Bridge. An article by Saghatel Basil in which he criticizes the Ministry of Diaspora. Initially Basil thought that the Ministry would play a great role in bridging the gap between the two sides of the nation: Armenia and Diaspora. The Minister's policy in distributing honorary medals left and right and appointing people under the title of “representative” and “consultant” of the Ministry inside different Diaspora communities have backfired. It has showed that the two sides are very far from each other and that they do not understand each other.
Սաղաթէլ Բասիլ
Մէկ գագաթ ունեցող լեռները գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր են, բայց ինչ ընենք եթէ մեր աշխարհագրական եւ քաղաքական ճակատագիրը մեզի ընծայած է երկգագաթանի լեռ մը: Եւ Քանի որ այդպէս է, ապա անխուսափելի է երկու գագաթներուն մէջ վիհի մը յառաջացումը: Այս վիհը աշխարհագրական բառապաշարով կը կոչուի ձոր, իսկ քաղաքական բառապաշարով կրնայ կոչուիլ անհամաձայնութիւն, տարակարծութիւն, բնաւորութեան, մտքի եւ լեզուի տարբերութիւն… Ամէն պարագայի, անունը ինչ ալ դնենք, այս վիհը երկու իմաստներով ալ յաղթահարելու համար կարիք ունինք կամուրջի գաղափարին:
Անկախ այս բոլորէն, յոյս ունէի, թէ այս կամուրջներէն մէկը կրնար ըլլալ սփիւռքի նախարարութիւնը, որ իսկապէս մեծ դեր կրնայ խաղալ այդ վիհը յաղթահարելուն մէջ: Սակայն նախարարութեան մետալային գործունէութիւնը, գաղութներուն մէջ ?ներկայացուցիչ? եւ ?խորհրդատու? պիտակներուն տակ պատուոյ մարմիններ նշանակելը հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ ու անգամ մը եւս փաստեց որ երկու գագաթները տակաւին իրար չեն հասկցած…
Թերեւս սփիւռքը կարիք չունի մետալներու եւ աւելորդ մրցակցութեան մթնոլորտի մը: Սփիւռքին գործունէութիւնը պարզապէս ինքզինք պահպանելու եւ գոյատեւելու մասին է: Այս պատճառով ձեր մետալները եւ նշանակած մարմինները խնդիր կը ստեղծեն սփիւռքի ներքին կեանքին մէջ: Ի վերջոյ, մեր երկգագաթանի լեռան երկու գագաթները ոչ ոք կրնայ բաժնել իրարմէ, ոչ ալ զանոնք միացնել: Ինչպէս որ են այդպէս ալ պիտի մնան: Լուծումը պարզապէս ամուր եւ կայուն կամուրջներ ստեղծելն է:
Նիւթը արտատպուած է Ակօս շաբաթաթերթէն
Մայիս 2011