ պարտուիմ, նորէն պէտք եղածը պիտի ընեմ: Այդքան: Յստակութիւնը լաւ բան է, մարդուն ուժ կը պարգեւէ: ?Հալածուած աղաւնու վախւորուածութիւն? եւայլն մի սպասէք ինձմէ, իմսը ըլլայ ըլլայ ջայլամի յամառութիւն է,? -կ'ըսէ Նշանեան իր յայտարարութեան մէջ:


Նշանեան Ֆեյսբուքի մէջ Շիրինճէի պաշտպանութեան համար խումբ մը հիմնած է, որ արդէն ունի աւելի քան երեք հազար անդամ: Ինչպէս նաեւ կազմակերպած է առցանց ստորագրահաւաք, ուր հազարաւոր մարդիկ արդէն յայտարարած են իրենց զօրակցութիւնը: Կարգ մը համակիրներ նոյնիսկ Շիրինճէի առցանց թերթ մը հիմնած են, որպէսզի կատարուած անարդարութիւնները կարենան բարձրաձայնել:


Նշանեան զորակցութեան կոչ ուղղած է բոլորին: Ան յայտարարած է, որ ան որ կրնայ մինչեւ 9 Մարտ (Քանդման որոշումի գործադրութեան վերջին ժամկէտ) Շիրինճէ երթալ, գիւղին դրները բաց են բոլորին: ?Հրամմեցէք մեր հիւրը եղէք: 100 հոգու տեղ ունինք, իսկ եթէ բաւարար չըլլայ, ճարին կը նայինք: Եթէ երաժշտութեամբ կամ թատրոնով զբաղւող ծանօթներ ունիք ձեր հետ բերէք, այստեղ բաներ մը կը կազմակերպենք եւ կը զուարճանանք: Բոլորս միասին ասպարէզ կը կարդանք անոնց դէմ: Ով գիտէ, թերեւս Շիրինճէի մէջ փոքրիկ Թահրիրի հրապարակ մըն ալ կը ստեղծենք: Ձեր բոլոր ծանօթներուն տարածեցէ՛ք այս յայտարարութիւնը: Ձեր ուզած տեղը կրնաք հրապարակել ասիկա: Այստեղ արդէն նուշի ծառերը ծաղկելու սկսած են, եկէ՛ք գարունը միասին դիմաւորենք:?


Հիւրիյէթի լրագրողը հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Սեւան Նշանեանի մասին ամէն տեսակ նորութիւն ոչ միայն միջազգային հանրութեան մոտ, այլեւ Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի մէջ ալ մոտէն կը դիտուի: Ապա ?Ձեր կառուցած տուներու քանդումին պարագային, արդեօք այս դէպքին արձագանքը ինչպէս պիտի վճարէ Թուրքիան,? հարցին պատասխանելով Նշանեան պատասխանեց ըսելով թէ՝ ?հոգս չէ?:


Ըստ թարմ տեղեկութիւններու, որպէս քանդումի աշխատանքներու պատրաստութիւն՝ հինգ օր առաջ գիւղէն անջատուած ելեկդրականութեան եւ ջուրի հոսանքը վերստին միացած է: Տուները պարպելու հրաման ստացած գիւղացիները այժմ հանգստացած են եւ Շիրինճէի մէջ ուրախութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ:


Աղբիւր՝ Հայելի կայք, 14 Փետրուար 2011
http://www.hyeli.com/index.php?option=com_content&view=article&id=485%3A2011-02-17-08-25-25&catid=42%3A2011-01-31-08-11-00&Itemid=1?

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԿանոնագրութիւն Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
Older PostԵրկպալատ խորհրդարան Հայաստանում. Լինել, թե չլինել

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ո՞վ են սփիւռքի իսկական որոշողները. Who are the real decision makers in the Armenian Diaspora?. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Հայաստանի 8 հրաշալիքները. երրորդ հրաշալիքը՝ Տաթևի վանքը

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարը պաշտոնական այցով մեկնել է Կիպրոսի Հանրապետություն

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll