Կանոնագրութիւն Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին

The full text of the consitution of the Diocese of Kuwait and Arabian Gulf Countries of the Catholicosate of Cilicia, singed on 30 April 1994 by the Catholicos Karekin II. The text is in Western Armenian. See here for Eastern Armenian text


ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ


Ա. ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ


1. Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմը կազմուած է Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիութիւններ, Պահրէյն, Քաթար, Օման եւ Սէուտական Արբիա բնակող եկեղեցւոյ զաւակներէ։


2. Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիներու Թեմը ենթակայ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ նիւթապէս ու բարոյապէս համարատու է անոր։


3. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրահանգով տեղի կ՛ունենայ Թեմին կազմակերպութիւնը՝ համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, Ազգային Սահմանադրութեան ոգիին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան եւ տեղական կառավարութիւններու օրէնքներու տրամադրութեանց։


4. Թեմին պատկանող իւրաքանչիւր անհատ Թեմին հանդէպ ունի պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ։ Անհատին պարտաւորութիւններն են.


ա) Մասնակցիլ թեմական ծախսերուն իր կարողութեան չափով։
բ) Բարեխղճութեամբ կատարել իրմէ խնդրուած ծառայութիւնները։
գ) Յարգել Թեմին կանոնագրութիւնը, ինչպէս նաեւ թեմական մարմիններու կարգադրութիւններն ու տնօրինումները։


5. Թեմական մարմիններու պարտականութիւններն են.


ա) Հոգ տանիլ համայնքին կրօնական, բարոյական, մտաւոր, կրթական եւ նիւթական պէտքերուն։
բ) Հսկել կրօնական-եկեղեցական կեանքի կանոնաւորութեան եւ վայելչութեան եւ հայ դպրոցներու մէջ կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութեան վրայ։
գ) Իրենց բարձրութեան եւ բարեկարգ վիճակի մէջ պահել Հայ Եկեղեցին եւ վարժարանները, հոգ տանելով որ համայնքին զաւակները անհրաժեշտ ուսումը եւ կրթութիւնը ստանան։
դ) Եկեղեցապատկան շարժուն եւ անշաժր գոյքերը իմաստութեամբ տնտեսել, ջանալով աւելցնել հասոյթները եւ հոգալ անհրաժեշտ ծախսերը։
ե) Կարօտեալներուն եւ աղքատներուն խնամք տանիլ։
զ) Ազգայիններու միջեւ ծագած ամուսնական եւ այլ վէճերը խաղաղասիրութեամբ եւ արդարութեամբ լուծել։
է) Առ հասարակ համայնքին բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան համար աշխատանք տանիլ։


6. Համայնքի իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն է իր քուէով մասնակցիլ Թեմական Ժողովի ընտրութեան։ Հայ Եկեղեցւոյ ամէն մէկ անդամ քուէարկելու իրաւունք ունի, եթէ կը լրացնէ յօդուած 52ի մէջ յիշուած պայմանները։


7. Թեմին վերին մարմինն է Թեմական Ժողովը, որ կ՚ընտրուի ժողովուրդին կողմէ եւ որ իբր անոր ներկայացուցիչը կ՚ընտրէ Առաջնորդը, Ազգային Վարչութեան Ժողովը եւ Կրօնական Ժողովը։


8. Քուէյթի եւ Արաբաըան Ծոցի երկիրներու Թեմի վարչական կեդրոնն է Քուէյթ քաղաքը, ուր կը գտնուի Առաջնորդը։


ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ


9. Թեմին ժողովներու անդամակցութիւնը պատուակալ է եւ ոչ ոք կը վճարուի։ Ոչ ոք կրնայ մաս կազմել ժողովի մը, եթէ ընտրողի իրաւունքին չէ տիրացած յօդուած 52ի տրամադրութեանց համաձայն։


10. Ամէն ժողով պէտք է ունենայ իր դիւանը, կազմուած ատենապետէ, ատենադպիրէ եւ ի հարկին փոխ ատենապետէ եւ փոխ ատենադպիրէ։ Դրամական գործառնութիւն ունեցող ժողովներու դիւանին վրայ կաւելնայ նաեւ գանձապետ մը։


11. Դիւանի անդամներու ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենայ գաղտնի քուէարկութեամբ։


12. Դիւանը պարտի հսկել ժողովին աշխատանքներու կանոնաւորութեան եւ որոշումներու գործադրութեան վրայ։


13. Ատենապետի պաշտօնն է վարել ժողովի աշխատանքները, հսկել եւ ուղղութիւն տալ վիճաբանութեանց եւ պահպանել կանոնական տրամադրութիւնները։


14. Ատենադպիրին պաշտօնն է վարել ժողովին դիւանական աշխատանքները եւ ատենագրութիւնները, թղթակցութիւնները պահել մասնաւոր թղթածրարներու մէջ։


15. Գանձապետին պաշտօնն է ժողովին կողմէ կնքուած ու վաւերացուած հաշիւները պահել յատուկ տոմարի մէջ, իրենց մուտքերու եւ ելքերու փաստաթուղթերով եւ կանոնաւորութեամբ։


16. Ժողով մը օրինաւորապէս գումարուած կը համարուի, երբ անոր անդամներուն պարզ մեծամասնութիւնը գոյացած է։ Ժողով մը կը դադրի օրինաւոր ըլլալէ, երբ ներկաներու թիւը մեծամասնութիւն չի կազմեր։ Այդ պարագային ժողովը խորհրդակցական հանգամանք կ՚ունենայ եւ չի կրնար որոշումներ առնել։


17. Իւրաքանչիւր ժողով ամէն տարի պարտի զինք ընտրող կամ նշանակող գերադաս մարմինին ներկայացնել իր բարոյական եւ նիւթական գործունէութեան համարատուութիւնը։


18. Իւրաքանչիւր ժողովական իր պատկանած ժողովին, իւրաքանչիւր ժողով զինք ընտրող կամ նշանակող գերադաս մարմինին եւ Թեմական Ժողովն ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատասխանատու է։


19. Որեւէ ժողովի անդամ որ հրաժարիլ կը փափաքի, իր գրաւոր հրաժարականը կ՚ուղղէ նոյն ժողովի նախագահին, իսկ անոր բացակայութեան պարագային՝ ատենապետին, որ կը յղէ անոր հրաժարականը պատկան ժողովին առ ի պատշաճ տնօրինում։


20. Թեմական կամ ուրիշ ժողովի անդամ մը պաշտօնէ դադրած կը նկատուի, երբ իր արարքը ենթակայ է յօդուած 48ի տրամադրութիւններուն կամ չի լրացներ յօդուած 52ով նախատեսուած պայմանները։


21. Երբ ժողովի անդամներուն կէսէն աւելին պակսի որեւէ պատճառով, ամբողջ ժողովը հրաժարած կը համարուի եւ տեղի կ՚ունենայ նոր ընտրութիւն կամ նշանակում։


22. Պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտող կամ հրաժարող ժողով մը պարտի շարունակել իր պաշտօնը, մինչեւ նորի մը ընտրութիւնը կամ նշանակումը։


23. Իւրաքանչիւր մարմին պարտի ունենալ իր գոյից ցուցակը եւ ամէն տարի զայն ենթարկել հաշուեկշիռի։


24. Որեւէ ժողովի կամ ժողովական դիւանի իրաւասութեան սահմանները եւ գործունէութեան բնոյթը պէտք է յստակօրէն գծուած ըլլայ ներքին կամ մասնաւոր կանոնագրով, գործերու կանոնաւորութիւնը ապահովելու եւ պատասխանատուութիւնները ճշդելու համար։


Բ. ԿԱԶՄԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ


25. Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմը կը կառավարուի հետեւեալ մարմիններով, իրենց գլուխ ունենալով Առաջնորդը։


ա) Առաջնորդ
բ) Թեմական Ժողով
գ) Ազգային Վարչութեան Ժողով
դ) Կրօնական Ժողով
ե) Դատաստանական Խորհուրդ
զ) Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւններ


Ա. ԱՌԱՋՆՈՐԴ


26. Առաջնորդը Հոգեւոր Պետը եւ ներկայացուցիչն է Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիներու Թեմին եւ նախագահը՝ Թեմական, Կրօնական, Ազգային վարչութեանց եւ այլ ժողովներու։ Անոր պարտականութիւններն են.
Հսկել Հայ Եկեղեցւոյ կրօնական եւ վարչական օրէնքներու եւ ծէսերու գործադրութեան, համայնքի հոգեւոր կեանքի զարգացման, եկեղեցական բարեզարդութեան, դպրոցներու բարեկարգութեան, ինչպէս նաեւ թեմական կազմակերպութեանց կանոնաւորութեան վրայ։


27. Առաջնորդի ընտրութեան համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ ընտրելիներու եռանուն ցանկ մը։ Թեմական Ժողովը այդ ցանկին վրայէն կամ դուրսէն գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քուէներու պարզ մեծամասնութեամբ կ՚ընտրէ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիներու Առաջնորդը։ Ընտրութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կողմէ կը վաւերացուի եւ կը տեղեկագրուի պատկան կառավարութեանց։


Եթէ որեւէ պատճառով հնարաւոր չըլլայ Առաջնորդ ընտրել, Վեհափառ Կաթողիկոսը կը նշանակէ Կաթողիկոսական Փոխանորդ, մինչեւ նոր առաջնորդին ընտրութիւնը։


28. Նորընտիր Առաջնորդը (իր ընտրութիւնը վաւերացուելէն ետք Կաթողիկոսէն) կը ձեռնարկէ գործի եւ հետեւեալ ուխտը կ՚ընէ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Թեմական Ժողովի անդամներուն ներկայութեան.-


?Կ՚ուխտեմ առաջի Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ օրէնքներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ տեղական կառավարութեանց եւ անոնց օրէնքներուն, Ազգային Սահմանադրութեան ոգիին, եւ հսկել Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմի կանոնագրութեան անթերի գործադրութեան?։


28. Առաջնորդը իրաւասու է իբր փոխանորդ նշանակել հոգեւորական մը՝ Ազգային Վարչութեան Ժողովի հաւանութեամբ, իր բացակայութեան վարելու համար Առաջնորդարանի ընթացիկ գործերը։


30. Առաջնորդը պարտի ներդաշնակ կերպով գործակցիլ Ազգային վարչութեան Ժողովներուն հետ եւ պարտի գործադրել անոնց որոշումները։ Տարակարծութեան պարագային, Թեմական Ժողովը կը հարթէ դժուարութիւնները։ Զուտ կրօնական խնդիրներու նկատմամբ, Առաջնորդը պատասխանատու է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։


31. Առաջնորդը պարտի իրեն ներկայացուած խնդիրները ենթարկել իրաւասու մարմիններու կամ ժողովներու քննութեան եւ որոշումին։


32. Եթէ Առաջնորդը մերժէ Թեմական կամ Ազգային Վարչութեան ժողով գումարել, պատկան ժողովներու դիւանները իրաւասու են նիստի հրաւիրել վերոյիշեալ ժողովները։


33. Առաջնորդը իրաւասու է իր բացակայութեան տրուած որեւէ որոշում վերաքննութեան ենթարկել եւ հակականոնագրային ըլլալու պարագային՝ առկախել անոր գործադրութիւնը։


34. Առաջնորդը իրաւունք ունի Թեմի ոեւէ պաշտօնեայի եւ կամ ժողովի մասին դիտողութիւն ներկայացնել պատկան կամ այդ ժողովին գերադաս մարմիններուն, պատճառաբանեալ գրութեամբ։


35. Առաջնորդը պարտի ամբասիր վարք ու բարք ունենալ։ Անոր դէմ ամբաստանութիւն կամ դիտողութիւն Թեմական Ժողովին կրնան ներկայացնել Կրօնական եւ Ազգային Վարչութեան ժողովները գրաւոր կերպով, մէկ պատճէնը յղելով միաժամանակ Առաջնորդին։


Թեմական Ժողովը Առաջնորդին բացատրութիւնները լսելէ յետոյ, եթէ սպառէ իրաւախոհական միջոցները, ըստ այնմ հետեւանք կու տայ հարցին, եւ եթէ անհրաժեշտ դատէ՝ կը նշանակէ քննիչ յանձնախումբ մը, որուն եզրակացութիւնները եւ գրաւոր տեղեկագիրները կը քննուին Թեմական Ժողովին մէջ։


36. Առաջնորդը կը դադրի իր պաշտօնէն Թեմական Ժողովի պարզ մեծամասնութեան անվստահութեան քուէի մը պարագային։ Թեմականին տեղեկագիրը դիւանին կողմէ գրաւոր կը հաղորդուի Կաթողիկոսութեան եւ Առաջնորդին եւ ըստ այնմ կը տնօրինուի պարտն ու պատշաճը։


Նոյնն է տրամադրութիւնը Կաթողիկոսական Փոխանորդի պարագային։


Բ. ԹԵՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ


37. Քուէյթի Եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմական Ժողովը կը բաղկանայ 21 անձերէ, 3 հոգեւորական եւ 18 աշխարհական անդամներէ։


38. Աշխարհական անդամները կ՚ընտրուին Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Եկիրներու Թեմի քուէի իրաւունք ունեցող անձերու առ նուազն 30 առ հարիւրին մասնակցութեամբ։ Առաջին ընտրութիւնը ապարդիւն մնալու պարագային, երկրորդ ընտրութեան մասնակցողներու որեւէ թիւ բաւարար կը նկատուի եւ անոր պարզ մեծամասնութեամբ կ՚ընտրուին Թեմական Ժողովին անդամները։


39. Աշխարհական անդամներէն իննը Քուէյթէն, չորսը Արաբական Միացեալ Ապու Տապիի Էմիրութենէն եւ հինգը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիւսիսային վեց շրջանի էմիրութիւններէն կ՚ընտրուին։


40. Թեմական Ժողովը իրաւատէրն է եւ վերահսկիչը Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին պատկանող շարժուն եւ անշարժ կալուածներուն։


41. Թեմական Ժողովը կը վաւերացուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ըեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովէն եւ գործի կը ձեռնարկէ վաւերացուելէ անմիջապէս ետք։


42. Թեմական Ժողովի իրաւասութիւններն են.


ա) Ընտրել Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Առաջնորդը՝ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ մասնաւոր տեղեկագրով ներկայացնել ընտրութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, առ ի վաւերացում։


բ) Ընտրել Կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորական Ժողովին Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմը ներկայացնող պատուիրակները։


գ) Ընտրել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ընդհանւոր Ժողովին մէջ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմի ներկայացուցիչ անդամները։


դ) Ընտրել Կրօնական եւ Ազգային Վարչութեան Ժողովները գաղտնի քուէներու պարզ մեծամասնութեամբ։ Ազգային Վարչութեան անդամ պէտք է ըլլայ Ապու Տապիէն՝ մէկ եւ Շարժա-Տուպայէն՝ մէկ ներկայացուցիչ։


Ապու Տապիի եւ Շարժա-Տուպայի տեղական վարչութիւնները կ՚ընտրուին ժողովրդային քուէարկութեամբ։ Անոնց ընտրութիւնը կը վաւերացուի Ազգային վարչութեան կողմէ, ի Քուէյթ։


ե) Հսկել Առաջնորդի, Կրօնական եւ Ազգային վարչութեան Ժողովներու գործունէութեան վրայ եւ ի հարկին բառնալ անոնց միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնները եւ քննել անոնց դէմ եղած բողոքները։


զ) Ամէն տարի նիւթաբարոյական հաշուետուութիւն պահանջել Կրօնական եւ Ազգային Վարչութեան Ժողովներէն։


է) Ամէն տարի Դեկտեմբերին, քննել եւ վաւերացնել նոր տարուան նախահաշիւ պիւտճէն։ Ազգային Վարչութիւնը պարտի նախորդ իարուան իրականացուած պիւտճէին հաշիւները եւ հաշուեքննիչին տեղեկագիրը Թեմական Ժողովին ներկայացնել առաւելագոյն 1 Փետրուարին։


ը) Որոշել Ազգային տուրք մը, ազգայիններու կարողութեան համաձայն, որ ամէն տարի իւրաքանչիւր ազգային պարտի վճարել։


թ) Լուծել այն խնդիրները, որոնք Կրօնական եւ Ազգային Վարչութեան Ժողովներուն կողմէ իրեն կը ղրկուին։


ժ) Պատրաստել կամ փոփոխութեան ենթարկել հաւանութեամբը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Թեմին կազմական կամ ներքին կանոնագիրը եւ հսկել անոր գործադրութեան։


43. Թեմական Ժողովը կ՚ունենայ ատենապետ մը եւ ատենադպիր մը, ինչպէս նաեւ փոխ ատենապետ եւ փոխ ատենադպիր մը։


44. Թեմական Ժողովը վերոյիշեալ պարտականութիւնները կատարելու համար պարտի տարին առնուազն մէկ անգամ լիագումար նիստ մը ունենալ, Առաջնորդին եւ ի հարկին Թեմական Ժողովի դիւանին հրաւէրով եւ կամ ժողովականներու պարզ մեծամասնութեան գրաւոր պահանջքով եւ կամ Ազգային վարչութեան ժողովներէն մէկուն խնդրանքով՝ կարեւոր պարագաներուն։


45. Թեմական Ժոովի նիստերը օրինաւոր են, եթէ ներկայ է ժողովականներու թիւը մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ Առաջնորդը կամ փոխանորդը կը նախագահէ։ Երկուքին բացակայութեան ժողովին ատենապետը միայն կրնայ բանալ նիստերը օրինաւորապէս։


46. Ժողովին որոշումները կը տրուին ներկաներու քուէներուն մեծամասնութեամբ։ Երբ քուէարկութիւնը բաց է, քուէներու հաւասարութեան պարագային ատենապետին քուէն կը դառնայ վճռական։


47. Ազգային Վարչութեան Ժողովներու անդամները կրնան ներկայ ըլլալ Թեմական Ժողովի նիստերուն եւ եթէ երեսփոխան են՝ մասնակցիլ քուէարկութեան, բացի այն պարագայէն, երբ խնդիրը կը վերաբերի Ազգային վարչութեան Ժողովի մը համարատուութեան՝ անոր դէմ յարուցուած անվստահութեան կամ բողոքի մը հարցին։


48. Թեմական Ժողովի անդամները պարտաւոր են կանոնաւորութեամբ կատարել իրենց պաշտօնը։ Երեք անգամ յաջորդաբար առանց բանաւոր պատճառի բացակայ եղող անդամ մը, ինչպէս նաեւ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմի իր շրջանէն որեւէ պատճառով տարի մը բացակայող անդամ մը հրաժարեալ կը նկատուի։


49. Եթէ Թեմական Ժողովը իր շրջաններէն մէկուն աշխարհական անդամներուն կէսէն աւելին կորսնցնէ, այդ շրջանի Ազգային Վարչութիւնը պարտաւոր է ժողովրդական նոր ընտրութեամբ կազմել նոր ժողով մը եւ տեղեկագրել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առ ի հաստատութիւն, որմէ ետք նորընտիր թեմականները իրենց շրջանը կ՚աւարտեն պաշտօնի վրայ գտնուող թեմանականներու շրջանի աւարտին հետ:


50. Թեմական Ժողովի ատենապետն ու ատենադպիրը չեն կրնար միաժամանակ Ազգային Վարչութեան Ժողովի անդամ ըլլալ։


51. Թեմական Ժողովին անդամներուն պաշտօնավարութեան շրջանը չորս տարի է։ Չորս տարի ետք ամբողջական նոր ընտրութիւն կը կատարուի։
Նախկին անդամները վերընտրելի են։


52. Թեմական Ժողովին անդամները կ՚ընտրուին Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին մէջ բնակող Հայ Եկեղեցւոյ այն անդամներուն կողմէ, որոնք կը լրացնեն հետեւեալ պայմանները.


ա) Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալ։
բ) 18 Տարիք լրացուցած ըլլալ։
գ) Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին մէջ հաստատուած ըլլալ քուէարկութենէն առ նուազն վեց ամիս առաջ։
դ) Քրէական յանցանքով դատապարտուած չըլլալ։
ե) Ազգային տուրքը վճարած ըլլայ կանոնաւորապէս։
զ) Մտային խանգարում ունենած չըլլալ։
է) Թեմական կամ Ազգային Վարչութեան Ժողովին կողմէ իբրեւ զեղծարար դատապարտուած կամ համայնքային պաշտօններէ վտարուած չըլլալ։


53. Թեմական Ժողովի անդամ կրնան ընտրուիլ անոնք որոնք առ նուազն 25 տարեկան են, կը լրացնեն յօդուած 52ի մէջ յիշուած պայմանները։


Գ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


54. Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմի Ազգային Վարչութիւնը կը բաղկանայ եօթը կամ ինը անդամներէ (որոնցմէ երկուքը Ապու Տապիէն եւ Շարժա-Տուպայէն), որոնք 25 տարիքը լրացուցած ըլլան, ընտրելու եւ ընտրելի ըլլալու իրաւունքը վայելեն եւ յօդուած 52ի պայմանները լրացուցած ըլլան։


55. Ազգային վարչութիւնը կ՚ընտրուի երկու տարուան պաշտօնավարութեան համար՝ Թեմական Ժողովին կողմէ։ Անդամները վերընտրելի են։


56. Թեմական Ժողովի անդամները կրնան Ազգային Վարչութեան անդամ ընտրուիլ։


57. Ազգային Վարչութիւնը կ՚ունենայ իր դիւանը – ատենապետ, ատենադպիր, գանձապահ։


58. Ազգային Վարչութեան պաշտօնն է.


ա) Մատակարարել Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն ազգային-եկեղեցական, կրթական, բարոյական եւ տնտեսական կարիքները։


բ) Նշանակել եկեղեցիներուն համար խնամակալ մարմիններ՝ ապահովելու համար անոնց հոգատարութիւնը եւ պայծառութիւնը։


գ) Նշանակել վարժարաններուն համար հոգաբարձու մարմիններ, որոնց կը յանձնէ ազգային վարժարաններու խնամատարութիւնը։


դ) Քննել եւ վաւերացնել հոգաբարձու մարմիններու նիւթաբարոյական ծրագիրը եւ անհրաժեշտութեան պարագային օժանդակել անոնց իրագործումին, եւ բացի պարագային նկատի ունենալ զայն ամբողջացնելու կարելիութիւնները։


ե) Պահել մկրտութեանց, ամուսնութեանց, ամուսնալուծումներու եւ մահերու արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքին շարժական եւ անշարժ գոյքերու կանոնաւոր ցուցակները։


զ) Պարտի գործադրել Թեմական Ժողովին կողմէ վաւերացուած պիւտճէն եւ տարին անգամ մը նիւթաբարոյական հաշուետուութիւն ներկայացնել Թեմականին, ներկայացնելով անոր նաեւ յաջորդ տարուան նախահաշիւ պիւտճէն։


է) Նշանակել մարմիններ կամ յանձնախումբեր ըստ կարիքի։


59. Երբ Ազգային Վարչութիւնը կամ շրջանի վարչութիւն մը կորսնցուցած է իր ժողովականներու մեծամասնութիւնը, նոր ընտրութեամբ մը կը կազմուի նոր վարչութիւնը։


60. Եթէ Ազգային Վարժութեան ժողովի մը մէջ յառաջ եկած անհամաձայնութեան պատճառով կարելի չըլլայ որեւէ խնդիր կարգադրել, նոյն խնդիրը կ՚ենթարկուի այդ շրջանի Թեմական Ժողովի որոշման եւ անոր վճիռը կ՚ըլլայ վերջնական։


61. Ազգային Վարչութեան մը պաշտօնավարութեան շրջանին հետ, որ երկու տարի է, կը վերջանայ անկէ բխող ժողովներու պաշտօնավարութեան շրջանն ալ։


Դ. ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ


62. Կրօնական Ժողովը կը բաղկանայ երեք կամ հինգ անդամներէ, որոնք կ՚ընտրուին Թեմական Ժողովին կողմէ։


63. Կրօնական Ժողովի պաշտօնավարութեան շրջանը երկու տարի է։ Անիկա կ՚ընտրուի Ազգային Վարչութեան հետ միաժամանակ եւ կը դադրի անոր հետ։ Կրօնական Ժողովի անդամները վերընտրելի են։


64. Կրօնական Ժողովին պաշտօնն է կրօնական գործերուն ընդհանուր տեսչութիւնը։ Իր պարտաւորութիւնն է Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւնները անխախտ պահել եւ ազգին մէջ ծագած կրօնական վէճերը քննելով՝ լուծել զանոնք համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ օրէնքներուն։


65. Ազգային Վարչութեան Ժողովը եւ Կրօնական Ժողովը միասնաբար կը կազմեն Խառն Ժողովը, որ կը զբաղի միանգամայն վարչական եւ կրօնական բնոյթ կրող խնդիրներով։


66. Ամուսնական եւ ընտանեկան վէճերու առիթով Դատաստանական Խորհուրդին տուած որոշումները, պահանջք ներկայացուելու պարագային, կը վերաքննուին Խառն Ժողովին կողմէ՝ իբրեւ Վերաքննիչ Ատեան։


Ե. ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ


67. Դատաստանական Խորհուրդը կ՚ունենայ Նախադատ ատեան եւ Վերաքննիչ ատեան, որոնք կը բաղկանան 3 կամ 5 անդամներէ, որոնցմէ մէկը անպայման հոգեւորական պէտք է ըլլայ։


68. Դատաստանական Խորհուրդի անդամները կը նշանակուին երկու տարուան համար, Խառն Ժողովին կողմէ։ Շրջաններու մէջ՝ տեղական վարչութեանց կողմէ։ Անոնք կրնան վերստին նշանակուիլ։


69. Դատաստանական Խորհուրդի պաշտօնն է ընտանեկան եւ ամուսնական վէճերը քննել եւ լուծել Հայ Եկեղեցւոյ կանոններուն եւ աւանդութեանց համաձայն։


70. Դատաստանական Խորհուրդը Նախադատ Ատեանն է։ Անոր քննած խնդիրները ի հարկին կը վերաքննուին խառն Ժողովին կողմէ իբրեւ Վերաքննիչ Ահեան։ Ամուսնալուծման որոշումները կը յղուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Կաթողիկոսին, որ կը վճռէ։


Զ. ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ


71. Իր հոգատարութեան տակ գտնուող Ազգային Վարժարանին համար Ազգային Վարչութիւնը պարտաւոր է նշանակել հոգաբարձութիւն մը, որ կը բաղկանայ 5, 7 կամ 9 ուսումնական եւ վարչական գործերու ծանօթ ազգայիններէ։


72. Հոգաբարձութիւնը կ՚ընտրէ իր դիւանը – ատենապետ, ատենադպիր եւ գանձապահ։


73. Հոգաբարձութիւնը պարտի սերտ կապ պահել Ազգային Վարչութեան հետ, իր ատենագրութիւններուն պատճէնը օրին տրամադրելով Ազգային Վարչութեան, որուն անդամները միաժամանակ չեն կրնար Հոգաբարձութեան մաս կազմել։


74. Հոգաբարձութեան շրջանը կ՚աւարտի Ազգային վարչութեան պաշտօնավարութեան շրջանին հետ։


75. Հոգաբարձութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները մինչեւ նորի մը նշանակումը, եթէ Ազգային Վարչութիւնը որեւէ պատճառով հրաժարի իր պաշտօնավարութեան լրումէն առաջ։


76. Հոգաբարձութենէն հրաժարող կամ մեկնող անդամին փոխարէն Ազգային Վարչութիւնը կը նշանակէ նոր անդամ մը։ Երբ Հոգաբարձութիւնը կորսնցնէ իր մեծամասնութիւնը, Ազգային Վարչութիւնը կ՚ընտրէ նոր Հոգաբարձութիւն մը։


77. Հոգաբարձութեան անդամները վերանշանակելի են։


78. Հոգաբարձութեան պաշտօնն է.


ա) Ստանձնել Ազգային Վարժարանին հոգատարութիւնը։
բ) Ազգային Վարչութեան հետ խորհրդակցաբար նշանակել Ազգային Վարժարանին տնօրէնը։
գ) Հսկել Ազգային Վարժարանին ուսումնական մակարդակին։
դ) Հոգ տանիլ Ազգային վարժարանի շէնքերուն եւ նոր յարակից մասերուն։
ե) Տնօրէնին հետ խորհրդակցաբար հրաւիրել ուսուցչական կազմը։
զ) Պատրաստել Ազգային Վարժարանին պիւտճէն եւ զայն ներկայացնել Ազգային Վարչութեան առ ի վաւերացում։


79. Հոգաբարձութիւնը տարեկան տեղեկագիր կը ներկայացնէ իր շրջանի Ազգային Վարչութեան։


80. Հոգաբարձութիւնը իր ուսումնական, նիւթական եւ բարոյական գործունէութեան համար պատասխանատու է շրջանին Ազգային վարչութեան։



Գ. ԹԵՄԱԿԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ


81. Ազգային Վարչութիւնը ընտրութիւններէն շուրջ երկու ամիս առաջ կը նշանակէ Ընտրողական Յանձնախումբ մը, բաղկացած 5 կամ 7 անդամներէ, որ կը նախապատրաստէ եւ կը վարէ ընտրութիւնները։


Ընտրողական Յանձնախումբէն անդամ մը եթէ կ՚ուզէ իր թեկնածութիւնը առաջարկել որպէս թեմական երեսփոխան, պարտի յանձնախումբէն հրաժարիլ։


82. Ընտրողական Յանձնախումբին պարտականութիւնն է պատրաստել ընտրողներու եւ ընտրելիներու այբբենական ցանկը եւ ընտրութենէն անմիջապէս առաջ՝ 15 օր բաց պահել զայն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, հնարաւորութիւն տալու համար համայնքի անդամներուն, որ ստուգեն իրենց անուններուն այնտեղ արձանագրուած ըլլալը։


83. Ընտրողական Յանձնախումբը ընտրողներուն եւ ընտրելիներուն համար մասնաւոր քարդեր պատրաստել կու տայ, որոնք կը կնքուին Ընտրողական Յանձնախումբին կնիքով եւ կը կրեն ընտրողին անունը, մականունը, հօր եւ մօր անունը, զգաղումը եւ հեռաձայնի թիւը։ Այս արձանագրութիւնը կը պահուի ընտրողներու տոմարին մէջ։


84. Ընտրական քարդերը կը բաժնուին ընտրութեան թուականէն 15 օր առաջ։


85. Ընտրութեան թուականը կ՚որոշուի Ընտրողական Յանձնախումբին կողմէ, Ազգային Վարչութեան հետ համաձայնաբար։ Թեմական ընտրութեանց թեկնածուները իրենց թեկնածութիւնը պէտք է առաջարկեն գրաւոր կերպով, ընտրութենէն 15 օր առաջ։


86. Ընտրողական Յանձնախումբը կը պատրաստէ թեկնածուներու մականուններով այբբենական ընտրելիներու ցանկ մը։ Ընտրողները ազատ են այդ ցանկէն դուրս թեկնածուներու ալ տալ իրենց քուէները։


87. Քուէարկութիւնը գաղտնի է, ուղղակի եւ անձնական։


88. Քուէարկողները պարտին անձամբ ներկայանալ եւ կարգով ու առանձնաբար կը հրաւիրուին Ընտրողական Յանձնախումբնի առջեւ եւ իրենց ինքնութիւնը հաստատուելէն ետք՝ իրենց քուէաթուղթը կը ձգեն քուէատուփին մէջ։ Ուրիշներու միջոցաւ կամ թղթատարով ղրկուած քուէները չեն ընդունուիր։


89. Ընտրող մը պէտք է իր քուէաթուղթին վրայ գրէ այնքան ընտրելիներու անուն, որ այդ օրը պիտի ընտրուին։ Պէտք է ընթեռնելի գրել ընտրելիներու անունը եւ մականունը։ Քուէաթուղթին վրայ գրուած անունները նկատի կ՚առնուին վերէն սկսեալ կարգով։ Եթէ աւելորդ անուններ կան՝ նկատի չեն առնուիր, ինչպէս նաեւ պակաս ընտրելիներ արձանագրողներուն իրաւունք չի տրուիր զանոնք ամբողջացնելու։


90. Քուէարկութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ նախընտրաբար նոյն օրը պէտք է տեղի ունենայ։


91. Քուէարկութիւնը սկսած օրը պէտք է աւարտի. եթէ ընտրող մը նոյն օրը քուէն չկարենայ ներկայացնել՝ ինչ պատճառով ալ որ ըլլայ, այլեւս չ՚ընդունուիր եւ բողոքելու իրաւունք չունի։


92. Քուէարկութենէն առաջ, Ընտրողական Յանձնախումբին նախագահը կը բանայ քուէատուփը եւ ներկաներուն դիմաց անոր պարապ ըլլալը ստուգելէ վերջ՝ կը գոցէ եւ կղպանքը կը կնքէ։ Բացի Ընտրողական Յանձնախումբի անդամներէն, ոչ ոք իրաւունք ունի քուէաթուղթերուն եւ քուէատուփին դպչելու։


93. Ոչ ոք իրաւունք ունի տարբեր անուններով երկու անգամ եւ կամ երկու տարբեր վայրեր քուէ տալու։


94. Իւրաքանչիւր ընտրող մէկ քուէ տալու իրաւունք ունի. մէկէ աւելի քուէ պարունակող պահարանները նկատի չեն առնուիր։


95. Քուէարկութեան որոշեալ ժամը լրանալէն ետք, որեւէ նոր քուէ չ՚ընդունուիր, ինչ պատճառով ալ որ ըլլայ, եւ ենթական բողոքելու իրաւունք չունի։


96. Քուէարկութեան ժամանակին աւարտելէն ետք անմիջապէս կը ձեռնարկուի քուէահամարի գործողութեան՝ օժանդակութեամբ Ընտրողական Յանձնախումբին կողմէ նախապէս քուէարկութեան կանոնաւորութեան վրայ հսկող քուէախոյզերու եւ ի ներկայութեան Թեմական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն։


97. Քուէահամարի ատեն նախ քուէատուփին կնիքը կը քննուի, ապա քուէներուն եւ ընտրողներուն թիւերը ստուգելով՝ ընտրութեան օրինաւորութիւնը կը հաստատուի։


Ընտրողական Յանձնախումբէն անդամ մը, իր մօտ ունենալով երկու քուէախոյզ, քուէները մէկ առ մէկ քուէատուփէն առնելով բարձրաձայն կը կարդայ եւ առնուազն երեք քուէախոյզ առանձինն կ՚արձանագրեն կարդացուած անունները։


98. Առաւելագոյն քուէ ստացող թեկնածուները ընտրուած կը նկատուին։ Քուէներու հաւասարութեան պարագային տարեց անդամը ընտրուած կը նկատուի։


99. Քուէահամարը լրանալէն եւ արդիւնքը հաստատուելէն ետք, Ընտրողական Յանձնախումբը իր տեղեկագիրը կը պատրաստէ, զոր կը ստորագրեն նաեւ քուէախոյզերը։


Ընտրողական Յանձնախումբը պարտի մինչեւ ութը օր, իր ընդհանուր տեղեկագիրը ներկայացնել Ազգային Վարչութեան, որուն վերջնական տեղեկագրին վրայ Թեմական Ժողովը կը հաստատէ կատարուած ընտրութեան օրինաւորութիւնը։ Մինչեւ Թեմականի վաւերացումը, Ազգային Վարչութիւնը պարտաւոր է անվթար պահել բոլոր քուէաթուղթերը, արձանագրութիւնները, եւայլն։



Դ. ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՆՈՆԱԳՐԻ


100. Կանոնագրի քննութիւնը կրնայ կատարուիլ իր գործադրութեան դրուելու թուականէն մէկ տարի յետոյ միայն, հետեւեալ պայմաններով.


ա) Կանոնագրի քննութեան գրաւոր պահանջք կը ներկայացուի Թեմականի անդամներուն երկու երրորդին ստորագրութեամբ։
բ) Կանոնագրի փոփոխութիւնները կը վաւերացուին Թեմականին կողմէ, անդամներու երկու երրորդին մեծամասնութեամբ։
գ) Կատարուած փոփոխութիւնները գործադրութեան կը դրուին կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն հաստատուելէն ետք։


Վերոյիշեալ կանոնագրութիւնը, բաղկացած հարիւր յօդուածներէ, քննելէ յետոյ կը վաւերացնենք եւ գործադրութիւնը կը հրահանգենք։


ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ


30.Ապրիլ.1994

  1. My only concern is that as part of the preparation to Temagan Elections there should be a group working on the constitution points to be more attainable and workable – for example there should be a group asking for the azkayin dourk (national taxation) every year. The experience in Kuwait was like that. Every year we had a visitor from the committee asking for the number of members in our family and collected the amount we had to pay. The situation is not like that in the UAE. Although one can brag and say “you should have devotion towards your community and do your payments”, but some might point out that, especially in these hard economical times, it is not easy to pay an accumulated azkayin dourk for the last ten years. I believe this issue will keep the democracy of voting in a very narrow circle in our society, but if we collect the taxation year by year, our respectful members would not feel the big difference and would not be prevented from their legal right to vote and they would pay even more attention to what is going on in our community. 

  2. Dear Liza, Unfortunately I don't have enough time to write my analysis of the situation. I'll do it in due course. I understand your concern but the issues have deeper roots on which I will comment in due course as I said above. I appreciate your being deeply concerned in community matters.

Comments are closed.